ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ծանիր զքեզ, Սփիւռք

09 Սեպտեմբեր 2019 Ցեղասպանութեան հետևանքով և Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ աշխարհացրիւ հայութեան համայնքային կազմակերպումը, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ինքզինք ճանչցաւ որպէս Սփիւռք, իր գոյապայքարը իմաստաւորեց եռակի յարացոյցով մը՝ վերապրում, հայապահպանում, հայրենադարձութիւն:

Քաղաքականապէս իրարու հակադրուած, համայնքային ղեկավարման համար իրարու հետ մրցակից և գաղափարախօսական թէ այլ բնոյթի հարցերով շարունակական բախման մէջ ըլլալով հանդերձ, համայնքային կազմակերպութիւնները իրենց կառոյցներուն ճամբով իրերայաջորդ սերունդներու հայեցի ինքնութեան դաստիարակութիւնը հիմնաւորեցին ազգային ինքնաճանաչման այս երեք տիրապետող մտքերով՝ անկախ անոնցմէ իւրաքանչիւրի գործնականացման բոլոր տարբերութիւններէն: Սփիւռքի այս մտապատկերը դրոշմուեցաւ 1920-70 ական թուականներուն, Ցեղասպանութենէն յետոյ իրերայաջորդ երեք սերունդներու ազգային ինքնութեան գիտակցութեան մէջ: 1965-1985 երկտասնամեակին Ցեղասպանութեան ճանաչման ու Հայ Դատի հետապնդման քաղաքականացումն ու սփիւռքեան զօրաշարժը Սփիւռքի յարացոյցի փոփոխութիւն չի նշանակեց: Ընդհակառակը, կարելի է մինչև իսկ ըսել որ ճակատագրական այդ տարիները, որոնք նաև Միջին Արևելեան հայահոծ համայքներէն դէպի Արևմուտք մասսայական տեղաշարժի ժամանակաշրջան մը եղան, հասունացումն ու, միաժամանակ, տագնապն էին այդ յարացոյցին առանց երբեք յստակ իմանալու թէ ի՛նչն էր յաջորդելու անոր:

Պատմական իրադարձութիւնները իրե՛նք բերին յարացուցային փոփոխութեան մը (paradigm change) անհրաժեշտութիւնը:

Անկիւնադարձը եղաւ Արցախեան ազատամարտն ու 1991ին Հայաստանի անկախացումը, երկու անկանխատեսելի իրողութիւններ որոնք Սփիւռքի ազգային ճակատագրի ցարդ քիչ թէ շատ կայուն մտապատկերն ու հեռանկարը տակնուվրայ ըրին: Սփիւռքը, այնպէս ինչպէս հասկցուած էր քսաներորդ դարուն, կրնա՞ր իր գոյութիւնը նոյն իմաստաւորումով շարունակել. այս եղաւ լռելեան այն հարցումը, որ ինքզինք պարտադրեց բայց հազիւ թէ հրապարակային բանավէճի համար օրակարգի դրուեցաւ, որովհետև Սփիւքեան յարացոյցի վերջին տարրը՝ հայրենադարձութիւնը այլևս բաղձանք չէր միայն այլ՝ կարելիութիւն: Սպասելիօրէն, հետևաբար, հայրենադարձութիւնը իր ամենալայն իմաստով՝ նիւթական ներդրումներէն մինչև Հայաստան հաստատուելու կոնկրետ ծրագիր, վերածուեցաւ քաղաքականապէս ճշգրիտ մէկ և միակ հանրային դիսկուրսի:

Արցախեան ազատամարտի և անկախութեան առաջին տարիներուն առկայ հայրենադարձութեան խանդավառութիւնն ու կարելիութիւնը հարցականի տակ չի դրուիր: Վկայ՝ ազատամարտին սփիւռքեան մասնակցութենէն մինչև երկրաշարժի աղէտի օժանդակութիւնը, բայց նաև շատ մը սփիւռքահայերու համար, անհատ թէ ընտանիք, իրենց կեանքը Հայաստանի մէջ շարունակելու կամ վերսկսելու որոշում: Միաժամանակ, սակայն, քանակական իմաստով առնուազն, երկրէն սոցիալ ու տնտեսական պատճառներով արտագաղթի երևոյթի աղէտը հանրային ելոյթներու մէջ երբեք չհնչեց այնքան տիրական որքան հայրենադարձութեան հրաւէր-հրամայականը: Առնուազն մինչև որ Արամ Ա. Վեհափառը այդ ահազանգը, ի լուր հայրենի իշխանութեանց ու հայաշխարհին, բարձրաձայնեց 2011ի Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին:

Աւելի՛ն, մինչ հայրենադարձութիւնը կը մնայ քաղաքական օրակարգի վրայ առանց տակաւին գտնելու իր գործնականացման հետևողականութեան երաշխիքը հանդիսացող ընկերատնտեսական ենթահողը, հայրենիքէն հիմնականօրէն տնտեսական պատճառներով արտագաղթը, որուն յաճախ կու տան շփոթ առաջացնող «նոր Սփիւռք» անունը, վերածուած է նոր մարտահրաւէրի: Այս «հին» ու «նոր» բաժանումը արտասահմանեան հայութեան գոյավիճակի ցարդ միակ յղացք ճանչցուած Սփիւռքին թոյլ չի տար ինքնին արդէն բարդ սփիւռքեան ընկերային իրավիճակի ու ինքնաճանաչման անհրաժեշտ յստակութիւնը ունենալու որպէսզի կոնկրետ իմաստով նոր օրակարգի ծրագրաւորում տեղի ունենայ: Նման շփոթի ամենամեծ ռիսկը Սփիւռքի ամենամեծ մարտահրաւէրի՝ Արևմտահայ մշակոյթի, լեզուամտածողութեան և Զարթօնքէն ժառանգուած ու Ցեղասպանութեամբ ընդհատուած քաղաքակրթութեան մը զարգացման յանձնառութեան արդիականացման հրամայականի նսեմացումն է:

Հայրենադարձութեան դիսկուրսով բանաձևուած և բարոյական պայմանաւորում առաջացուցած քաղաքական ճշգրտութեան նախանձախնդրութիւնը հրապարակային ելոյթներու մէջ սակայն պատճառ չէր որ Սփիւռքի նոր յարացոյցի մը մասին հարցումին քննարկման համարձակութիւնը բացառուէր մտաւորական շրջանակներու մէջ: Ընդհակառակը, այն պարտադրեց անցնող երեք տասնամեակներուն, որքան ալ որ այն մնաց շատ աւելի սահմանափակ, իմա՝ ակադեմական, քննարկումներու ոլորտին մէջ և մամուլը հազիւ թէ տեղ տուաւ աւելի շատ քննադատական համարձակ կեցուածքներու: Ինքնաճանաչողական կարգով նման քննարկում անշուշտ կը վերաբերի նախ և առաջ Սփիւռքին և անոր մտաւորական արտայայտութիւնը ի դէմս Վահէ Օշականի և Խաչիկ Թէօլեոլեանի յօդուածներուն և ուսումնասիրութիւններուն սփիւռքեան մտածողներուն: Բայց անով ամենաշինիչ իմաստով շահագրգռութիւն պիտի ուենայ նաև Հայաստանը, ուր անկախ պետականութեան իրերայաջորդ իշխանութիւնները այնպէս ալ մինչև օրս նպատակաուղղուած հասկացողութիւն ու քաղաքական հայեցակարգ չեն կրցած մշակել Սփիւռքի նկատմամբ:

Սփիւռքի Նախարարութեան ստեղծումը 2008ին կարևոր քայլ մըն էր սփիւռքեան գոյավիճակի գիտակցումին և ոլորտ մը, որ իր բոլոր սահմանափակումներով հանդերձ ուսումնասիրութեանց, քննարկումներու, առաջարկներու բանաձևման և մինչև իսկ Հայաստան-Սփիւռք համարկման գործընթացի մը ամրագրման առիթ ստեղծած էր: Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը այդ ոլորտը դիտեց որպէս բաժնետիրական ձեռնարկութիւն մը, որուն լուծարման որոշումը առնուած էր: Ազգային Ժողովին մէջ արտակարգ ընտրութեանց ճամբով բացարձակ մեծամասնութիւն ապահովելէ յետոյ, իշխանութիւնները այդ քայլին դիմեցին՝ պետութեան համակարգի «օպտիմալացման» նէօլիպերալ գաղափարախօսական կարգախօսով, առանց բանավէճի, առանց սփիւռքեան կառոյցներու և հաստատութիւններու հետ հարցը քննարկելու -բացառելով քանի մը ամսուայ համար նախարար ու փոխ-նախարար նշանակուած պետական նոր այրերու դերասանութիւնը, որ ոչ թէ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու նոր հայեցակարգ ստեղծելու նպատակաուղղուած էր, այլ՝ այդ ոլորտի լուծարումը նախապատրաստելու: Նախարարութեան փոխարինող նոր համակարգը որ Վարչապետի գրասենեակին հովանաւորութեան տակ է, սփիւռքեան հարցերու համապարփակ ծրագրի օրակարգ չունի. «հայրենադարձութիւնը» դնելով որպէս նպատակ, և նկատի ունենալով ցարդ այն քանի մը նախաձեռնութիւնները որոնք առնուած են նորանշանակ պատասխանատուներու կողմէ, ուշադրութեան կիզակէտի վերածած են Ռուսաստանի հայութիւնը, «նոր սփիւռքը»: Հասկնալի և տրամաբանական ուղղուածութիւն, եթէ նկատի ունենանք որ Հայաստանէն տնտեսական պատճառներով արտագաղթը հիմնականօրէն դէպի Ռուսաստան է և, հետևաբար, հայրենադարձութիւնն ալ շատ հաւանաբար անոնց մօտ յաջողելու աւելի կարելիութիւն ունի: Այս իմաստով հայրենի իշխանութիւններու քայլը ողջունելի է: Կը մնայ որ Սփիւռքն ալ այն ընկալէ որպէս wake-up call, և հայրենի իշխանութեանց սփիւռքեան քաղաքականութիւնը հասկնայ իր իրապաշտ սահմաններուն և կամաւոր որոշմամբ հաստատուած սահմանափակումներուն մէջ՝ առանց ինքնախաբէութեամբ տարուելու:

Բաղձալով հանդերձ որ հայրենադարձութիւնը վերածուի ակնբախ երևոյթի, յստակ է որ սփիւռքեան գոյավիճակը 21րդ դարուն պիտի շարունակուի: Խորքին մէջ, դեռևս հինգերորդ դարէն հայութեան համաշխարհային ներկայութեան պատմական փաստերը չեն պակսիր: Ճիշդ է, աշխարհացրիւ հայութիւնը երբեք չէ ունեցած ազգային քաղաքական ինքնութեան այն գիտակցութիւնը որ սփիւռքեան գոյավիճակը կը ներկայացնէ: Բայց և այնպէս հաւաքական ինքնութեան գիտակցութիւնը ինքնին եթէ նոյնիսկ ամբողջապէս չէ պայմանաւորուած պատմական ժամանակաշրջանի մը արժէքներով ու պահանջներով այդուհանդերձ կը զարգանայ ժամանակաշրջանի պայմաններու հետ փոխ-յարաբերելով: Այս իմաստով, Սփիւռքը 20րդ դարուն ծնած ու զարգացած գոյավիճակ է, իսկ Սփիւռքեան յարացոյցը պատմական այդ յատուկ ժամանակաշրջանին կազմաւորուած և իր գործնականութեան փաստը տուած է: Բայց 21 դարուն պայմանները ոչ միայն փոխուած են այլ արհեստագիտութեան արագընթաց զարգացման բերումով փոփոխութեան ընթացքը արագացած է:

Սփիւռքի մէջ արդէն չորրորդ սերունդ մը հասակ առած է և ազգային-հաւաքական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման պատասխանատւուոթիւնը ստանձնած է կամ ստանձնելու վրայ է: Արցախեան ազատամարտի ու անկախութեան սերունդին մասին է որ կը խօսինք, համացանցի ու բջիջայինի սերունդին մասին է որ կը խօսինք, այն սերունդին որուն համար հայրենիքի հետ յարաբերութիւնը կամ հայրենադարձութիւնը մարտահրաւէր չէ այլ՝ ենթակայական որոշում: Այդ Սփիւռքի իքնաճանաչման խնդիրն է այսօր որ սեղանի վրայ կը դրուի:

Ինքնաճանաչման այս նորագոյն հրամայականը չ’ենթադրեր անպայման ցարդ Սփիւռքը սահմանած եռակի յարացոյցի իմաստազրկումը կամ ժխտումը: Բայց անհրաժեշտ կը դարձնէ անոր քննադատական ընկալումն ու այժմէականացումը: Հաւաքականութիւններու մէջ տիրապետող կարծիքներու ճանաչումը կ’ենթադրէ հանրային կարծիքի հետազօտման գիտական միջոցի կիրառում, որ Սփիւռքի մէջ նախընթաց չունէր մինչև Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի ֆինանսաւորումով անցեալ տարի սկիզբ առած Լոնտոնի Հայ Հիմնարկի նախաձեռնութիւնը` Հայ Սփիւռքի Հետազօտութեան ծրագիրը: Առաջին տարուայ փորձը արդէն Հիմնարկի կայքէջին վրայ զետեղուած և հանրութեան տրամադրելի ընդարձակ զեկոյց մըն է, ուր ամփոփուած են սփիւռքեան առաջին չորս համայնքներու մէջ տեղի ունեցած հարցախոյզի արդիւնքներն ու անոնց շատ սկզբնական վերլուծումը: Ծրագրի այս երկրորդ տարուան համար նկատի առնուած են հայահոծ չորս տարբեր և աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու երկիրներու մէջ կայացած համայքներ՝ Լիբանան, Գանատա, Արժանթին և Րումանիա: Ծրագիրը արդէն ընթացքի մէջ է և ոչ միայն մեծ հետաքրքրութիւն այլև՝ խանդավառութիւն առաջացուցած է: Աւելի՛ն, համայնքային ղեկավարութիւններ ողջունած են ծրագիրը և անոր տուած են իրենց անվերապահ աջակցութիւնը: Այս խանդավառութեան ու զօրակցութեան հիմնական պատճառը ոչ միայն նախաձեռնութեան բերած նորութիւնն է, այլ ծրագրի պատրաստութեան ու գործադրութեան մասնագիտական որակը, քաղաքական թէ գաղափարական չէզոքութեան խստապահանջութիւնը, համայնքի մէջ ակտիւ թէ համայնքէ դուրս իր հայ ինքնութեան յանձնառու թէ ինքզինք հայ զգացող ամէն անհատի մասնակցութեան քաջալերումը և արդիւքներուն բաց, թափանցիկ ու բոլորին տրամադրելի ըլլալու իրողութիւնը:

Ծրագրին ֆինանսաւորումը նկատի առնուած է առայժմ երեք տարուայ համար: Այլ խօսքով գալ տարի ևս տեղի պիտի ունենայ այն չորս այլ համայքներու մէջ և 2021էն սկսեալ, թուական մը որ կը զուգադիպի անկախութեան 30ամեակին, արդէն կ’ունենանք Սփիւռքի մէջ հանրային կարծիքի առարկայական տուեալներու զօրաւոր ենթահող մը, որուն վրայ Սփիւռքի նոր յարացոյցի բանավէճը կրնայ զարգանալ: Եթէ, անշուշտ, սփիւռքեան ղեկավարութիւնը առաջին հերթին և հայրենի իշխանութիւնները եթէ փափաքին, տրամադիր ըլլան այդ ընելու… Այսինքն՝ Հայ Սփիւռքի Հետազօտման Ծրագրէն կերտելու Լուսաւորութեան դարուն Քանթի բանաձևած (ինքնա)ճանաչման համարձակութեան (Dare to Know) հրաւէրին հետևութեամբ նոր յարացոյց մը:

Խ. Տէր Ղուկասեան

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Շարունակելու ենք Հայ Դատի մեր ծաւալուն

Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը Հ․Յ․Դ․ Հայ

25 Սեպտեմբեր 2026
Մեր առաքելությունը սոսկ քաղաքական չէ.

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանի խոսքը՝ ՀՅԴ Հայ

25 Սեպտեմբեր 2026
Այսօր կանգնած ենք ճակատագրական ջրբաժան

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանի խոսքը՝ ՀՅԴ Հայ դատի համահայկական

25 Սեպտեմբեր 2026
Ակնարկ. Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումն

Երեւան-Անգարա երկխօսութեան արդիւնաւորման համար Անգարայի դասական նախապայմանները

25 Սեպտեմբեր 2026
Թորոնթօն եւ գանատահայութիւնը տիպար օրի

Ստորեւ կը ներկայացնենք Թորոնթոյի նորահաստատ «Նարեկ» Հայ Կրթական եւ Մշակութային

24 Սեպտեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական

35 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը որոշում մը առաւ, որը անգամ մը եւս փոխեց մեր պատմո

24 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company