Ակնարկ. Հրամայական Են Արտախորհրդարանական Հակակշռումի Գործողութիւնները
25 Մայիս 2019 Մայիս 23ի հանրահաւաքը, ըստ էութեան, զուտ պետական դիտանկիւնէ ` անհրաժեշտ գործողութիւն էր երկրին մէջ կառուցողական ընդդիմութեան բանաձեւ ձեւաւորելու ուղղութեամբ:Կայուն մեծամասնութեամբ գոյացած խորհրդարանով, միակուսակցականութեամբ ընդգծուած կառավարութեամբ եւ այժմ զտման գործընթացէ անցնելու նախաշեմին գտնուող դատական համակարգով ղեկավարուող երկրին մէջ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի:
Գործող սահմանադրութիւնը ընդդիմութեան չափաբաժինները, իրաւասութիւններն ու լիազօրութիւնները ընդլայնելով խորքին մէջ կը միտէր հակակշիռ գործիքակազմը հաստատութենական հիմունքի վրայ տեղադրել: Հակակշիռ թէ՛ ներխորհրդարանական քննարկումներու ու որոշումներու եւ թէ՛ գործադիր-օրէնսդիր իրողական-իրաւական հաշուետուութեան յարաբերակցութիւն յառաջացնելով:
Ժողովրդային շարժման անմիջականութեան մէջ ձեւաւորուած խորհրդարանն ու կառավարութիւնը հեռու են սահմանադրական առաջադրանքը իրականացնելու կարելիութենէն: Յամենայնդէպս, միշտ չէ, որ ժողովրդային շարժման ազդեցութեան ներքեւ պիտի ձեւաւորուին հետագայ Ազգային ժողովներն ու անոնց հիման վրայ կազմուելիք կառավարութիւնները:
Բացառիկ այս իրավիճակին մէջ աւելի քան անհրաժեշտ է ուրեմն ձեւաւորել այնպիսի միջավայրեր, ուր հնչէ քննադատութիւնը, ուր սխալները ուղղելու բարձրաձայնումները ժողովրդային հնչեղութիւն ստանան կամ աւելի քաղաքագիտական բանաձեւումով` աշխատի կառուցողական ընդդիմութիւնը:
Հանրահաւաքային նոր մշակոյթի ներկայացման առիթներու ստեղծումը ուրեմն այս պարագային կը բխի պետական շահերէ եւ ըստ էութեան կը սատարեն սահմանադրական հակակշռումի գործառոյթներուն. թէկուզ արտախորհրդարանական հարթակներու վրայ:
Մշակոյթի մասին է խօսքը, ուր տիրապետող չէր ժողովրդահաճոյութիւնը եւ ատոր ապահովման համար ի գործ դրուող կիրքը, սպառնալիքի կոպիտ ոճը: Ոլորտային մասնագիտական աշխատանքի հանրայնացման եղանակն էր, որ կը կիրարկուէր Ազատութեան հրապարակին վրայ: Կ՛աշխատէր քննադատել, նոր ուղի մատնացոյց ընել, այլընտրանք ներկայացնել մեթոտաբանութիւնը, որ համոզիչ էր իբրեւ կառուցողական ընդդիմութիւն:
Հաւանաբար աննկատ չէր անցած որդեգրուած քաղաքակիրթ այս եղանակը. Ազգային ժողովի փոխնախագահը արձագանգելով Դաշնակցութեան կազմակերպած հանրահաւաքին, զայն կ՛ողջունէր եւ կը գնահատէր իբրեւ քաղաքական բնականոն գործընթաց:
Երբ քննադատութեան կ՛ընկերակցի այլընտրանքի տրամադրումը, ապա քննադատուողը կամ այս պարագային գործող մեծամասնութիւնը պարտի անպայման հաշուի նստիլ իրեն ներկայացուող առաջարկներուն հետ:
Քաղաքակիրթ աշխատելաոճի, կառուցողական քննադատութեան կամ հակակշիռ ու այլընտրանք ստեղծող արտախորհրդարանական այս աշխատակարգը առանցքային դեր ու նշանակութիւն պէտք է ունենայ ընկերային ցանցերու վրայ հանրային քննարկումներու ձեռնարկող վիրթուալ հասարակութեան համար: Օգտագործուող այս ոճին հակոտնեայ ըսելաձեւերով, մեղադրանքներով եւ անհիմն զրպարտութիւններով նիւթերու արտադրանքը ո՛չ միայն չեն նպաստեր ժողովրդավարացման միջոցներու խիստ կարիքը ունեցող գործող մեծամասնութեան, այլ ընդհանրապէս ամբողջ պետութեան եւ քաղաքացիական հասարակարգի կայացման:
Ազգային ժողով-Ազատութեան հրապարակ անուղղակի երկխօսութիւնը կը յաջողի՞ լրացնել ստեղծուած սահմանադրական բացը` հակակշիռ հաստատութիւններու աշխուժ աշխատելու առումով: Ներկայ պայմաններուն մէջ այդ բացը լրացնելը կախեալ է գործող մեծամասնութեան կամքէն:
Բացառապէս պետական դիտանկիւնէ` հրամայական են արտախորհրդարանական հակակշռումի գործողութիւնները:
aztagdaily.com