ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Մաարապի Մէջ

26 Ապրիլ 2019 Երէկ` հինգշաբթի, 25 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի, Լիբանանեան ուժերու գլխաւոր կեդրոնատեղիին` Մաարապի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկ` «Գողգոթան… Որ իբրեւ գարուն ծաղկեցաւ» խորագիրով: Ոգեկոչական այս ձեռնարկը, որ չորրորդ տարին ըլլալով տեղի կ՛ունենար, ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Ալեքսանտր Մաթոսեան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան: Անիկա համախմբած էր լիբանանահայութեան գրեթէ բոլոր մարզերուն` հոգեւոր, քաղաքական, կուսակցական, մշակութային եւ արուեստի մարզերուն ներկայացուցիչները: Եւ որովհետեւ ապրիլ 24-ի յիշատակը կը զուգադիպի նաեւ արամէացի-ասորի-քաղդէացի ժողովուրդի ջարդերուն` Սէյֆոյի յիշատակին, ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ այդ ժողովուրդէն ներկայացուցիչներ:

Ոգեկոչական ձեռնարկին առաջին խօսք առնողն էր պատկերասփիւռի լիբանանահայ հանրածանօթ խօսնակ Նշան Տէր Յարութիւնեան, որ բարձր գնահատեց չորրորդ տարին ըլլալով նմանօրինակ ձեռնարկի մը կազմակերպումը Մաարապի մէջ:

Նշան Տէր Յարութիւնեան իր խօսքին սկսաւ պատմելով Ռումիէի կեդրոնական բանտ այցելութենէն դրուագ մը: Իր հանդիպած ոճրագործներէն մէկը իր աչքը դաջած էր երեք դաջուածքներով. իւրաքանչիւր դաջուածք կը խորհրդանշէր իր կատարած ոճիրներէն մէկը: Ոճրագործը Տէր Յարութիւնեանին ըսած է, որ ինք ամէն օր կը նայի հայելիին, եւ այդ դաջուածքներէն իւրաքանչիւրը զինք կը լեցնեն ամօթի եւ անարգանքի զգացումով:

«Եթէ 20-րդ դարը մարդ անհատ մը ըլլար, եւ դուք հանդիպէիք անոր, ես վստահ եմ, որ այդ մարդուն երեսին պիտի տեսնէիք մէկուկէս միլիոն դաջուածք: Այս դարու երեսին պիտի տեսնէիք մէկուկէս միլիոն անառարկելի տուեալներ, որոնք կը փաստեն, թէ անիկա վկայ դարձած է հայ ազգի ամբողջական բնաջնջման փորձին», ըսաւ Նշան Տէր Յարութիւնեան:

Նշան Տէր Յարութիւնեան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ իւրաքանչիւր տարուան ապրիլ 24-ին հայութիւնը կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, եւ պատասխանելով ըսաւ, թէ այս տարի ապրիլ 24-ը կը զուգադիպի Զատկուան տօներուն: Քրիստոնեաները ամբողջ աշխարհի մէջ այս ժամանակաշրջանին հաղորդակից կը դառնան Քրիստոսի չարչարանքներուն, խաչին վրայ մահուան եւ յարութեան սուրբ խորհուրդներուն: 2000 տարիէ ի վեր աշխարհի մէջ ապրող հայերը կը յիշեն Աւագ շաբթուան իրադարձութիւնները, որովհետեւ անոնք կը ներկայանան իբրեւ գոյութենական հարցեր: Իսկ հայութեան համար ալ ապրիլ 24-ի յիշատակումը դարձեալ գոյութենական հարց է, որովհետեւ ցոյց կու տայ, որ անոնք յաղթած են մահուան եւ գոյութիւն ունին: Նշան Տէր Յարութիւնեան իր խօսքը աւարտեց Հայաստանի եւ Լիբանանի նկատմամբ իւրաքանչիւր լիբանանահայու սէրը արտայայտեց` Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» եւ Ֆէյրուզի երգերէն մէկուն տուները մէջբերելով:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեսանիւթ մը:

Ռամկավար ազատական կուսակցութեան անունով խօսք առաւ Սեւակ Յակոբեան, որ, անդրադառնալով ոգեկոչական ձեռնարկի ընդհանուր խորագիրին, ըսաւ, թէ զարմանալի պէտք չէ թուի, որ ամէն տարի Մաարապը կը համախմբէ հայութեան ներկայացուցիչները` միասնաբար ոգեկոչելու համար Հայոց ցեղասպանութիւնը, արամէացի-ասորի-քաղդէացի ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած ջարդերը` Սէյֆոն եւ Լեռնալիբանանի սովամահութեան յիշատակը:

Սեւակ Յակոբեան նշեց, որ եթէ պատմական ակնարկ մը նետենք անցեալին վրայ, պիտի նկատենք, որ թուրքերը Ցեղասպանութիւնը չգործադրեցին կրօնական պատճառներով, որովհետեւ Թուրքիոյ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը ընդգրկեց նաեւ այլ ազգային հաւաքականութիւններ եւ կապ չունէր անոնց քրիստոնեայ ըլլալուն հետ: Պէյրութի մէջ բարձրացուած կախաղանները խտրութիւն չդրին քրիստոնեայի եւ իսլամի միջեւ, իսկ թուրքերը իրենց ցեղասպանական արարքները ծառայեցուցին իրենց համաթուրանական ծրագիրի իրագործման: Ծրագիր մը, որ այսօր ալ կը սպառնայ շրջանի քրիստոնեաներու եւ մասնաւորաբար Հայաստանի գոյութեան: Սեւակ Յակոբեան ամառնային զբօսաշրջական եղանակի սեմին քաջալերեց լիբանանցի համաքաղաքացիները, որ Թուրքիա այցելելու փոխարէն այցելեն Հայաստանի կրօնական-զբօսաշրջական վայրերը, իսկ Արցախէն զբօսաշրջիկներ գան եւ այցելեն, օրինակ` Պշարրէի Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի տուն-թանգարանը: Դիմադրութիւնը այս ձեւով ալ կ՛ըլլայ, ըսաւ Յակոբեան:

Երգչուհի Ալիս Իբրաճեան` ընկերակցութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան նուագախումբին, մեկնաբանեց «Ուաթանի Պիաարըֆնի» երգը:

Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի անդամ երեսփոխան Ժան Թալուզեան, որ նշեց, թէ հայութեան վկայած արհաւիրքները իրենց մէջ կը խտացնեն բոլոր ժամանակներուն մարդկութեան դիմագրաւած արհաւիրքները: Ան ընդգծեց, որ միաժամանակ լալիք ու խնդալիք է այն իրողութիւնը, որ յանցագործութիւնը արդէն ապացուցուած է, սակայն մինչեւ հիմա յանցագործը կ՛ուրանայ իր ոճիրը: Թալուզեան անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար ի գործ դրուած աշխատանքներուն:

Լայալ Նեհմէ` դաշնակի ընկերակցութեամբ Արէն Տօնէրեանի, ասորերէնով կատարեց «Ողջո՛յն քեզ, Մարիա՛մ» (Շլոմլեխ Մարիամ) եւ արաբերէնով «Ումեն» աղօթքները:

Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան անունով խօսք առաւ նախկին երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան, որ նշեց, թէ այսօրուան իր ելոյթին համար շատ փորձած է նոր ըսելիք գտնել, բայց ակամայ նկատած է, թէ պահանջը ունի կրկնելու Հայ արդար դատին կարգախօսները, որոնք իրմէ առաջ արձակուած են, իրմէ վերջն ալ պիտի արձակուին իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի եւ երիտասարդուհիի կողմէ, որովհետեւ չի մեռնիր այն իրաւունքը, որուն ետին պահանջատէրներ կան, եւ այս պարագային պահանջատէրը ամբողջ ազգ մըն է, որ մէկուկէս միլիոն նահատակ տուաւ վասն հայրենիքի եւ վասն հաւատոյ:

Սեպուհ Գալփաքեան Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով միջազգային հանրութենէն պահանջեց ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ Թուրքիայէն պահանջեց ճանաչումին կողքին բռնախլուած իրաւունքը վերադարձնել իր իրաւատիրոջ:

