ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Անհրաժեշտ է պատրաստել իր ժողովուրդի դատին հանդէպ հաւատք տածող երիտասարդութիւն

28 Մարտ 2019 23 Մարտին, Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն մասնակցելու հրաւիրուած էր նաեւ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան: «Գանձասար» այս առիթով հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր հետ.

«Գանձասար»-Վերջերս արաբական երկիրներուն մէջ ցեղասպանութեան թեման յաճախ կ’արծարծուի, կը կարծէ՞ք, որ այս ալիքը կրնայ ընդլայնիլ։ Ի՞նչ է Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակին դերը այս ուղղութեամբ։

Վերա Եագուպեան- Վերջին երկու տարիներուն այս ալիքը սկսած էր Եգիպտոսի մէջ եւ տակաւին կը շարունակուի։ Այս մէկը մեծ գոհունակութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծած է Եգիպտոսի Հայ Դատի մեր ընկերներուն մօտ եւ բնական է որ այսպէս ըլլայ, որովհետեւ այն ինչ որ մենք մինչեւ օրս Եգիպտոսի մէջ չէինք կրցած իրականացնել Հայ Դատի աշխատանքներուն ուղղութեամբ, այսօր Եգիպտոսի իշխանութիւններուն, մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն միջոցաւ մեզի կը հրամցուի շատ հանգիստ կերպով։ Այսինքն ինչ որ անցեալին անկարելի էր, այսօր շատ հանգիստ ձեւով տեղի կ’ունենայ։ Այս մէկը անշուշտ ունի իր պատճառները, որոնց քիչ ետք կ’անդրադառնամ։ Նոյնն ալ վերջերս եղաւ ԱՄԷ-ի մէջ, երբ յանկարծ մամուլին մէջ արձագանգ գտաւ յայտարարութիւն մը, որ կ’ըսէր, թէ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ լուր մը տարածուեցաւ, թէ ԱՄԷ յառաջիկայ Ապրիլին ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչնայ։ Այս յայտարարութիւնը եւս գոհունակութիւն պատճառեց հայ հասարակութեան, որովհետեւ ոչ մէկ ատեն Ծոցի երկիրներէն մէկը խօսած էր կամ նման յայտարարութիւն ըրած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։

Որպէս Հայ Դատի գրասենեակ լրջութեամբ եւ զգուշութեամբ կը մօտենանք այս հարցին, որովհետեւ լաւ գիտենք, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ յետոյ։ Արաբական աշխարհի եւ Թուրքիոյ կրօնական ու տնտեսական կապերը այնքան ազդեցիկ են ու մեծ դեր կը խաղան, որ Եգիպտոս կամ ԱՄԷ անպայման ետ դարձի ճամբան բաց կը ձգեն։ Այս երկիրները, որքան ալ այսօր Թուրքիոյ հետ թշնամի դիրքերու վրայ գտնուին, տեղ մը կը միանան կրօնքով եւ տնտեսական ամուր կապերով։ Հետեւաբար պէտք է զգոյշ ըլլալ եւ սպասել։ Գրասենեակը ամէն օժանդակութիւն կը տրամադրէ թէ՛ Հայ Դատը հետապնդող մեր ընկերներուն, եւ թէ՛ արաբական լրատուամիջոցներուն ու արաբ մտաւորականութեան։ Հոս կ’ուզեմ յայտնել, որ մենք ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը երբեք չենք արծարծած արաբական երկիրներուն մէջ, իւրայատուկ պարագայ էր Լիբանանը որ 2001-ին ճանչցաւ ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, որովհետեւ օրին ստեղծուեցան քաղաքական բարենպաստ պայմաններ։ Նկատի ունենալով Լիբանանի համայնքային դրութիւնը եւ համեմատաբար ժողովրդավար վարչաձեւը։ Ի տարբերութիւն Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու Հայ Դատի աշխատանքներէն, մենք արաբական երկիրներուն մէջ նման խընդիր չենք արծարծած։ Հետեւաբար պէտք է սպասել եւ տեսնել, եթէ իսկապէս Եգիպտոս կամ ԱՄԷ օր մը պիտի ճանչնա՞ն Ցեղասպանութիւնը, կամ ոչ։ Որեւէ դրական քայլ այդ ուղղութեամբ մեզի համար մեծ յաջողութիւն եւ իրագործում կը համարուի։

«Գ.»- Սուրիոյ պատերազմը ինչպիսի՞ դրական եւ բացասական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Հայ Դատի աշխատանքներուն վրայ։ Ի՞նչ հորիզոններ կը բացուին, որակական ինչպիսի՞ կարելիութիւններ կը ստեղծուին Հայ Դատի գրասենեակներուն համար, մանաւանդ նկատի ունենալով Թուրքիոյ հրահրիչ դերն ու սուրիական հողեր թափանցելու նկրտումները։

