Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Վաւերացուց Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատող Բանաձեւը
13 Դեկտեմբեր 2019 Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանող` Ծերակոյտի թիւ 2641 բանաձեւին վաւերացումը` արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ, որ տեղի ունեցաւ 11 դեկտեմբերին:4-ի դէմ 18 քուէներով վաւերացուած բանաձեւը ներկայացուած էր յանձնախումբի ատենապետ Ճէյմս Ռաշի եւ բարձրաստիճան անդամ Ռապըրթ Մենենտեզի կողմէ: Այժմ Ծերակոյտը լիագումար նիստի ընթացքին պէտք է վաւերացնէ զայն:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան նշեց, որ այս բանաձեւին, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւին վաւերացումը ցոյց կու տան, որ քոնկրեսականները վերջապէս պատրաստ են դէմ դնելու իր կամքը ամերիկացիներուն վրայ պարտադրելու Անգարայի ջանքերուն:
Յիշեցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տունը Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանող բանաձեւ մը եւս վաւերացուցած է: Այդ բանաձեւին նման, Ծերակոյտին բանաձեւը սահմանափակումներ կը դնէ Թուրքիոյ կողմէ ամերիկեան զէնքեր գնելու, ինչպէս նաեւ ռազմական ներածումներու համար նախատեսուած վարկերու վրայ:

Ծերակոյտի բանաձեւին քննարկումին ընթացքին, Մենենտեզ անընդունելի նկատեց հիւսիսային Սուրիա ներխուժելու Թուրքիոյ քայլը, ինչպէս նաեւ ռուսական հակահրթիռային համակարգեր գնելու Անգարայի որոշումը: Ան այս առիթը օգտագործելով դարձեալ յիշեցուց իր պաշտօնակիցներուն, որ պէտք է վաւերացնեն նաեւ թիւ 150 բանաձեւը` ճանչնալու համար Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Թրքական Հակազդեցութիւնը
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը քննադատէ Ծերակոյտին կողմէ հակաթրքական պատժամիջոցներ նախապատրաստող բանաձեւին որդեգրումը:
Նախարարութիւնը ամերիկեան այս նախաձեռնութիւնը որակեց իբրեւ «անյարգալից վերաբերմունք»` Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան հարցին մէջ ինքնուրոյն որոշումներու նկատմամբ:
«Մենք Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կոչ կ՛ուղղենք խելամիտ եւ կառուցողական դիրքորոշում որդեգրելու, որպէսզի չվնասուին մեր հասարակաց նպատակները, որոնք վերջին շաբաթներուն ընթացքին բարձրագոյն մակարդակով հաստատուած են», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը կը նշէ. «Ամերիկեան Քոնկրեսի երկու պալատներուն մէջ վերջին շրջանին տարուող ջանքերը ներքին քաղաքական հաշիւներու ծիրին մէջ են, եւ անոնց կ՛աջակցին Թուրքիոյ դէմ եղող շրջանակներ»:
Թուրքիոյ նախագահութեան բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ նշեալ բանաձեւի որդեգրումը «որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենայ «Էս-400» համակարգերու օգտագործման վրայ»` աւելցնելով. «Բանաձեւին` յանձնախումբէն Ծերակոյտի լիագումար նիստին փոխանցուիլը եւ Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուիլը բացառուած չէ»:
«Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրը այլեւս թեքնիք հարց չէ, այլ` Միացեալ Նահանգներու ներքին քաղաքականութեան գործիքի վերածուած է», նշեց Քալըն:
aztagdaily.com