«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Չփորձէ՛ք Անհետացնել Հայերէնը․․․
08 Նոյեմբեր 2019 Ա՛խ, լեզո՛ւն, լեզուն որ չըլլայ, մարդ ինչի՞ նման կ՛ըլլայ: Ազգը պահողը, իրար հետ միացնողը լեզուն է ու հաւատքը: Լեզուդ փոխէ՛, հաւատքդ ուրացի՛ր, ալ ի՞նչով կրնաս ըսել, թէ ո՞ր ազգէ՞ն ես: Ձեզի կ՛ըսեմ, ձեզի, հայոց նորահաս երիտասարդներ, ձեր անունին մեռնիմ, ձեր արեւուն մատա՛ղ, տասը լեզու սորվեցէ՛ք, ձեր լեզուն, ձեր հաւատքը ամուր պահեցէ՛ք:Խաչատուր Աբովեան (1809–1848)

Ամիսներ առաջ հայրենի օրհներգը փոխելու առաջարկ մը մեծ ընդվզում յառաջացուցած էր եւ հաւանաբար այդ իսկ պատճառով հարցը փակուած ու մոռացութեան ենթարկուած էր։
Այս անգամ կարգը եկած է հայերէն լեզուին եւ հայեցի ուսուցումը համալսարանական մակարդակի վրայ չպարտադրելուն, որ բարբարոսաբար եւ «բրուտոսաբար» առաջարկուած է զայն պաշտպան նկատուող, պաշտպանող, հովանիին տակ առնող եւ գուրգուրացող կրթութեան նախարարութեան կողմէ։
Ի՜նչ սին եւ սնոտի հայեցակէտ, գաղափար եւ մտայղացում։
Յատկապէս երբ կրթութեան նախարարութիւնն է առաջարկողն ու խնդրոյ առարկան, դժուար է անցնիլ կարմիր գիծը եւ իջնել կռուազանութեան մակարդակին։ Ի վերջոյ, կրթութիւնն է, որ կը կերտէ երկրի մը ընտրանին եւ առանց կրթութեան կարելի չէ գործել, յառաջդիմել եւ յաջողիլ։ Հետեւաբար, ահաւոր սխալ մը պիտի ըլլայ անյարիր մեղադրանքներով պախառակել այդ գաղափարը յղացողն ու անոր ետին կանգնողը։
Չափազանցութիւն մը պիտի ըլլայ հարցադրելը, թէ արդե՞օք լրջօրէն աշխատանք կը տարուի. «Եունեսքօ»-ի անհետացուելիք կամ անհետացուելու եզրին գտնուող լեզուներու շարքին դասելու լեզու մը, որ իր երկրին պաշտօնական լեզուն է․․․ գէթ՝ ցայսօր։ Ահաւոր չափազանցութիւն մը, սակայն տեղին՝ ահազանգ մը։
Աւելի՛ն. այս պատահածը տարբեր պրիսմակով դիտել եւ մութ հաշիւներ փնտռել, թէ ներկայ իշխանութեան դէմ որդեգրուած գործելաձեւ մըն է որ կը կիրարկուի, այդ մէկն ալ սխալ է։ Միթէ նախկին իշխանութեան օրերուն, աւելի յստակ ըլլաու համար, Հ․Հ․ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ժամանակ, միեւնոյն հայորդին չէ՞ որ իր բուռն բողոքը արտայայտեց․ մերժելով առանց հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ հատուցումի՝ Հայաստան-Թուրքիա ճանապարհային քարտէսի մը մեկնարկը։
Չէ՛, անգամ մը եւս ժամանակն է լրջանալու, քննելու եւ վերստին քննելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի նմանօրինակ ահաւոր ձախաւերութիւն մը՝ կաֆ մը չկրկնել։
Ճիշդ է, որ լեզուն հաղորդակցական միջոց մըն է, սակայն այդքան պարզ հաղորդակցելուն կ՛անդրադառնանք։ Հապա՞ այդ լեզուին ետին կանգնող ազգը, մշակոյթը, արմատները, պատկանելիութիւնն ու պատմութիւնը։ Մոռնա՞նք այս բոլորը։ Միթէ ինքնութեան տարբեր բոյր մը կամ հարազատութեան իւրայատուկ քիմք մը չէ՞ որ կը սփռէ մայրենի լեզուն։
Այսուամենայնիւ, անտեղի է ծայրայեղութեան երթալ եւ միայն ու միայն կառչած մնալ հայերէնին։ Անկասկած որ հայերէնի կողքին, գործնական եւ ասպարէզի պատճառով, հայորդին պարտաւոր է որ տիրապետէ այլազան լեզուներու։
Աւելի՛ն. նաեւ պէտք է նեցուկ կանգնիլ հայերէնին, իր զանազան ենթաբաժանումներով (արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն եւ այլ բարբառներ)՝ կարելի եղածին չափ զայն զերծ պահելով օտար բառերու գործածութենէն։
Այս բոլորէն ետք, հայորդիին համար երկրորդական է, թէ ի՞նչ միջոցներու պէտք է դիմել՝ կանխելու համար նմանօրինակ յերիւրածոյ եւ սեթեւեթ մտայղացումներ։
Պաշտօնի վրայ գտնուող անձերու հրաժարականը երկրորդական է։ Առաջնահերթութիւնը հայերէնի հանդէպ յարգանքն ու գուրգուրանքն է, որ ինքնին արդէն իսկ պաշտօնանկ ըրած կ՛ըլլայ զինք արհամարհողն ու չյարգողը։
Հուսկ, անհետացողը պիտի ըլլայ ․․․ո՛չ թէ հայերէնը, այլ անոր դէմ գործող դաւադիրը։
hairenikweekly.com