Սեպուհ Գալփաքեան ընդգծեց, թէ իրենք կասկած չունին, որ Հայկական հարցին եւ շրջանի քրիստոնեայ ժողովուրդներու հարցերուն նկատմամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան զօրակցութիւնը պարագայական բնոյթ չի կրեր: Գալփաքեան նաեւ ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին ոգեկոչումը լացի եւ ողբի առիթ չէ, այլ առիթ է բարձրաձայն ըսելու, որ մենք այստեղ ենք եւ պիտի չմոռնանք մեր ժողովուրդին դիմագրաւած արհաւիրքները` մինչեւ իրաւունքներու վերադարձը: Այս առիթով ալ մենք չենք կրնար մեր զօրակցութիւնը չյայտնել այն ժողովուրդներուն, ըլլան անոնք եզիտիներ, քրիստոնեաներ թէ իսլամներ, որոնք վերջերս թիրախ դարձան ահաբեկչական հաւատադրժողական կազմակերպութիւններուն:

Այնուհետեւ Ալիս Իբրաճեան կատարեց «Տուն իմ հայրենի» երգը:

Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան, որ ըսաւ, թէ Լիբանանը` իբրեւ երկիր եւ ժողովուրդ, շատ բան տուած է հայութեան, բայց փոխարէնը հայութիւնը երբեք չթերացաւ լիբանանեան պետութեան նկատմամբ: Այս ծիրին մէջ Ռ. Գույումճեան Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի իր նախարար եւ երեսփոխան գործընկերներէն պահանջեց, համագործակցութեամբ երեսփոխանական ուրիշ պլոքներու եւ ի գլխաւորաբար Հայկական երեսփոխանական պլոքին, աշխատիլ հետեւեալ օրինագիծերուն եւ նախագիծերուն վրայ.

Ա.- Ապրիլ 24-ը դարձնել պաշտօնական արձակուրդի եւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ այլ փոքրամասնութիւններու ջարդերու նահատակներու հոգիներուն համար աղօթքի օր:

Բ.- Կրթական ծրագիրները բարեփոխել այնպէս, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Հայ դատը մաս կազմեն Լիբանանի պատմութեան դասագիրքերուն:

Գ.- Կրթական ծրագիրները այնպէս բարեփոխել, որ հին լեզուները եւ մանաւանդ յունարէնը, ռուսերէնը, լատիներէնը, ասորերէնը եւ հայերէնը իբրեւ հիմնական նիւթեր ներառուին երկրորդական ուսման բաժինին մէջ, իսկ աշակերտը կ՛ընտրէ անոնցմէ մէկը:

Դ.- Վերաիմաստաւորել մայիս 6-ը. մենք խնդիր չունինք զայն լիբանանեան լրագրութեան նահատակներու օր նկատելու, սակայն սկզբունքով անիկա Լիբանանի Նահատակաց տօնն է, որ դէմ դրին օսմանեան բռնագրաւումին եւ պայքարեցան յանուն անկախութեան եւ ազատագրումի: Այս տօնին վերադարձնենք իր բուն իմաստը:

Ե.- Վերաիմաստաւորենք Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը Պէյրութի եւ Լիբանանի նահատակներու պատմութեան վայել ձեւով:

Դարձեալ բեմ բարձրացաւ Լայալ Նեհմէ, որ ընկերակցութեամբ Արէն Տօնէրեանի, ասորերէնով կատարեց «Օրոմոյթօ» («Ես արամէացի եմ») երգը:

Ասորի կաթողիկէ համայնքին անունով խօսք առաւ Մար Միթիաս Շարպել Մուրատ եպիսկոպոսը, որ հարց տուաւ, թէ արդեօք իրապէ՞ս ժամանակը մոռցնել կու տայ իրաւունքը եւ այն հալածանքները, զորս քրիստոնեայ ժողովուրդները կրեցին Օսմանեան տիրապետութեան տակ: Ան ըսաւ, որ իրենք եւ պատմութիւնը չեն կրնար մոռնալ աւելի քան մէկ միլիոն նահատակի զոհուիլը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անունով խօսք առաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան: Ան ըսաւ, որ չորրորդ տարին ըլլալով կը համախմբուինք Մաարապի մէջ` ոգեկոչելու համար Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան փափաք յայտնեց Լիբանանեան ուժերու նախագահ Սամիր Ժահժահին, որ յառաջիկայ տարի ներկաները հայեր չըլլան, որպէսզի իրենց ըսելիքը կարենան հասցնել նաեւ ոչ հայերուն: Իր խօսքը ուղղելով ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեանին` Կիտանեան ըսաւ, որ իր պահանջները աւելի համեստ են` անպայման վերաիմաստաւորել մայիս 6-ը եւ անոր վերադարձնել իր բուն նշանակութիւնը: Ան այս առումով ամբողջական գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց: Պէտք չէ մոռնանք երբեք, որ այն անարդարութիւնը, որ բաժին ինկաւ հայերուն, անոր ենթարկուեցան նաեւ շրջանի ժողովուրդները շուրջ 400-500 տարուան տեւողութեան: Կիտանեան նշեց, որ վերջին տարիներուն մարդկութիւնը ականատես դարձաւ ՏԱՀԵՇ-ականութիւն կոչուած երեւոյթին, եւ մարդկային միտքը տակաւին չկրցաւ ըմբռնել, թէ ինչպէ՛ս մարդ կրնայ սպաննել, բռնաբարել, գերի վերցնել եւ այրել: Կիտանեան ըսաւ, որ ասիկա փոքրացուած տարբերակն է այն արհաւիրքներուն, որոնց ականատեսը դարձաւ հայ ժողովուրդը 104 տարի առաջ:

Ներկայիս կը պահանջուի, ըսաւ Աւետիս Կիտանեան, որ առաւելագոյն կարեւորութիւնը տանք այս երկրին մէջ համակեցութեան հասկացողութեան: Իբրեւ հաւաքականութիւն մը, որ ականատես դարձած է ամէնէն բիրտ հալածանքներուն, մեր իրաւունքն է կարենալ պաշտօնապէս մէկ օր ունենալ Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու համար:

Լայալ Նեհմէն դարձեալ բեմ բարձրացաւ երգելու համար «Ա էսմաք ղաննայթ» երգը:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ: Ան նկատել տուաւ, որ ամէն տարի այս ժամանակներուն իրենք Մաարապի մէջ ձեռնարկ կը կազմակերպեն ո՛չ միայն ոգեկոչելու համար ջարդերու յիշատակը, այլ վերանորոգելու իրենց յանձնառութիւնը Հայ դատին եւ ասորական-քաղդէական հարցին նկատմամբ, արդար դատեր, որոնք չեն մեռած եւ պիտի չմեռնին, հակառակ տասնեակ տարիներու թաւալքէն:

Սամիր Ժահժահ ընդգծեց. «Իւրաքանչիւր գիշեր իր մէջ պարփակած կ՛ըլլայ յաջորդ օրուան առաւօտը, իւրաքանչիւր նահատակութիւն իր էութեան մէջ կը կրէ իր յարութեան եւ յաղթանակին սերմերը, եւ իւրաքանչիւր գողգոթայ կը կրէ իր գարնան սերմերը: Ձեր պապերէն իւրաքանչիւր նահատակ ձեզի փոխանցեց յոյսն ու հաւատքը աւելի լուսաւոր, արդար եւ մարդկային առաւօտի մը: Ճիշդ է, որ Ցեղասպանութեան նահատակները իրենց կեանքը կորսնցուցին, սակայն շահեցան իրենց յիշատակին յաւերժութիւնը: Ճիշդ է, որ անոնք կորսնցուցին իրենց հողերն ու կալուածները, սակայն շահեցան իրենց պատիւն ու արժանապատուութիւնը»: Ան աւելցուց. «Ո՛վ պատմական Հայաստանի եւ Սէյֆոյի ջարդերու հողեր, մի՛ լաք ձեր սուրբ նահատակներուն յիշատակին, այլ ուրախացէք անոնց ապրող զաւակներով ու թոռներով, որոնք կապեցին իրենց վէրքերը, սրբեցին արցունքները, հաւաքեցին ցրուած յիշողութիւնները եւ զինուեցան լեռներ շարժող հաւատքով»:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Քոչարյանը դատի է տվել Փաշինյանին զրպար

Բոլոր երկրներում հանցագործությունների մեջ մեղադրվող անձանց դատական հայցեր են ն

15 Հուլիս 2025
Ազգային Ճակատ շարժման հանրահաւաք՝ Գլեն

Հետևելով Ազգային Ճակատ շարժման հրաւէրին հարիւրաւոր հայեր կիրակի Յուլիս 13ի կէս

15 Հուլիս 2025
ՀՅԴ-ն բոլորին կմիավորի՝ հայության և հա

Լեռնային Ղարաբաղի վերադարձը կլինի, ռազմագերիների վերադարձը կլինի, մենք ժողովրդ

15 Հուլիս 2025
Նեմեսիսի հուշաքարը լուռ վկան է մեր հավ

«Նեմեսիսի հուշաքարը լուռ վկան է մեր հավերժական պայքարի, բռնաճնշումներով մեզ չե

15 Հուլիս 2025
Հայ երիտասարդը չի համակերպվի պարտությո

«Կարևոր և խորհրդանշական է, որ մեր պետության ու ժողովրդի այս ծանր օրերին աշխարհ

15 Հուլիս 2025
«Պիտի վերադառնանք». ՀՅԴ Երիտասարդական

Այսօր, հուլիսի 15-ին Երեւանում, Նեմեսիսի հուշարձանի մոտ տեղի ունեցավ ՀՅԴ Երիտա

15 Հուլիս 2025
Այս համահայկական բանակումը վառ օրինակ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի խօսքը Հ.Յ.Դ. երիտասարդական-ուսանողական

15 Հուլիս 2025
Ազգային անվտանգության հարցերում մենք չ

Aravot.am-ի զրուցակիցն է ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ֆրանսահայ կազմակերպությունների հ

15 Հուլիս 2025
Օրվա իշխանությունները մտել են աշխարհա

Արդեն մի քանի օր է առանց ողջամիտ բացատրության արգելվել է ՀՀ-ից ծաղկի արտահանու

15 Հուլիս 2025
Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունե

15 Հուլիս 2025
Ես կսպասեմ արդարադատությանը

Անազատության մեջ գտնվող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ազատամարտիկ Իգոր

14 Հուլիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրոն սրտի անհուն կսկիծով կը ցաւակցի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ՀՅԴ Արեւ

14 Հուլիս 2025
Տեղի կունենա ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսա

Հուլիս 15-ին՝ ժամը 14:00-ին, Երեւանում, Նեմեսիսի հուշարձանի հարևանությամբ տեղի

14 Հուլիս 2025
Շինծու գործերով ձերբակալված ՀՅԴ երիտաս

Այսօր՝ Հուլիսի 14-ին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացյան» կենտրոնում տեղի ունեցավ ՀՅԴ անդամներ

14 Հուլիս 2025
Ահաբեկչության կազմակերպման մասին պնդու

Սիրելի հայրենակիցներ, տեղեկացնում ենք, որ այսօր՝ հուլիսի 13-ին, ՁՊՎ-ից ազա

13 Հուլիս 2025
7 ձերբակալվածներից 5-ն ազատ արձակվեցի

Ձերբակալվածների պահման վայրից այսօր ազատ արձակվեցին հուլիսի 10-ին «ահաբեկչությ

13 Հուլիս 2025
Տեղի է ունեցել ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ և ՀՅԴ

Հուլիսի 12-ին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացյան» կենտրոնում տեղի է ունեցել ՀՅԴ Հայաստանի Գերա

12 Հուլիս 2025
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան յա

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ու հայութեան ազգային խորհրդանիշները կը մնան ս

12 Հուլիս 2025
Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Ապու Տապիի հանդիպումէն բխած պաշտօնական հաղորդագրութիւնները ակնկալելիօրէն փակագ

12 Հուլիս 2025
Ցեղասպանությամբ խաղաղության չեն հասնու

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանը «

12 Հուլիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company