Վ.Ե.- Սուրիահայութիւնը այն համայնքներէն է, որ հինէն ի վեր Հայ Դատի գործունէութիւն ծաւալած է։ Սուրիան վկան է ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան, իսկ Հալէպը՝ մայր եւ պատմական գաղութ է, որուն կը պարտինք հայութեան գոյութիւնը Սփիւռքի մէջ։ Սուրիոյ մէջ է Տէր Զօրը, հետեւաբար Սուրիան յատկանշական տեղ կը գրաւէ Հայ Դատի մեր պայքարին մէջ։ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Հայ Դատի աշխատանքները մեծ հարուած ստացան ոչ միայն Սուրիոյ մէջ, այլեւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ, որովհետեւ եթէ մենք այսօր չունենանք Հալէպի մէջ զօրաւոր եւ աշխոյժ գաղութ, եթէ չունենանք Տէր Զօր, Հայ Դատի մեր պայքարը կը տկարանայ։ Դժբախտաբար «Արաբական Գարնան» եւ յատկապէս Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Հայ Դատի աշխատանքները տեղ մը նահանջած են։

Միւս կողմէ, սակայն, Թուրքիոյ ժխտական դերակատարութիւնը «Արաբական Գարնան» մէջ թշնամական տրամադրութիւններ յառաջացուցած է արաբ կարգ մը պետութիւններու մօտ, փաստը՝ Եգիպտոսի եւ ԱՄԷ-ի մէջ պատահածներն են։ Սուրիոյ մէջ արաբ ժողովուրդը տեսաւ Թուրքիոյ իսկական դիմագիծը։ Թուրքիան այն պետութիւնն է, որ քաջալերեց եւ արտածեց ահաբեկչութիւնը, իր սահմանները բացաւ, դիւրացուց ահաբեկիչներուն մուտքը եւ զօրավիգ կանգնեցաւ Սուրիոյ կործանումին։ Թուրքիան արաբական աշխարհին մէջ իր նկատմամբ ստեղծեց թշնամական տրամադրութիւն, սա այսօր կը նպաստէ մեր դատին։

Զօրաւոր Սուրիա կը նշանակէ զօրաւոր սուրիահայ գաղութ, որ ինքնաբերաբար կը նշանակէ ամուր լիբանանահայ գաղութ։ Իրաքի եւ Եգիպտոսի գաղութները նօսրացած են, Յորդանանի գաղութն ալ շատ փոքր է, ալ ինչի՞ մասին կը խօսինք։ Այսօր Միջին Արեւելքի գլխաւոր երկու գաղութները Սուրիան եւ Լիբանանն են, որոնք միշտ ալ թիկունք եղած են իրարու։ Եթէ Սուրիոյ հայ գաղութը տկարանայ եւ փուլ գայ, ապա Լիբանանի գաղութն ալ կրնայ շատ ծանր վնասներ կրել։

«Գ.»-Ի՞նչ են Հայ Դատի գրասենեակներուն մարտահրաւէրները, յատկապէս մարդուժի պատրաստութեան ոլորտին մէջ, նկատի ունենալով համացանցային բաց համակարգը եւ այդտեղ տիրող բազմակարծութիւնը։

Վ.Ե.- Հայ Դատի աշխատանքները Միջին Արեւելքի մէջ կը դիմագրաւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ։ Անկախ Թուրքիոյ եւ արաբական երկիրներու կրօնական, տնտեսական եւ պատմական կապերէն, որոնք կը սահմանափակեն մեր աշխատանքները, մենք մասնագիտական մարդուժի առումով լուրջ հարցեր կը դիմագրաւենք։ Միջին Արեւելքի մէջ մեզի կը պակսին ցեղասպանութեան գիտական ուսումնասիրողներ, ինչպէս նաեւ արաբերէնով հրատարակութիւններ։ Անհրաժեշտ է պատրաստել իր ժողովուրդի դատին հանդէպ հաւատք տածող երիտասարդութիւն, որ ճիգ պիտի չխնայէ այդ նպատակին տրամադրելու ամէն բան։ Աւելին, այսօր մենք տակաւին շատ ետ կը մնանք ելեկտրոնային աշխարհի ընձեռած զարգացումներէն, այսինքն պէտք է մտածենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այդ կարելիութիւնները օգտագործել մեր դատի քարոզչութիւնը լաւապէս կատարելու համար։ Համացանցը մեծ դեր ունի մեր քարոզչութիւնը, մեր մտքերը եւ մեր գաղափարները տարածելու գործին մէջ, բայց տակաւին դանդաղ ենք այդ հսկայ կարելիութիւններու օգտագործման առումով։
Մեր երիտասարդութեան չեն պակսիր ձիրքեր, պարզապէս պէտք է ուղղել զայն, որպէսզի ծառայէ մեր նպատակներուն։ Պէտք է դիմել ամէն միջոցի, որպէսզի կարենանք իսկապէս Հայ Դատին ի նպաստ արաբական հանրային կարծիք ձեւաւորել։ Իսկ այդ բոլորը յաջողցնելու համար պէտք է մեր երիտասարդութիւնը զինել գիտութեամբ եւ հայոց պատմութեան լաւ իմացութեամբ։

Հարցազրոյցը վարեց
Պէթի Քիլէրճեան

kantsasar.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company