ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Լոս Անճելըսի Մէջ Հանդիսաւոր Կերպով Նշուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 30ամեակը

30 Հոկտեմբեր 2025 ՄՀԵՐ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆ» ՇՔԱՆՇԱՆԻՆ

Արժանավայել ու մեծաշուք հանդիսութեամբ մը Լոս Անճելըսի հայութիւնը նշեց իր հովուապետին՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան ու օծման 30ամեակը, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ, 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին կողմէ եւ անոր գեղարուեստական յայտագիրը մշակուած էր Ազգային առաջնորդարանի «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամին կողմէ եւ կը վայելէր անոր հովանաւորութիւնը: Ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան։

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ Ծ. վրդ. Սարգիսեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Երեսուն տարիներու ընթացքին, վեհափառ հայրապետը եղած է հովիւ, ուսուցիչ, ղեկավար եւ մարգարէական ձայն մեր ժամանակակից աշխարհին մէջ՝ առաջնորդ մը, որուն սիրտը կը բաբախէ իր ժողովուրդի հաւատքով, ցաւերով եւ յոյսերով։ Ծանօթներ միայն լաւ գիտեն, որ վեհափառ հայրապետի խօսքն ու գործը եղած են Աստուծոյ ճշմարտութեան հայելիներ՝ արդարութեան ձայնի, հովուական կարեկցութեան եւ նուիրական ծառայութեան»։ Խօսելով վեհափառին յաճախական յիշեցումներուն մասին, թէ եկեղեցին պէտք է տանիլ ժողովուրդին՝ հայր սուրբը ընդգծեց. ««Եկեղեցին պատեր եւ տանիք չէ, այլ՝ հաւատացող ժողովուրդն է»: Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի այս խօսքը կեանքի բնաբանի վերածած՝ վեհափառը իր առաջնորդութեամբ մեր Եկեղեցին դարձուց կենդանի տաճարի՝ գործող հաւատքով, սրտապնդող դաստիարակութեամբ եւ աննահանջ ծառայութեամբ լեցուն։ Վեհափառ հայրապետին շունչով թրծուածներ լաւ գիտեն, թէ եկեղեցւոյ ծառայելը՝ մարդկութեան ծառայել է, իսկ Աւետարանը սիրելը՝ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը սիրել է»։

Բացման խօսքէն անմիջապէս ետք բեմ բարձրացաւ օրուան առաջին բանախօսը՝ Սուրէն սարկաւագ Հազարեան։ Անգլերէնով իր արտասանած խօսքին մէջ ան ըսաւ հետեւեալը. «Խօսիլ Արամ Ա. կաթողիկոսին մասին, կը նշանակէ խօսիլ միշտ իր հօտը դէպի լոյսը առաջնորդող քաջ հովուապետին մասին։ Անոր ընտրութիւնը եւ օծումը իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս բացաւ նոր էջ մը Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Իր գահակալութեան առաջին իսկ օրէն ան ունէր յստակ տեսլական՝ եկեղեցւոյ վերանորոգում, ժողովուրդին ուղղուած ծառայութիւն, ծուխերու հզօրացում եւ եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին։ Նորին սրբութիւնը երբեք թոյլ չտուաւ, որ եկեղեցին դառնայ թանգարան։ Իր պատգամներուն, հռչակագիրներուն եւ սրբատառ կոնդակներուն մէջ, ան միշտ շեշտած է, որ հայ եկեղեցին պէտք է ըլլայ իր ժողովուրդին հետ եւ պատերէն անդին։ Իր գահակալութեան անցնող 30 տարիներուն ընթացքին, վեհափառ կաթողիկոսը միշտ քաջալերած է երիտասարդներուն եւ իգական սեռին մասնակցութեան կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ»։ Իր խօսքին աւարտին, Հազարեան իր որդիական ջերմ բարեմաղթութիւնները յայտնեց հայրապետին՝ անոր մաղթելով քաջառողջ ու արեւշատ օրեր եւ երկար ու բեղուն գահակալութեան տարիներ։

Ապա, բեմ բարձրացաւ օրուան երկրորդ բանախօսը՝ Թորգոմ արք. Տօնոյեան։ «Շատ գրուած ու խօսուած է Կիլիկիոյ Հայրապետական աթոռոյ բարի դերակատարութեանց, միջկրօնական եւ միջեկեղեցական փոխյարաբերութեանց, փոխադարձ հասկացողութեանց ու մանաւանդ՝ համազգային առումով, անձնդիր ծառայութեանց մասին: Այս բոլորին առաջնորդող դէմքը եւ ճարտար ղեկավարը Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսն է, որ իր կենաց տարիները առաքելատիպ ծառայութեամբ լուսեղէն ներկայութիւն դարձուց բազմաթիւ մարզերէ ներս եւ իր եզակի, ուրոյն տեղը ունեցաւ ու կը շարունակէ նոյն իմաստութեամբ ունենալ՝ մանաւա՛նդ մեր ազգի շնչաւոր հորիզոնին վրայ», ըսաւ Թորգոմ սրբազանը՝ աւելցնելով. «Երեք տասնամեակներու ծառայութեամբ հզօրացած վեհափառ կաթողիկոսը հայ ազգի ճգնաժամային եւ անդոհալից պահերուն, իր հզօր հեղինակութեամբ կը մնայ փնտռուած ներկայութիւն՝ իբրեւ խորարմատ հաւատք, միտքի շտեմարան, խոհուն մտաւորական, աներկիւղ պատգամաբեր, կեցութեան հսկիչ, հաշտարար հայր, կենսաբեր քարոզիչ, հայրենիքի ու Սփիւռքի միաբանութեան ջատագով, ու մանաւանդ, համայն հայութեան լինելութեան արթուն պահակ՝ օժտուած երկնային զօրութեամբ»։ Եզրակացնելով իր խօսքը՝ Թորգոմ արքեպիսկոպոսը ըսաւ. «Մեր խորին համոզումով, դուք իտէալ հայրապետն էք ձեր հօտին ու մեր բոլորի՛ն, որովհետեւ դուք Հայ եկեղեցին վերածեցիք դէպի համայնական ծառայութիւն առաջնորդող անսասան դուռի, որ ամէն հեղ ընդառաջ բացուեցաւ ազգի բոլոր խաւերուն ու խմբաւորումներուն, ինչպէս նաեւ վերջին երեք տասնամեակներուն անասելի կարիքներու մէջ ծովացած հայրենեաց դիմաց՝ տեսակ-տեսակ ծառայութիւններով դարմանելով ցաւը անկարին ու վիրաւորին, հայրենեաց զինուորներուն, վիրաւոր փաղանգներուն եւ ազգի բոլոր զաւակներուն անխտիր։ Կանաչ երթ, դէպի աստղածորան նո՜ր արշալոյսներ, ամենասիրելի վեհափառ տէր»։

Արտասանուած խօսքերէն ետք, ներկայացուեցաւ հայ թէ օտար դասական երաժշտութենէ պատառիկներ՝ մասնակցութեամբ մեծահռչակ արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի երգչախումբին։

Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնելով հայրապետին գահակալութեան 30ամեակը նշելու առիթով՝ ըսաւ. «Ուրախ ենք, որ հպարտառիթ այս երեկոն մենք տօնախմբեցինք ձերդ սրբութեան ներկայութեան՝ եւ միատեղ ըմբոշխնեցինք ի պատիւ ձեզի կազմակերպուած այս շքեղ՝ համերգը, որ Արեւմտեան թեմի ուժերով եւ յատուկ կերպով պատրաստուած, նպատակ ունի ձերդ սրբութեան մեր շրջանը հովուապետական վեցերորդ այցելութիւնը եւ ձեր գահակալութեան 30ամեակը նշել շռնդալից կերպով ու գեղեցիկ արուեստով եւ յաւերժացնել պահը՝ հովուապետ ու հօտ այս գեղեցիկ հանդիպման առթած սրտաբուխ, անկեղծ ու ցնծագին ապրումներով»։ Իր խօսքին աւարտին, յանուն թեմի ժողովական կառոյցներուն, մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն ու ժողովրդեան՝ սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ ամենակալ Աստուած, որպէսզի երկինքը կաթողիկոսին պարգեւէ արեւշատ երկար օրեր ու լուսաշող բազում տարիներ, ու անոր ասային նուիրէ շէն ու ծաղկուն բազում նոր ամեակներ։

Վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոսը հանդէս եկաւ իր հայրական խօսքով՝ շեշտելով եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի առաքելութեան էութիւնը կազմող ծառայութիւնը: «Եկեղեցին ծառայութիւն է իր էութեամբ ու առաքելութեամբ։ Ա՛յս գիտակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը գործէ, ա՛յս գիտակցութեամբ նաեւ անցնող 30 տարիներուն, որպէս կաթողիկոս, մենք գործեցինք ու ծառայեցինք եւ փորձեցինք միշտ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի խօսքին, թէ Ան աշխարհ եկաւ ո՛չ թէ ծառայութիւն ստանալու, այլ ծառայելու համար», ըսաւ վեհափառը՝ աւելցնելով. «Վեհափառ հայրապետին 30ամեակը նշել կը նշանակէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 30 տարիներու կեանքն ու գործունէութիւնը արժեւորել: Վեհափառ հայրապետին ու կաթողիկոսութեան երեսնամեայ գործունէութիւնը լուսարձակի տակ բերել կը նշանակէ ծառայական առաքելութեան մը արժեւորումը կատարել։ Ծառայական առաքելութիւն մը, որ եղաւ գերազանցօրէն ամբողջական, համապարփակ ու նպատակասլաց։ Ծառայական առաքելութիւն մը, որ յատկանշուեցաւ իր որակով ու յանձնառութեամբ։ Ծառայական առաքելութիւն մը, որ անդրանցաւ նոյնիսկ մեր Սուրբ աթոռին սահմանները ու դարձաւ համահայկական, համաժողովրդային ու համազգային: Ծառայական առաքելութիւն մը, որ նոյնիսկ ներառեց միջազգայինը, յատկապէս միջեկեղեցական ու միջկրօնական եւ նոյնիսկ պետական ու քաղաքական սահմանները: Զգացական պոռթկումներ չեն այս հաստատումները, այլ՝ փաստացի իրողութեան նշումներ: Բացէ՛ք վերջին 30 տարիներու պատմութիւնը մեր Սուրբ աթոռին: Կարդացէ՛ք այն ինչ որ ըսուած է ու գրուած, յատկապէս մեր լուրերը: Կարդացէ՛ք այն, ինչ որ չէ ըսուած ու չէ արտաբերուած, յատկապէս մեր արխիւները: Վստահաբար պիտի հաստատէք ու վկայէք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ո՛չ միայն Սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ կեդրոնական ներկայութիւն դարձած է, այլ նաեւ մեր համազգային կեանքին մէջ առանցքային ներկայութիւն դարձած է՝ ո՛չ սոսկ իր յստակ խօսքով ու ամուր կեցուածքով՝ մեր հայրենիքն ու ազգը յուզող հարցերուն նկատմամբ, այլ նաեւ իր գործով ու նուիրումով՝ մեր հայրենիքին ու ազգին արժէքներու ու իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով: Այն իրագործումները, զորս կատարեցինք, Աստուծոյ փառք ու գոհութիւն կու տանք, որովհետեւ Իր օրհնութեամբ, օգնութեամբ ու պաշտպանութեամբ կատարեցինք: Հոն ուր թերացանք կամ սխալեցանք, թող Աստուած ներէ, որովհետեւ մեր կեանքին ու գործին նպատակը միշտ ձգտեցաւ ըլլալ աստուածահաճոյ ու ժողովրդանուէր: Մեր ծառայական առաքելութեան արդիւնքներուն արժեւորումն ու գնահատանքը կը ձգենք մեր ժողովուրդին եւ պատմութեան, իսկ մեր ծառայական առաքելութեան քննական ու ինքնաքննական փորձը մենք է որ պէտք է կատարենք՝ որպէս կաթողիկոս ու կաթողիկոսութիւն, որպէսզի կարենանք կատարուածին ամբողջական քննարկումով կատարելիքը ճշդել: Կեանքը կաղապարուած ու զմռսուած իրականութիւն մը չէ, ան եղափոխութեան ու յեղափոխութեան մնայուն ընթացքի մէջ է, մանաւանդ համաշխարհայնացած ու ճարտարագիտութեամբ տիրապետուած ներկայ աշխարհին մէջ: Աշխարհ մը, ուր կ՛ապրի մեր ժողովուրդը եւ որուն անմիջական ազդեցութեան տակ կը գտնուի ամէն տեղ ու ամէն վայրկեան: Հետեւաբար, մեր մօտեցումները, մեր ըսելիքներն ու ընելիքները, մեր ծրագրումներն ու աշխատանքները պէտք է համապատասխանեն ներկայ աշխարհին ու մեր ժողովուրդի կեանքի պայմաններուն ու սպասումներուն»:

Իր խօսքին աւարտին, հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի եւ Սուրբ աթոռի բարերարներէն՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի կարատած ազգանուէր եւ օրինակելի ծառայութիւններուն ու կատարած բարերարութիւններուն։ Կաթողիկոսը բարերար Տէր Յովհաննէսեանի կատարած նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւններուն մասին խօսելով՝ զանոնք որակեց որպէս ծառայական հարազատ նկարագիրով դրոշմուած եւ իրագործուած բարերարութիւններ։ Արդարեւ, իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն անոր բերած ներդրումին մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ, վեհափառը Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի կուրծքը զարդարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով։

