Հաւատքի Մարդը՝ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան
16 Մայիս 2026
Լուսանկար՝ Նանոր Պարսումեանի
Մայիս 6-ին իր մահկանացուն կնքեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ ղեկավար, արուեստագէտ, բանաստեղծ, թարգմանիչ, խմբագիր, արխիւագէտ, Հայ Օգնութեան Միութեան նուիրեալ մշակ եւ Հայ Դատի ամբողջ կեանքին ծառայած մարտիկ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանը՝ իր ետին ձգելով ժառանգութիւն մը, որ կը պատկանի ոչ միայն իր ընտանիքին եւ գաղափարակիցներուն, այլ նաեւ` ամբողջ հայ ժողովուրդին, որուն ծառայեց մօտ ութ տասնամեակ։
Եգիպտոսի մայրաքաղաք՝ Գահիրէի մէջ ծնած Մայիս 1928-ին, ան հասակ առաւ սփիւռքահայ կեանքի այն շրջանին, երբ մշակութային պահպանումն ու արդարութեան որոնումը անբաժանելի մասն էին հայկական գոյութեան։ 1946-ին, հազիւ 18 գարուններ բոլորած, Հայոց Ցեղասպանութենէն տակաւին երեք տասնամեակ չանցած, ան իր ուխտը տուաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Այդ օրէն սկսեալ ան պարզապէս կազմակերպութեան մը անդամ չեղաւ, այլ իր անձը նուիրեց այն սկզբունքներուն եւ առաքելութեան, զորս կը մարմնաւորէր Դաշնակցութիւնը՝ արդարութիւն, ազգային արժանապատուութիւն, զոհողութիւն, հաւաքական պատասխանատուութիւն եւ, դեռ աւելի՛ն, մարդկային աշխարհի մը երազը։
Ան աւարտած էր Վիեննայի Մխիթարեան վարժարանը, ապա՝ Գահիրէի արուեստի հիմնարկը։ 1946-ին անդամակցած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
Իբրեւ նկարիչ եւ ձեւաւորող՝ 1949-1951 աշխատած էր Եգիպտոսի առաջատար թերթերու հետ, որոնց կարգին՝ «Ահրամ», «Le Progres Egyptien», «La Bourse Egyptienne» եւ «The Egyptian Gazette»։ Ապա 7 տարի շարունակ ծառայած էր Միացեալ Նահանգներու տեղեկատուական գործակալութեան՝ (USIA) Գահիրէի գրասենեակին մէջ` իբրեւ հրապարակութիւններու եւ հասարակական կապերու բաժինի գեղարուեստական տնօրէն։ Այդ տարիներուն իր գործերը առաջին անգամ կը յայտնուէին «Հայրենիք»-ի հրատարակութիւններուն մէջ։
Պոսթըն տեղափոխուելէ ետք ան շարունակած է աշխատիլ հրատարակչական եւ տպագրական կազմակերպութիւններու մէջ՝ ստանձնելով պաշտօններ, ձեւաւորելով եւ հրատարակելով բազմաթիւ գիրքեր՝ Հարվըրտ համալսարանի հրատարակչութեան, MIT Press-ին եւ անկախ հրատարակիչներու համար։ 1978-էն ետք շարունակած էր իր մասնագիտութիւնը հրատարակչութեան, խմբագրութեան եւ տպագրութեան ոլորտներուն մէջ՝ միշտ ալ իր ծառայութիւնը մատուցելով հայկական կազմակերպութիւններուն։
Այդ բարոյական երեւակայութիւնն էր, որ իր կեանքին տուաւ առանձնայատուկ ուժը։ Թաթուլ Սոնենց հայ ժողովուրդի տառապանքը չէր հասկնար իբրեւ ատելութեան արտօնութիւն, այլ՝ բարոյական յստակութեան կոչ։ Ան կը հաւատար իր ժողովուրդի ազատագրութեան, բայց նաեւ մարդկային աւելի լայն պայքարի մը՝ ճնշումին, ջնջումին եւ անտարբերութեան դէմ։ Ան կրնար միաժամանակ ըլլալ յեղափոխական եւ կարեկից, որովհետեւ իրեն համար Հայ դատը արմատաւորուած էր ոչ միայն ազգային արդարութեան, այլ նաեւ այն հաւատքին մէջ, թէ մարդկութիւնը կրնայ աւելի արդար դառնալ։
1960-ականներուն ընկեր Թաթուլ գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան ամերիկեան կոմիտէին աշխատանքներուն։ Լէօ Սարգիսեանի հետ գործակցաբար ան առաջնահերթ դեր ունեցաւ այդ վերոյիշեալ կոմիտէի վերափոխման եւ վերանուանման գործընթացին` հիմք դնելով նոր կառոյցի մը՝ Հայ դատի յանձնախումբին (Armenian National Committee)։
Տարիներ շարունակ Ապրիլ 24-ը միայն եկեղեցիներու եւ համայնքային սահմաններու մէջ նշելէ ետք, 1965-ին հայութիւնը, Հայ Դատի յանձնախումբին հովանիին տակ, քաղաքական բեմահարթակ ներկայացաւ` պահանջելու արդարութիւն Թուրքիոյ կողմէ գործուած Ցեղասպանութեան համար։ Թաթուլ Սոնենց նամակներ պատրաստեց Ա.Մ.Ն.Քոնկրեսին, հրապարակումներ՝ Հայ Դատի պատմական եւ բարոյական հիմքերու մասին, եւ մամուլի ճամբով ուսումնասիրութիւններ՝ աշխարհի ուշադրութիւնը կրկին ուղղելու համար 50 տարի անտեսուած արդարութեան վրայ։
