ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Մայիս մէկ. Աշխատանքի եւ աշխատաւորի ազատագրութեան դատը՝ ֆաշականութեան հակադիր բեւեռներու աքցանին մէջ

01 Մայիս 2017

Մա­յիս ­Մէկ էր ե­րէկ եւ ա­րար-աշ­խարհ ա­կա­նա­տես դար­ձաւ, որ աշ­խա­տան­քի եւ աշ­խա­տա­ւո­րի ա­զա­տագ­րու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան վեհ շար­ժու­մը, այ­լեւ՝ ըն­կե­րա­յին ի­րա­ւա­տի­րու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան հա­մար ա­զա­տա­խոհ մարդ­կու­թեան մղած շուրջ 130ա­մեայ կազ­մա­կերպ պայ­քա­րը ինչ­պէ՜ս մատ­նո­ւած է ֆա­շա­կա­նու­թեան կրուն­կին տակ ոտ­նա­կոխ ճզմո­ւե­լու, այ­լա­մեր­ժու­թեան ու մո­լե­ռան­դու­թեան միեւ­նոյն հո­սան­քէն թափ ա­ռած՝ գա­ղա­փա­րա­մոլ թէ կրօ­նա­մոլ ի­րե­րա­մերժ թե­ւե­րու աք­ցա­նին մէջ ու­ժաս­պառ դառ­նա­լու եւ իր վեր­ջին շուն­չը փչե­լու օր­հա­սին։

Այս տա­րո­ւան ­Մա­յիս ­Մէ­կի Օ­րը աշ­խա­տա­ւոր մարդ­կու­թիւ­նը դի­մա­ւո­րեց խոր ան­դո­հան­քով, ա­հա­ւոր ան­կում­նե­րու վտան­գը դի­մագ­րա­ւե­լու անձ­կու­թեամբ՝ ի տես եւ ի լուր ֆա­շա­կա­նու­թեան եր­կու բե­ւեռ­նե­րուն ալ յաղ­թար­շա­ւին… ­Թուր­քիոյ եւ Ֆ­րան­սա­յի մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան քո­ղին տակ ե­րե­ւան ե­կած մէկ կող­մէ «խա­լի­ֆա­յու­թեան» եւ միւս կող­մէ «խա­չակ­րու­թեան» վե­րապ­րուկ­նե­րու քան­դիչ մո­լուց­քի բոր­բո­քու­մին։

Ա­յո՛, էա­պէս եւ ըստ ա­մե­նայ­նի ֆա­շա­կա­նու­թե­նէն կը ներշն­չո­ւին մեր օ­րե­րուն հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ Ա­րե­ւել­քը վա­րա­կած կրօ­նա­մո­լու­թիւ­նը, թէ՛ Ա­րեւ­մուտ­քը խռո­ված ցե­ղա­պաշ­տու­թիւ­նը։ Ի­րե­րա­մերժ ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ ա­նոնք միա­ժա­մա­նակ ո­խե­րիմ թշնա­մի­ներն են երկ­րա­գուն­տը մարդ­կու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քին հա­մար ընդ­հա­նուր հայ­րե­նիք եւ բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման հա­մե­րաշխ օր­րան դա­ւա­նող ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ու ըն­կեր­վա­րու­թեան գա­ղա­փար­պաշտ մեծ շար­ժու­մին։

Ա­հա թէ քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան ինչ­պի­սի՛ ջլա­տիչ մթնո­լոր­տի մէջ, ­Մա­յիս ­Մէ­կի ե­րէ­կո­ւան օ­րը, ողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին — բա­ցա­ռու­թեամբ հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի – պաշ­տօ­նա­պէս աշ­խա­տան­քը դա­դար ա­ռաւ եւ բո­լոր եր­կիր­նե­րու աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան հետ՝ հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը նշեց Աշ­խա­տան­քի ու Աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րը։

Թէեւ հնա­դա­րեան ժա­մա­նակ­նե­րէն մարդ­կու­թիւ­նը տօ­նած է ­Մա­յիս ամ­սու գա­լուս­տը իբ­րեւ ծաղ­կու­մի եւ կեն­սու­րա­խու­թեան հե­թա­նո­սա­կան տօն, բայց ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հը հիմ­նո­վին տար­բեր գա­ղա­փա­րա­կան խոր­քով կը նշէ ­Մա­յիս 1ը։
Մա­յիս ­Մէ­կի խոր­հուր­դը շա­տոնց ուղ­ղա­կիօ­րէն կա­պո­ւած է մար­դու աշ­խա­տան­քի ա­զա­տագ­րու­թեան մեծ շար­ժու­մին եւ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րին հետ։

