Անդրադարձ. Հաւաստիութեան Համար Երկու Նախապայմաններ
31 Մայիս 2019 ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ28 մայիսին, Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական արարողութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական այրերուն երազանքը կ՛ապրի եւ պիտի իրագործուի:
Իրաւամբ ալ այդ երազանքը տակաւին կենդանի է, սակայն իր թուած չորս վարչապետներուն երազանքը, որ իրականութեան մէջ անոնց կուսակցութեան` ՀՅԴ-ի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան կերտելու երազանքն է եւ ոչ թէ պարզապէս անձնական, ինչպէ՞ս կրնայ իրագործուիլ առանց ատոր ծնունդ տուած կուսակցութեան, առաւել եւս առանց համազգային ջանքերու միատեղման, որուն համար սիրոյ եւ համերաշխութեան իսկական մթնոլորտ մը աւելի քան կենսական է: Մթնոլորտ մը, որուն ձեւաւորման պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ ինքնին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, նախ եւ առաջ վարչապետի ուսերուն:
![](https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2019/04/ՎԱՀՐԱՄ-ԷՄՄԻԵԱՆ-1-1024x598.jpg)
Ի զուր չէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նոյն առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Համազգային խնդիրները կրնան լուծուիլ միայն համազգային ջանքերով: Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի բոլոր կարողութիւնները եւ ներուժը օգտագործելով… Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ներգրաւուած ըլլայ ընդհանուր հարցերուն վերաբերող որոշումներու կայացման հոլովոյթին մէջ… Այսօր մենք կրնանք եւ պարտաւոր ենք միասնաբար` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի եռապատիկ ուժն ու կարելիութիւնները ծառայեցնելու Հայաստանին»:
Եթէ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն նպատակը իրապէս Ա. հանրապետութիւնը կերտած պետական այրերու երազանքի իրագործումն է, ապա առնուազն կարելի է զարմանալ անոնց կիրարկած ներկայ քաղաքականութեան հանդէպ: Արդարեւ, երկրին հասարակութիւնը, քաղաքական տեսադաշտը սեւերու եւ սպիտակներու, յեղափոխականներու եւ հակայեղափոխականներու բաժնելով չէ, որ կ՛իրականանայ Քաջազնունիի, Խատիսեանի, Օհանջանեանի եւ Վրացեանի` դաշնակցական այդ մեծ դէմքերուն երազանքը: Վարչապետին հնչեցուցած այդ գեղեցիկ յայտարարութենէն քիչ անց Սարդարապատի համալիրին մէջ 28 մայիսին ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴ-ի Քանատայի կառոյցին հովանաւորութեամբ եւ Թորոնթոյէն Վարուժ Լափոյեանի մեկենասութեամբ զետեղուած Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին բացումին ՀՅԴ-ի հայաստանեան եւ քանատական կառոյցները եւ նոյնիսկ բարերարը հեռու պահելու քայլով` իշխանութիւնները անմիջապէս հարցականի տակ առին վարչապետ Փաշինեանի այդ յայտարարութիւնը եւ ընդգծեցին գործին ու խօսքին միջեւ հսկայական վիհի գոյութեան դառն իրականութիւնը:
Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազանքի իրագործման նախաքայլը Արցախի միացումն է Հայաստանին: Այսօրուան պայմաններուն մէջ, եթէ վերջինս անմիջականօրէն իրագործելի չէ, ապա առնուազն պէտք է կնքել Արցախ-Հայաստան ռազմավարական դաշինքը: Ահաւասիկ երկու նախապայմաններ, առանց որոնց Ա. հանրապետութեան երազանքի իրագործման մասին հնչող գեղեցիկ յայտարարութիւնները փուճ են ու ոչ հաւաստի: