Ակնարկ. Հորմուզը` Չինաստան Այցելութենէն Առաջ Եւ Ետք
16 Մայիս 2026
Միացեալ Նահանգներուն եւ Չինաստանի նախագահներուն միջեւ կայացած հանդիպումին վերաբերող լրատուութիւններուն ու որոշ հետազօտական կեդրոններու հրապարակած վերլուծումներուն հետեւելով կրնայ ստեղծուիլ այն տպաւորութիւնը, որ համաշխարհային տնտեսութիւնը կը թեւակոխէ նոր շրջափուլ` բեւեռներու միջեւ կայացած որոշ համաձայնութիւններով:
Բեկումնային կամ կայծակնային ազդեցութեան գործօնի առկայութիւնը պէտք չէ ակնկալել: Պարզ է, որ Փեքինն ու Ուաշինկթընը պիտի մնան մրցակիցներ, յատկապէս համաշխարհային տնտեսութեան դաշտին մէջ: Եւ այստեղ Չինաստանի նախագահը յստակ ուղերձ յղած է իր ամերիկացի գործընկերոջ` ակնարկելով Թուկիդիդեսի ծուղակին: Չինացի ղեկավարին կողմէ զգուշացում է յոյն պատմիչին տեսութիւնը յիշելը` ընդգծելու համար, որ աշխարհակարգային իրավիճակ փոխուած է եւ զարգացող ուժին դէմ հակադրուելու փոխարէն պէտք է հաշտուիլ նոր իրականութեան հետ եւ համակարգել գործընթացները ծաւալուող ուժին հետ:
Ըստ հրապարակումներուն, հիմնական քննարկումները կը վերաբերէին առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն, մաքսատուրքերուն, արհեստագիտական մրցակցութեան, Թայուանի հարցին եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակին:
Միացեալ Նահանգներու նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան մէջ մեծ բաժին կար առեւտրատնտեսական եւ արհեստագիտութեան ոլորտներու մեծագոյն ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչ որ Ուաշինկթընի նշանակէտը կը կազմէին այս հանդիպումներուն:
Միացեալ Նահանգներու այս առումով առաջնային առաջադրանքը չինական շուկայի ամբողջական բացումն էր ամերիկեան ընկերութիւններուն առջեւ: Հազուագիւտ մետաղներու վերաբերող հետապնդուած գործարքներուն առընթեր, Չինաստան պիտի ուզէր Միացեալ Նահանգներու մօտ ամբարուած արհեստական բանականութեան նորարար արհեստագիտութեան տիրանալ, մինչ Միացեալ Նահանգները անոր դիմաց չինական պարարտ շուկայէն լիարժէք օգտուելու կարելիութիւնները պիտի պահանջէին:
Թայուանը կը շարունակէ մնալ Փեքինի կարմիր գիծը. որեւէ սուր մօտեցում չկար ամերիկեան բառապաշարին եւ եզրաբանութեան մէջ այս ուղղութեամբ: Չի նշանակեր սակայն, որ այս խաղաթուղթը դուրս եկած է Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական շտեմարանէն:
Հիմա գանք Մերձաւոր Արեւելքին եւ աւելի մօտեցնելով մանրադիտակը` Իրանին: Աւելի` Հորմուզին: Չինաստանը Հորմուզի շահառու երկիրներէն կարեւորագոյններու շարքին է: Երկու ղեկավարները ընդհանուր մօտեցում ցուցաբերած են այս հարցին. յայտնապէս երկու գերտէրութիւնները պիտի ուզեն, որ փակումը երկարատեւ չըլլայ: Բայց այստեղ կայ Իրանի խնդիրը: Անմիջապէս պէտք է յիշել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը: «Չինաստան հաստատեց, որ Հորմուզի նեղուցի ռազմականացման եւ տուրքերու համակարգի պարտադրման չի զօրակցիր: Ասիկա նաեւ մեր դիրքորոշումն է: Չինաստանի օգնութիւնը չենք խնդրեր, որովհետեւ անոր օգնութեան կարիքը չունինք»:
Բառացի պէտք չէ ընկալել մանաւանդ վերջին բաժինը: Հորմուզի հանգուցալուծումը բեւեռներու առաջադրանք է: Ռազմական միջոցներով, մինչեւ այս պահը Ուաշինկթընը չէ լուծած այս խնդիրը: Դիւանագիտական ընթերցումը այս բոլորին այն է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ակնկալեն, որ Չինաստան ճնշում բանեցնէ Իրանի վրայ` երթալու գործարքի:
Ռազմաքաղաքական նշանակութիւն պիտի ունենար Հորմուզի հանգուցալուծումը նախքան Թրամփի Չինաստան մեկնիլը: Թրամփ տնտեսաքաղաքական առեւտուրի կարեւոր յաղթաթուղթ մը կրնար ունենալ: Կը թուի, որ Ռուպիոյի յայտարարութիւնը, թէ Չինաստանի կարիքը չունին Իրանի հետ յարաբերութիւններու լուծման համար, աւելի ծխածածկոյթի դեր ունի, քան իրողութեան:
Եթէ Հորմուզի շուրջ բանակցութիւնները արագանան եւ եզրակացուին, ապա այդ մէկը կը նշանակէ, որ Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան բանակցութիւնը այդ ուղղութեան վրայ արդիւնաւորուած է: Այդ միտումը նկատելի է, հաշուի առած գերտէրութիւններու շահագրգռուածութեան ընդհանրութիւնը այս հարցին մէջ:
«Ա.»
«Ազդակ»
