Յակոբ Բագրատունիի հանդիպումները Կիպրոսի Մէջ
03 Նոյեմբեր 2025Բագրատունի Եւ ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի Անդամներ Հանդիպում Ունեցան Լիմասոլի Փոխքաղաքապետին Հետ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի անդամներ հանդիպում ունեցան Լիմասոլի փոխքաղաքապետ Տիմոս Քաթսիսի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիմասոլի հայ համայնքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ յառաջիկայ ծրագիրները:
Բագրատունի Հանդիպում Ունեցաւ Կոմիտաս Արք. Օհանեանի Հետ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Կիպրոսի Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանի հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, ուր քննուեցան կիպրահայ գաղութը յուզող հարցեր:
Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Անիթա Տիմիթրիուի հետ
ՀՅԴ Բիւրոյի Միջին Արևելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ կիպրական խորհրդարանի մէջ Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանի հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Անիթա Տիմիթրիուի հետ։
Քննարկումի նիւթ դարձաւ տարածաշրջանի կացութիւնն ու Կիպրոսի դերակատարութիւնը,խաղաղութեան սպսռնացող ծանօթ կողմերու դիրքորոշումները ինչպէս նաև Պաքուի մէջ հայ գերիներու հարցը և Արցախցի տեղահանուածներու վերադարձի անհրաժեշտութիւնը։
Բագրատունի Հ.Յ.Դաշնակցութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Կիպրոսի պետութեան հայ ժողովուրդի դատին տևական զօրակցութեան համար։



