«Հայրենիք»ի խմբագրական. Պաքուի ռազմապաճոյճ ընտրանքը
13 Ապրիլ 2019 «Յաղթականը ան է, որ գիտէ երբ հարկ է․․․ երբ հարկ չէ կռուիլ»Սուն Ցու
«Պատերազմի Արուեստը»
(հինգերորդ դար)
Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի սեմին, երբ քոնկրէսականներ անգամ մը եւս բանաձեւեր կը պատրաստեն, իսկ Ֆրանսայի մէջ, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յարգելով շաբաթներ առաջ կատարած իր խոստումը՝ հրամանագիր կը ստորագրէ Ապրիլ 24-ը պաշտոնապէս հռչակելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր, վերջապէս Իտալիոյ խորհրդարանը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ երկրին կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր տալու միջազգային արժեւորում․․․Պաքուի համար կիզակէտը կը մնայ Արցախի հիմնահարցը միայն ու միայն զինուորական միջամտութիւններով լուծելու այլընտրանքը։

Պաքուի յոխորտանքն ու ռազմապաճոյճ ոճը հետզհետէ աւելի սաստկացաւ Մ․Ա․Կ․-ի խաղաղապահութեան համաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութեան Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան եւ նախարարի ունեցած ելոյթէն ետք։
Տօնոյեանի Երեւան վերադարձէն ետք, այս «յարձակողական» ոճը շարունակուեցաւ, մանաւանդ երբ ան, Ալիեւի հլու կամակատար՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Վաքիֆ Տիարկախլըին պատասխանելով, յայտարարեց, թէ Երեւան եւ Ստեփանակերտ ո՛չ թէ պատերազմելու մարմաջ ունին, այլ, ընդհակառակը՝ Պաքուն է որ, յանձին իր ղեկավարութեան, պէտք է պատրաստուի խաղաղութեան։
Տօնոյեանի մէկ այլ վճռակամ յայտարարութիւնը, թէ յատուկ գործողութիւններ կատարող հայկական ստորաբաժանումները անհրաժեշտութեան պարագային, պիտի ստիպուին գործողութիւններ կատարել ատրպէյճանական հողատարածքներու մէջ, բոլորովին զայրացուցած էր Պաքուն, որ ծայրայեղ եւ այլամերժ կերպով մեկնաբանելով Հ․Հ․ պաշտպանութեան նախարարին ըսածը, զինք անուանած էր ահաբեկիչ, որ սպառնալիքով կ՛արտայայտուի եւ կը սպառնայ անմեղ բնակչութեան։
Ցեխարձակումները շարունակելով, Պաքու սպառնական ձեւով պատասխանած է, թէ հայ զինուորները պէտք է անյապաղ լքեն ատրպէյճանական հողերը եւ թէ, Հ․Հ․ ղեկավարութիւնը պէտք է մէկ անգամ ընդմիշտ հասկնայ, որ ատրպէյճանական բանակը խաղաղութեան մասին կրնայ մտածել «միայն բռնագրաւուած տարածքները ազատագրելէ ետք»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի պաշտօնական յայտարարութիւնները, լաւապէս կը բացատրեն թէ բանն ինչումն է։
Ամենայն հմտութեամբ հարցը վերստին կլոր սեղան փոխադրելով, ան կը շեշտէ, թէ կարելի է պարզունակ մօտենալ Արցախի հիմնահարցին եւ պատկերացնել` թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ սեղանի շուրջ եւ ո՞վ պիտի նստի բանակցութեան: «Մեզի համար հարցը գործնական է, որովհետեւ եթէ Լեռնային Ղարաբաղը սեփականութեան զգացում չունի այս հոլովոյթին հանդէպ, բանակցային հոլովոյթը չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ: Ասիկա մեր հիմնական մօտեցումն է: Սեփականութեան զգացումը Լեռնային Ղարաբաղէն վերցնելը կը նշանակէ բանակցային հոլովոյթին արդիւնաւէտութիւնը ջարդել», կը շեշտէ Մնացականեան, յստակօրէն ընդգծելով, թէ Արցախը առանձին քաղաքական միաւոր է` իր 150 հազար բնակչութեամբ ու այդ բնակչութեան ընտրած իշխանութիւններով, եւ Արցախն է, որ անմիջական կողմն է:
hairenikweekly.com
Լուսանկար՝ Կարօ Սահակեան