Ակնարկ. Լրացուցիչ Յայտարարութիւններ Եւ Միջազգային Ընտրովի Սկզբունքներ
26 Նոյեմբեր 2025
Իսրայէլի իրականացուցած գործողութիւնները Հըզպալլայի կեդրոններու եւ պատասխանատուներու դէմ ընդհանուր արշաւի մէկ դրուագն են: Այդ շարքին կը ներառուին նաեւ պաղեստինեան գաղթակայաններն ու ճշդուած անհատական թիրախներ: Հրադադարը Իսրայէլի կողմէ միակողմանի կը խախտի:
Դատապարտանքի դիրքորոշումներ չկան ընդհանրապէս: Յատկանշական է Փարիզի յայտարարութիւնը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է, որ Փարիզ մտահոգ է հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու աշխուժացումով: Դատապարտելէ ետք իսրայէլեան յարձակումները, որոնք հարաւային Լիբանանի մէջ քաղաքայիններ կը սպաննեն, ան յայտնած է, որ իր պետութեան դիրքորոշումը այն է, որ պէտք է յարգել 27 նոյեմբեր 2024-ին կնքուած զինադադարի համաձայնութիւնը: Հետաքրքրական է ածանցեալ բաժինը: Ըստ ֆրանսացի դիւանագէտին, Ֆրանսան մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Կոլանի բարձունքին վրայ արձանագրուող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան բանակի հեռացման եւ Սուրիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան յարգման կոչ կ՛ուղղէ:
Այստեղ ուշագրաւը այն է, որ դատապարտանքը հասցէական է. ապա, իսրայէլեան կողմը կը մեղադրուի համաձայնուած հրադադարը խախտելու յանցանքով: Եւ երրորդը` այն, որ ակնարկ կ՛ըլլայ Կոլանին, իսրայէլեան ուժերու հեռացումի պահանջով եւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան յարգումի հրամայականին շեշտումով:
Արտաքին գործոց նախարարութեան այս դատապարտումէն ետք Ֆրանսայի նախագահը գնահատական տուած էր Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին փոխանցած ուղերձին, Լիբանանի անկախութեան 82-րդ տարեդարձին առիթով: Այս անգամ սակայն ուղղութիւնը այլ էր: «Կը կարծեմ, թէ նախագահ Աուն չափազանց կարեւոր ուղերձ մը յղեց, եւ կ՛ուզեմ ըսել, թէ ան նաեւ մեր տեսակէտը արտայայտեց, այսինքն` Հըզպալլայի հետ խիստ ու ազդու կերպով գործելու եւ գործադրելու մեր ծրագիրը, որ յստակօրէն կը ձգտի հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան գերիշխանութեան վերականգնման»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու նախագահը առ երեւոյթ իրար կը հակասեն, սակայն ըստ էութեան զիրար կ՛ամբողջացնեն: Այս կերպ, պաշտօնական Փարիզը թէ՛ քննադատած կ՛ըլլայ իսրայէլեան յարձակումներն ու հրադադարի խախտումները, թէ՛ ալ պահանջած կ՛ըլլայ, որ լիբանանեան կառավարութիւնը խիստ եւ ազդու ձեւով կիրարկէ նաեւ իրենց կողմէ մշակուած ծրագիրը, որ կ՛առաջադրէ Լիբանանի գերիշխանութեան վերականգնումը:
Լիբանանի գերիշխանութեան վերականգնումը սակայն նաեւ տարածքներու ազատագրումով կ՛ըլլայ, այս պարագային իսրայէլեան ուժերու հեռացումով լիբանանապատկան տարածքներէն:
Այս հասկացողութիւնը բնականաբար նոյնքան պարզ է պաշտօնական Փարիզին համար, որ զայն իբրեւ սկզբունք առաջադրած է Սուրիոյ պարագային, երբ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած էր, որ իր երկիրը մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Կոլանի բարձունքին վրայ արձանագրուող զարգացումներուն, եւ իսրայէլեան բանակի հեռացման եւ Սուրիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան յարգման կոչ կ՛ուղղէ:
Ըստ էութեան, մեծ մտահոգութիւն է նաեւ Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան տարածքներու բռնագրաւումը, որ խախտած է Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ատով իսկ սպառնացած անոր գերիշխանութեան: Այդ սկզբունքները ընտրովի չեն կրնար ըլլալ: Առաջադրելի են եւ կիրարկելի բոլոր երկիրներուն համար:
«Ա.»
«Ազդակ»
