Սփիւռքը դիտորդ չէ. մեր գործունէութիւնը անմիջականօրէն կ՛օգնէ Հայաստանի ապագային
22 Նոյեմբեր 2025 Ընկերական ԶրոյցՄեր ընթերցողներուն եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միջեւ ազատ երկխօսութեան հարթակ մը տրամադրելու նպատակով՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ իրաւաբան Կարօ Մատէնլեանի հետ մեր սկսած զրոյցներու շարքին յաջորդը կը գտնէք ստորեւ:
Ինչպէս նախապէս ըսած էինք՝ մեր ընթերցողները եւս առիթը ունին յղելու հարցումներ, որոնց Մատէնլեան ամսական դրութեամբ պիտի պատասխանէ:
Մեր ընթերցողները կրնան իրենց հարցումները ուղարկել [email protected] ե–նամակի հասցէին, կամ զանոնք գրել մեկնաբանութիւններու բաժինին մէջ, մեր ընկերային ցանցերուն վրայ, ուր սոյն զրոյցը տեղադրուած է։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Պաքուի մէջ Արցախի նախկին քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան դէմ վերջերս արձակուած դատավճիռները։
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Այս դատավճիռները քաղաքական վրէժխնդրութեան դրսեւորում են եւ ոչ թէ արդարադատութիւն։ Անոնք Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող շարունակական ազգային զտման արշաւին մէկ մասն են եւ նպատակ ունին քրէականացնել հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։ Արցախի օրինական առաջնորդները թիրախ դարձնելով՝ Ատրպէյճան կը փորձէ ջնջել Արցախի ինքնակառավարման իրաւունքը եւ «արդարացնել» բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը։
Անիկա ամբողջութեամբ կը համընկնի Թուրքիոյ երկարատեւ փանթրքական ծրագիրին, որուն նպատակը շրջանին մէջ հայկական քաղաքական ներկայութիւնը վերացնելը եւ դէպի տարածուող անընդհատ թուրք-ատրպէյճանական ազդեցութեան գօտի մը՝ Ասիա մը, ստեղծելն է։ Մենք կը մերժենք այս դատավճիռները եւ կոչ կ՛ընենք միջազգային միջամտութեան եւ բոլոր հայ գերիները անմիջապէս ազատ արձակելու։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Շատեր կը կարծեն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցին թիրախ դարձուցած է ։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս իրավիճակը։
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Հայաստանի կառավարութեան արշաւը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ աննախադէպ է եւ խիստ անհանգստացուցիչ։ Անիկա համակարգուած եւ կանխամտածուած գործընթաց մը է, ազգային հիմնական հաստատութեան թուլացումը յառաջացնելու արշաւ մըն է հաստատութեան մը դէմ, որ դարեր շարունակ օգտակար եղած է՝ պահելու հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը՝ անցնելով ցեղասպանութիւն, գաղթ եւ պետականութիւն չունենալու ժամանակաշրջաններ։
Հանրային զրպարտութիւնները, հոգեւորականներու վրայ գործադրուող ճնշումները, քաղաքականօրէն դրդուած ձերբակալութիւնները եւ Եկեղեցին պետական վերահսկողութեան տակ բերելու փորձերը կը յիշեցնեն պատմական բռնակալներու՝ Օսմանեան իշխանութիւններէն մինչեւ խորհրդային վարչակարգերու կիրարկած մեթոտները։ Ասիկա ներքին վէճ մը չէ. Այս յարձակում մըն է հիմնարար ազգային հաստատութեան մը դէմ այն պահուն, երբ հայկական ինքնութիւնը արդէն իսկ արտաքին վտանգներու տակ է։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ ուղերձ ունի այն փաստը, որ կառավարութիւնը կը քննադատէ Գարեգին Բ.ը, մինչդեռ անիկա կը բարձրացնէ փիլոնազուրկ հոգեւորական մը եւ պետական կրօնական արարողութիւններ կը կազմակերպէ։
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Այս վարքագիծը հակասական է եւ քաղաքականապէս ձեռնավարական։ Փիլոնազուրկ հոգեւորական մը օգտագործելով՝ կաթողիկոսին հեղինակութիւնը թուլցնելու համար, կառավարութիւնը կրօնը կը վերածէ քաղաքական գործիքի մը՝ նոյն ատեն վտանգելով Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը։ Այսպիսի մարտավարութիւն մը կը յիշեցնէ 44օրեայ պատերազմի նախօրեակին, երբ զինուորական ղեկավարներ վարկազրկուեցան եւ փոխարինուեցան իշխանութեան հաւատարիմ անձերով։
