Հայաստան Եւ Սփիւռքը Առանձին Իրականութիւններ Չեն. Անոնք Մէկ Ազգային Ամբողջութեան Երկու Կարեւոր Մասերն Են
19 Մարտ 2026
Ստորեւ կը հրատարակենք 14 եւ 15 Մարտին, Պըրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի «Սփիւռք» խորհրդաժողովին՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեանի արտասանած բացման խօսքը.
Բարի լոյս եւ բարի եկաք սիրելի ընկերներ,
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ կ՛ողջունեմ բոլորդ՝ Սփիւռքին նուիրուած այս կարեւոր խորհրդաժողովին մասնակցելնուդ համար։
Սփիւռքը պարզապէս Հայաստանէն դուրս ապրող հայերու ցրուած համայնքներ չէ։ Անիկա կենդանի ազգային կառոյց մըն է, կառուցուած՝ տարիներու զոհողութեամբ, դիմադրութեամբ եւ հաւաքական ճիգով։ Անիկա կը ներկայացնէ համաշխարհային հայ ազգի մէկ կարեւոր մասը՝ զանազան համայնքներ՝ իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ նկարագիրով, դժուարութիւններով եւ սովորութիւններով, բայց որոնք բոլորը իրարու կապուած են պատմութեամբ, մշակոյթով, լեզուով, հաստատութիւններով, Հայ Դատով, ընդհանուր ազգային նպատակներու եւ իրարու ու հայրենիքին հանդէպ պատասխանատուութեան հաւաքական զգացումով։
Փակագիծ մը բանանք մեր շրջանին եւ ընդհանրապէս արեւմտեան երկիրներու Սփիւռքի գաղութներու մասին, որոնք կը տարբերին ձեր ծննդավայր սփիւռքեան երկիրներէն, ուր շատ աւելի նուազ ներգաղթ կար եւ շատ աւելի արտագաղթ: Նաեւ արեւմտեան երկիրներու եւ յատկապէս արեւմտեան Ամերիկայի մեր համայնքը կը շարունակէ աճիլ եւ զանազան երկիրները՝ օրինակ մեր գաղութին մէջ կան լիբանահայեր, սուրիահայեր, պարսկահայեր, հայաստանահայեր, եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն, եւ նոյնիսկ ինծի պէս հոս ծնած ու մեծցած ամերիկահայեր:
Հայաստան եւ Սփիւռքը առանձին իրականութիւններ չեն. անոնք մէկ ազգային ամբողջութեան երկու կարեւոր մասերն են, որոնց ուժը եւ յաջողութիւնը կախուած է երկուքին կենսունակութենէն։
Կազմակերպուած եւ իրարու շաղկապուած Սփիւռքի գաղափարը, որ արմատաւորուած է մեր հաստատութիւններուն, մեր ընդհանուր նպատակներուն եւ ազգային պատասխանատուութեան մէջ՝ մեր ժողովուրդի մեծագոյն ուժերէն մէկը եղած է։
Սակայն, մենք չենք կրնար անցեալի եղածներով կամ ներկայ իրավիճակով բաւարարուիլ։ Մենք պէտք է շարունակենք զարգանալ եւ բարելաւուիլ։
Այսօր հայ ժողովուրդը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի՝ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։
Մեզմէ կը պահանջուի անկեղծ ինքնաքննութիւն եւ անաչառ վերլուծութիւն, նորոգում եւ արդիականացում՝ միշտ ամուր կերպով արմատաւորուած մեր ազգային հիմնական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ համակարգուած եւ միասնական գործելակերպով։
Մեր կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները կը շարունակեն մնալ մեր ազգային կեանքի հիմնական սիւները։ Սակայն, մենք պէտք է նաեւ ճանչնանք եւ ներգրաւենք այն բազմաթիւ անհատները, մասնագէտները, մտաւորականները եւ նոր ձեւաւորուող ցանցերը, նոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնք նոյնպէս խորապէս նուիրուած են հայ ազգին եւ Հայ Դատին, նոյնիսկ եթէ միշտ մեր հաստատուած կառոյցներուն մէջ չեն գործեր։ Անշուշտ ո՛չ Ռոստոմեան հասկացողութեամբ՝ վնասակար տարրերը:
Մենք պէտք չէ արհեստական սահմաններ գծենք, պէտք չէ բաժնենք, կամ որոշենք, թէ ով կը պատկանի եւ ով՝ ոչ։
Մեր հարցը ընդհանուր նպատակներու շուրջ կամուրջներ կառուցելն է, գործընկերութիւններ հաստատելն է եւ նոր սերունդը ներգրաւելն է՝ իր պայմաններով եւ նոյնիսկ իր նախընտրած լեզուով։
Մեր առաջին քայլերէն մէկը պէտք է ըլլայ յստակօրէն ձեւաւորել Սփիւռքի ընելիքները՝ ի նպաստ համազգային օրակարգին, որուն շուրջ մենք համախմբուած ենք եւ կարելի է ներգրաւել ու համախմբել մեր ժողովուրդը: Այս ծիրին մէջ ճշդել մեր առաջնահերթութիւնները եւ գործել յստակ նպատակի մը գիտակցութեամբ ու ուղղութեան միասնականութեամբ։
Այդ ընթացքին մենք պէտք է ըլլանք թափանցիկ եւ ներառական, անկեղծօրէն քաջալերենք գաղութի անդամներու մասնակցութիւնը եւ ներգրաւենք երիտասարդութիւնը՝ զայն նաեւ հզօրացնելով, եւ գործուն կերպով սերնդափոխութիւնը իրականացնենք:
Մենք կրնանք ստեղծել համագործակցութեան դաշտեր, ուր աւանդական կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները, անկախ նախաձեռնութիւնները, երիտասարդ մասնագէտները, գիտնականները եւ համայնքային ղեկավարները կրնան միասին աշխատիլ՝ առաջնորդուելով ոչ թէ կազմակերպական պիտակներով կամ անհատական ու անձնական նախասիրութիւններով, այլ ընդհանուր առաքելութիւններով՝ հաւաքական համազգային օրակարգով՝ ամրացնել հայ ինքնութիւնը եւ պահպանել մեր մշակոյթը, զօրակցիլ Հայաստանին եւ Արցախին, յառաջ մղել Հայ Դատը եւ ապահովել մեր համայնքներու, մեր ազգի, եւ մեր երկրի ապագան՝ գալիք սերունդներուն համար։
Այս խորհրդաժողովը այդ աշխատանքին մէկ մասն է։ Այս առիթ է գաղափարներ փոխանակելու, ընդունուած չափանիշները՝ նորմերը, հարցականի տակ դնելու եւ միասին խորհրդակցելու մեր համայնքներու, մեր հաստատութիւններու եւ մեր ազգի ապագային մասին։
Այսօր, առաւել քան երբեք, Հայաստանի ապահովութիւնը, մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ մեր ազգին արդարութեան հետապնդումը կը պահանջեն աւելի ուժեղ, աւելի կազմակերպուած, աւելի ներառական եւ միասնական, համակարգուած Սփիւռք մը։
Կ՛ակնկալենք արդիւնաւէտ եւ բովանդակալից խորհրդաժողով մը, որ պիտի ծնունդ տայ խորքային վերլուծութեան, ներշնչէ նոր գործընկերութիւններ եւ նոր մօտեցումներ ու վերանորոգէ մեր նուիրումը մեր համազգային պարտաւորութիւններուն։
Շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն:
