«Հայրենիք»ի խմբագրական. Ահաբեկչութիւն, իսլամատեացութիւն եւ Էրտողանի քարոզարշաւը
25 Մարտ 2019 Նոր Զելանտայի մէջ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը, որ շուրջ յիսուն անմեղ զոհեր խլեց, գործի լծած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի ընտրական քարոզչական մեքենան:Արարքի հեղինակ, ծայրայեղ գաղափարներու տէր եւ անհաւասարակշռուած բիրտ ահաբեկիչի մը ձաբռտուքները թեւեր տուած են «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան ղեկավարին, որպէսզի շահագործէ այս առիթը՝ այլ տեսակի ծայրայեղ արտայայտութիւններու դուռ բանալով ի՛ր քարոզարշաւին մէջ։
Ահաբեկիչը թէ՛ իր գործածած հրացաններուն եւ թէ՛ իր լոյս ընծայած մանիֆեսթին մէջ շարունակ կիզակէտ ունեցած է Թուրքիան, նոյնիսկ կոչ ուղղած է արշաւել Իսթամպուլի վրայ եւ վերստին հաստատել Կոստանդնուպոլիսը:
![](https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2019/03/erdogan--1024x598.jpg)
Այս մօտեցումն ու տողերը բաւական եղան, որ Էրտողանի քարոզչական մեքենան ամսուան աւարտին կատարուելիք կարեւոր ընտրութիւններու սեմին ահազանգ հնչեցնէ, թէ այս պայթուցիկ կացութեան դիմաց, ուր ազգային շահերը ամէն բանէ վեր պէտք է գերադասել, պէտք է ամէն գնով քուէարկութեան մասնակցիլ եւ հոծ թիւով ներկայանալով, թիկունք կանգնիլ «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան:
Եթէ արարքի ետին կանգնող ահաբեկիչին եւ անոր փոքր խմբակին յայտարարութիւնները ծայրայեղ ու ցեղապաշտ էին, նոյնքան մտահոգիչ ու գայթակղեցուցիչ էին Էրտողանի յայտարարութիւնները, մանաւանդ երբ ան լուսարձակի տակ առած էր ո՛չ միայն քիւրտ ծայրայեղականները, այլ նաեւ իր ոխերիմ տեղացի թշնամի, այժմ Միացեալ Նահանգներ բնակութիւն հաստատած Ֆեթուլլահ Կիւլէնը, նշելով. «Վստահ եղէք, որ անոնք ո՛չ իսկ վայրկեան մը պիտի տատամսին այս երկիրը ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն յանձնելու, եթէ անոնց առիթ ընծայուի»:
Աւելի՛ն. ան խստօրէն դատապարտած էր Եւրոպական Միութիւնը, շեշտելով, որ Եւրոպան աւելի պիտի տուժէ եթէ Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններու դադրեցման որոշումը որդեգրէ: Հեգնական ոճով ալ շարունակելով, Էրտողան յայտնեց. «Եւրոպական խորհրդարանի այդ առնչութեամբ տուած որոշումին կարեւորութիւն չենք ընծայեր»:
Զանազան բեմահարթակներէ կատարուած Էրտողանի յայտարարութիւնները յատկանշուած են իրենց հռետորական դատարկաբանութեամբ։ Յիշելով Չանաքալէի (Կալիփոլի) ճակատամարտը 1915-1916ին, որուն ընթացքին բազմաթիւ նոր զելանտացի եւ աւստրալիացի բանակայիններ մահացած էին, ան հաւաստիացուցած է, թէ «մենք այստեղ պիտի մնանք մինչեւ վերջին դատաստանը, եւ Իսթանպուլը Կոստանդնուպոլսոյ պիտի չվերածուի»:
Քայլ մըն ալ աւելի անդին երթալով, սուլթանամէտ Էրտողանը զգուշացուցած էր ովկիանիացի զբօսաշրջիկները, որպէսզի այս պայթուցիկ մթնոլորտին մէջ, հակա-իսլամական զգացումներով չայցելեն Չանաքալէ, ապա թէ ոչ անոնք միայն դագաղներու մէջ անշունչ պառկած… պիտի վերադառնան:
Այսպէս, իսլամատեացութիւնը օգտագործելով, Էրտողան պիտի կարենա՞յ յաղթական դուրս գալ, յատկապէս մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հետզհետէ աւելի կը ճնշեն տնտեսական դժուար պայմանները:
hairenikweekly.com