Երեսփոխան Բագրատունի Ընդունեց Իան Քուպիչը
12 Սեպտեմբեր 2019 ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը:Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական կայունութիւնն ու տնտեսական բարեկարգումները, որոնց Լիբանանը կարիք ունի, եւ որոնք «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին խոստացուած են տրամադրել Լիբանանին:

Քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը:
Երեսփոխան Բագրատունի գնահատեց միջազգային ընտանիքին տրամադրած զօրակցութիւնը, որուն շնորհիւ կը պաշտպանուի Լիբանանի կայունութիւնը, կը մեղմանան քաղաքական ներքին լարուածութիւնն ու հռետորաբանութիւնը: Ան նաեւ շեշտեց կարեւորութիւնը, որ ընդհանուր յայտարարութիւններէն կարելի կ՛ըլլայ անցնիլ բարեկարգումներու եւ ժողովուրդին կարիքները գոհացնող իսկական քայլերու գործադրութեան:
Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի եւ անոր շրջակայքի բնակչութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, որոնք հետեւանք են շրջանին մէջ գտնուող մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներուն եւ ապօրինի կերպով աշխատողներուն:
Երեսփոխան Բագրատունի ՄԱԿ-էն եւ նուիրատու կողմերէն խնդրեց յաւելեալ օժանդակութիւններ յատկացնել ո՛չ միայն սուրիացի տեղահանուածներուն, այլ նաեւ լիբանանցի քաղաքացիներուն:
Իր կարգին, Քուպիչ շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխան Բագրատունիին, յատկապէս ի մտի ունենալով մեծաթիւ տեղահանուածներ հիւրընկալելու ՀՅ Դաշնակցութեան մարդկային կեցուածքը` նկատի ունենալով այդ տեղահանուածներուն մարդկային կարիքները, մինչեւ անոնց Սուրիա տունդարձը:
aztagdaily.com