ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Հայ Մամուլին Նուիրուած Համահայկական Համագուար` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

03 Հուլիս 2019 Երեքշաբթի, 2 յուլիս 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի յարկին տակ ի մի խմբուած էին Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքի զանազան գաղութներէն եկած մամլոյ մշակներ` մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայ մամուլի համահայկական համագումարին, որ տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Սոյն համագումարին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ առաւօտեան ժամը 9:30-ին, վեհարանի դահլիճին մէջ, ուր հաւաքուած էին մամուլի շուրջ 100 խմբագիրներ, լրագրողներ եւ աշխատակիցներ: Յոտնկայս ունկնդրելէ ետք «Տէրունական աղօթք»-ը , Հայաստանի, Արցախի ու «Կիլիկիա» քայլերգները, Արամ Ա. կաթողիկոս ուղղեց իր հայրապետական պատգամը: Բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ան լուսարձակի տակ առաւ ներկայի հրատապ մարտահրաւէրները, որոնք կը ներթափանցեն հայ մամուլի գործելաոճին մէջ: Առ այդ, վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ կլոպալ մշակոյթին տիրապետող ներկայութեան, որ փոփոխութեան ենթարկած է, ինչպէս բոլոր լրահոսերը, նաեւ հայ մամուլի առաքելութիւնը, եւ դիտել տուաւ անոր առաքելութիւնը վերաշեշտումի ենթարկելու հրամայականը: Ան նաեւ խօսեցաւ լրագրողին մասին, որուն մէջ կ՛ամփոփուին մամուլին որակը, ազատութեան ոգին, առարկայական ու առողջ մօտեցումը: Վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամով համապարփակ կերպով ներկայացուց ներկայ հայ մամուլին իրավիճակը եւ անկէ բխած համահայկական ու ազգային խնդիրները եւ պատգամը փակեց համագումարին ուշադրութեան յանձնելով հիմնական հարցադրումներ, որոնք պիտի արծարծուին յառաջիկայ երեք օրերու ընթացքին (Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Հայրապետական պատգամին յաջորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի խօսքը, զոր ընթերցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Վարչապետը յայտնած է, որ հայկական լրատուամիջոցները այսօր կանգնած են բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց` թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ` շեշտելով, որ իրենց էութեամբ ու բովանդակութեամբ իրարմէ տարբեր մարտահրաւէրներու քննարկումն ու լուծման ուղիներ գտնելը համազգային օրակարգի հարցեր են: Փաշինեան դիտել տուած է, որ հայ մամուլը առանցքային դերակատարութիւն ունի հայութեան վերաբերող ամէն տեսակի հարցերուն միջազգային հեղինակութիւն տալու առումով:

Վերջապէս, խօսք առաւ համագումարի պատուոյ հիւրը, Հայաստանի վարչապետին տիկինը եւ հայրենի «Հայկական ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Աննա Յակոբեան: Ան ըսաւ, թէ մամուլը ամբողջ աշխարհին մէջ ճգնաժամ կ՛ապրի, եւ ասկէ անմասն չի մնար հայ մամուլը: Դիտել տալով, որ արհեստագիտութեան արագ յառաջացումով ընկերային ցանցերը հետզհետէ կը փոխարինեն աւանդական մամուլը, մանաւանդ տեղեկատուական ոլորտին մէջ, բայց եւ այնպէս մամուլը, լրատուութեան կողքին, ունի նաեւ հասարակութիւնը կրթելու, գաղափարներ յառաջ բերելու, խորքային քննարկումներ յարուցելու, կենսական հարցեր արծարծելու եւ հարցերու լուծման բանալիներ որոնելու առաքելութիւն: Հետեւաբար, ան կոչ ուղղեց` կազմակերպուած ձեւով արձագանգելու հայ մամուլի մարտահրաւէրներուն:

Հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համաժողովի երկրորդ նիստը կը կրէր «Հայաստան-Արցախ-սփիւռք համագործակցութիւն. խնդիրներ եւ ընելիքներ» խորագիրը, ատենապետն էր Շահան Գանտահարեան: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայ դրութեամբ զանգուածային լրատուամիջոցները վաղուց դուրս եկած են դասական ընկալումներէ, որովհետեւ վըրչուըլ ժամանակակից աշխարհակարգի փիլիսոփայութիւնը, որ հիմնուած է ցանցային, ուղղակի եւ գերարագ յարաբերութիւններուն վրայ, հայկական լրատուամիջոցներուն համար նորարարութիւնը կամ անվերջ փոփոխութիւնը կը վերածէ ո՛չ թէ միջոցի, այլ նպատակի: Ըստ անոր, տեղեկագիտութեան եւ ընդհանրապէս տեղեկատուակարգի այսօրուան համապատկերին մէջ հայկական ցանցային աշխարհը ունի յստակ առաւելութիւն կամ բացառիկ կարգավիճակ` սփիւռքեան 43 երկիրներու մէջ գործող 253 հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներով: Այս առումով ան հրամայական նկատեց համահայկականացման աշխատանք տանիլը` հաստատելով, որ հայկական իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող լրատուամիջոցները այս առումով մեծ դեր ունին կատարելիք:

Նիստին առաջին զեկուցաբերն էր Ժիրայր Չոլաքեան, որ խօսեցաւ «Մամուլը անկախութեան, նորարարութեան եւ համագործակցութեան հրամայականներուն դիմաց» նիւթին մասին: Ան անդրադարձաւ ինքնիշխանութեան կարեւորութեան, որ համագործակցութեան նախապայմաններէն մէկն է, ապա թէ ոչ այդ կը դառնայ ինքնախաբէութիւն եւ այլ ուղղութիւններ կը ստանայ:

Երկրորդ զեկուցաբերը` Վահրամ Պօղոսեան, իբրեւ նիւթ ունեցաւ «Արցախեան մամուլը` մարտահրաւէրներ եւ խնդիրներ»: Ան յատկապէս անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ արցախեան մամուլը մեկուսացուած է` առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով: Պօղոսեան դիտել տուաւ, որ տարբեր առիթներով եւ միջոցներով փորձ կատարուած է այդ կացութիւնը յաղթահարելու, սակայն այս առումով տակաւին երկար ուղի կայ կտրելիք, շատ հարցեր կան լուծուելիք:

Բ. նիստին վերջին զեկուցաբերն էր Վահագն Գարագաշեան, որ հեռակապով անդրադարձաւ «Հակահայ քարոզչութեան դէմ տեղեկատուական պատերազմը» նիւթին: Ան դիտել տուաւ, թէ Հայաստան շրջապատուած է երկու թշնամի դրացիներով, որոնց հետ ռազմավարական, դիւանագիտական եւ տեղեկատուական պատերազմի մէջ է: Զեկուցաբերը ծանրացաւ տեղեկատուական-քարոզչական պատերազմներուն վրայ` հաստատելով, որ ստիպուած են ամրոց պետութիւն ըլլալու, հետեւողական աշխատանք տանելու, քարոզչական մեր կառոյցը վերահունաւորելու, որպէսզի կարելի ըլլայ դէմ դնել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հակահայ ճակատումներուն, ամէնօրեայ յարձակումներուն, ապատեղեկատուութեան, հայատեացութեան տարբեր տեսակի դրսեւորումներու: Այս բոլորին լոյսին տակ ան անհրաժեշտ նկատեց տեղեկատուական անվտանգութեան վերահսկողութեան եւ իրազեկման դիտեւան (ռազմական դիտանոց) ստեղծել, լրատուամիջոցներուն պարտականութիւնը նկատեց հզօրացնել, ամրագրել եւ զարգացնել հայկական քարոզչութեան շրջագիծը:

Ճաշի դադարէն ետք սկսաւ Գ. նիստը, որուն նիւթն էր «Մամուլը եւ նորարար արհեստագիտութեան մարտահրաւէրները», ատենապետը` Միքայէլ Հաճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ մերօրեայ սրընթաց աշխարհին մէջ մամուլին դիմաց ցցուած տարբեր ու բազմաթիւ դժուարութիւններուն հակազդելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ պահել մամուլը` առանց կորսնցնելու անոր արժէքը:

Առաջին զեկուցաբերն էր Արամ Անանեան, որ ներկայացուց «Հայկական տպագիր մամուլի ապագան. ինչպէ՞ս մրցունակ մնալ թուային դարաշրջանին մէջ» նիւթը: Ան շեշտեց, որ ասիկա միայն հայկական խնդիր չէ, այլեւ ընդհանրապէս մամուլին դիմագրաւած հիմնական հարցն է` կացութիւնը նկատելով նախաճգնաժամային եւ անհրաժեշտ սեպելով ապագայ բեմագրութիւնը սերտել եւ զայն կանխատեսել, որպէսզի կարելի ըլլայ փոփոխութիւններուն արձագանգելու պատրաստ ըլլալ: Ան շեշտեց, որ հայկական առումով տպագիր մամուլը այդքան ալ վատ կացութեան մէջ չէ, սփիւռքի մէջ տակաւին կան հրատարակուող ամէնօրեայ թերթեր, սակայն առկայ է նաեւ համացանցին ճամբով լրատուութիւնը ձրի եւ շատ արագ հասցնելու երեւոյթը, որ տպագիրին դիմաց մարտահրաւէրը աւելի կը մեծցնէ: Բայց եւ այնպէս Ա. Անանեան դիտել տուաւ, որ տպագիր մամուլն է, որ հեղինակաւոր է ու ազդեցիկ, անիկա հասարակական բանավէճի առողջ հարթակ է, ուստի պէտք է աշխատանք տանիլ երիտասարդութիւնը մօտեցնելու տպագիր մամուլին եւ զայն մատչելի ու գրաւիչ դարձնելու նոր սերունդին համար:

Երկրորդ զեկուցաբերը` Վիգէն Աւագեան, իբրեւ նիւթ ունեցաւ «Մամլոյ սպասաւորի կերպարը` նորարար արհեստագիտութեան օրերուն»: Ան բաղդատական մը կատարեց մամլոյ սպասաւորին նախապէս մարմնաւորած կերպարին, յատկութիւններուն եւ ներկայիս` կազմակերպ քաոսին մէջ անոր պարզած կերպարին միջեւ: Զեկուցաբերը շեշտեց, որ փոխուած են միջավայրը, աշխատանքային ոլորտը, պայմանները, սահմաններն ու սկզբունքները, ուստի մամլոյ այսօրուան սպասաւորին թիրախը պէտք է ըլլայ իւրայատկութիւնը, ստեղծագործական արտակարգ ճիգը, արագօրէն տեղեկահաւաք կատարելը, լուրերը մշակելն ու տարածելը` միշտ պահելով ճշմարտութիւնն ու ճշգրտութիւնը: Վ. Աւագեան հաստատեց, որ այսօր շատ ծանր է մամլոյ սպասաւորին ուսերուն դրուած բեռը, որովհետեւ հորիզոնները շատ ընդարձակ են, մարտահրաւէրները` բազում, ուստի պէտք է գործել այնպէս, որ կարելի ըլլայ գոյատեւել, իսկ ատոր համար հիմնական է բարեփոխուիլը, քաոսին մէջ գործող բազումներուն մէջ փայլիլը:

Երրորդ զեկուցաբերը` Նայիրի Հոխիկեան խօսեցաւ «Արեւմտեան Հայաստանի ազգային ինքնութիւնը պահպանող հայերու գործօնը հայ-թուրքական յարաբերութիւններուն եւ հայկական ինքնագիտութեան մէջ» նիւթին մասին` դիտել տալով, որ 2008 թուականէն ի վեր յաճախակի այցելութիւններ տուած է Արեւմտեան Հայաստան, ուր միայն քարեղէն արժէքները իր ուշադրութեան կիզակէտը չեն եղած, այլ այն մարդիկը, որոնք հայկական արմատներ ունին, պահած են իրենց ինքնութիւնը: Ան անդրադարձաւ այն նիւթին, թէ լրատուամիջոցները ի՛նչ կրնան ընել Արեւմտեան Հայաստանի մէջ` հաստատելով, որ պէտք է խօսինք այդ հայերուն մասին, անոնց կենցաղը, ապրելակերպը, տագնապը լուսարձակի տակ պահենք, աշխատանք տանինք, որպէսզի տիրապետեն իրենց մայրենիին, որովհետեւ անոնք մեր հողերուն վրայ կ՛ապրին եւ մեծ դեր կրնան ունենալ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութեան առումով: Հոխիկեան ըսաւ, թէ պէտք է ազգային ինքնութիւնը վառ մնայ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրողներուն մէջ:

Գ. նիստի վերջին զեկուցաբերն էր Ահարոն Շխրտըմեան, որուն նիւթն էր «Տպագիր մամուլը եւ նոր իրականութիւնը»: Ան կարեւոր նկատեց զատորոշել Հայաստանի եւ սփիւռքի մամուլը, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի տարբեր հարթութիւն, տարբեր պայմաններ ու իրականութիւն: Ըստ անոր, տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլը զիրար կ՛ամբողջացնեն, սակայն բոլոր պարագաներուն ալ կարիք կայ յանձնառու հրապարակագիրի, արհեստավարժ լրագրողի, որոնք պատասխանատու աշխատանք կը կատարեն: Շխրտըմեանի համաձայն, պէտք է սերտել պատճառները ժողովուրդին եւ երիտասարդներուն` մամուլէն հեռացումին, գրիչներու նօսրացումին, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծումներու մասին մտածել: Ան շեշտեց, որ այսօր տպագիր մամուլը գոյութեան պայքար կը մղէ, պէտք է հարցին էութեան թափանցել, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել կացութիւնը, նաեւ մամուլի ճամբով գուրգուրալ մայրենիին եւ պահպանել արեւմտահայերէնը:

Օրուան վերջին նիստը կը կրէր «Լրատուութիւնը եւ ընկերային ցանցերը» խորագիրը: Նիստի ատենապետ Զաւէն Թորիկեան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց վերնագրումի ու էջադրումի կարեւորութիւնը եւ անոր ստեղծած կացութիւնը:

Գայեանէ Առաքելեան ներկայացուց «եութիուպեան եւ ֆէյսպուքեան հեռարձակումները` իբրեւ «մետիա»-ի անկախութեան նոր գործիք եւ հնարաւորութիւն» նիւթը, ուր անդրադարձաւ մամուլի տնտեսական ազատութեան կարեւորութեան ու ընկերային ցանցերուն ընծայած տարածքին եւ նշեց, որ եթէ անցեալին խմբագիրները կ՛որոշէին մամուլի բովանդակութիւնը, ապա ներկայիս ընկերային ցանցերը կը կատարեն այդ մէկը:

Սաթիկ Սէյրանեան ներկայացուց «Հայաստանեան մամուլը թաւշեայ իրադարձութիւններէն յետոյ. մարտահրաւէրներ» նիւթը, ուր ներկայացուց Հայաստանի մէջ ստեղծուած վերջին քաղաքական կացութեան ազդեցութիւնը Հայաստանի լրագրութեան դաշտին վրայ, ի մասնաւորի անհանդուրժողական մթնոլորտը:

Ապա զեկուցում ներկայացուց Գեղամ Մանուկեան «Ամբողջական փոխճանաչման խնդիրը հայկական մամուլին մէջ» նիւթով, ուր դիտել տուաւ, որ մամուլը կարգ մը խնդիրներ կ՛արծարծէ ընտրողական մօտեցումով եւ, հետեւաբար, հոն կը պակսի իսկական փոխճանաչումը:

Վերջին զեկուցաբերն էր Աբօ Չափարեան` «Ազատ մամուլին դերը եւ առաքելութիւնը արագընթաց փոփոխութեան ենթակայ տեղեկատուական դաշտին մէջ» նիւթով: Ան ընդգծեց մամուլի դերակատարութեան մասին ընթերցողին արթնութեան եւ սուտը ճշմարիտէն զանազանելու մասին ու դիտել տուաւ, որ մամուլը նաեւ զարգացման աղբիւր է:

Նշենք, որ համաժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ վաղը եւ միւս օր:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, 2 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակը նոր շունչով տրոփեց իր ազգային ու հոգեւոր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ իր շուրջ համախմբեց լիբանանահայ երեք մշակութային միութիւններու պարախումբերը` բան մը, որ աննախադէպ էր:

«Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան «Արեգ», Համազգայինի «Քնար» եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբերու պատանի եւ երիտասարդ պարողները` հայ մշակոյթի ջահակիրները, հոն հաւաքուած Հայ մամուլի համահայկական համաժողովին մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հանրութեան հրամցուցին փունջ մը հայկական աւանդական պարեր:

Ձեռնարկին Արամ Ա. կաթողիկոսին կողքին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:

Ելոյթներու աւարտին, երեք պարախումբերը միասնաբար ներկայացուցին միացեալ պար մը, որուն միացաւ ժողովուրդը եւ հայութեան վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանի «լանջին» պարեց` հայ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ անգամ մը եւս ցնծացնելով հայ մշակոյթն ու արուեստը:

aztagdaily.com

Անթիլիասի Մէջ Սկիզբ Առաւ Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարը

2 Յուլիս 2019-ին առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Հայ Մամուլի Համահայկական Համաժողովի բացման հանդիսութիւնը՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Համաժողովին կը մասնակցին շուրջ 100 մամուլի մշակներ, լրագրողներ եւ աշխատակիցներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն։

«Տէրունական Աղօթք»ին, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց ու «Կիլիկիա» քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը, որմէ ետք Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեան ընթերցեց Հ.Հ. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը։ Ապա, Տիկին Աննա Յակոբեան, համաժողովին պատուոյ հիւրը, ներկաներուն փոխանցեց իր խօսքը։

9:30 – 11:00 Ա. ՆԻՍՏ՝

Պաշտօնական բացում
Հայր մեր
Հայաստանի Քայլերգ
Արցախի Քայլերգ
Կիլիկիոյ Քայլերգ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամը
Հ.Հ. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի խօսքը
Տիկին Աննա Յակոբեանի (Պատուոյ հիւր) խօսքը
11:00 – 11:30 Դադար

11:30 – 13:00 Բ. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք համա­գործակցութիւն – խնդիրներ եւ ընելիքներ

Ատենապետ՝ Շահան Գանտահարեան

Զեկուցաբերներ՝

Ժիրայր Չոլաքեան – «Մամուլը անկախութեան, նորա­րա­րութեան եւ համագործակցութեան հրա­մայականներուն դիմաց»

Վահրամ Պօղոսեան – «Արցախեան մամուլը մարտահրա­ւէրներ եւ խնդիրներ»

Վահագն Գարագաշեան (հեռակապով) – «Հակահայ քա­րոզ­չութեան դէմ տեղեկատուական պատե­րազմը»

14:30 – 16:00 Գ. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Մամուլը եւ նորարար արհեստագի­տութեան մարտահրաւէրները

Ատենապետ՝ Միքայէլ Հաճեան

Զեկուցաբերներ՝

Արամ Անանեան – «Հայկական տպագիր մամուլի ապա­գան. ինչպէ՞ս մրցունակ մնալ թուային դա­րաշրջանին մէջ»

Վիգէն Աւագեան – «Մամլոյ սպասաւորի կերպարը՝ նորա­րար արհեստագիտութեան օրերուն»

Նայիրի Հոխիկեան – «Արեւմտեան Հայաստանի ազգային ինքնութիւնը պահպանող հայերու գործօն հայ-թուրքական յարաբերութիւններուն եւ հայ­կական ինքնագիտութեան մէջ»

Ահարոն Շխրտըմեան – «Տպագիր մամուլը եւ նոր իրա­կա­նութիւն»

16:30 – 18:00 Դ. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Լրատուութիւնը եւ ընկերային ցան­ցերը

Ատենապետ՝ Զաւէն Թորիկեան

Զեկուցաբերներ՝

Գայիանէ Առաքելեան – «Youtube»եան եւ «Facebook»եան հեռարձակումները որպէս «մետիա»ի ան­կա­խութեան նոր գործիք եւ հնարաւորու­թիւն

