Հայ Դատը Կը Զօրակցի Հայաստանին Ու Ատրպէյճանին Ռազմական Հաւասար Օգնութիւն Տալու Քոնկրեսականներու Կոչին
21 Նոյեմբեր 2019 ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ.- Վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին երկրորդ անգամն ըլլալով, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարներ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր եւ Էտըմ Շիֆ Նոյեմբեր 18ին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին յղած են նամակ մը, ուր դարձեալ մտահոգութիւն յայտնած են Հայաստանին ու Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութեան անհամաչափ ըլլալու իրողութեան նկատմամբ։Շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարին, որ իրենց առաջին նամակին պատասխանած էր եւ այս հարցին շուրջ անձնակազմի անդամներու մակարդակով աշխատանքային հանդիպում մը կատարած, քոնկրեսականները կ՛ընդգծեն, որ կը շարունակեն մտահոգ մնալ այս երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական օգնութեան չափերու հարցով: Նամակին մէջ քոնկրեսականներ Շիֆ, Սփիեր ու Փալոն կը շեշտեն, թէ համաձայն չեն արտաքին գործոց նախարարի այն պնդումին, որ Ատրպէյճանին տրամադրուող 102 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութիւնը չի խաթարեր ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը ու որեւէ կերպով Հայաստանին դէմ պիտի չ՛օգտագործուի:

Նամակին մէջ քոնկրեսականները փաստած են, որ Ատրպէյճանի ռազմական ներուժը վերջին տարիներուն անընդհատ կ՛աճի: Անոնք ընդգծած են, որ ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տայ Ատրպէյճանին աւելիով մեծցնելու ռազմական ներուժը եւ Հայաստանի ու Արցախի վրայ յարձակումներ իրականացնելու հաւանականութիւնը:
«Կասկած չկայ, որ Ատրպէյճանին յատկացուող ռազմական օգնութեան աճը անհաւասարակշռութիւն կը ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ եւ կ՛անտեսէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ քսանամեայ նախադէպը», կը նշեն անոնք նամակին մէջ՝ շեշտելով, որ ռազմական օգնութեան համաչափ տրամադրումը միակ ճանապարհն է, որով Ամերիկա կրնայ պահպանել տարածաշրջանային գերտերութեան հեղինակութիւնը, եւ կրնայ հաշտեցնել Ատրպէյճանն եւ Հայաստանը:
Անոնք կոչ կ՛ընեն արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն՝ Հայաստանի համար կազմակերպելու համապատասխան մարզումներ եւ տրամադրելու սարքաւորումներ՝ գործընկերային ներուժը մեծցնելու համար: Ատիկա պիտի նպաստէ սահմաններու ապահովութեան երաշխաւորման եւ ռազմական հաւասարակշռութիւն ստեղծելու ջանքերուն, կը նշուի նամակին մէջ: Անոնք նաեւ կը խնդրեն այս հարցի շուրջ հանդիպում կազմակերպել Քոնկրեսի անդամներուն ու համապատասխան նախարարութիւններու պատասխանատու պաշտօնատարներուն միջեւ:
Նման նամակ մը յղուած էր նաեւ Սեպտեմբեր 27ին։ Զանոնք կարելի է կարդալ՝ այցելելով հետեւեալ կայքէջերը.
https://anca.org/assets/pdf/092719_ArmenianCaucus_MilitaryAid.pdf
https://anca.org/assets/pdf/111819_ArmenianCaucus_Security.pdf։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականներու այս սկզբունքային քայլը, «անպատասխանատու» որակելով իր զեղծարարութիւններով յայտնի Ատրպէյճանի վարչակազմին տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնը 7 միլիոնէն 102 միլիոն տոլարի բարձրացնելու Ուաշինկթընի որոշումը։
asbarez.com