Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակի մասնագիտական հերթական հանդիպումը
27 Հունվար 2020 Ուրբաթ, 24 Յունուար, 2020-ին ՀՅԴ Արամ Մանուկեան Երիտասարդական կեդրոնէն ներս կայացաւ Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակի կազմակերպած հերթական հանդիպումը։ Կրթական, դրամատնային, մաքսային եւ առողջապահական ոլորտի մասնագէտներ եկած էին ներկայացնելու հայրենադարձներու իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները համապատասխան մարզերէն ներս։ Իւրաքանչիւրը ամփոփ կերպով ներկայացուց իր թեման ապա հայրենակիցները առիթը ունեցան զիրենք յուզող խնդիրներու մասին հարցեր տալու մասնագէտներուն եւ ստանալու լրացուցիչ պատասխաններ։
Հանդիպման պաշտօնական բաժնի աւարտէն ետք մասնակիցները առիթ ունեցան հիւրասիրութեան ընթացքին մտերմիկ զրուցելու հրաւիրեալ մասնագէտներուն հետ, որոնք բոլորն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեցին իւրաքանչիւր հայրենադարձի որեւէ մէկ հարցին պատասխան տալու եւ խորհրդատուութիւն տրամադրելու անոնց դիմագրաւած խնդիրներուն մասին։
Հանդիպման իրենց մասնակցութիւնը բերին Repat Armenia կառոյցի ներկայացուցիները, որոնք մասնակիցներուն ներկայացուցին իրենց ծրագրերէն երկուքը։ Repat Armenia-ն ու Հայրենադաձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը յարատեւ գործակցութեան մէջ են։
Նշենք, որ Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակին շուրջ համախմբուած են մեծ թիւով մասնագէտներ, որոնք ի վիճակի են եւ պատրաստակամ հայրենադարձները յուզող որեւէ խնդրի պարագային անվճառ խորհրդատուութիւն տրամադրելու։
Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը կը հաղորդէ, որ հայրենադարձ թէ արտերկիր գտնուող հայրենակիցներ եթէ հարցեր ունին, որոնք զիրենք կը յուզեն, ապա կարող են զանոնք ուղել գրասենեակի facebook-ի էջին, ու այդ հարցերը կը բարձրացուին յաջորդին կայանալիք մասնագիտական հանդիպման ընթացքին։