ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Հայաստան. Ներիշխանական Եւ Ներքաղաքական Ճգնաժամ

07 Մայիս 2020 Հակառակ տակաւին «Քորոնա» ժահրի առողջապահական սպառնալիքի առկայութեան, վարակման եւ նոր մահերու արձանագրութեան փաստին, որմէ դժբախատաբար անմասն չի մնար նաեւ Հայաստանը, սակայն որոշ երկիրներ յատուկ ռազմավարութեամբ եւ պատշաճ գործիքակազմով կը պատրաստուին հետզհետէ մեղմացնել հաստատուած արտակարգ դրութեան եւ սահմանափակումներու կարգը եւ հանգրուանային ձեւով վերադառնալ` «կը յուսանք», դէպի բնականոն կեանք, գործ, դպրոց, շուկայ եւ այլն…

Բայց եւ այնպէս, ամէնուրեք անվիճելիօրէն առկայ է համատարած անորոշութիւն, որովհետեւ փաստօրէն կը խօսինք նոր տեսակի աշխարհի եւ կեանքի մասին, ուստի անորոշութեան եւ անապահովութեան զգացում, «Քորոնա» ժահրի տարածման հետեւանքներուն բերումով խորացած թշուառութիւն, աղքատութիւն, գործազրկութիւն, ընկերային անարդարութիւն ու ընկերային բարդ խնդիրներ, եւ վերջապէս՝ տնտեսական համակարգերու փլուզում:

Ի դէպ, Հայաստանի եւ Արցախի պարագային վերոնշեալ խնդիրներու առկայութեան փաստին զուգահեռ պէտք է առաւել արձանագրել հետեւեալ սպառնալիքները` երկրի անկայունութիւն, անվտանգութիւն եւ պատերազմի սպառնալիք:

Այդ իսկ պատճառով կ՛ակնկալուէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչակազմը, գէթ «Քորոնա» ժահրին ստեղծած եւ պատճառած մարդկային կորուստներուն եւ ընկերային-տնտեսական մակարդակի վրայ գործած աւերին ի տես, ճիգ չխնայեր ստեղծելու անհրաժեշտ բոլոր ենթակայական եւ առարկայական պայմանները՝ ապահովելու համար ներազգային համախմբուածութիւն, հասարակութեան համերաշխութիւն, քաղաքական եւ հասարակական բոլոր ուժերու միասնականութեան եւ երկրի ամբողջ ներուժի հաւաքագրում, ի խնդիր մէկ կողմէ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած եւ պատճառած աննախընթաց խնդիրներու հարթման, իսկ միւս կողմէ` յետքորոնա ժամանակներուն յայտնուելիք կենցաղային եւ ընկերային-տնտեսական բարդութիւներու դիմակայման:

Իրապէս կ՛ակնկալուէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչակազմը առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական հաւաքական սպառնալիքի այս փուլին մէկ կողմ դնէր հատուածական նեղ հաշիւները, վրէժխնդրական եւ ամբոխավարական մօտեցումները, վերջ դնէր կործանարար ներքաղաքական բանավէճերուն, ցեխարձակումներուն, եկեղեցւոյ դէմ արշաւին, դատաիրաւական համակարգին վերաբերող վէճերուն, հասարակութիւնը պառակտող կեցուածքներուն եւ ելոյթներուն…

Կ՛ակնկալուէր, որ վարչապետ Փաշինեանի յաճախակի լայվերը աւելի պատշաճ, մատչելի, առարկայական եւ գործնական ըլլային, քան զգայացունց, յարափոփոխ եւ յաճախ հակասական: Մէկ խօսքով՝ տեսակ մը քաղաքական զինադադար յայտարարուէր, եւ ազգովին պայքարէինք «Քորոնա» ժահրին դէմ: Որովհետեւ այդ իմաստով կ՛ենթադրենք, որ ըսուելիք շատ բան կայ արտակարգ դրութեան կարգի պահպանման, սահմանափակումներու քաղաքականութեան, հակաճգնաժամային ծրագիրի բաղադրիչներու իրականացման եւ պետական օժանդակութիւններու մասին. մէկ կողմէ առկայ է անմխիթար խաւի համայնքային ծախսերու (ջուր, ելեկտրականութիւն եւ այլն) վճարման գծով ստեղծուած անհեթեթ աղմուկը, իսկ միւս կողմէ՝ ճգնաժամային այս օրերուն անարդարութեան արգասիքը հանդիսացող եւ շարունակուող պետական պարգեւավճարումները, որոնք առ այսօր կը գերազանցեն 185 միլիոն ամ. տոլարը , եւ ընդհանրապէս «Քորոնա» ժահրի երեւոյթին դէմ իշխանութիւններու նախնական շրջանի անլուրջ ընդհանուր պահուածքը:

Հաւաքական սպառնալիքի այս փուլին Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչակազմէն իրողապէս կ՛ակնկալուէր, որ վերատեսութեան ենթարկէր նախորդ երկու տարիները յատկանշող՝ երկիրը առանձին ղեկավարելու ոճը, եղանակը, տղայական բառապաշարը, ատելութեան, այլամերժութեան, կողմնակալութեան ու ամբոխավարական քաղաքականութեան վարքագիծը եւ համագործակցութեան ձեռք երկարէր բոլորին անխտիր:

Ի դէպ, պէտք է ընդգծել որ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը` «Քորոնա» ժահրի սպառնալիքի յայտնութեան առաջին իսկ փուլին, ընկալելով տուեալ օրակարգի լրջութիւնը եւ ունենալիք ծանրակշիռ ենթակայական ու առարկայական հետեւանքները, 50 կէտերէ բաղկացած թղթածրար մը ներկայացուց իշխանութիւններուն, սակայն, ինչպէս միշտ, այս առաջարկները Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ «ամենագէտ» վարչակազմին կողմէ անարձագանգ մնացին:

Անվիճելի իրողութիւն է, որ աշխարհով մէկ կ՛ապրինք արտահերթ միջպետական նոր յարաբերութիւններու, առողջապահական, ընկերային-տնտեսական եւ քաղաքական պայմաններու մէջ, իսկ ազգովին կ՛ապրինք արտակարգ առողջապահական, ընկերային-տնտեսական, քաղաքական ճգնաժամ, առաւել` ներազգային, դատաիրաւական, ռազմաքաղաքական, անվտանգութեան, Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ հետ փոխյարաբերութեան լուրջ տագնապ եւ արցախեան բանակցութեանց ընդհանուր խնդիրներու անապահով փուլ մը, ուր օր առաջ անվիճելի անհրաժեշտութիւն է տուեալ օրակարգերուն շուրջ ներկայ իշխանութիւններու ռազմավարութեան մօտեցումներու ըստ էութեան հրապարակայնացումը:

Այս դիտարկումները կամ արձանագրութիւնները ինքնանպատակ չենք կատարեր՝ ներկայ իշխանութեանց հասցէին քաղաքական կէտ արձանագրելու համար:

Սոյն դիտարկումները չենք կատարեր` ներկայ իշխանութիւնները հեղինակազրկելու, վարկաբեկելու կամ անոնց ժողովրդականութեան հարուած հասցնելու համար:

Մենք այդ արհեստագիտութեամբ չենք զբաղիր: Մենք ընկերային ցանցերու վրայ ‎ֆ‎էյքերու բանակներ չունինք, որպէսզի անոնց միջոցով ապատեղեկատուութեամբ եւ ձեռնածութեամբ զբաղինք: Առանց այդ ալ, ներկայ իշխանութիւնները այսուհետեւ իրենց հեղինակութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն վստահութիւնը վայելելու համար պէտք ունին առերեսուելու հանրութեան հետ եւ յստակացումներ կատարելու:

Յստակացումներ կատարել առնուազն վերջին քանի մը շաբաթներու իրադարձութիւններուն եւ ընդհանրապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական եւ ներիշխանական զարգացումներուն կապակցաբար, սկսած` Գաւառի մէջ ապահովական խախտումէն, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանի փողոցային ծեծուըռտուքէն, մինչեւ պետական բարձր պաշտօնեաներու միջեւ քրէական գործով փոխադարձ ամբաստանութիւններու, նեղ իշխանական խումբերու միջեւ անհեթեթ մրցակցութիւններու, քաղաքական նոյն խումբի անդամներուն միջեւ ակնյայտ անհամաձայնութիւններու եւ Փաշինեանի եւ Ավինեանի միջեւ առնուազն լարուածութեան մասին լուրերը, նոյնիսկ եթէ վերջինիս կողմէ հերքուեցաւ հրաժարականի տարածուած լուրը:

Յստակացումներ կատարել նաեւ որոշ նախարարներու, տնօրէններու եւ օգնականներու գործէ արձակումի ու նորերու նշանակման մասին. այս իմաստով ամէնէն բարացուցականը կամ ուշագրաւը վերջերս Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ տիրող իրավիճակն է վերջին նշանակումներու լոյսին տակ։ Եւ վերջապէս՝ ամէնէն էականն ու ճակատագրականը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի՝ արցախեան բանակցութիւններու «փուլային» տարբերակին վերաբերեալ տխրահռչակ յայտարարութեան առիթով ի յայտ եկած՝ Փաշինեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի յայտարարութիւններուն եւ մօտեցումներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անջրպետին մասին, գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ, երբ 4 մայիսին Ազգային ժողովին մէջ Մնացականեան` ի տարբերութիւն Փաշինեանի պնդումներուն, իր խօսքին մէջ չբացառեց Արցախի խնդիրի լուծման փուլային տարբերակի մասնակի պայմաններու առկայութիւնը եւ փաստօրէն հաստատեց, որ տեղի ունեցածը, դարձեալ ի տարբերութիւն Փաշինեանի պնդումներուն, բանակցութիւն է: Բառացիօրէն մէջբերենք պրն. Մնացականեանի խօսքերը. «Ես հակուած եմ այս ամէնը կոչել բանակցութիւն»:

Արդարեւ, հակասութիւններ, անորոշութիւններ, մշուշոտ արտաքին քաղաքականութիւն եւ ներպալատական կռիւներ, որոնք ըստ էութեան չեն նպաստեր, այլ` ուղիղ կը հարուածեն արցախեան բանակցութիւններու հոլովոյթին, պետականաշինութեան, կայունութեան եւ հայկական զոյգ հանրապետութեանց անվտանգութեան:

Սոյն դիտարկումները չենք կատարեր, որպէսզի ներքաղաքական մթնոլորտ կամ քաղաքական իրավիճակներ ստեղծենք, մենք մեզի ատոր իրաւունքը չենք տար մանաւանդ այսօր, երբ առկայ են «Քորոնա» ժահրի սպառնալիքը, արտաքին ճնշումները եւ պատերազմի սպառնալիքը:

Սոյն դիտարկումները կը կատարենք անգամ մը եւս յուշելու Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններուն, որ այս ոճով երկիրը ղեկավարելը ճակատագրական սխալ է: Այսպէս չի կրնար շարունակուիլ:

Սոյն դիտարկումները կը կատարենք ըսելու համար, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները պէտք է դադրին վհուկներու որսէն, պէտք է դադրին «նախկինները» կամ «հիները» հրէշի կերպարին մէջ ներկայացնելու ամբոխավարական քաղաքականութենէն, պէտք է դադրին տեւաբար անցեալով արդարացնելու այսօրուան բացթողումները, սխալները եւ անկարողութիւնները` պետական գործը գլուխ հանելու առումով, պէտք է դադրին անցեալին մէջ երկիրը պահելու, ապրեցնելու եւ անցեալի հոգեկերտուածքով հայրենիքը ղեկավարելու վարքագիծը:

Արդարեւ, պէտք է դադրին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու՝ Արցախի Հանրապետութեան հարցի լուծման գծով ներքին թէ արտաքին հարթակներու վրայ յարափոփոխ, հակասական կեցուածքները եւ յայտարարութիւնները, մանաւանդ` Փաշինեանի վերելակային, խուսափողական եւ այլ տեսակի բանակցային յղացքներու մօտեցումները, որոնք, ըստ էութեան, յանգեցուցին Լաւրովի կողմէ բանակցութիւններու փուլային տարբերակի մասին յայտարարութեան, որ կտրուկ կերպով չհերքուեցաւ Հայաստանի բարձրագոյն իշխանութիւններուն կողմէ՝ վերադարձնելով արցախեան բանակցութիւնները եւ հայկական կողմը 1995-1996 թուականներու անբարենպաստ միջազգային պայմաններու սպառնալիքի հետեւանքներուն, վերյիշեցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական իրավիճակը, երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութիւններու պարտուողական եւ մշուշոտ արտաքին քաղաքականութեան բերումով, Հայաստանը եւ Արցախը Լիզպոնի վեհաժողովին միջազգային ինքնամեկուսացման կացութեան մատնեցին:

Այդ իսկ պատճառով, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը տուեալ մարտահրաւէրներուն եւ հարցադրումներուն կապակցաբար պարտաւոր է սպառիչ եւ գործնական պատասխաններով հանդէս գալ եւ, ոչ թէ հերթական անգամ քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ դատաիրաւական կարգախօսներով իրականութիւնները խեղաթիւրելով եւ աղաւաղելով ամբոխավարական ճառեր արտասանել, ինչպիսին է անոր խօսքը Ազգային Ժողովի 6 մայիսի վերջին նիստին, ուր անոր կողմէ բոլորովին անտեղի եւ անբացատրելի կիրքով ակնարկուեցաւ օրուան հրատապ հրամայականներէն դուրս Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական կայուն երկիր ըլլալու փաստին եւ որ ոչ ոք ի վիճակի է խաթարել այդ իրականութիւնը: Կարծես թէ Հայաստանի կայուն ժողովրդավար երկիր ըլլալու փաստը հաստատումի կը կարօտէր այսօր: Դարձեալ անյաջող ճիգ` քաղաքացիները յուզող հիմնախնդիրներէն խուսափողական վերաբերում…

Արդարեւ, քաղաքացիներուն կողմէ, ըստ էութեան անկիւնադարձային եւ ճգնաժամային այս օրերուն, իբրեւ երկրի թիւ մէկ պատասխանատու վարչապետ Փաշինեանէն կ՛ակնկալուէր որոշ յստակացումներ կատարել, թէ ինչպիսի՛ն եւ իրենց պատկերացումները կամ ճամբու քարտէսը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած լրջագոյն մարտահրաւէրները դիմակայելու առնչութեամբ: Ինչ կը վերաբերի երկրի ճակատագիրին եւ ապագային, արցախեան բանակցութիւններուն, ընկերային եւ տնտեսական ճգնաժամին, «Քորոնա» ժահրի առողջապահական սպառնալիքին, պետական գործիքակազմի արդիւնաւէտութեան, հայ-ռուսական ըստ էութեան չափազանց վնասուած յարաբերութիւններուն եւ բազմաթիւ այլ հարցերու, որոնք միանշանակ կը կարօտին Փաշինեանի յստակացումներուն:

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

7 մայիս 2020
aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company