Շուրջ 130 տա­րի ա­ռաջ սկսաւ ­Մա­յիս 1ի ժա­մա­նա­կա­կից ի­մաս­տով նշու­մը եւ այն­քան ալ տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով չսկսաւ։ 1890ի ­Մա­յիս 1ին, յատ­կա­պէս Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին, աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը եւ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը (ըն­կեր­վա­րա­կան, ա­նիշ­խա­նա­կան թէ ա­զա­տա­խո­հա­կան) փո­ղոց ի­ջան եւ ցոյց կա­տա­րե­ցին՝ ութ­ժա­մայ աշ­խա­տան­քա­յին օ­րո­ւան եւ ընդ­հան­րա­պէս աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կեան­քի պայ­ման­նե­րու բա­րե­լաւ­ման պա­հան­ջով։

Յատ­կա­պէս աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­տա­րո­ւած ա­ռա­ջին այդ ­Մա­յիս 1ի ցոյ­ցե­րը այդ­պէս՝ պա­տա­հա­կան կամ ինք­նա­բուխ չե­ղան։ ­Տա­րի մը ա­ռաջ, 1889ի Յու­լի­սին, Ֆ­րան­սա­կան մեծ ­Յե­ղա­փո­խու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին ա­ռի­թով գու­մա­րո­ւած էր Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի (պատ­մու­թեան ծա­նօթ իբ­րեւ Երկ­րորդ Մի­ջազ­գայ­նա­կան) հիմ­նա­դիր ժո­ղո­վը, որ հե­տա­գայ իր գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում­նե­րու շար­քին՝ ­Մա­յիս ­Մէ­կը հռչա­կեց իբ­րեւ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան շար­ժում­նե­րու մի­ջազ­գա­յին զօ­րակ­ցու­թեան Օր։

Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի այդ ո­րո­շումն էր, որ ի գործ դրո­ւե­ցաւ 1890ին։ Իսկ ­Մա­յիս 1ին մի­ջազ­գա­յին աշ­խա­տա­ւո­րա­կան զօ­րակ­ցու­թեան եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան ի­մաստ տա­լու գա­ղա­փա­րը բխած էր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ ար­դէն ծա­ւա­լուն բնոյթ ստա­ցած աշ­խա­տա­ւո­րա­կան պայ­քա­րին թի­կունք կանգ­նե­լու Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի քա­ղա­քա­կան դիր­քո­րո­շու­մէն։

Ար­դա­րեւ, աշ­խա­տա­ւո­րա­կան շար­ժու­մը ակն­բախ յա­ռաջ­խա­ղացք ար­ձա­նագ­րած էր Մ. Նա­հանգ­նե­րու մէջ՝ օգ­տո­ւե­լով ա­զատ մտա­ծո­ղու­թեան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­զատ գոր­ծու­նէու­թեան՝ Եւ­րո­պա­յի հա­մե­մատ ա­ւե­լի ձեռն­տու պայ­ման­նե­րէն։ 1886ին, ­Մա­յի­սի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու աշ­խա­տա­ւո­րա­կան եւ գաղ­թա­կա­նա­կան կեդ­րո­նաց­ման քա­ղաք­նե­րէն ­Շի­քա­կո­յի մէջ, աշ­խա­տա­ւոր­նե­րը փո­ղոց ի­ջած էին եւ օ­րե­րու վրայ շա­րու­նա­կո­ւած ցոյ­ցե­րու մի­ջո­ցաւ պա­հան­ջած էին, որ օ­րէն­քով նո­ւի­րա­գոր­ծո­ւի ութ­ժա­մեայ աշ­խա­տան­քա­յին օ­րո­ւան ի­րենց պա­հան­ջը։ ­Մա­յիս 4ին, Շի­քա­կո­յի ­Հէյ­մար­քէթ հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած ցոյ­ցը շատ բազ­մա­մարդ եւ բուռն ե­ղած էր՝ ոս­տի­կա­նու­թեան հետ առ­ճա­կատ­ման եր­թա­լու ի­մաս­տով։

Ա­նո­րոշ կող­մէ ռումբ նե­տո­ւած էր ցոյ­ցին հսկող ոս­տի­կա­նու­թեան վրայ՝ զո­հեր խլե­լով ոս­տի­կան­նե­րէն, ո­րոնք ան­մի­ջա­պէս կրակ բա­ցած էին ցու­ցա­րար­նե­րուն վրայ եւ պատ­ճառ դար­ձած՝ 8 մե­ռեա­լի եւ տաս­նեակ­նե­րով վի­րա­ւոր­նե­րու։

Ան­շուշտ օ­րին դատ¬դա­տա­վա­րու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցած էր, բայց դա­տա­րա­նը իր ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցու­ցած էր, ռում­բի ար­ձակ­ման բուն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը յայտ­նա­բե­րե­լու փո­խա­րէն, ցոյ­ցի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն քա­ղա­քա­կան հա­մո­զում­նե­րուն քննարկ­ման եւ բա­ցա­յայտ­ման վրայ, ինչ որ քա­ղա­քա­կա­նա­ցուց աշ­խա­տա­ւո­րա­կան շարժ­ման ամ­բողջ բնոյ­թը։

Նոյն պատ­ճա­ռով ալ, Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու օ­րո­ւան նա­խա­գա­հը՝ Ք­լիվ­լընտ փու­թաց զօ­րակ­ցե­լու ա­մե­րի­կա­ցի աշ­խա­տա­ւո­րա­կան միու­թիւն­նե­րէն Աշ­խա­տան­քի Աս­պետ­ներ ար­հես­տակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ ի հա­կազ­դե­ցու­թիւն ըն­կեր­վա­րա­կան հա­մո­զում­նե­րով ­Հէյ­մար­քէ­թի ցու­ցա­րար­նե­րուն՝ ա­ռա­ջար­կեց ­Սեպ­տեմ­բե­րին տօ­նել Աշ­խա­տան­քի Օ­րը եւ այդ­պէս ալ, Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու եւ ­Քա­նա­տա­յի մէջ, մին­չեւ այ­սօր Աշ­խա­տան­քի Օ­րը կը տօ­նո­ւի Սեպ­տեմ­բե­րին։

Եւ այդ­պէս սկսաւ ­Մա­յիս ­Մէ­կի մի­ջազ­գա­յին շարժ­ման կեն­սագ­րու­թիւ­նը։

Սկզբ­նա­պէս սահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ ութ­ժա­մեայ աշ­խա­տան­քա­յին օ­րո­ւան, աշ­խա­տա­վար­ձե­րու ար­դար գնա­հատ­ման եւ աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րու մէջ ա­ւե­լի յար­մար պայ­ման­նե­րու ա­պա­հով­ման պա­հանջ­նե­րով։

Բայց ո­րով­հե­տեւ 19րդ ­դա­րու վեր­ջին տաս­նա­մեա­կէն սկսած աշ­խար­հով մէկ վա­րա­կիչ դար­ձած էին ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ա­զա­տագ­րու­մի յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում­նե­րը, Մա­յիս ­Մէ­կի ո­գե­կո­չում­ներն ու տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րը շատ ա­րագ ա­մէ­նուր վե­րա­ծո­ւե­ցան բո­ղո­քի եւ ցոյ­ցի պոռթ­կում­նե­րու՝ իշ­խա­նու­թեանց եւ ժո­ղովր­դա­յին խա­ւե­րու մի­ջեւ բա­խու­մի ա­ռիթ­նե­րու։

Նոյն­քան ա­րա­գու­թեամբ զուտ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան պա­հանջ­նե­րու վրայ գու­մա­րո­ւե­ցան ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան ա­զա­տագ­րու­մի ա­ռա­ջադ­րանք­ներ, մին­չեւ որ տաս­նա­մեա­կէ տաս­նա­մեակ յա­րա­ճուն թափ ա­պա­հո­վե­լով՝ ­Մա­յիս ­Մէ­կի ե­լոյթ­նե­րը ընդգր­կե­ցին լայ­նա­գոյն հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ ի­րա­ւուն­քի պաշտ­պա­նու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան ա­մէն կար­գի պա­հանջ։

Մա­յիս ­Մէ­կը այ­սօր եւս կը պահ­պա­նէ, ան­շո՛ւշտ, շեշ­տա­կիօ­րէն Աշ­խա­տան­քի եւ Աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րո­ւան իր նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Այ­սու­հան­դերձ՝ ներ­կա­յիս Աշ­խա­տանքն ու Աշ­խա­տա­ւո­րու­թիւ­նը շատ բան կորսն­ցու­ցած են նեղ դա­սա­կար­գա­յին ի­րենց սկզբնա­կան ի­մաս­տէն եւ ար­ժէ­քէն։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ցե­ղա­յին ու սե­ռա­յին հա­ւա­սա­րու­թեան, ազ­գա­յին պաշտ­պա­նո­ւա­ծու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ հա­կակ­շիռ­նե­րու ընդ­լայն­ման, կեն­սո­լոր­տի ան­խա­թար պահ­պան­ման եւ կրօ­նա­կան ու քա­ղա­քակր­թա­կան ինք­նու­րոյ­նու­թեան ա­զատ զար­գաց­ման պա­հանջ­նե­րը ամ­բողջ հո­րի­զո­նը լայ­նա­գոյնս բա­ցած են ­Մա­յիս ­Մէ­կի ի­մաս­տին եւ ար­ժէ­քին առ­ջեւ։

Մա­յիս ­Մէ­կի գա­ղա­փա­րա­կան խոր­հուր­դին այս աս­տի­ճան ընդ­լայ­նու­մը, բնա­կա­նա­բար, շատ բան նո­ւա­զե­ցուց ա­նոր էա­պէս աշ­խա­տա­ւո­րա­կան պայ­քա­րի նշա­նա­կու­թե­նէն եւ հնչե­ղու­թե­նէն։ ­Բայց նոյ­նիսկ մեր օ­րե­րուն, աշ­խար­հի ո­րե­ւէ ան­կիւ­նը, մին­չեւ ան­գամ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նօ­րէն հաս­տա­տա­քայլ յա­ռաջ­դի­մած եր­կիր­նե­րու մէջ, երբ աշ­խա­տանքն ու աշ­խա­տա­ւո­րու­թիւ­նը ի­րա­ւազր­կե­լու քայ­լեր կ­þար­ձա­նագ­րո­ւին, ­Մա­յիս Մէ­կը ան­մի­ջա­պէս կը վե­րագտ­նէ եր­բեմ­նի իր բուռն պայ­քա­րի տա­րո­ղու­թիւ­նը՝ աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան եւ իշ­խա­նու­թեանց մի­ջեւ ա­րիւ­նա­լի բա­խում­նե­րու յան­գե­լով։

Իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ, 19րդ ­դա­րա­վեր­ջէն սկսեալ, ­Մա­յիս ­Մէ­կը ոչ միայն հայ գրող­նե­րու՝ ­Վա­րու­ժան­նե­րու եւ ­Վա­րան­դեան­նե­րու ու ա­նոնց գա­ղա­փա­րա­կան են­թա­հո­ղը կազ­մող հայ ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ներշնչ­ման աղ­բիւ­րը դար­ձաւ, այ­լեւ՝ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն մղում տո­ւաւ հա­մա­մարդ­կա­յին մեծ ի­տէալ­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու սկզբուն­քայ­նու­թեան։

Մա­յիս ­Մէ­կը քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն չա­րա­շա­հո­ւե­ցաւ նաեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի պոլ­շե­ւի­կեան թե­ւին կող­մէ եւ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան է­ջե­րուն միշտ սե­ւով ու մու­րով պի­տի յի­շա­տա­կո­ւի 1920ի ­Մա­յիս ­Մէ­կը, երբ ­Կար­միր ­Բա­նա­կի հրահ­րու­մով՝ հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը ­Կար­սի մէջ Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Օ­րո­ւան հան­դի­սու­թիւն­նե­րը փոր­ձե­ցին ծա­ռա­յեց­նել ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ բո­ղո­քի շար­ժու­մի եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան խռո­վու­թիւն­նե­րու ծա­ւա­լու­մին…

Պատ­մու­թիւ­նը վկայ է, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը իր ազ­գա­յին ա­ռողջ բնազ­դով կուլ չգնաց պոլ­շե­ւի­կեան յոր­ձան­քի այ­լա­սեր­ման ու դա­ւա­նա­մո­լու­թեան վտան­գին։ Ամ­բողջ եօ­թա­նա­սուն տա­րո­ւան խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան թու­նա­ւո­րու­մէն ետք ան­գամ, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը կրցաւ իր ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեան հա­րա­զատ ա­կունք­նե­րով վե­րա­կանգ­նիլ։

