ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչը Եւ Նախագահը Հանդիպումներ Ունեցան Հայ Կաթողիկէ Եւ Հայ Աւետարանական Հոգեւոր Պետերուն Հետ
03 Հոկտեմբեր 2019
Աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեան երեքշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2019-ին, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի, անջատ հանդիպումներ ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ:
Կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւոր պետերուն հետ հանդիպումին արծարծուեցան Հայաստան-սփիւռք կապերը, հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը սփիւռքի հայապահպանման գործին մէջ, Հայաստանի ներքին կեանքն ու երկրին դիմագրաւուած դժուարութիւնները:
aztagdaily.com