«Ազդակ»-ի Արագ Լրահոսը` Արտակարգ Դրութեամբ
21 Հոկտեմբեր 2019Անոնք, որոնք ներբեռնած են «Ազդակ»-ի «էփ»-ը, նկատած պիտի ըլլան, որ լիբանանեան քաղաքական բեմի վերջին զարգացումներուն համաժամանակ «Ազդակ»-ի արագ լրահոսը կ՛աշխատի արտակարգ դրութեամբ: Մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր «Ազդակ»-ի «էփ»-ին գրանցուած ընթերցողները արագակշռոյթ դրութեամբ կը ստանան վերջին իրադարձութիւններուն մասին լրատուութիւնները: Կը նկատենք, որ բազմահազար ներբեռնողներուն թիւը արագօրէն կը համալրուի նոր հետեւողներով:

«Ազդակ»-ի խմբագրակազմը իր պարտականութիւնը սեպեց առօրեայ թերթի խմբագրական աշխատանքներուն եւ կայքի ու ընկերային ցանցերու անընդհատ թարմացումներուն առընթեր լիբանանեան իրադարձութիւններուն հետ համաժամանակեայ քայլ պահել եւ արագ լրահոսով հասնիլ Լիբանանի թէ արտասահմանի իր ընթերցողներուն:
Անոնք, որոնք կ՛ուզեն հրատապ իրադրութիւններուն հետեւիլ կրնան ներբեռնել «Ազդակ»-ի «էփ»-ը` իրենց բջիջային հեռախօսներուն (էփըլ եւ Էնտրոյտ) ճամբով որոնելով aztagdaily-ն:
aztagdaily.com