Սահմանադրութիւնը Գինի Չէ՛, Ո՛չ Ալ Հեղուկ
26 Նոյեմբեր 2025 «Սահմանադրութիւն մը, որքան ալ կարեւոր ըլլայ, ոչինչ պիտի նշանակէ, եթէ ժողովուրդը չի ձգտիր ազատութեան եւ անկախութեան»։Ռութ Պատըր Կինզպըրկ (Ա.Մ.Ն. Գերագոյն դատարանի նախկին անդամ, 1933-2020)
Նոյեմբեր 22-ին, մարզահամերգային լայնատարած համալիրին մէջ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաները հրաւիրուած էին ոչ-արզական «հանդիսութեան» մը, որուն էութեան եւ նպատակին մասին քիչես տեղեակ էին: Մասկացողներէն շատերը այդպէս խոստովանեցան, անուղղակիօրէն հաստատեցին, որ պարտադրանքի տակ եկած էին, վախնալով… անգործութեան մատնուելէ։
Մշակութային կամ գեղարուստական յայտագիր մը չէր սպասեր զիրենք։ Կոմիտաս վարդապետէն, Արամ Խաչատուրեանէն, Առնօ Պապաճանեանէն կամ Տիգրան Մանսուրեանէն գործեր չներկայացուեցան, ո՛չ ալ հայկական երաժշտական լեզուով՝ Արմէն Տիգրանեանի անդրանիկ օփերան՝ «Անուշ»-ը, որուն ողբերգական աւարտին հետ միայն կարելի է բաղդատել պատահածը։
«Ազգընտիր» վարչապետը զօրակոչի ենթարկած էր իր «հօտ»-ը, արծարծելու համար նոր, կամաւելի ճիշդը՝ հնամաշ դարձած, բզկտուած նիւթ մը։
Բարեբախտաբար «համերգ»-ը շատ երկար չտեւեց: Յետոյ եկաւ «ազգընտիր»-ին մաշած ձայնապնակը, որ բազմիցս չարչարանքի ենթարկուած՝ սահմանադրութեան մասին էր։ Եւ ահա, անուղղակի կերպով արձագանգելով ու ընդառաջելով Պաքուէն հնչած համերգներուն՝ Փաշինեան պարզեց նո՜ր գաղափար մը. ի՞նչ. բոլորովին նոր սահմանադրութիւն պէտք է պատրաստել, եւ ոչ թէ կատարել սահմանադրական
փոփոխութիւններ։ Ըստ հանճարե՜ղ սահմանադրագէտին՝ ներկայի սահմանադրութիւնը անել կացութիւն կը ստեղծէ եւ կը մոլորեցնէ հայորդին, աւելին՝ Հայաստան կարիքը ունի քաղաքական նոր բովանդակութեան, նոր գիտակցութեան. քաղաքական եւ պետական նոր վարդապետութեան կարիքը կայ։ Իսկ թէ նման մե՜ծ բաց ինչպէ՞ս կարելի է դարմանել սնանկներու եւ տհասներու ձեռքով, կը մնայ մեծ հարցականներու տակ:
Ճարպիկի ու խորամանկի պատմուճան հագած՝ ան հպանցիկ անդրադարձաւ Արցախի փշոտ հարցին: Ո՛չ մէկ խօսք՝ իր «կերտած» չարաչար պարտութեան մասին, իսկ Արցախի յանձնո՞ւմը, Պաքուի մէջ սարքովի դատավարութեան նոխազնե՞րը… Այդ բաները օրակարգէ դուրս են: Անոնց փոխարէն՝ սնամէջ խօսքեր՝ պետութեան յարատեւութեան մասին, որ շնորհիւ նոր սահմանադրութեան՝ պիտի գոյատեւէ տարիներ եւ դարեր: Փա՞ստ կ’ուզէք. Պաքու գացող ՔՊ-ականներու պատուիրակութեան «նուաճումներ»-ն ու ազերի պատուիրակներու հիւրընկալումը Երեւանի մէջ, որոնց ստեղծած լեռներէն ո՛չ մուկ, ո՛չ ալ լու մը ծնած են:
Ուշագրաւ էին սա խօսքերը. «Մեր նպատակը այն է, որ մեր պետութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, շարունակ գոյութիւն ունենայ 50, 100, 150, 500, 1000 տարի եւ աւելի»։ Եւ այս «գիւտ»-ին հեղինակը ա՛ն է, որ մեր բազմահազար տարիներու պատմութիւնը կը դրժէ, կը վերախմբագրէ «Նոր Հայաստան» անուան տակ, կը մերժէ Հայաստանի տարածքին մէջ տեսնել Արցախը, Նախիջեւանը եւ մեր պատմական միւս հողերը…
