ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Դրօշակ

Ամերիկեան դիւանագիտութեան վերաշխուժացումն ու Արցախի հարցին մէջ դերակատարութեան վերականգնումը

02 Մարտ 2021


Վահրամ Էմմիեան

27 սեպտեմբեր 2020ին շղթայազերծուած թուրք-ատրպեճանական յարձակումն ու ատոր ուղղակի հետեւանքը եղող Հայաստանի վարչապետին, Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի նախագահներուն` 9 նոյեմբերին ստորագրած եռակողմ յայտարարութիւնը ծանր հարուած էին ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ձեւաչափին ու անոր հեղինակութեան։ Իրողութիւն մը, որ կարելի դարձաւ Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան անդամներէն Միացեալ Նահանգներու` իրենց ներքին լուրջ խնդիրներով՝ նախագահական ընտրութեան ու ներքաղաքական լարուած մթնոլորտով զբաղած ըլլալնուն հետեւանքով ստեղծուած բացին պատճառով։

Այժմ կացութիւնը փոխուած է. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Անթընի Պլինքըն 27 յունուարին յայտարարեց. «Ամերիկեան դիւանագիտութիւնը պիտի վերաշխուժացնենք` ամրապնդելու համար աշխարհի վրայ մեր շահերն ու արժէքները»։ Պայտըն իր կարգին 4 փետրուարին` արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ իր առաջին ճառին ընթացքին, յայտարարեց. «Ամերիկան կը վերադառնայ արտաքին քաղաքականութեան կեդրոն»։ Այս ծիրին մէջ Հայաստանն ու հայութիւնը առաւելաբար հետաքրքրող հարցը կը վերաբերի այդ «վերադարձ»ին, Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն ու վերջինիս` Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութեան վրայ ունենալիք հաւանական ազդեցութեան: Պայտըն իր երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իր 4 փետրուարի ճառին ընթացքին խոստացաւ վերականգնել դաշնակիցներու հետ յարաբերութիւնները. Թուրքիան այդ դաշնակիցներէն մէկն է։ Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու բարելաւումը ժխտական կերպով պիտի ազդէ ռուս-թրքական մերձեցման վրայ, պիտի խանգարէ, արգելակէ կամ առնուազն սանձէ զայն, իսկ ՆԱԹՕի անդամ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացումն ու լարուածութիւնը կը խթանէ այդ մերձեցումը, այսինքն` Հայաստանի եւ հայութեան ռազմավարական գլխաւոր դաշնակիցին ու թշնամիին միջեւ սիրաբանութեան ամրապնդումը, որ, պատմական նախադէպեր յիշեցնելով, բնականաբար չի կրնար չմտահոգել մեզ։

Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններուն մէջ կան լուրջ խնդիրներ։ Իրողութիւն մը, որ Պլինքընը մղեց իր` Ծերակոյտին մէջ իր թեկնածութեան հաստատման յատկացուած ունկնդրութեան նիստին ընթացքին հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամի` Անգարայի կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման մասին հարցումին պատասխանին մէջ ըսելու. «Մեր երկիրի այսպէս կոչուած ռազմավարական գործընկերը իրականութեան մէջ կանգնած է Ռուսիոյ` մեր ռազմավարական մեծագոյն մրցակիցներէն մէկուն կողքին. ատիկա անընդունելի է»: Միւս կողմէ` Պայտընի` «Էրտողանը պէտք է տապալել» նախընտրական յայտարարութեան կողքին նշանակալից էր քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ստեղծման մէջ անմիջական մասնակցութիւն ունեցած, Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն աջակցող Պրեթ Մաքկըրքի` Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի համակարգողի պաշտօնին նշանակումը, որ, բնականաբար, անմիջապէս թրքական կողմին դժգոհութիւնը յառաջացուց։ Աւելին` ամերիկեան «Փոլիթիքօ» թերթը հաղորդեց, որ նախագահ Պայտընի ու իր Ազգային անվտանգութեան խումբին կարծիքով` Միացեալ Նահանգներուն առջեւ ծառացած անվտանգութեան մեծագոյն մարտահրաւէրները Չինաստանի եւ Ռուսիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու մրցակցութենէն պիտի բխին, ուստի եւ ներուժն ու կարելիութիւնները կը վերադասաւորուին, եւ այդ ծիրին մէջ Միջին Արեւելքի թղթածրարը պիտի յանձնուի Մաքկըրքի եւ անոր օգնական Պարպարա Լիւի։

Երկու երկիրներուն միջեւ «Էս-400»ի եւ Հիւսիսային Սուրիոյ հարցերուն կողքին գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ խնդիրներ, ինչպէս` Թուրքիոյ կողմէ Յունաստանի եւ Կիպրոսի դէմ քայլերը, Լիպիոյ հարցն ու Իսրայէլի հետ անոր լարուած յարաբերութիւնները: «Հարցն այն է, որ Թուրքիան բազմաթիւ առումներով դաշնակից է, սակայն չի գործեր այնպէս, ինչպէս դաշնակիցը պէտք է գործէ:

Եւ ասիկա շատ-շատ կարեւոր մարտահրաւէր է մեզի համար: Եւ մենք այդ հարցին մէջ շատ յստակ դիրքորոշում ունինք»,- վերոնշեալ ունկնդրութեան ընթացքին հաւաստեց Պլինքըն, այլ խօսքով` թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վիճակը կախեալ պիտի ըլլայ այդ հարցերու լուծումէն եւ ընդհանրապէս Անգարայի վարուելակերպի փոփոխութենէն:

Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ վերջերս ստեղծուեցաւ յաւելեալ հարց մը. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 29 յունուարին իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամէտ Ճաւատ Զարիֆի հետ Պոլսոյ մէջ հանդիպումէն ետք, խօսելով արցախեան կացութեան մասին, յայտարարեց. «Մենք պէտք է խթանենք զինադադարի դրութիւնը: Այսպիսով` մենք կը նախատեսենք այս ուղղութեամբ համագործակցիլ «3+3» (Ռուսիա, Իրան եւ Թուրքիա+Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան) ձեւաչափով»: Խօսքը «Վեցեակի հարթակ»ի մասին է, որուն հաւանական ստեղծման մասին 10 դեկտեմբեր 2020ին Պաքուի մէջ թրքական ուժերու մասնակցութեամբ զինուորական շքերթէն ետք` մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, յայտարարած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Մենք մեզ կը գտնենք երկու հակադիր ու իրերամերժ ուղղութիւններու` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ձեւաչափը վերաշխուժացնելու ամերիկեան-ֆրանսական ջանքերուն եւ Արցախի հարցը մէկ այլ ձեւաչափով լուծելու թուրք-իրանեան ջանքերուն դէմ յանդիման: Փաստօրէն, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ձեւաչափէն տասնամեակներով դուրս մնացած Անգարան եւ Թեհրանը միասնաբար ջանք կը թափեն նոր ձեւաչափի մը ստեղծմամբ Ուաշինկթընն ու Փարիզը դուրս մղել ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման հոլովոյթէն: Անոնք այդ փորձը կը կատարեն` քաջալերուած 9 նոյեմբերին ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ձեւաչափէն դուրս գոյացած Ռուսիա-Հայաստան-Ատրպէյճան եռակողմ յայտարարութեան նախադէպէն:

Ուշագրաւ է, որ թրքական «3+3» տարբերակին ողնասիւնը ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ երկիրներ Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանն են, իրողութիւն մը, որ կու գայ այդ երկիրներուն հետ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ խնդիրներու դիմակայման նախապատրաստուող ամերիկեան վարչակազմին մօտ` աւելի եւս շեշտելու թրքական «3+3» ձեւաչափին հակաամերիկեան բնոյթը, ինչպէս նաեւ յստակեցնելու, թէ Պլինքըն ծերակուտական Մարէի հարցումին գրաւոր պատասխանին մէջ ո՛ր երկիրներուն կ’ակնարկէր, երբ կ’ըսէր, որ Միացեալ Նահանգներու` Մինսքի խմբակի ձեւաչափով ներգրաւուածութեան աշխուժացումն ու դիւանագիտական լրացուցիչ աշխատանքը «երրորդ կողմերու հետագայ միջամտութիւնը կանխարգիլելու համար» են (այդ «երրորդ կողմեր»ը Թուրքիան եւ Իրանն են):
Ուշագրաւ է նաեւ այն իրողութիւնը, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած Մինսքի խմբակի ձեւաչափին, 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան ձեւաչափին ու նոր կազմուելիք «վեցեակ»ին հասարակ յայտարարը Ռուսիան է, որուն արտաքին գործոց նախարարը 18 յունուարին` մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, յայտարարեց, որ Արցախի վերջնական կարգավիճակին շուրջ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տարակարծութիւններ կան, եւ այդ պատճառով ալ երեք երկիրներուն` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները որոշած են այդ հարցը հետագային լուծել: Ան, ուշադրութեան արժանի նշում մը կատարելով, աւելցուց, որ այդ հարցով պէտք է զբաղին նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները, ինչ որ կը վկայէ այդ ձեւաչափին գոյութեան նկատմամբ ռուսական հանդուրժողականութեան մասին:

Երեք ձեւաչափերուն անդամակցութիւնը Մոսկուային կը շնորհէ անոնց ճակատագիրը ճշդելու կարողութիւն, դիւանագիտական ճկունութիւն ու ընտրանքներու բազմազանութիւն: Ռուսիոյ նախընտրածը, բնականաբար, «9 նոյեմբեր»ի ձեւաչափն է, ուր ան մենակատար է: Մոսկուան ակամայ կը հանդուրժէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ձեւաչափը` նկատի ունենալով վերջինիս` միջազգային լիազօրութեան տէր ըլլալու իրողութիւնը, սակայն մինչեւ օրս հրապարակաւ արտայայտուած չէ թրքական ձեւաչափին մասին. ան կա՛մ պիտի մերժէ զայն, կա՛մ ալ զայն օգտագործէ իբրեւ լծակ` Մինսքի խմբակի ձեւաչափը հակակշռելու, եւ գոյացումը արտօնէ գործնական նկատառումներով` հարկ ըլլալու պարագային մետասաներորդ պահուն ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններու մէջ թրքական ձեւաչափը իբրեւ մանրուք օգտագործելու եւ փոխզիջումի մը ծիրին մէջ անկէ հրաժարելու համար:

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ հետ յարաբերութեան, ապա Պաղ պատերազմեան փորձառութեան տէր Պայտընի հակառուս կեցուածքները եւ Ուքրանիոյ մէջ գունաւոր յեղաշրջումին աջակցած Վիքթորիա Նիւլընտի` արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալի պաշտօնին նշանակումը, ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի հարցով ամերիկեան դիրքորոշումը կու գան ուրուագծելու իր «ռազմավարական մեծագոյն մրցակիցներէն» Մոսկուայի հետ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններուն ոչ դրական հեռանկարը: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ի զուր չէր, որ դեկտեմբեր 2020ի վերջաւորութեան յայտնեց, թէ Քրեմլինը Պայտընի` իշխանութեան հասնելէն ետք ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ «դրական ոչինչ» կը նախատեսէ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով իր կարգին «Ինթերֆաքս»ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ ռուսական կողմը ամերիկեան նոր վարչակազմէն որեւէ լաւ բան չի սպասեր, որովհետեւ Պայտընն ու անոր խմբակը «իրենց ասպարէզը հիմնած են ռուսոֆոպիայի վրայ»` նախատեսելով, որ յարաբերութիւնները «վատէն աւելի վատ» պիտի ուղղուին:

Պլինքընի նշած «ամերիկեան դիւանագիտութիւնը վերաշխուժացնելու» ծիրին մէջ նշանակալից էր 24 յունուարին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որուն Պայտըն ձեռնարկած էր, որպէսզի, ինչպէս Սպիտակ տունը նշեց, «արտայայտէ մեր հնագոյն դաշնակիցին հետ երկկողմանի կապերը ամրապնդելու ցանկութիւնը»։ Երկու ղեկավարները համաձայնեցան սերտ գործակցութեան անհրաժեշտութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ միասնաբար աշխատելու արտաքին քաղաքականութեան հասարակաց առաջնահերթութիւններու, որոնց շարքին` Ռուսիոյ եւ Միջին Արեւելքի շուրջ:

Մաքրոն դարձաւ Եւրոպական միութեան անդամ առաջին պետութեան նախագահը, որուն հետ Պայտըն Սպիտակ տուն մուտք գործելէ ետք հաղորդակցութիւն ունեցաւ: Էլիզէի պալատը նշեց, որ այդ իրողութիւնը «երկու նախագահներուն միջեւ սերտ գործակցութեան փափաքի ցուցանիշ է»:

Երեք օր ետք` չորեքշաբթի` 27 յունուարին, երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն` Անթընի Պլինքընի եւ Ժան-Իվ լը Տրիանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը արտայայտեց «Ֆրանսայի` մեր հնագոյն դաշնակիցին ու այլ գործընկերներուն հետ» աշխատելու իր երկրին փափաքը։ Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու դիւանագիտութեան պետը, Ֆրանսան «մեր հնագոյն դաշնակիցը» կոչելով, կը վերյիշեցնէին Մեծն Բրիտանիայէն Միացեալ Նահանգներու անկախութեան պատերազմին (19 ապրիլ 1775էն 3 սեպտեմբեր 1783) մէջ Ֆրանսայի ունեցած մեծ ներդրումը` շեշտելու համար Փարիզի հետ սերտօրէն գործակցելու իրենց փափաքն ու ատոր անկեղծութիւնը։