Ազգային հիմնասիւներու՝ Եկեղեցւոյ, բանակի, մշակոյթի եւ Հայ Դատի թուլացումը միայն Հայաստանի հակառակորդներու շահերուն կը ծառայէ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հայաստանի ժողովրդավարութեան համար, ի՞նչ կը նշանակեն ընդդիմադիր գործիչներու վերջին ձերբակալութիւնները եւ լրագրողներու նկատմամբ ճնշումները։
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Այս գործողութիւնները կը վկայեն ժողովրդավարական չափանիշներու վտանգաւոր ու խոր անկումին մասին։ Ընդդիմադիր ղեկավարներու, ներառեալ Գիւմրիի նորընտիր քաղաքապետին ձերբակալութիւնը եւ լրագրողներու ահաբեկումը կը վտանգէ օրէնքի գերակայութիւնը եւ կը տկարացնէ ժողովրդավարութեան հիմքերը։ Միասնութիւն եւ պատասխանատուութիւն ամրապնդելու փոխարէն՝ իշխանութիւնը կը դիմէ այլակարծութիւնը բռնի կերպով լռեցնելու միջոցին։
Այս ընթացքը կը բնութագրուի՝ իբրեւ դէպի բռնատիրական կառավարում վտանգաւոր թեքում, որ կը սպառնայ Հայաստանի ներքին կայունութեան եւ ազգային ապահովութեան։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ղեկավարներու հետապնդումներուն եւ Հայաստանի ներքին քաղաքական ճնշումներուն միջեւ կապ մը կ՛արձանագրէ՞ք։
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Այո, այս երեւոյթները փոխկապակցուած են եւ մէկ ու նոյն աշխարհաքաղաքական ճնշումի տարբեր դրսեւորումներ։ Ատրպէյճան կը բանտարկէ Արցախի առաջնորդները՝ լռեցնելու համար հայկական դիմադրութիւնը, մինչդեռ Հայաստանի կառավարութիւնը կը թուլացնէ Եկեղեցին, բանակը, Սփիւռքի կառոյցները եւ ազգային հաստատութիւնները, որոնք կը պաշտպանեն հայկական ինքնութիւնը եւ կը գործեն Հայ Դատի յառաջխաղացումին համար։
Այս բոլորը միասին կը կազմեն հայ պետականութեան եւ ազգային ամբողջութեան վրայ երկու-ճակատաններու յարձակումին՝ ծառայելով թրքական փանթրքական օրակարգին՝ պառակտելու եւ տկարացնելու հայ ժողովուրդը։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ դեր կը խաղայ Թուրքիան այսօր հայ ժողովուրդի նկատմամբ եղած ճնշումներուն մէջ։
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Թուրքիա գլխաւոր հեղինակը եւ մղիչ ուժն է տարածաշրջանի այն սպառնալիքներուն, որոնց Հայաստան դէմ յանդիման կը գտնուի։ Անոր փանթրքական դարաւոր ձգտումները կը սնեն Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը, Արցախի ազգաբնակչութեան ցեղային զտումը, հայ ղեկավարներու դատավարութիւնները եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ՝ եկեղեցիներու, շարունակական ոչնչացումը։ Թուրքիա նոյնպէս կը քաջալերէ Հայաստանի մէջ այն ներքին միտումները, որոնք կը տկարացնեն ազգային ինքնութիւնը, կը նուազեցնեն Եկեղեցւոյ ազդեցութիւնը եւ կը թուլացնեն կազմակերպուած Սփիւռքը, որ առաւել քան մէկ դար պահպանած է հայ ինքնութիւնը եւ յառաջ մղած է Հայ Դատը։
Թուրքիոյ քայլերը կանխամտածուած եւ համակարգուած են, եւ մեր՝ պատասխանելու միակ միջոցը մեր ազգի միասնութիւնը՝ ամուր ազգային հաստատութիւններով, ազգային հեռանկարով մնայուն պայքար մղելն է։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Արդեօք Հայաստանի ներկայ կառավարութեան քաղաքականութիւնը կը համընկնի՞ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շահերուն։
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Դժբախտաբար՝ այո։ «Խաղաղութեան» անունին տակ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ ընդունելու միակողմանի զիջումներ, որոնք յատակապէս կը ծառայեն Անգարայի եւ Պաքուի նպատակներուն, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ ու բանակի թուլացումը, Սփիւռքի նուաստացումն եւ հեռացումը, Արցախը իբրեւ բեռ ներկայացնելը, ազգային հաստատութիւններու պիտակաւորումը իբրեւ խոչընդոտներ եւ թուրք-ատրպէյճանական բառապաշարի որդեգրումը, բոլորովին կը համընկնին Անգարայի ու Պաքուի շահերուն։
