«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Մայիս 28-ը` Անկախութեան Արարչագործութեան Աւանդը
03 Հունիս 2019 «Հայե՛ր, հասել է ժամը, երբ բոլորս միասին` ծեր թէ երիտասարդ, կին թէ տղամարդ, պարտաւոր ենք հրապարակ իջնել, դէպի ճակատ վազել եւ բոլորանուէր զոհաբերութեան գնով փրկել Ազգն ու Հայրենիքը: Բոլորիս միասնական կամքով միայն կարող ենք ազատուիլ մահուան մղձաւանջէն, մահասփիւռ նենգ թշնամու եաթաղանէն: Կարգապահ, հնազանդ եւ հերոսական կեցուածքով` բոլորդ դէպի սրբազան գործ, դէպի անհաւասար պատերազմ»:ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Պատմութիւնն ու անցեալին արձանագրուած փորձութիւնները ժողովուրդներու յիշողութիւններն են: 1918 թուականի մայիս 28-ի Հայաստանի պետականութեան վերականգնումը, 543 տարուան անկախութեան բացակայութենէ ետք, հայոց պատմութեան մէջ ամէնէն կարեւոր ձեռքբերումն է, որ կը յատկանշուի ոչ միայն անկախութեան վերականգնումով, այլեւ` Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ գաղթաշարժի ենթարկուած հայութեան աշխարհագրական մէկ տարածքի մէջ համախմբումով:
Տասնամեակներ ետք, 23 օգոստոս 1990-ին հաստատուած Հայաստանի անկախութեան հռչակագրով հայութիւնը վճռած էր հետեւիլ 1918 մայիս 28-ին նուաճուած Հայաստանի անկախութեան աւանդին եւ անոր ծնունդ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական ու ազգային աւանդոյթը վերականգնելու ռազմավարութեան ուղեգիծին:
Այսօր, արցախեան յաղթական գոյամարտով արձանագրուած յառաջխաղացքէն ետք, համազգային մեր ներկայ իրավիճակին մէջ երկփեղկուածութեան ընթացքը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ:
Բազմակարծութիւնը ամլացնելով եւ ատելավառութիւն սերմանելով` կը ստեղծենք պառակտման եւ անմիաբանութեան այն վիհը, որուն դառն փորձառութիւնը ունեցած ենք տակաւին Հայաստանի Հանրապետութեան ՀՀՇ-ի տխրահռչակ իշխանութեան օրօք: Ուրեմն, որպէսզի չվերածուինք ժխտավայրի (dystopia) մը, այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է երկրի հիմերը սնուցանել ժողովրդավարական բարձրագոյն արժէքներով:
Արեան գնով ձեռք բերուած անկախութեան երաշխաւորը Հայաստան-Արցախ-սփիւռք համախումբ ու միասնական երթն է:
Իսկ ապագայ նորանոր նուաճումներն ու յաղթանակները կրնանք իրագործել, երբ կը սնանինք պատմական մեր գոյամարտերու` սարդարապատներու եւ շուշիներու ակունքներէն:
Ազգային միասնութեան խորապատկերին վրայ հայութեան դարաւոր իրաւունքներու վերատիրանալու պայքարը շարունակելու վճռակամութիւնը պետական մակարդակին բարձրացնելով` մենք յաւելեալ թափ ու ներուժ կը ներարկենք մեր դարաւոր պայքարին:
Քաղաքական հակոտնեայ գաղափարախօսութիւններու պատճառով երկպառակտումներու առաջնորդող բեւեռացումները պարզապէս կը տկարացնեն պայքարի ուժականութիւնը:
1919-ի մայիս 28-ի հռչակագրով հայ սերունդներուն փոխանցուած պետական աւանդ է ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի իրագործման տեսլականը: Այդ միացեալ պետութիւնը պէտք է ստեղծուի հայապատկան հողերու վրայ: Հայապատկան կը կոչուին այն հողերը, որոնց վրայ այսօր կ՛ապրի հայ ժողովուրդին մէկ հատուածը, եւ` այն հողատարածքները, որոնց վրայէն բռնութեամբ վտարանդուած է հայութիւնը: Այդ անժամանցելի տեսլականին դրոյթը կը թելադրէ հայապատկան հողերու վրայ համահայկական պետութեան ստեղծում:
Եւ վերջապէս, հայութեան գոյազարգացումը իրականութիւն կը դառնայ ազգահաւաքով ու հայրենադարձութեամբ: Լիակատար կը յաղթենք ազգովին, երբ միասնական մեր ներուժին հաւատալով` կը նայինք Միաւորուած Հայաստանի պայծառակերտ տեսլականին:
Մայիս 28 2019թ
horizonweekly.ca