Որպէսզի Չկրկնուի 1975-ը` Զգաստանանք Հաւաքաբար
28 Նոյեմբեր 2019 Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԱնցնող երեք օրերուն երկրի զանազան շրջաններուն մէջ հետզհետէ սաստկացող ընդհարումները մեզ դժբախտաբար կը վերադարձնեն 1975-ին բռնկած լիբանանեան պատերազմի օրերուն: Պատերազմ, որ տակաւին կը շարունակէ մեծ բաժին ունենալ լիբանանցի մարդու յիշողութեան մէջ, սակայն միաժամանակ անծանօթ են անոր սահմռկեցուցիչ տեսարաններն ու հետեւանքները մերօրեայ երիտասարդութեան:
Հեռատեսիլի պաստառներուն առջեւ նստած, «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ» ֆիլմաշարը դարձեալ կը ներկայացուի հին դերակատարներու դաստիարակութեամբ մեծցած նոր դերասաններով:
1975-էն 44 տարի ետք նոյն տեսարաններն են` նոյն անուններով:
Թրիփոլի, Պաալպեք, Պիքֆայա, Նահր Քելպի անցք, Շիյահ-Այն Ռըմմանէ, Ասաատ Ասաատ փողոց, Պաապտա, Ռինկ-Թապարիս, Էշրեֆիէ:

Եւ դեռ հեռատեսիլի խօսնակներուն կողմէ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար կրկնուող Պէյրութի արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններ, շփման գիծեր, անցարգելներ, ինքնութեան ճշդում, քրիստոնեայ եւ իսլամ թաղամասեր, ապահով եւ անապահով փողոցներ:
Նոյնը կը կրկնուի քաղաքական ղեկավարներու եւ անցեալի պատերազմի հերոսներուն կամ անոնց ժառանգորդ զաւակներուն կողմէ:
Ցաւով կ՛արձանագրենք այս բոլորը:
Ցաւով բայց նաեւ ցասումով հարց կու տանք` արդեօք ոչի՞նչ սորված ենք անցեալէն:
Արդեօ՞ք սո՞ւտ էին ու մակերեսայի՞ն բոլոր տեսակի խոստումները, մեղայականները, ներողամտութեան հարցերը, համաձայնութիւնները:
Արդեօք ժամանակաւո՞ր էին զիջումները, սպասելով տեղական, շրջանային եւ միջազգային զարգացումներու` այս կամ այն կողմին բարեբեր նոր կարելիութիւններ ստեղծելու համար:
Չհաւատա՞նք, որ այն ինչ որ կը կատարուի երկրին մէջ ընկերային, կենցաղային եւ տնտեսական արդար պահանջատիրութենէ անդին այլ հարցերու եւ այլոց կողմէ թելադրուած օրակարգերու պարտադրանք չէ:
Արդեօք պէ՞տք է ըլլանք այնքան միամիտ ու հաւատանք, որ յանկարծ բոլոր կուսակցութիւններն ու անոնց ղեկավարները ոչինչ կը կատարեն դէպքերու հրահրման մէջ:
Փաստօրէն 17 հոկտեմբերի արդար պոռթկումը դարձաւ շահագործման աղբիւր` շեղելու անոր հիմնական պահանջները եւ երկիրը դնելու նոր վտանգներու առջեւ:
Կը մերժենք օտար միջամտութիւնը, չենք ուզեր հաւատալ դաւադրութեան տեսութեան, բայց ակամայ հարց կու տանք` ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այսքան կուտակուած ոխ, քինախնդրութիւն, ատելութիւն կը հրահրուի կուսակցութեան դրօշի մը կամ ղեկավարի մը անուան դէմ:
Կարծէք բաւարար չեն երկրին դիմագրաւած բազմատեսակ տագնապները, թշնամի Իսրայէլի ամէնօրեայ ոտնձգութիւնները, ահաբեկչական ծայրայեղութեան վտանգը, օտար ուժերու կողմէ երկիրն ու ժողովուրդը ծունկի բերելու ճնշումները, ու այս անգամ հաւաքական չարիքին` փտածութեան եւ ընկերային անարդարութեան դէմ միացած քաղաքացիները պիտի քանդեն զիրար:
Անընդունելի է ինքնաքանդումի այս «մարմաջը»:
Ճակատագրուած ենք բոլորս ապրելու միասին:
Մօտիկ անցեալի պատերազմի արհաւիրքը դեռ չսպիացած նոր արիւնահեղութիւն ընդունելի չէ:
Պէտք է վերջ տալ գրգռութեան քաղաքականութեան:
Ու բոլորը, այսինքն` բոլորը պարտին վերադառնալ պատմութեան, յիշեն պատերազմի չարիքը, հանդարտին ու լրջանան:
Զգաստանանք հաւաքաբար, որպէսզի չկրկնուի 1975-ը:
aztagdaily.com