Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գանատայի շրջանի 40-րդ Շրջանային ժողովը
20 Օգոստոս 2019 Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի շրջանի 40-րդ միօրեայ Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ 17 Օգոստոս 2019-ին, Քինկսթընի Delta Hotels Kingston Waterfront ժողովասրահին մէջ։ ժողովին ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկեր Վիգէն Թիւֆէնքճեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Վահէ Յակոբեան։
Օրակարգի աւարտին տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կազմի լրացուցիչ ընտրութիւնը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք վարչական կազմը.
– Ծովիկ Գահուէճեան
– Մեղեդի Էթիէմէզեան
– Սալբի Մարգարեան
– Մարալ Պէրպէրեան
– Սիւզի Նաճարեան
Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւն
horizonweekly.ca