«Հայրենիք»ի խմբագրական. Ալիեւ… ե՛ւ աւելի
30 Նոյեմբեր 2019 «Յիմարները, որոնք պարկեշտ ըլլալու բաւարար խելք չունին, հնարքի ու դաւաճանութեան կը դիմեն»։Պենճամին Ֆրանքլին
(1706-1790, ամերիկացի գրագէտ, լրագրող, քաղաքագէտ եւ դիւանագէտ)

Անգամ մը եւս, խօսքը կը վերաբերի… Ատրպէյճանի ղեկավար՝ Իլհամ Ալիեւի ձաբռտուքներուն: Հետզհետէ, ան աւելի ջղացնցուած՝«հիսթերիք» կը թուի ըլլալ, յատկապէս հարաւի իր դրացի թշնամիին նկատմամբ: Այսպէս, դեռ քանի մը օր առաջ, Նոյեմբեր 27-ին, Պաքուի համալսարանի հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկին բեմ բարձրանալով, առիթը գտաւ կեղծիքը, շինծուն եւ յերիւրածոն ներմուծելու իր խօսքերուն մէջ՝ Հայաստանի եւ հայութեան հասցէին ցեխարձակումներով:
Վայրկեան մը մէկդի դրած՝ ատելութիւնն ու նախատինքը ազգային հերոս Գարեգին Նժդեհի հանդէպ, Ատրպէյճանի նախագահը շատ աւելի նախապաշարուած ու հիւանդագին աստիճանի սեւեռած կը թուի ըլլալ Հայաստանի եւ առհասարակ հայութեան հանդէպ:
Բարձր մակարդակի կրթօճախի մը երդիքին տակ ելոյթ ունենալով, հալածախտէ տառապող Ալիեւ քննադատեց արեւմտեան աշխարհը, որ պրիսմակի տակ առած է իր ղեկավարած երկրին մէջ հետեւողական ձեւով կատարուած ժողովրդավարութեան սկզբունքներու խախտումներն ու իրաւունքներու ոտնահարումները:
Ըստ երեւոյթին, այս բռնատիրոջ համար հայութիւն ու Հայաստան դիւրազգացութիւն՝ «ալերժի» մը չէ, այլ մահացու քաղցկեղ, որուն իբրեւ դարման խիստ միջոցներու կը դիմէ՝ սկսելով կրթական բնագաւառէն: Քննադատելով արտասահմանէն կատարուած քննադատութիւնները, Ալիեւ հրաւիրեց կրթական բնագաւառին մէջ գործող ուսուցիչները, դասախօսները եւ տեսուչները, որ ճիշդ կրթութիւն ջամբեն երիտասարդներուն, որպէսզի չսայթաքին եւ ծայրայեղական ահաբեկչական կազմակերպութիւններ մուտք չգործեն: Իր խօսքերուն մէջ, Ալիեւ մտամոլոր կը թուի ըլլալ, չկարենալով պարզաբանել, թէ դուրսէն միջամտողները արդեօք միայն ահաբեկչական եւ ծայրայեղ կրօնական շարժումնե՞րն են, թէ՞ բարեփոխումներու համար մարտնչող այլախոհ փաղանգ մը:
Շարունակելով իր կասկածամտութիւնն ու ատելութիւնը, Ալիեւ մեղադրած է իսլամ այլ երկիրներ, որոնք սիրալիր ու սերտ յարաբերութիւն կը մշակեն Հայաստանի հետ: Դեռ աւելի հեռու երթալով իր նենգամիտ ու գրգռիչ արտայայտութիւններուն մէջ, կ՛ամբաստանէ իր հարաւի դրացին մզկիթներ քանդած ըլլալու յանցանքով:
Միթէ Ատրպէյճանի նախագահը տեղեակ չէ՞, թէ քանի մը շաբաթ առաջ, Շուշիի (Արցախ) իսլամական թաղամասի կեդրոնական մասին մէջ տեղակայուած Վերին մզկիթը, որ կառուցուած է 1883 թուականին յայտնի պարսիկ ճարտարապետ Քերպալա Սեֆի Խանի նախագիծով, վերանորոգուած է Արցախի կառավարութեան, «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամին եւ «Արեւելեան պատմական ժառանգութեան վերածնունդ» հիմնադրամին համագործակցութեամբ: Հիմնական նուիրատու՝ ղազախ գործարարի մը շնորհիւ, վերանորոգուած է ո՛չ միայն մզկիթը, այլ նաեւ յարակից տարածքն ու կողքին գտնուող պարսկական կրթօճախի շէնքը:
Անշուշտ, այս վերակառուցման փոխարէն Ալիեւ քաջատեղեակ, իր իսկ հրահանգով, Նախիջեւանի մէջ կատարուած 21-րդ դարուն տեղի ունեցող «մշակութային եղեռն»-ին, երբ հայկական գերեզմանոցներու մէջ գոյութիւն ունեցող հազարաւոր խաչքարեր աւերուած եւ ոչնչացած էին:
Դեռ աւելի՞ն…Ալիեւէն: Հոս տեղին է կանգ առնել եւ առանց այլեւայլի եզրակացնել գերմանացի հանճար Ֆրիտրիշ Նիցչէի մէկ իմաստուն խօսքով.-
«Ես ընդվզած չեմ, թէ դուն ստեցիր… ընդվզած եմ, որ այլեւս քեզի պիտի չհաւատամ»։
hairenikweekly.com