Եւ ա­մէն ­Մա­յիս ­Մէ­կի հետ, մե­րօ­րեայ հա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հով մէկ կը վե­րա­նո­րո­գէ ա­րե­ւուն տակ իր ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ա­զատ ու ար­դար կեան­քը նո­ւա­ճե­լու ուխ­տը։

Վե­րա­հաս­տատ այդ վճռա­կա­մու­թեամբ ալ կը սե­ւե­ռինք մե­րօ­րեայ մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան երկ­նա­կա­մա­րը մթագ­նող ֆա­շա­կա­նու­թեան կու­տա­կած մութ եւ մռայլ ամ­պե­րուն՝ մեր կար­գին մեր լիի­րաւ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար աշ­խա­տա­ւոր մարդ­կու­թեան քա­ղա­քակր­թա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քի եր­թը ետ շրջե­լու մո­լե­ռան­դու­թեան ա­մէն կար­գի եւ գոյ­նի դրսե­ւո­րում­նե­րու դի­մագ­րա­ւու­մին։

Ն.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Հ

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդ

08 Մայիս 2025
Շուշին հանդիսանում է հայ ժողովրդի քաղա

ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Արցախի պատմամշակութային ժառանգության և արդի քաղաք

08 Մայիս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Մայիսյան եռատոնը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության պանծալի էջերից է, հայկական

08 Մայիս 2025
Այն ինչ այսօր կատարվում է ժամանակավոր

«Շատ բարդ է ինձ համար այսօր խոսելը։ Մի քանի բան ուզում եմ փոխանցել ՝մեկը պատմ

08 Մայիս 2025
Ամեն ինչ անելու ենք, որ, այո՛, այդ վեր

«Շատ կարևոր է այսօր վերաիմաստավորել, արժևորել Շուշիի ազատագրման օրը և խորհուրդ

08 Մայիս 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետակ

Երեքշաբթի, 6 մայիսին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի ք

08 Մայիս 2025
Պատասխան ես տալու ամեն բառիդ, ամեն քայ

Փորձեմ առանց էմոցիայի Հերթական անգամ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

08 Մայիս 2025
Ուաշինկթընի Քաղաքային Խորհուրդը Ընդուն

Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց >բանաձեւ մ

08 Մայիս 2025
Մեր համազգային պահանջատիրութեան յետքայ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԻԹՈՎ Եթէ պէտք է իրերն իրենց անւամբ կ

08 Մայիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրօն խոր վիշտով իմացաւ ընկ. Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը։ Այս տխ

07 Մայիս 2025
ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու դժուար ընթա

Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի և Իրանի միջև այժմ կը

07 Մայիս 2025
էժան միջոցներով չեն կարող մեզ շեղել

Այն ենթադրությունը, թե պետք է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին անվստահություն հայտ

07 Մայիս 2025
Կառավարությունից պահանջում ենք միջոցնե

Արցախցիների իրավունքների պաշտպանության խորհուրդը Արցախի մշակութային ժառանգությ

07 Մայիս 2025
Օգտակար խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութ

Վերջերս Հայաստանի Հանրապետությունն անսովոր որոշում կայացրեց՝ վարձելով ամերիկյա

06 Մայիս 2025
Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղաս

Կազմակերպութեամբ Համիլթընի Ս. Մարիամ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ

06 Մայիս 2025
Օսմանյան փաստաթղթերն ընդդեմ թուրքական

Հայոց ցեղասպանության 110-րդ տարելիցին ընդառաջ Թուրքիայի հանրային կարծիքի, պաշ

06 Մայիս 2025
Ազգային իղձը՝ պետության գոյատևման և հզ

Տեսակետ Ազգերի գոյատևումը, զարգացումն ու հզորացումը պատահականության արդյուն

06 Մայիս 2025
Հաղորդագրութիւն. Լեռնալիբանանի Քաղաքապ

4 մայիս 2025-ին տեղի ունեցան Լեռնալիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրու

06 Մայիս 2025
Իմպիչմենտն այլեւս Փաշինյանին հեռացնել

Իսկ ո՞վ է ասում, որ իմպիչմենտ չենք ուզում։ Այո՛, դա այն կարևոր գործիքներից մեկ

06 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company