Բագրատունի. «Թուրքիա Կը Փորձէ Վերակենդանացնել Փանթուրանականութեան Երազը»
07 Հոկտեմբեր 2020 «Թուրքիա կ՛ուզէ ամբողջացնել հայոց դէմ այն ցեղասպանութիւնը, որ գործադրած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմին եւ այդպիսով իրականացնել փանթուրանականութեան երազը», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան, լիբանանեան պատկերասփիւռի «Օ.Թի.Վի.» կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին: Ան յայտնեց, որ Արցախի պատերազմը օրուան ծնունդը չէ, ու ան որ կը փորձէ կրօնական կամ դաւանական պատերազմի ակնարկել` կրակին վրայ ձէթ թափած կ՛ըլլայ:Պատմական հակիրճ ակնարկով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի թուեց, թէ ինչպէ՛ս 1920-ական թուականներու սկիզբը, Խորհրդային Միութեան օրուան ղեկավար Ժոզեֆ Ստալին հայերը տկարացնելու եւ համայնավարական պատճառներով Արցախը պոկեց եւ իբրեւ նուէր շնորհեց նորահաստատ Ազրպէյճանին, այնպէս ինչպէս պոկեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանակից ու Ազրպէյճանէն հեռու գտնուող Նախիջեւանը եւ նուիրեց Ազրպէյճանին: Ժամանակի ընթացքին Ազրպէյճան ժողովրդագրական փոփոխութիւն կատարեց եւ թուրք-ազրպէյճանցիներ բնակեցուց Նախիջեւանի մէջ:

Խորհրդային Միութեան փլուզումով Արցախի հայերը հանրաքուէ կատարեցին եւ միաձայնութեամբ անկախութիւն հռչակեցին, որուն պատճառով բռնկեցաւ 1988-1994 երկարած պատերազմը: «Արցախ պատմականօրէն հայկական է, անոր տարածքին կառուցուած հարիւրաւոր խաչքարերն ու վանքերը կը վկայեն, որ նոյնիսկ Արցախի բնութիւնը կը մերժէ, որ հայեր հեռանան հոնկէ», ընդգծեց Բագրատունի:
Այսօր ինչ որ կը պատահի Արցախի մէջ նախ եւ առաջ այն է, որ Թուրքիա կանխածրագրուած ձեւով եւ ամբողջականօրէն զօրակցելով Ազրպէյճանին, կը փորձէ վերակենդանացնել փանթուրանականութեան երազը: Փաստօրէն նախկին վարչապետներ Թանսօ Չիլեր եւ նախագահ Թուրկութ էօզալ յաճախ կը կրկնէին, թէ Հալէպ եւ Մուսուլ թրքական հող էին: Իսկ Էրտողան դեռ քանի մը օր առաջ յայտարարեց, որ Երուսաղէմը թրքական է:
Երկրորդ, Թուրքիա կը փորձէ ամբողջացնել Համաշխարհային Ա. պատերազմին գործադրած ցեղասպանութիւնը հայերուն դէմ:
Երրորդ, Թուրքիա այսօր հարցեր ունի դրացի մէկէ աւելի երկիրներու հետ, ինչպէս` Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու` հասնելով մինչեւ Լիպիա:
Ազրպէյճան 1918-ին հիմնուած արուեստական պետութիւն է, ՀՅԴ-ն անկէ առաջ հիմնուած է: Երեսփոխան Բագրատունի յիշեցուց, թէ իսրայէլեան օդանաւեր զինամթերք կը փոխադրեն դէպի Ազրպէյճան եւ իսրայէլացի պատասխանատու մը պատկերասփռուած զրոյցով հաստատեց այդ իրողութիւնը: Աւելի՛ն, իսրայէլացի մասնագէտներ Ազրպէյճան կը գտնուին: Չմոռնանք, որ Թուրքիա առաջին պետութիւնն է, որ ճանչցաւ Իսրայէլի պետութիւնը:
Չորրորդ, վարձկան ահաբեկիչներու մասնակցութիւնը Արցախի կռիւին. եթէ պատերազմը Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ է, ապա օտար վարձկաններ ի՞նչ գործ ունին ճակատներուն վրայ: Վարձկաններու մասնակցութիւնը հաստատեցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:
«Այս պատերազմը սկսաւ անցեալ շաբաթ եւ չենք գիտեր, թէ ե՛րբ կը լրանայ», ըսաւ Բագրատունի` նշելով, որ եթէ անիկա յառաջիկայ քանի մը օրերուն չդադրի, ապա անիկա պիտի շարունակուի, ու մանաւանդ վարձկաններու ներկայութեամբ շրջանային պատերազմ պիտի ծագի, եւ շրջանի բոլոր երկիրները սուղ պիտի վճարեն գինը: «Արդ, կոչ կ՛ուղղեմ, որ շրջանի երկիրները անկարելին կարելի դարձնեն ու վերջ տան բախումներուն», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Ապա շրջանի մեծ պետութեանց կեցուածքներուն անդրադառնալով` Բագրատունի յայտնեց, որ Իրանը համամիտ է բանակցութիւններու ճամբով լուծելու այս հարցը, նմանապէս եւ Ռուսիան: Իսկ Ալիեւ նոյնպէս համամիտ է բանակցութեանց, պայմանով, որ հայկական ուժերը հեռանան այսպէս կոչուած «ազրպէյճանական հողերէն», Արցախը վերադարձնեն Ազրպէյճանին եւ Հայաստանի վարչապետը ներողութիւն խնդրէ: «Մենք այսօր Արցախի մէջ մահու եւ կենաց գոյութենական կռիւ կը մղենք` պահպանելու համար մեր հողը»: Մեր իրաւունքն է պաշտպանել զայն, եւ վստահաբար պիտի յաղթենք», շեշտեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
aztagdaily.com