Ասիկա վտանգաւոր գաղափարական շեղում մըն է, որ կը վտանգէ հայկական պետականութեան հիմնասիւները եւ Հայաստանը կը դարձնէ աւելի մեկուսացած, խոցելի եւ կախեալ այն երկիրներէն, որոնք բազմիցս ցեղասպան մտադրութիւններ արտայայտած են։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ պէտք է աւելցնել այժմու սպառնալիքներուն դիմաց։
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Հայաստանի գոյատեւումը կը պահանջէ միաժամանակ դէմ կանգնիլ թէ՛ արտաքին սպառնալիքներուն եւ թէ դադարեցնել ներքին ազգային հաստատութիւններու քայքայումը։ Հայաստան պէտք է ամրապնդէ իր ազգային հաստատութիւնները եւ ապահովէ Եկեղեցւոյ լրիւ անկախութիւնը։ Հայաստանի պետութիւնը պէտք է վերակառուցէ իր ապահովութեան եւ պաշտպանութեան կարողութիւնները։ Հայաստան պէտք է վերահաստատէ Արցախի տեղը ազգային ինքնութեան մէջ եւ ապահովէ միջազգային ճնշում՝ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակել տալու համար։ Հայաստան պէտք է դիմադրէ թուրք-ատրպէյճանական թելադրանքներուն եւ ընդհանրապէս փանթրքական օրակարգին։ Հայաստանը պէտք է վերականգնէ լիարժէք համագործակցութիւն Սփիւռքի հետ։ Որովհետեւ ներկայ կառավարութիւնը չ՛ուզեր կամ չի կրնար կատարել այս հիմնարար պարտաւորութիւնները՝ պէտք է փոխուի: Հայաստան կարիքը ունի այնպիսի ղեկավարութեան մը, որ բոլորովին նուիրուած է ազգային առաջնահերթութիւններուն։ ՀՅԴն ներկայ է եւ պիտի շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել այս բոլոր ճակատներուն մէջ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ կրնան ընել Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի հայերը ազգային այս ջանքերուն աջակցելու համար։
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքը կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ Հայ Դատի համար եւ այդ պատճառով ալ անիկա թիրախ կը դառնայ։ Պէտք է ուժեղացնել քաղաքական ներգործութիւնը՝ յատկապէս Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին (ANCA-ի) միջոցով եւ մնալ աշխոյժ քաղաքացիական դաշտին վրայ, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը նկատի ունենայ Հայաստանի ապահովութեան կարիքները, մարդու իրաւունքներու հարցերը եւ հայ գերիները ազատ արձակելու անհրաժեշտութիւնը։ Պէտք է աջակցիլ մեր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, մշակութային հաստատութիւններուն եւ հայ կեդրոններուն, որովհետեւ այս բոլորը կը պահեն Սփիւռքի ինքնութիւնը եւ կը խթանեն քաղաքական գիտակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի եւ Հայ Դատի։
Պէտք է օժանդակել տեղահանուած արցախահայ ընտանիքներուն եւ գերիներու ընտանիքներուն, մասնակցիլ վերականգնման գործունէութիւններուն եւ նպաստել անոնց արժանապատուութեան ու կայունութեան վերականգնման։ Պէտք է ներդրումներ կատարել այն ծրագիրներուն, որոնք կը հզօրացնեն Հայաստանի ապահովութիւնը, տնտեսութիւնը, արհեստագիտական հմտութիւնը եւ կրթական համակարգը՝ ապահովելով Հայաստանի երկարաժամկէտ տոկունութիւնը։
Ամէնէն առաջ, պէտք է պահպանել եւ ամրապնդել ազգային միասնութիւնը՝ հիմնուած ազգային շահերու եւ մեր պատմական հաստատութիւններու ճամբով, եւ չթուլանալ ժամանակաւոր իշխանութիւններու գործողութիւններուն պատճառով։
Սփիւռքը դիտորդ չէ. մեր գործունէութիւնը անմիջականօրէն կ՛օգնէ Հայաստանի ապագային։ ՀՅԴն յանձնառու է առաջնորդելու այս աշխատանքը՝ քաղաքական, դիւանագիտական, մշակութային եւ հանրային դաշտերուն վրայ։
«Ասպարէզ»
