ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Հայաստան
  • Հարցազրույցներ

Արխիւային Փաստաթուղթերը Հանրութեան Մատչելի Դարձնելը Կարեւոր Է Դաշնակցութեան Պատմութիւնն Ու Կատարած Դերակատարութիւնը Առաւել Եւս Եւ Շօշափելիօրէն Հիմնաւորելու Առումով

13 Փետրվար 2020 Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արխիւներուն կարեւորութեան եւ անոնց պարզած ներկայի վիճակին մասին «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեանի հետ, որ Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր է, եւ որուն գիտական աշխատասիրութիւնները հիմնականին մէջ կեդրոնացած են 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան հայ ազգային-ազատագրական շարժման, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, հայ-վրացական փոխյարաբերութիւններու, 1920-1930-ական թուականներու սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական միտքի եւ Խորհրդային Հայաստանի պատմութեան հիմնահարցերուն վրայ:

Դոկտ. Ստեփանեան անդամ է Հայաստանի Պատմագէտներու միութեան, ունի բազմաթիւ պատմագիտական հրատարակութիւններ եւ յօդուածներ:

«ԱԶԴԱԿ».- Մենք գիտենք, որ Դաշնակցութեան արխիւները տարբեր վայրերու մէջ տեղաբաշխուած են: Այսօրուան դրութեամբ, գէթ Դաշնակցութեան մօտ ո՞ւր կը գտնուին անոնք:

ԴՈԿՏ. ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ.- Դաշնակցութեան հիմնական արխիւները տեղեկայուած են երեք վայրերու` Պոսթընի, Պէյրութի եւ Երեւանի մէջ: Նախ սկսինք Պոսթընի արխիւի պատմութենէն: Պոսթընի արխիւը նախապէս գտնուած է Ժընեւի մէջ եւ հիմնադրուած է Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն կողմէ` Ռոստոմի եւ Քրիստափորի. յատկապէս Ռոստոմը, որ շատ հետամուտ եղած է կուսակցական արխիւի ձեւաւորման, եւ այդպիսով կուսակցական փաստաթուղթերը տարբեր ձեւերով հաւաքուած են Ժընեւի մէջ, որովհետեւ հոն կը գտնուէր նաեւ «Դրօշակ»-ի խմբագրատունը, հետեւաբար աւելի դիւրին պիտի ըլլար համադրել երկու աշխատանքները: 1918 թուականին, երբ աւարտեցաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը, եւ Զուիցերիան իր նախկին ազատութիւնները սահմանափակեց, իսկ անկախութեան անկումէն ետք Դաշնակցութեան Բիւրոն տեղափոխուեցաւ Ժընեւէն Փարիզ, որմէ ետք Փարիզ տարուեցաւ նաեւ Ժընեւի Դաշնակցութեան արխիւը` երկու հիմնական պատճառով. Ժընեւ ապահով չէր, եւ Բիւրոն Փարիզի մէջ կը գտնուէր: Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք նկատուեցաւ, որ Փարիզն ալ այնքան ապահով չէ, որովհետեւ գերմանացիները գրաւեցին Փարիզը, եւ հրաշքով մեր արխիւը փրկուեցաւ գերմանացիներու ձեռքը իյնալէն եւ ոչնչանալէն, երբ Ամերիկայի դաշնակցականներու նախաձեռնութեամբ որոշուեցաւ արխիւը տեղափոխել Պոսթըն, ուր մինչեւ այսօր կը պահուի` «Հայրենիք» թերթի շէնքին մէջ:

Պոսթընի արխիւին մէջ կը գտնուին Դաշնակցութեան պատմութեան ամբողջ ընթացքին վերաբերող ամենակարեւորագոյն նիւթերը` սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը, ինչպէս` նամակներ, զեկուցագիրներ, հաղորդումներ, յուշագրութիւններ, պաշտօնական փաստաթուղթեր, հեռագիրներ, նոթագրութիւններ, անձնական իրեր, լուսանկարներ: Իր մեծութեամբ երկրորդ դիրքը կը գրաւեն Պէյրութի մէջ պահուող արխիւները: Մէկ մասը Պոսթընի նիւթերու պատճէններ են, բայց կան նաեւ առանձին բնագիր փաստաթուղթեր, ինչպէս` Սիմոն Վրացեանի արխիւին մէկ մասը եւ այլ փաստաթուղթեր ու նամակներ, որոնք կը պահուին Պէյրութի մէջ եւ բնօրինակներ կը համարուին:

Դաշնակցութեան արխիւներու միւս կարեւոր կեդրոնը Երեւանն է: Երեւանի ՀՅԴ Բիւրոյի շէնքին մէջ կը գտնուին տարբեր վայրերէ հաւաքուած հետաքրքրական փաստաթուղթեր, զեկոյցներ, յուշագրութիւններ եւ հաղորդումներ: Բացի այս երեք գլխաւոր արխիւներէն` կան նաեւ շրջանային կազմակերպութիւններու արխիւները: Այս նշուածները այն արխիւներն են, որոնք կը գտնուին Դաշնակցութեան վերահսկողութեան եւ տրամադրութեան տակ:

«Ա.».- Վստահաբար Դաշնակցութեան վերաբերող այլ արխիւներ ալ գոյութիւն ունին այլ վայրերու մէջ:

Խ. Ս.- Անշո՛ւշտ, Դաշնակցութեան պատմութիւնը միայն ՀՅԴ-ի տրամադրութեան տակ գտնուող արխիւներով չի սահմանափակուիր, Դաշնակցութեան պատմութեան վերաբերեալ հսկայական արխիւային փաստաթուղթեր կան այլ արտասահմանեան արխիւներու մէջ: Պէտք է յիշել նաեւ Հայաստանի պետական Ազգային արխիւներուն մէջ պահուող բազմաթիւ փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ անձնական ֆոնտեր, օրինակ` Ռուբէն Տէր Մինասեանի ընտանիքը իր անձնական արխիւը ամբողջութեամբ յանձնած է Հայաստանի Ազգային արխիւին, հոն կը գտնուին շատ հետաքրքրական եւ չլուսաբանուած փաստաթուղթեր, նոթեր, զեկոյցներ եւ նամակներ:

Պաշտօնական Ա. հանրապետութեան պատմութեան արխիւին մէջ, որ ըստ էութեան նաեւ Դաշնակցութեան պատմութիւնն է, շատ հետաքրքրական փաստաթուղթեր կան: Խորհրդային տարիներուն Հայաստանի մէջ կը գործէր կուսակցութիւններու պատմութեան արխիւ, հասարակական քաղաքական կազմակերպութիւններու պատմութեան արխիւ, եւ հոն կայ առանձին Դաշնակցութեան ֆոնտ, որուն մէջ կը գտնուին Դաշնակցութեան վերաբերեալ հետաքրքրական փաստաթուղթեր, որոնց կարեւորագոյն բաժինը տակաւին ուսումնասիրուած եւ լուսաբանուած չէ: Այլ երկիրներէն պէտք է մատնանշել Ռուսիոյ արխիւները. Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան, անվտանգութեան մարմիններու եւ պատմութեան արխիւներուն մէջ կան բազմաթիւ փաստաթուղթեր` դաշնակցական գործիչներուն եւ Դաշնակցութեան գործունէութեան վերաբերեալ: Մոսկուայէն բացի` Ռուսիոյ արխիւներու մէջ Դաշնակցութեան վերաբերեալ հարուստ նիւթեր կան Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ռոստովի պետական արխիւներուն մէջ: Արդարեւ, Ռուսական հետախուզական անվտանգութեան մարմինները հետեւած են Դաշնակցութեան եւ պարբերաբար զեկոյցներ ներկայացուցած են իրենց պետական մարմիններուն: Եղած են նաեւ յարաբերութիւններ հայ-ռուս գործիչներու միջեւ, օրինակ` Յակոբ Զաւրիեւն ու Ռոստոմը բաւական ջերմ յարաբերութիւններ ունէին ռուսական քաղաքական ընտրանիին հետ, անոնց գրութիւններն ու հատորներու սրբագրութիւնները պահուած են ռուսական արխիւներուն մէջ, որոնք սովորաբար մատչելի չեն, յատկապէս եթէ խօսքը կը վերաբերի անվտանգութեան մարմիններու արխիւներուն, բայց կը փորձենք գոնէ մատչելի արխիւներու նիւթերը եւ փաստաթուղթերը հաւաքելով` կրկնօրինակներ ունենալ մեր տրամադրութեան տակ: Վրաստանի արխիւներուն մէջ հսկայական նիւթեր կան, մանաւանդ որ Դաշնակցութիւնը հիմնուած է Թիֆլիսի մէջ, ռուսական պետական արխիւներու մէկ մասը այն ժամանակ կը պահուէր Թիֆլիսի մէջ: Անդրկովկասի անկախութեան շրջանին եղած արխիւները պահուած են Թիֆլիսի մէջ, ուր Դաշնակցութեան պատմութեան վերաբերեալ հետաքրքրական փաստաթուղթեր կան: Անշուշտ մեզի համար անհասանելի, բայց կարեւոր փաստաթուղթեր կ՛ըլլան նաեւ Թուրքիոյ արխիւին մէջ: Դաշնակցութեան պատմութեան վերաբերեալ արխիւներով աղքատ չեն հաւանաբար Իրանի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու արխիւները, եւ մենք պիտի փորձենք ժամանակի ընթացքին բոլոր փաստաթուղթերը մէկ տեղ հաւաքել, որպէսզի հայ ուսումնասիրողներու եւ հայագէտներու համար դառնայ աւելի մատչելի, հասանելի եւ յարմարաւէտ:

«Ա.».- Ինչպէս ըսիք, Դաշնակցութեան արխիւները երեք կեդրոններու մէջ կը գտնուին: Ծրագիր կա՞յ այդ բոլորը մէկտեղելու:

Խ. Ս.- Ծրագիր կայ արխիւները ո՛չ թէ մէկ տեղ հաւաքելու, այլ գոնէ երկու տեղ պատճէններ ունենալու` Պոսթընի եւ Պէյրութի նիւթերու արխիւներու պատճէնը ունենալ Հայաստանի մէջ: Բայց ասիկա բաւական ծախսալից եւ երկար աշխատանք պահանջող գործընթաց է, սակայն որդեգրուած է այս մարտավարութիւնը, եւ աստիճանաբար պէտք է այս փաստաթուղթերը հասանելի դարձնել հետազօտողներուն:

«Ա.».- Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն եւ Ա. հանրապետութենէն ետք սփիւռքի մէջ ալ Դաշնակցութիւնը գործեց եւ իր կոմիտէութիւններն ու կորիզները ունեցաւ. անոնց արխիւներուն մասին ուսումնասիրութիւններ տեղի ունեցա՞ծ են, կա՞ն շօշափելի տուեալներ, թէ՞ իւրաքանչիւր երկիր իր արխիւը պահած է, մանաւանդ որ ասիկա կը խօսի նաեւ գաղութներու կազմաւորման պատմութեան մասին:

Խ. Ս.- Իւրաքանչիւր շրջան ունի իր արխիւը, սակայն դժբախտաբար ընդհանուր առումով այդ արխիւները չեն ուսումնասիրուած, բայց որոշ մասով պահպանուած են` իւրաքանչիւր երկրի դրութեան համաձայն եւ պայմաններէն մեկնած: Այն երկիրը, որ կարելիութիւն ունի արխիւ պահելու եւ չհետապնդուելու, վստահաբար արխիւները պահպանած է, սակայն ուրիշ երկիրներ անվտանգութենէն մեկնելով` փորձած են չպահել եւ արխիւները Պոսթըն փոխադրել, յատկապէս վաղ շրջանի արխիւները տեղափոխուած են Պոսթըն: 20-րդ դարու սկիզբի նիւթերը հիմնականին հաւաքուած են Պոսթընի մէջ:

Հետաքրքրական են 1920 թուականներու արխիւները, որոնք կը խօսին թէ՛ Դաշնակցութեան տեղական կառոյցին եւ թէ՛ սփիւռքի գաղութներու կազմաւորման մասին, դժբախտաբար տակաւին չեն բացուած պէտք եղածին պէս, ասիկա` ոչ միայն Պոսթընի արխիւներու պարագային, այլ նաեւ` տեղական արխիւներու, որպէսզի տեսնենք, թէ ի՛նչ նիւթեր կան, բայց հետաքրքրական նիւթեր վստահաբար կը գտնուին:

«Ա.».- Հայաստանի պետական կառոյցներուն մէջ ալ կա՞ն Դաշնակցութեան ու սփիւռքի վերաբերող արխիւներ, եւ կրցա՞ծ էք ուսումնասիրել:

Խ. Ս.- Հայաստանի արխիւներու պարագային խօսեցանք Ազգային արխիւին մասին, որ հասանելի եւ տրամադրելի է բոլորին: Բայց Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան պատմութեան վերաբերեալ նիւթեր կը գտնուին ազգային անվտանգութեան արխիւներուն մէջ, որոնք առայժմ հասանելի չեն հետազօտողներու համար:

«Ա.».- Ի՞նչ կարեւորութիւն ունի արխիւը ելեկտրոնային նորութիւններով հետաքրքրուած սերունդի մը համար:

Խ. Ս.- Դարը ելեկտրոնային դարձած է, սակայն ելեկտրոնային արխիւներն ալ արխիւ են: Այժմ ջանք ի գործ կը դրուի փաստաթուղթերը պահել ելեկտրոնային տարբերակով, որոնց պահելն ու օգտագործելը շատ դիւրին եւ յարմարաւէտ է: Նաեւ պէտք է քայլերու ձեռնարկել արխիւային փաստաթուղթերը ամբողջութեամբ թուայնացնելու, որովհետեւ արխիւները միքրօֆիլմերու վերածուած են եւ այդ միքրօֆիլմերը ժամանակին, որպէս արհեստագիտական նորութիւն լաւ կը նկատուէին, սակայն ներկայիս պէտք է զանոնք թուայնացնել. այսօր արդէն այդ միքրօֆիլմերն ու փաստաթուղթերը թուայնացնելու խնդիր կայ: Արխիւներու նիւթերը փրկելու առումով միքրօֆիլմերը լաւ միջոց էին` աւելի դիւրին եւ երկար կը պահուին, բացի ներկայիս զանոնք օգտագործելու յարմարաւէտութեան տեսանկիւնէն դիւրութիւն չկայ, անոնք մերօրեայ պայմաններուն չեն համապատասխաներ, չունին օրինակ առցանց սպասարկում եւ այլ առաւելութիւններ, զորս այսօր կ՛ընձեռեն տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները: Մենք պէտք է փորձենք տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու հնարաւորութիւնները օգտագործելով` արխիւներու զարգացումը տանիլ այդ տրամաբանութեան մէջ, եւ համոզուած ենք, որ որոշ ժամանակ յետոյ կարելի է ունենալ ելեկտրոնային պահանջներուն համապատասխանող արխիւ, այդ նպատակով պէտք է քայլերու ձեռնարկել:

«Ա.».- Արդէն իսկ լոյս տեսաւ «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» արխիւային փաստաթուղթերու նոր հատորը, ի՞նչ կարեւոր նիւթեր կան հոն:

Խ. Ս.- Դաշնակցութեան Բիւրոյի որոշումով երկար ժամանակով հրատարակուած են Դաշնակցութեան պատմութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերը եւ հասած է 13-րդ հատորը, որ լոյս տեսաւ օրեր առաջ եւ յաջորդ` 14-րդ հատորը պիտի նուիրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան: Ա. հանրապետութեան վերաբերեալ բազմաթիւ փաստաթուղթեր կան, եւ հատորին մէջ պէտք է ներառել ոչ միայն հանրապետութեան վերաբերող, այլ նաեւ այդ տարիներուն Դաշնակցութեան գործունէութեան վերաբերեալ տուեալներ, այսինքն կ՛ենթադրեմ նաեւ հոն տեղ պիտի գտնեն նաեւ փաստաթուղթեր սփիւռքի մէջ գործող դաշնակցական կառոյցներուն եւ գործունէութեան վերաբերեալ:

Արխիւային փաստաթուղթերու վերհանումը շատ կարեւոր է պատմութեան վերհանման, պատմութիւնը ընթերցողներուն աւելի առարկայական ներկայացնելու, Դաշնակցութեան պատմութիւնը, կատարած դերը արժեւորելը աւելի եւս հիմնաւորելու տեսանկիւնէն: Կը կարծեմ, թէ նոր արխիւային փաստաթուղթեր հանրութեան ներկայացնելով` մենք աւելի կը յաջողինք Դաշնակցութեան պատմութիւնը` մեր ժողովուրդի պատմութիւնը, որ գրեթէ ազատագրական շարժման պայքարի տարիներու 19-րդ դարու վերջը, 20-րդ դարի առաջին քառորդին կը նոյնանայ, ըստ էութեան դնելու մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ` լոյսին բերելով մեր ժողովուրդի պատմութեան տակաւին չբացայայտուած էջեր:

«Ա.».- Ծրագիր կամ նպատակ կա՞յ արխիւներու համալրում կատարելու: Ինչ որ ազգային արխիւին մէջ կայ, սակայն Պոսթընի, Երեւանի ու Լիբանանի մեր արխիւներուն մէջ չկայ, կրկնօրինակ մը կարելի՞ է ձեռք բերել, թէ՞ պէտք է երթալ ու հոն ուսումնասիրել, այսինքն գործակցութեան առիթներ ստեղծելու կարելիութիւններ կա՞ն:

Խ. Ս.- Անշո՛ւշտ, պէտք է պայմաններ ստեղծել եւ այդ ուղղութեամբ մտածել, պատճէններ փոխանակել, որպէսզի հետազօտողներուն համար աւելի մեծ հնարաւորութիւններ ստեղծուին:

Միւս կարեւոր աղբիւրը, Դաշնակցութեան արխիւներու առումով, թերթերն են: Դաշնակցութեան մամուլի պատմութիւնը շատ հարուստ ու ծաւալուն է, աշխարհասփիւռ կառոյց ունեցած է, նոյնքան` աշխարհասփիւռ մամուլ, որ պէտք է կորուստի մատնուելէ փրկել, հաւաքել եւ թուայնացնել, որովհետեւ բազմաթիւ տեղեկութիւններ կը պահպանուին մանաւանդ մամուլի էջերուն մէջ:

Եթէ Դաշնակցութեան արխիւին մասին կը խօսինք, արխիւի բաղկացուցիչ անբաժան մասնիկը պէտք է նկատել մամուլը: «Ազդակ»-ի պարագային, բաւական յաջող ընթացք ունեցած է, որովհետեւ ամբողջ հարիւր տարուան հրատարակութիւնները փաստօրէն թուայնացած են, բացի ատկէ` «Ազդակ»-ը քանի մը այլ թերթերու թուայնացումը իրականացուցած է: Ասիկա պէտք է կատարուի լոյս տեսած դաշնակցական բոլոր թերթերու պարագային` Դաշնակցութեան արխիւի ամբողջական համալրում ունենալու համար:

«Ա.».- Թերթերու ուսումնասիրութիւնը անհրաժեշտութի՞ւն է ընդհանրապէս պատմաբաններուն համար:

Խ. Ս.- Պատմութիւնը լիուլի սերտելու առումով թերթերուն վերաբերեալ երկու աշխատանք պէտք է տանիլ` թերթերը հաւաքել եւ նիւթերը ուսումնասիրել: Երիտասարդներ եւս պէտք է շահագրգռել այս աշխատանքին մէջ, սակայն դժբախտաբար այսօր տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացման փուլին մէջ պատմաբանութիւնը չի գրաւեր երիտասարդները, որովհետեւ անոնք կը ձգտին նիւթականի, գործնական կեանքի, սակայն, ամէն պարագայի, կը գտնուին երիտասարդներ, որոնք հրապուրուած են հայոց պատմութեան բացայայտմամբ եւ նուիրուած են այս աշխատանքին: Մեր կողմէ եւս պէտք է քայլերու նախաձեռնուի, որպէսզի երիտասարդ պատմաբանը իր մասնագիտութեամբ աշխատելով կարենայ նաեւ իր ապրուստը հոգալ:


Հարցազրոյցը վարեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Տիգրանաշէնը՝ անունից այն կ

Ի՞նչ է Տիգրանաշէնը։ Արդեօ՞ք դա միայն սովորական տեղանուն է։ Կան անուններ, որ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company