Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը
26 Հուլիս 2019 ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, վարչապետարանին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին Մկրտիչեան ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցն ու գործունէութիւնը:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր դրական տպաւորութիւնները ներկայացուց եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան մասին:
Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին ՀՄԸՄ֊Ֆրանս (Փարիզ) մեկուսի շրջանին իր կատարած նիւթաբարոյական ու տարիներու վրայ երկարող օժանդակութեան եւ ներդրումին համար:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհաւորական խօսքով անդրադարձաւ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն` համագործակցութեան շարունակական պատրաստակամութեամբ:
aztagdaily.com