Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի հետ
03 Դեկտեմբեր 2019 ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Գանատայի մէջ կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին, նաեւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի հետ:
Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչին կ’ընկերակցէր ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2019-ին, Գանատահայոց Ազգային Առաջնորդարանէն ներս: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին յուզող շարք մը հարցեր։
horizonweekly.ca