Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը Կը Շարունակուի Յագեցած Ծրագիրով
26 Հուլիս 2019 20 յուլիսը 6-րդ օրն էր Համազգայինի ֆորումին:Ֆորումականները նախ այցելեցին Էջմիածինի մայր տաճար, այնտեղ ծանօթացան Գէորգեան ճեմարանին, որմէ ետք քալելով ուղղուեցան Ս. Գայեանէ եկեղեցի, ուր կան Սարդարապատի ճակատամարտի հրամանատար Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի եւ Ռաֆֆիի «Խենթ»-ի հերոս Վարդանի շիրմաքարերը:
Ֆորումականներու յաջորդ կեդրոնն էր Սարդարապատի յուշահամալիրը, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Մայիսեան յաղթանակի հերոսներուն եւ անգամ մը եւս «ղօղանջել» տուին «զանգերը», ապա անոնք անցան Հայաստանի Ազգագրութեան թանգարան, որ հարուստ է անուանի հերոսներու իրեղէններով, փաստաթուղթերով եւ պատուոյ նշաններով: Ուղեցոյցը մանրամասնօրէն բացատրեց Մայիսեան յաղթանակի ժամանակաշրջանը: Իսկ կէսօրին անոնք ուղղուեցան Ռուբէն Պարսումեանի անուան Խաչքարի վարպետաց դպրոց: Անոնք այնտեղ ունեցան իր տեսակին մէջ եզակի աշխատանոց մը: Ֆորումականները սորվեցան, թէ ինչպէ՛ս կը պատրաստեն եւ կը թխեն հայկական լաւաշը, ինչպէս նաեւ անոնք սորվեցան խաչքարի փորագրման սկզբնական առաջին քայլերը` իւրաքանչիւրը իր անուան առաջին տառը առնելով իբրեւ օրինակ: Ճաշէն ետք ֆորումականները վերադարձան պանդոկ, ուր անոնց ներկայացուեցաւ Համազգայինի նորաստեղծ ելեկտրոնային բեմին` «Հ-բեմ»-ին մասին տեղեկութիւններ: Դասախօս Ռուբէն Ճանպազեան անդրադարձաւ «Հ-բեմ»-ի գործելաոճին, ստորաբաժանումներուն, կազմին եւ նպատակին մասին` մատնանշելով, որ այդ բեմը դարձած է անհրաժեշտութիւն` սփիւռքի նորօրեայ սերունդը ազգային արժէքներու հետ կապելու համար:

Ընթրիքէն ետք, ֆորումականները ունեցան ընկերային պահ եւ ստեղծեցին հաճելի մթնոլորտ:
21 յուլիսին ֆորումի 7-րդ օրուան առաջին կէտը Կոմիտասի անուան թանգարանն էր, որուն կից կը գտնուէր նաեւ Կոմիտասի անուան Պանթէոնը, ուր թաղուած են մեր երեւելի եւ հանրածանօթ հայ մեծ գործիչները, գրողներն ու արուեստագէտները:
ֆորումականները անցան նաեւ Կոմիտասի անուան թանգարան:
Յետմիջօրէին ֆորումականները ներկայ գտնուեցան Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի ու պարի պետական համոյթի ձեռնարկին, որուն ընթացքին գեղարուեստական ճոխ յայտագիրը յագեցուց մասնակիցներու ազգային պարի եւ երգի ծարաւ հոգիները:
Ֆորումի ծրագիրի 8-րդ օրուան առաւօտեան կանուխ ժամերէն խումբը ուղղուեցաւ Օշական գիւղի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին, ուր ֆորումի դաստիարակչական պատասխանատու Վիգէն Թիւֆէնքճեան ներկայացուց դասախօսութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ գիրերու գիւտի պատմութեան, հայոց լեզուի անցած փուլերուն եւ Արդի հայերէնի ճիւղաւորումներուն: Ֆորումականները այցելեցին Ս. Մեսրոպի շիրմաքարը եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին, ապա անցան շրջափակը, ուր կը գտնուէին Մեսրոպեան այբուբենի քանդակները:
Ֆորումականները մեկնեցան Օշականէն եւ հետեւելով ուղեցոյցի պատուէրին` ուղղուեցան հիւսիս` Գիւմրի քաղաք, ուր իրենց կը սպասէր հետաքրքրական ուսուցողական խաղ մը:
Ֆորումականները խումբերու բաժնուած` Գիւմրի քաղաքը շրջելով ծանօթացան Յովհաննէս Շիրազին` շնորհիւ այնտեղ գտնուող իր թանգարանին:
Ֆորումի 9-րդ օրը սկիզբ առաւ խմբային աշխատանքներով: Երեք խումբերը` «Թումանեան», «Լեւոն Շանթ» եւ «Կոմիտաս», ի մի հաւաքեցին իրենց այցելած երկու թանգարաններէն` «Կոմիտաս»-էն եւ «Թումանեան»-էն քաղած գիտելիքները եւ կազմեցին անոնց կենսագրութիւններուն ժամանակագրութիւնները:
Ընթացքին, այլ մասնակիցներ հարցազրոյցներ ունեցան հայրենիքի եւ սփիւռքի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի տարբեր կայաններու հետ, անոնք իրենց տպաւորութիւնները յայտնեցին Ուսանողական Հաւաքին մասին:
Կէսօրին, մասնակիցները այցելեցին Գառնի, հիւրընկալուեցան գիւղի համեստ ճաշարաններէն մէկուն մէջ, ապա ուղղուեցան Գառնիի կիրճը, որմէ ետք այցելեցին Գեղարդ եւ վերադարձան մայրաքաղաք:
Երեկոյեան, ֆորումականները հանդիպում ունեցան «Պըրթ Ռայթ Արմենիա»-ի տնօրէն Սեւան Գապաքեանի հետ, որ համառօտ ծանօթացում մը ներկայացուց ծրագիրի նպատակին, գործելաոճին եւ դիւրութիւններուն մասին:
24 յուլիսը` 10-րդ օրուան յայտագիրը Ծաղկաձորի մէջ էր:
Ֆորումականները հիւրընկալուեցան Ծաղկաձորի «Տիրամայր Հայաստան» ճամբարի փոքրիկներուն կողմէ, որոնց հետ ունեցան կէսօրեայ յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր ճաշ, ընկերային պահ եւ մարզական խաղեր: Ֆորումականները յաջողեցան գրաւել փոքրիկներուն սիրտերը` անոնց ապահովութիւն ներշնչելով եւ ջերմութիւն տածելով:
Երեկոյեան գաղութներու ծանօթացում տեղի ունեցաւ: Իւրաքանչիւր շրջանի մասնակից ներկայացում մը տուաւ իր գաղութի պատմութեան, ազգային կեանքին եւ գործող միութիւններու մասին: Իսկ երեկոյեան ֆորումականները ունեցան ազգագրական պարերու աշխատանոց մը: Անոնք սորվեցան «Կարնոյ Քոչարի»-ն, «Խամխամա»-ն եւ «Թամզարա»-ն: Ֆորումականներուն կ՛ընկերակցէր Ֆիլատելֆիոյ Համազգայինի «Մեղրի» պարախումբը, որ ներկայացումներ ունեցաւ յայտագիրի ընթացքին:
aztagdaily.com