1974-ին, երբ Թուրքիա ներխուժեց Կիպրոս, յունահայ համայնքը դիմեց Հայ Դատի յանձնախումբին, եւ Թաթուլ Սոնենց ու Լէօ Սարգիսեան աջակցեցան յունական լոպիի ձեւաւորման՝ միասին աշխատելով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը համոզելու՝ զէնքի եւ զինամթերքի վաճառքի արգելք սահմանելու Թուրքիոյ նկատմամբ։ Անոնք նաեւ պատրաստեցին տեղեկագրեր Մ.Ա.Կ.-ի առաքելութիւններուն՝ ի պաշտպանութիւն Թուրքիոյ ներխուժումը դատապարտող բանաձեւերուն։
Իր խմբագրական, արխիւային եւ գրական աշխատանքը անցեալն ու ներկան իրարու կապեց։ Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւներուն միջոցով ան օգնեց պահպանելու փաստագրական ժառանգութիւնը այն սերունդին, որ 1918-ին վերականգնեց հայկական պետականութիւնը։ Իր գրութիւններով, թարգմանութիւններով եւ հրատարակչական աշխատանքով Թաթուլ Սոնենց օգնեց նոր սերունդներուն` մեկնաբանելու հայկական փորձառութիւնը։ Իսկ Հ.Օ.Մ.-ի միջոցով ծառայեց հայ ժողովուրդի մարդասիրական եւ համայնքային ամէնէն մնայուն հաստատութիւններէն մէկուն։
Թաթուլ ունէր` հաւատացեալ մարդու մը անպարտելի պարզութիւնը եւ անսահման խորութիւնը, վստահութեան ու կորովի անսպառ աղբիւր մը եւ ստեղծագործական այնպիսի ուժ, որ զինք կը դարձնէր անպարտելի։
Իր ամբողջ գործունէութիւնը այդ հաւատքին արտացոլացումն էր։ Իբրեւ խմբագիր, բանաստեղծ եւ թարգմանիչ` Թաթուլ Սոնենց հայկական հանրային կեանքին բերաւ մասնագիտական հմտութիւն եւ գեղարուեստական զգայնութիւն։ Ան ծառայեց որպէս «Armenian Review»-ի խմբագիր, Հ.Յ.Դ.-ի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւներու տնօրէն, ինչպէս նաեւ` Հ.Օ.Մ.-ի հրատարակչական բաժանմունքի տնօրէն։ Ան երեք տասնամեակ ծառայեց նաեւ` Հ.Օ.Մ.-ին՝ ներառեալ որպէս գործադիր տնօրէն եւ արխիւներու ու հրատարակութիւններու վարիչ։ 2015-ին Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը զինք պատուեց միութեան բարձրագոյն մետալով՝ «Ակնունի» մրցանակով, գնահատելով հայ ժողովուրդին եւ Հ.Օ.Մ.-ին անոր տասնամեակներու նուիրեալ ծառայութիւնը։ Ան նաեւ ստացած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Մեսրոպ Մաշտոց» եւ Հայ Դատի «Վահան Քարտաշեան» շքանշանները։
Իր մահը աւելի՛ն է, քան` միայն նշանաւոր հայու մը կորուստը։ Ան կը խորհրդանշէ սերունդի մը ամբողջ դարաշրջանի աւարտը, ա՛յն սերունդին, որ սփիւռքին տուաւ ամէն բան։ Սերունդ մը, որ Ցեղասպանութենէն ետք կառուցեց` դպրոցներ, եկեղեցիներ, թերթեր, երիտասարդական կազմակերպութիւններ, օժանդակ միութիւններ, քաղաքական մարմիններ, մշակութային ընկերակցութիւններ եւ արխիւներ։
Ան մարմնաւորեց սփիւռքահայութեան ազնիւ աւանդութիւններէն մէկը՝ մտաւորական գործիչը, մշակուած յեղափոխականը, ծառայող առաջնորդը, որ կը հասկնար, թէ լեզուն, արուեստը, պատմութիւնը, քաղաքական պայքարը եւ համայնքային հաստատութիւնները` բոլորը նոյն ազգային առաքելութեան մասերն են։ Ան կրնար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մասին խօսիլ ոչ թէ որպէս հեռաւոր պատմական իրողութիւն, այլ` որպէս կենդանի ժառանգութիւն։ Ցեղասպանութիւն, դիմադրութիւն, Մայիս 28, աքսոր, սփիւռքեան կազմակերպում, Արցախ եւ Հայ Դատ՝ բոլորը մէկ շարունակական ազգային պայքարի մասերն էին։
Նուիրեալ հայր՝ Վիգէնի եւ Արմէնի, Թաթուլ Սոնենցին կողակիցն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, բժիշկ Երուանդ Խաթանասեանի («Հայրենիք»-ի խմբագիր՝ 1963-1968) դուստրը՝ Սեդան (1925-2022)։
Իր ընտանիքին համար ան միայն հանրային դէմք, ընկեր, խմբագիր, արխիւագէտ կամ յեղափոխական չէր։ Ան հայր էր, մեծ հայր, ազգական եւ սիրուած ներկայութիւն։
Ան բառին իսկական իմաստով ընկեր մըն էր անոնց համար, որոնք անձամբ ճանչցած էին զինք, Թաթուլ Սոնենց եղած էր առաջնորդ, ուսուցիչ, հայրական ներկայութիւն, մշակուած մտաւորական եւ գթասիրտ բարեկամ։ Իր ծառայած հաստատութիւններուն համար՝ շինարար, յիշողութեան պահապան եւ կարգապահ մշակ։ Իսկ Հայ Դատին համար այն սակաւաթիւ դէմքերէն մէկն էր, որուն համոզումները երբեք խոչընդոտ չստեղծեցին, այլ ընդհակառակը, ընդարձակուեցան եւ աւելի մշակուեցան։