Կրկին անկապ նիւթեր շաղկապելու փորձերով եւ յաւելեալ գլխապտոյտ պատճառելով՝ «ազգընտիր»-ը շեշտեց, թէ նոր, օրինակելի եւ վաւերական սահմանադրութեամբ՝ կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել անվտանգութիւնը։ Ան օրինակ բերաւ զէնքերու գնման հարցերը, խոստովանելով, թէ տարիներ շարունակ որոշ երկիրներ մերժած են Հայաստանի զէնք ու զինամթերք վաճառել, որովհետեւ ունեցած են այն մտավախութիւնը, թէ անոնք պիտի օգտագործուին Հայաստանի միջազգայինօրէն ճանչցուած սահմաններէն դուրս։ Չըսաւ, որ իր գալուստէն առաջ, Հայաստան ինչպէ՞ս զէնք կ’ունենար, միայն Արցախի մէջ ազերիներու խլած միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ զէնքերը երկինքէ՞ն իջած էին մանանայի պէս, կամ թէ՝ «զէնք չտուող» երկիրները արդեօք ի՞նչ կարծիք ունին, երբ իշխանութիւնը իր ուժը կը գործածէ անզէն ցուցարարներու եւ ընդդիմադիրներու դէմ…
Յաջորդեց մե՜ծ աւետիս մը. ըսաւ՝ որ այսօր այդպիսի սահմանափակումներ չկան, «որովհետեւ մենք կը ճանչնանք Ալմա-Աթայի 1991-ի հռչակագիրը եւ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքը պաշտպանելու ընտրանքը»: Իսկ թէ Ալմա Աթայի հռչակագիրը ի՞նչ կապ կամ հիմ կ’ընծայէ իր ըսածներուն, արդէն ուրիշ առեղծուած է, բազմիցս ապացուցուած է այդ վարկածին սնանկութիւնը: «Գիւտարարը» կը կարծէ, որ սուտ մը անընդհատ կրկնելով՝ անիկա կը դառնայ ճշմարտութիւն: Իսկ թէ «զէնքի արգելքը վերցնողներէն» քանի՞ կտոր զէնք հասած է իր իշխանութեան ձեռքը՝ ուրիշ հեքիաթ: Ըստ Փաշինեանի, անհրաժեշտ է, որ նոր սահմանադրութեան հանրաքուէն տեղի ունենայ:
Յունիս 2026-ի ընտրութիւններէն ետք, այն տրամաբանութեամբ, որ բոլոր քաղաքական ուժերը մինչ այդ կարենան իրենց դիրքորոշումները ներկայացնել ընտրապայքարի ընթացքին։ Ան կը քարոզէ, թէ ընտրութեան արդիւնքով՝ ժողովուրդէն վստահութեան քուէ ստացած քաղաքական մեծամասնութեան դիրքորոշումը վճռորոշ պիտի ըլլայ սահմանադրութեան վերջնական նախագծի ձեւաւորման մէջ։
Փաշինեան, Նոր Կտակարանէն քանի մը օրինակ բերելով, բացատրեց, որ նոր գինին նոր տիկերու մէջ պէտք է պահել։ Կը տեսնէ՞ք, ան հեղուկի վերածեց սահմանադրութիւնը, զայն բաղդատելով գինիի։ Ըստ իրեն՝ այժմու տիկերը հնամաշ են, տակաւին՝ 1995-էն ի վեր գոյութիւն ունեցող սահմանադրութիւնը չի ցոլացներ ներկայի իսկական պատկերը։ Ան նոյնիսկ կասկածելի կը նկատէ անցեալի սահմանադրական հանրաքուէն։
Արդեօք ժողովուրդը կը տեսնէ՞, որ այս մարդն ու իր «հօտ»-ը վաղուց սկսած են հոտիլ, աւելի՛ն՝ նեխիլ. այս խմբակին ապականումը շատ աւելի հեղձուցիչ է, քան աղբանոցէն ու շինարարութեան վայրերէն բարձրացող՝ ապականող «ամպերը»:
Չէ՛. սահմանադրութիւնը ո՛չ հեղուկ է, ո՛չ ալ գինի, այլ ազատութեան եւ անկախութեան ձգտող ժողովուրդի մը քաղաքական տեսլականներուն մարմնաւորումը։ Իսկ երբ մտաբերենք, թէ ՔՊ-ապետին այս «յղացքներուն» աղբիւրն ու մղիչ ուժը թուրք-ազերիական ծանօթ ծրագիրներն են, անգամ մը եւս յստակ կը դառնայ, թէ մարզահամերգային լսարանը ինչո՞ւ, ի՞նչ հորիզոններ ներկայացնելու նպատակով սարքուած էր: Պարզ խօսքով, պետական համակարգը դաւադիր ընթացքին լծակից դարձնելն էր:
Պարտութիւնն ու երկրի-ազգի էութեան այլափոխումը, զանոնք թշնամիին ծրագիրներուն պատշաճեցնելու փորձերը մերժելի են, մերժելի պիտի մնան 50, 100 տարի, դարեր ու դարեր շարունակ:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