Սա­թիկ Սէյրանեան – «Հայաստանեան մամուլը թաւշեայ իրադարձութիւններէն յետոյ. մարտա­հրա­ւէր­ներ»

Գեղամ Մանուկեան – «Ամբողջական փոխճանաչման խն­դիրը հայկական մամուլին մէջ»

Աբօ Չափարեան – «Ազատ մամուլին դերը եւ առաքե­լու­թիւնը արագընթաց փոփոխութեան են­թա­կայ տեղեկատուական դաշտէն ներս»

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 3 ՅՈՒԼԻՍ

9:30 – 11:00 Ե. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Տեղեկատուական անվտանգութիւ­նը եւ լրատուութեան հաւաստիութիւն

Ատենապետ՝ Արա Պուլուզեան

Զեկուցաբերներ՝

Նորեկ Գասպարեան – «Սեփական ստորագրութեան հա­ւաստիութիւնը»

Ար­տակ Ալեքսանեան – «Տեղեկատուութեան անվտան­գութիւններու լրատուութեան հաւաս­տիու­թիւնը հեռարձակուող մամուլին մէջ»

Արա Գոչունեան – «Հայ մամուլը որպէս աշխարհատարած ցանց»

Թա­թուլ Յակոբեան – «Արցախին մէջ հող յանձնելու թեման հայկական լրատուամիջոցներու մէջ»

11:30 – 13:00 Զ. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Համահայկական խնդիրներ եւ միջ­ազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորում

Ատենապետ՝ Սեւակ Յակոբեան

Զեկուցաբերներ՝

Աննա Կարապետեան – «Համացանցային կայքէջեր եւ մամուլի խնդիրներ»

Ար­­տաշէս Շահպազեան – «Միասնական հայ մամուլը հա­մահայկական խնդիրների հետա­պնդման ճակատում»

Ռոպէր Աթթարեան – «Հանրային կարծիքի ձեւաւորումը եկեղեցական միջավայրէն ներս. փորձեր եւ ձեռքբերումներ»

14:30 – 16:00 Է. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Հայ մամուլի դերը հայ ինքնութեան պահպանման մէջ – լեզու եւ մշակոյթ

Ատենապետ՝ Անի Եփրեմեան

Զեկոցաբերներ՝

Հրաչ Սէփէթճեան – «Արեւմտահայերէնի խնդիրները եւ այսօրուան հայ մամուլը»

Յակոբ Պալեան – «Հայ մամուլը (հայաբարբառ եւ օտա­րաբարբառ) յանձնառու ինքնութեան պատ­ուանդան»

Վարուժան Արք. Հերկելեան – «Եկեղեցական մամուլի ի սպաս հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպան­ման եւ զարգացման»

Աւե­տիս Փօշողլեան – «Մամուլը, լեզուն եւ մշակոյթը»

16:30 – 18:00 Ը. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Հայ մամուլն ու բազմակարծութեան կարեւորութիւնը – խօսքի ազատութեան խնդիրներ

Ատենապետ՝ Իվետա Տոնոյեան

Զեկուցաբերներ՝

Արմինէ Օհանեան – «Խօսքի ազատութեան կայացման 30-ամեայ ուղին. հանրային աջակցութիւն եւ իշխանութեան դիմադրութիւն»

Պետ­րոս Ղազարեան – «Լրագրութիւնը որպէս մարտա­հրաւէր»

Զարմիկ Պօղիկեան – «Ազատ խօսքի ընկալման հարցեր»

Եր­ուանդ Ազատեան – «Նշումներ Սփիւռքահայ մամուլին մասին»

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 4 ՅՈՒԼԻՍ
9:30 – 11:00 Թ. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Հայ մամուլը եւ ազգային պահանջա­տիրութիւնը

Ատենապետ՝ Սեդա Խտըշեան

Զեկուցաբերներ՝

Յակոբ Ասատրեան – «Հայ մամուլի մարտահրաւէրները. Սփիւռքահայ մամուլի հիմնադրամի ան­հրա­ժեշտութիւնը»

Արամ Շահնազարեան – «Հայ մամուլի դերը պահանջա­տիրական պայքարի նպատակների սահ­մանման, յստակեցման եւ հանրահռչակման գործում»

Նազարէթ Պէրպէրեան – «”Ազդակ”ի ներդրումը «Հայկա­կան Պահանջատիրութիւն» յղացքի տարա­ծու­մին եւ գաղափարական հունաւոր­ման մէջ»

11:30 – 13:00 Ժ. ՆԻՍՏ

Եզրափակում – Համաժողովէն բխող առա­ջարկներ

horizonweekly.ca

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Հ

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդ

08 Մայիս 2025
Շուշին հանդիսանում է հայ ժողովրդի քաղա

ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Արցախի պատմամշակութային ժառանգության և արդի քաղաք

08 Մայիս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Մայիսյան եռատոնը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության պանծալի էջերից է, հայկական

08 Մայիս 2025
Այն ինչ այսօր կատարվում է ժամանակավոր

«Շատ բարդ է ինձ համար այսօր խոսելը։ Մի քանի բան ուզում եմ փոխանցել ՝մեկը պատմ

08 Մայիս 2025
Ամեն ինչ անելու ենք, որ, այո՛, այդ վեր

«Շատ կարևոր է այսօր վերաիմաստավորել, արժևորել Շուշիի ազատագրման օրը և խորհուրդ

08 Մայիս 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետակ

Երեքշաբթի, 6 մայիսին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի ք

08 Մայիս 2025
Պատասխան ես տալու ամեն բառիդ, ամեն քայ

Փորձեմ առանց էմոցիայի Հերթական անգամ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

08 Մայիս 2025
Ուաշինկթընի Քաղաքային Խորհուրդը Ընդուն

Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց >բանաձեւ մ

08 Մայիս 2025
Մեր համազգային պահանջատիրութեան յետքայ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԻԹՈՎ Եթէ պէտք է իրերն իրենց անւամբ կ

08 Մայիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրօն խոր վիշտով իմացաւ ընկ. Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը։ Այս տխ

07 Մայիս 2025
ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու դժուար ընթա

Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի և Իրանի միջև այժմ կը

07 Մայիս 2025
էժան միջոցներով չեն կարող մեզ շեղել

Այն ենթադրությունը, թե պետք է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին անվստահություն հայտ

07 Մայիս 2025
Կառավարությունից պահանջում ենք միջոցնե

Արցախցիների իրավունքների պաշտպանության խորհուրդը Արցախի մշակութային ժառանգությ

07 Մայիս 2025
Օգտակար խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութ

Վերջերս Հայաստանի Հանրապետությունն անսովոր որոշում կայացրեց՝ վարձելով ամերիկյա

06 Մայիս 2025
Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղաս

Կազմակերպութեամբ Համիլթընի Ս. Մարիամ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ

06 Մայիս 2025
Օսմանյան փաստաթղթերն ընդդեմ թուրքական

Հայոց ցեղասպանության 110-րդ տարելիցին ընդառաջ Թուրքիայի հանրային կարծիքի, պաշ

06 Մայիս 2025
Ազգային իղձը՝ պետության գոյատևման և հզ

Տեսակետ Ազգերի գոյատևումը, զարգացումն ու հզորացումը պատահականության արդյուն

06 Մայիս 2025
Հաղորդագրութիւն. Լեռնալիբանանի Քաղաքապ

4 մայիս 2025-ին տեղի ունեցան Լեռնալիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրու

06 Մայիս 2025
Իմպիչմենտն այլեւս Փաշինյանին հեռացնել

Իսկ ո՞վ է ասում, որ իմպիչմենտ չենք ուզում։ Այո՛, դա այն կարևոր գործիքներից մեկ

06 Մայիս 2025
ՀՕՄի 115 Ամեակի Նուիրուած Երեկոն Յաջող

Կլէնտէյլ, Քալիֆ.- Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանը տօնախմբեց ՀՕՄի

06 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company