Տեսանիւթն այստեղ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Ոտքի Կանգնող «Ամբաստանեալներ»-ը

«Ոտքի կանգնեցէ՛ք ամբաստանեալներ»․․․դատական նիստերու ընթացքին յաճախ գործածուած

14 Օգոստոս 2026
Խմբագրական. Պանք Օթոման Եւ Խոստումներ

Պանք Օթոմանի գործողութեան 130-ամեակին այժմէական հնչեղութիւն հաղորդելու որեւէ

14 Օգոստոս 2026
Այս իշխանությունը սպառնալիք է հայկական

Այս իշխանությունը սպառնալիք է հայկական պետականության համար, հետևաբար, նոր գում

12 Օգոստոս 2026
«Հանուն Արցախի»՝ միասին, Արցախ վերադառ

Արցախից բռնի տեղահանությունից հետո ժամանակը չի կարող մեզ հեռացնել Արցախից։ Ընդ

12 Օգոստոս 2026
Եկեղեցին Անջատ Է Պետութենէն

Պատմականօրէն աննախընթաց իրողութեան մը ականատես եղանք ուրբաթ, 7 օգոստոսին: Ամեն

12 Օգոստոս 2026
Էրդողանի կողմից ցեղասպանության ժխտումն

Չնայած իրենց դիվանագիտական խորամանկությանը՝ թուրք ղեկավարներն այդպես էլ չսովոր

11 Օգոստոս 2026
Պայքարը շարունակվում է. Բանակում Բյու

Օգոստոսի 3-ից 9-ը Բյուրականի «Գառնիկ Մկրտչյան» բանակավայրում տեղի ունեցավ ՀՅԴ

11 Օգոստոս 2026
Խմբագրական. Սեւրը՝ պատմական իրականութ

Սակայն, անհրաժեշտ է կատարել մի կարեւոր քաղաքա-իրաւական մատնանշում։ Սեւրի դաշնա

10 Օգոստոս 2026
Խմբագրական. Սեւրը՝ Ծրագիրին Եւ Հռչակագ

Սեւրի պայմանագիրի 106-րդ ամեակը յայտնաբար առիթ չէ հանդիսացած հայկական աշխարհին

10 Օգոստոս 2026
Արցախի ժողովրդի իրավունքները սակարկութ

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Արա Պուլուզյանը «Ապառաժ»-ի հետ զրույցում, արձագանք

10 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ վերահաստատումը հայրենիքում՝ 36 տար

ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտեի նախաձեռնությամբ այսօր՝ օգոստոսի 8-ին Եռաբլուր զի

08 Օգոստոս 2026
Պայքարը շարունակելուց բացի այլընտրանք

ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենյակի պատասխանատու Կիրո Մանոյանի խոսքը Եռաբլուրում. 1990

08 Օգոստոս 2026
Խաղաղությունը չի կարող լինել անվտանգու

Այո, հակամարտությունն ու դրանից բխող Արցախի ժողովրդի վերադարձի, գերիների տունդ

08 Օգոստոս 2026
Հայ Դատը Դատապարտեց Պաքուի Դէմ Պատժամի

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դատապարտեց Թրամփի վարչակազմին կող

08 Օգոստոս 2026
Ստեղծել եք ավտորիտար համակարգ, որը ծառ

Գումարումը սկսեցինք մի ուղերձով, որի առանցքում դահլիճի բարեվարքությունն էր. Առ

07 Օգոստոս 2026
Այդ ճգնաժամը դուք եք ստեղծել

«ՌԴ-ն ՀՀ պետականության համար սպառնալիք չէ։ Ես գիտեմ, որ ապրանքների մուտքի արգե

07 Օգոստոս 2026
Վեհափառի դեմ հարուցված շինծու դատը, եկ

Հայ դատի Կենտրոնական Խորհրդի նախագահ Հակոբ Տեր Խաչատուրյանն անդրադարձել է Գարե

07 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ Բյուրոյի հայտարարությունը

Սիրելի հայրենակիցներ, Առերեսվում ենք հայ ժողովրդի պատմության ամենաանպատվաբե

07 Օգոստոս 2026
Արտածման ճգնաժամը

«Աշխարհագրութիւնը մեզ դրացիներ դարձուց։ Պատմութիւնը՝ բարեկամներ։ Տնտեսութիւնը՝

07 Օգոստոս 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը յայտարարէ «ԱՄԱՐԱՍ» ծրագրի կայացումը

06 Օգոստոս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company