Խմբագրական. Մայիս 6-ի Վերականգնումը Կը Շրջէ Անգարայի Ճշդած Խաղի Կանոնները
06 Մայիս 2019 Անգարայի քաղաքական ներդրումային գործողութիւնները սկսած են արդիւնաւորուիլ դրսեւորումներու տեսքով: Թրքական շահերը գերադասող լիբանանեան կազմակերպութիւններու կոչերը, թրքական դրօշակներով ապրիլ 24-ի օրը կազմակերպուած փողոցային ելոյթները, իսլամական շրջանակներու ներքաշուիլը եւ Թուրքիոյ թելադրած հռետորաբանական կէտերու որդեգրումն ու համապատասխան բարձրաձայնումները` նախադրեալներ են, որ համակարգող կեդրոնը Անգարայէն տարբեր աշխարհագրական միջավայրեր եւ այս պարագային Պէյրութ խաղի կանոններ կը թելադրէ եւ իր ձեւաւորած խաղադաշտը կը տեղաւորէ գործակատարներ` տարբեր մակարդակներու վրայ:Բայց այս բոլորը ցցուն եւ երեւցած բաժինն է: Քաղաքական` քուլիսային մասը չի վերաբերիր միայն Լիբանանի մէջ գործող թուրք դեսպանին լիբանանեան ատեաններուն մօտ բարձրացուցած բողոքներուն: Ակադեմականէն լրատուական եւ քաղաքականէն տնտեսական ու մշակութային, Անգարան տարածաշրջան եւ այս պարագային Լիբանան մուտքի մեծ դռներ կը բանայ իր առջեւ նախ ազդեցութեան գօտիները ամուր յենասիւներու վրայ կառուցելու, որմէ ետք քաղաքական գործողութիւններ իրականացնելու: Այս տարի հակահայ գործողութիւններու առաջին դրսեւորումները բացայայտօրէն շեշտուեցան: Հայկական կողմը ո՛չ միայն ապրիլ 24-ի առիթով, այլեւ որեւէ ատեն թրքական գործօնի հաշուարկը ընելու հրամայականին առջեւ է: Ժխտողականութեան նորագոյն այս մարտավարութիւնը կարծր դրսեւորումներ պիտի շարունակէ ունենալ:
Պարզ է, որ Անգարայի կողմէ կրօնական հանգամանքի շահարկումը համատարած ռազմավարական կէտ է: Իսլամական աշխարհը համախմբելու եւ սիւննիական տարբեր վարչակարգերու հետ մրցակցելու իր պետական քաղաքականութեան մէջ քրիստոնեայ հայեր-իսլամ թուրքեր կամ ընդհանրապէս իսլամներ հակադրութեան սուր շեշտեր կը տրուին:
Այստեղ զգայնութիւն ցոյց կու տան Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքները: Կը յիշուին ո՛չ միայն հայերու, այլ նաեւ ասորիներու, քաղդէացիներու, յոյներու կրած տառապանքները: Նոր ռազմավարութիւն կը վերամշակուի Լիբանանի սովամահութիւնը կանխամտածուած ցեղասպանութիւն նկատելու ուղղութեամբ:
Զուտ քրիստոնեայ Լիբանանին կողմէ նման առաջադրանքներու ընդգծումները կրնան անուղղակիօրէն սատարած ըլլալ Անգարայի թելադրած խաղի կանոններու որդեգրման ծուղակին: Լիբանանը իր բոլոր համայնքներով զոհ գացած է Օսմանեան կայսրութեան ցեղապաշտական եւ համաթրքացման քաղաքականութեան եւ մայիս 6-ը այդ բոլորի ամէնէն խօսուն վկայաթուականն է:
Այս խորհուրդի վերաիմաստաւորման խնդիրն է, որ պիտի դնեն լիբանանեան բոլոր կողմերը: Այդ առումով ՀՅԴ-Փաղանգաւոր կուսակցութիւն միացեալ օրինագիծի առաջադրումը անպայման պէտք է ստանայ համալիբանանեան համաձայնութիւն եւ դառնայ համայն Լիբանանի կողմէ յարգուող յիշատակի պաշտօնական օրուան վաւերացում:
Մայիս 6-ի խորհուրդի վերաիմաստաւորման եւ ապրիլ 24-ի յիշատակի օրուան համայն Լիբանանի կողմէ ընդունման հիմք կը ծառայէ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւը:
Մայիս 6-ի վերականգնումը կը շրջէ Անգարայի ճշդած խաղի կանոնները եւ կը նախանշէ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած տարբեր ժողովուրդներու ցեղասպանական քաղաքականութեան շարքի համալրումը:
aztagdaily.com