«Հայրենիք»ի խմբագրական. «Ամօթի ընտրութիւն»
21 Հունիս 2019 Այս տարի Պոլսոյ քաղաքապետութիւնը պատմութիւն կերտեց ընտրութեան (աւելի ճիշդը՝ ընտրարշաւի) բնագաւառէն ներս։ Միայն քանի մը ամսուան տարբերութեամբ, 2019 թուականը պիտի նշուի քաղաքապետութեան ընտրութիւններով։Մարտ 31-ի ընտրութեան արդիւնքները չեղեալ նկատուելով, այս Կիրակի, Յունիս 23-ին, իսթամպուլցին կրկին պիտի թակէ քուէարկութեան կեդրոններուն դռները իր նախընտրած թեկնածուին անունը մրոտելու համար քուէաթղթիկին վրայ։
Թէ ինչպէ՞ս ստեղծուեցաւ այս կացութիւնը, կամ պարզապէս ինչո՞ւ ընտրութիւն մը․․․«Ամօթի ընտրութիւն» մը եւս, մանաւանդ որ չորս տարբեր պաշտօնի քուէարկութիւն կատարուած էր միեւնոյն քուէաթուղթով, այսինքն՝ քաղաքապետին կողքին, քուէատուփ նետուած ծրարին մէջ, քուէարկողը նկատի ունեցած էր նաեւ համայնքապետարանի, քաղաքապետարանի եւ թաղային ղեկավարներու ցանկը, եւ մութ պատճառներով միայն քաղաքապետի ընտրութիւնը հարցադրումի ու քննարկումի նիւթ դարձած էր։
![](https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2019/06/khemp.jpg)
Յստակ է դիտորդին համար, թէ սուլթանամէտ «Վերին դուռ»ը՝ Էրտողան, անսպասելի ապտակ մը ստացած ըլլալով, դիմեց ամէն միջոցի, զեղծարարութենէն մինչեւ բռնատիրութիւն, վերստին ձեռք ձգելու համար քաղաքապետարանի դրան բանալիները, այդ օրերուն քուէներու չնչին տարբերութեամբ մը յաղթական դուրս եկած, «Ժողովուրդի Հանրապետական» կուսակցութեան (CHP) անդամ եւ մեծ ժողովրդավարութիւն վայելող՝ Էքրեմ Իմամօղլուէն։ Ի վերջոյ, կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին մէջն ալ էրտողան իր տրամադրութեան տակ ունէր հլու կամակատարներ, որոնք նշանակուած էիև նոյնինքն նախագահին կողմէ։
Քանի մը այլ հետաքրքրական իրադարձութիւններ տեղին է նշելը։ Առաջին հերթին, համեմատած Մարտ 31-ի ընտրութեան, նախագահ Էրտողան աւելի «անտեսանելի» կը թուի ըլլալ, գէթ հրապարակին վրայ, եւ հաւանաբար գեր-գործօն՝ քուլիսներու ետին։ Նաեւ, համեմատած նախորդ ընտրութեան, պայքարը երկու բեւեռներու միջեւ է․- Իմամօղլու ընդդէմ Էրտողանի եւ իր ղեկավարած «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան (AKP) թեկնածու, նախկին վարչապետ եւ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմի: Այսպէս, պայքարը կեդրոնացած պիտի ըլլայ երկու թեկնածուներուն միջեւ։
Այլ յիշատակելի մատնաշում մըն ալ այն է, թէ ընդհանրապէս հեռատեսիլէն ուղղակիօրէն սփռուած դէմ առ դէմ բանավէճ ընդհանրապէս չի կատարուիր Թուրքիոյ մէջ։ Վերջին անգամ դարասկիզբին՝ 2002-ի առաջին ամիսներուն կատարուած էր նմանօրինակ դէմ առ դէմ հարց-պատասխանի կլոր սեղան մը, բեմահարթակ հրաւիրելով միեւնոյն կուսակցութիւններու ղեկավարները։ ․․․Եւ այդ օրերուն նորակազմ «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան ղեկավարն էր համեմատաբար անծանօթ Ռէճեպ Թայիպ Էրտողանը։
Այս «Ամօթի ընտրութեան» արդիւնքը ինչ որ ալ ըլլայ, պարտեալը Էրտողանն է։ Նոյնիսկ եթէ իր թեկնածու Եըլտըրըմը յաղթական դուրս գայ, «դասաւորուած ընտրութեան» մը տպաւորութիւնը պիտի ստեղծուի, նսեմացնելով արդէն իսկ յատկապէս երիտասարդութեան մօտ անհանդուրժելի նկատուող անոր տիպարը։
hairenikweekly.com