«Հայրենիք»ի խմբագրական. «Արմենոֆոպիա» Մոլուցքը
25 Հունվար 2020«Կեղծ խոսքերը ոչ միայն չարիք են, այլեւ հոգին կը վարակեն չարիքով»
Պղատոն
Քաղաքակիրթ աշխարհը, սկսեալ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պայքարող ոչ-կառավարական հիմնարկներէն, մինչեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հովանիին տակ գտնուող ենթայանձնախումբերը տեղեակ չեն, թէ որքան մտահոգիչ է Ատրպէյճանի մէջ եւ առ հասարակ ատրպէյճանցիի մօտ գոյութիւն ունեցող հակահայ ատելութիւնն ու մոլուցքը։
Զարմանալիօրէն Ատրպէյճանն է, որ իր լուման լայն բանալով, գործի լծած է քարոզչական մեքենան, շարունակ աղաւաղելով եւ խեղաթիւրելով լուրեր, միշտ ու միշտ նախայարձակը նկատելով Հայաստանը, յանձաւորն ալ՝ հայորդին։
Պարզ ու մեկին ահազանգային է կացութիւնը, այն պատճառով, որ դպրոցներու փոքր տարիքէն պատանի-պարմանուհիներ ատելութեամբ կը լեցուին հայութեան եւ Հայաստանին դէմ։ Այս հայատեացութեան ախտը համաճարակի բնոյթ ստացած է եւ կրնայ ահաւոր կացութիւններու դուռ բանալ։ Քանի մը ամիս առաջ, ոտնագնդակի մրցումի մը հետեւելու համար զբօսաշրջիկներ ոստիկաններու կողմէ նոյնիսկ հրմշտկուած էին Պաքուի մէջ, հայ մարզիկի մը անունը կրող շապիկը կրած ըլլալնուն պատճառաւ։
Դեռ աւելին, Երիտասարդներ բռնի կերպով ձերբակալուած եւ ոստիկանատուն ուղղուած էին, հարցաքննուելու համար, թէ ինչո՞ւ հայերէն կամ հայ երգիչի մը հնչած երաժշտութիւնը կ՛ըմբոշխնեն։ Այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ, զարմանալի պիտի չըլլար տեղեկանալը, թէ տասնեակ մը օրեր առաջ, Գերմանիոյ մէջ ազերի թենորը պիտի մերժէր բեմ բարձրանալ հայուհի սոփրանոյին հետ։ Արտերկրի մէջ ելոյթ, եւրոպացի յօրինողներու գործեր․․․եւ հոն ալ հայատեացութեան դրօշը պարզուած էր։
Այս է պատկերը, Պաքուի հայութեան վերջին ջարդին երեսնամեակի օրերուն, որուն զոհ գացին հարիւրաւոր հայորդիներ։ «Վերջին» բառը, կը մատնէ կրկնութիւն կամ դժբախտաբար կրկնութիւններ։ Արդարեւ 1905-ին եւ 1918-ին ալ նմանօրինակ վայրագութիւններ կատարուած էին քաղաքի մը մէջ, ուր հայութիւնը նոյնքան ներկայութիւն եւ վաստակ ունէր, որքան Վրաստանի մայրաքաղաք՝ Թիֆլիսի մէջ։ Թէ՛ առեւտուրի եւ թէ՛ քարիւղի արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս, հայորդիներ առաջնահերթ դեր ունէին։
Այո՛, այսպէս յոռետեսութիւն կը սփռէ հորերու քաղաքի իրավիճակը։ Մեծաւ մասամբ, այլ տեսակի ջարդ մը, թէեւ անուղակի սակայն նոյնքան մտահոգիչ եւ սահմռկեցուցիչ, որքան դարաշրջանի մը վրայ երկարող, շրջանէն ներս կատարուած ջարդերը, կամ դեռ աւելին, հարաւ ուղուելով Նախիջեւանի մէջ տարիներ առաջ կատարուած պատմական արժէք վայելող խաչքարերու անխնայ սրբապղծումը, քանդումն ու ոչնչացումը։
Աննահանջ կերպով եւ առանց յապաղումի, ժամանակն է թակելու արդարութեան եւ իրականութեան դռները։ Ողջ աշխարհը պէտք է, որ լաւապէս տեղեկանայ, թէ «Արմենոֆոպիա»-ն ո՞ւր հասած է Ատրպէյճանի դպրոցներէն ներս տրուած կրթութենէն, մինչեւ մասնագիտացած հիմնարկներ։
