Դիւանագիտական միջադէպ` Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ
14 Ապրիլ 2019 Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեց ֆրանսացի երեսփոխան Սոնիա Քրիմիի, դրուատելով անոր քաղաքական յանդուգն եւ անտեղիտալի կեցուածքը` թրքական ակրեսիւ եւ ժխտողական քաղաքականութեան դէմ:Այս ծիրէն ներս, ՖԿՀԽ-ի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան հրապարակային մարտահրաւէր ուղղեց Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին` հեռուստացուցային ուղիղ եթերով բանավէճի մը, որուն պատասխանը ցարդ միայն լռութիւն է ...
Նշենք, որ ուրբաթ օր, ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու խորհրդարանական մէկ նիստին ընթացքին, որ տեղի կ‘ունենար Անթալիոյ մէջ, թրքական խորհրդարանի նախագահը` Մուսթաֆա Սենթոփ, ժողովի բացման իր խօսքին մէջ Ֆրանսան ամբաստանած էր Ալճերիոյ ռւ Ռուանտայի մէջ «ցեղասպանութիւն» գործած ըլլալու անհիմն մեղադրանքներով, ինչպէս նաեւ խտրական ակնարկ կատարած էր Սոնիա Քրիմիի թունուզեան ծագումին: Ապա նոյնանման մեղադրանքներով ելոյթ ունեցած էր նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մէհմէթ Չաւուշօղլու:
Այս իրողութեան դիմաց, իբրեւ բողոք` Ֆրանսայի ներկայացուցիչ պատգամաւորը`Սոնիա Քրիմի եւ ֆրանսական պատուիրակութեան անդամները դահլիճը լքած եւ դուրս եկած էին նիստէն:
Աւելցնենք նաեւ, որ Սոնիա Քրիմի աւելի ուշ ստացած էր ցեղապաշտական անանուն բազմաթիւ պատգամներ եւ մահուան սպառնալիք:
Յայտնենք, որ Անգարայի ներկայացուցիչները այս ձեւով կը հակազդէին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման գծով ֆրանսական նորագոյն որոշումին, ըստ որուն` այսուհետեւ 24 Ապրիլը Ֆրանսայի ամբողջ տարածքին պետական պաշտօնական յուշատօն կը նկատուի:
Թրքական կողմը յայտնապէս կուլ չէ տուած այս նորագոյն ապտակը, որուն հետեւանքով երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած է դիւանագիտական այս միջադէպը: