Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին
19 Հունիս 2019 ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 18 յունիսին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:Երկարատեւ հանդիպումի մը ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի հանրապետութեան նախագահին հետ արծարծեց երկրի տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային խնդիրները: Ան նախագահին ներկայացուց ժողովրդային լայն զանգուածներուն մօտ հետզհետէ շեշտուող դժգոհութիւնը, որ կը վերաբերի երկրի ընկերային-տնտեսական վիճակին ու քաղաքական թատերաբեմի պրկուած վիճակին` ակնկալելով, որ հանրապետութեան նախագահը անհրաժեշտ միջամտութիւնը կը կատարէ սրբագրելու ընդհանուր վիճակը եւ պետութեան վերադարձնելու հարցերը առանց ձգձգումի քննարկելու ու համապատասխան որոշումները կայացնելու կեցուածքը:

Երեսփոխան Բագրատունի նախագահին փոխանցեց նաեւ պետական պաշտօններու եւ զանազան մարզերու համապատասխան վարչութեանց արագ նշանակման անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ հոն պէտք է յարգուի հայ համայնքի ներկայացուցչական իրաւունքը:
Հանդիպումը առիթ եղաւ կարծիքներու փոխանակման` քաղաքական հակադիր ուժերու միջեւ առողջ եւ անկեղծ յարաբերութեանց մշակման ի խնդիր:
aztagdaily.com