Այսպիսով` ուրուագծուեցաւ Ուաշինկթըն-Փարիզ գործակցութիւն մը, որ, բնականաբար, այլ հարցերու կողքին իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ նաեւ Արցախի պարագային։ Ռուսիոյ հետ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի եռակողմ համանախագահութեան անդամ այս երկու երկիրները 9 նոյեմբերին դուրս մնացին ղարաբաղեան հիմնահարցին առնչուած, ռուսական ինքնագլուխ միջնորդութեամբ ձեռք բերուած յայտարարութեան մը շուրջ համաձայնութենէն: Մոսկուան բաւարարուեցաւ Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան իր գործընկերները կատարուած իրողութենէն տեղեակ պահելով, իրողութիւն մը, որ, բնականաբար, դժգոհ կը ձգէ իրենց արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթ խնդիրներէն եղող Ռուսիոյ հարցով սերտ գործակցութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած Ուաշինկթընն ու Փարիզը եւ զանոնք պիտի մղէ «սրբագրելու» ստեղծուած «անախորժ կացութիւնը»:

Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Սալիվըն 29 յունուարին յստակ դարձուց, որ իր երկրին նպատակը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ձեւաչափի լիարժէք վերականգնումն է, երբ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները կը համագործակցի Ռուսիոյ կառավարութեան եւ այս պարագային նաեւ Ֆրանսայի կառավարութեան հետ` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ, եւ մենք կʼուզենք շարունակել այս հարցերուն շուրջ մեր համագործակցութիւնը»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետ Պլինքըն մէկ օր ետք սկսաւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք` գործնական վկայութիւնը տալով իր երկրին «Մինսքի խմբակի ձեւաչափով ներգրաւուածութեան աշխուժացման եւ դիւանագիտական լրացուցիչ աշխատանք»ի նկատմամբ վճռակամութեան: Ան 29 յունուարին զրուցեց Շուէտի արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ գործող նախագահ Ան Լիտէի հետ` այլ հարցերու կողքին քննարկելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկարատեւ ու կայուն քաղաքական լուծման հասնելու նպատակով ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքները յառաջ մղելու ջանքերը: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ իր երկիրը կʼաջակցի ԵԱՀԿի մէջ Շուէտի նախագահութեան եւ անոր կեդրոնացումը ԵԱՀԿի` տարածաշրջանին մէջ ձգձգուող հակամարտութիւններուն մէջ յառաջընթացի արձանագրման:

Արցախի հիմնահարցի լուծման մէջ ամերիկեան դերակատարութեան վերականգնումով այդ հարցին մէջ 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութենէն առաջ գոյութիւն ունեցած հաւասարակշռութիւնը առնուազն մասամբ պիտի վերականգնի։ Ուաշինկթըն Փարիզի եւ անոր ետին կանգնող Եւրոպական միութեան օժանդակութեամբ պիտի փորձէ վերջ տալ կամ առնուազն հակակշռելով սանձել ռուսական «մենակատարութիւն»ը, ինչպէս նաեւ կրնայ սանձել թրքական յարձակողականութիւնը։

Միացեալ Նահանգներ կʼուզէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ձեւաչափի վերականգնումը, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, թէ կʼուզէ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը։ Ատրպեճանական «Մինվալ» կայքը 27 յունուարին հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ըրլ Լիցընպըրկըր երկրի տնտեսութեան նախարար Միխայիլ Ճապարովի հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծած է, որ ամերիկեան ընկերութիւնները պատրաստ են մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած (այսինքն` բռնագրաւուած) տարածքներու վերականգնման գործընթացին: Դեսպանին համաձայն` ամերիկեան ընկերութիւնները հետաքրքրուած են ջրային պաշարներու կառավարման, ճանապարհային եւ այլ ենթակառոյցներու ստեղծման հարցերով: Այլ խօսքով` թէեւ Մինսքի խմբակը կը գործէր Արցախեան առաջին պատերազմէն ետք ստեղծուած` հայկական կողմին նպաստաւոր սթաթուս քուոյի պայմաններուն մէջ, Ուաշինկթըն, 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ ստեղծուած իրողութեան լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ իր տնտեսական շահերէն մղուած, պիտի նախընտրէ Մինսքի խմբակի աշխատանքը վերականգնել հայկական կողմին ոչ նպաստաւոր սթաթուս քուօ անթէ պելլումի` յետպատերազմեան սթաթուս քուոյի առարկայական պայմաններուն մէջ։

Ինչ կը վերաբերի Արցախի կարգավիճակի շուրջ բանակցութիւններուն, ապա ամերիկեան վարչակազմը այդ հարցի վերաբերեալ իր դիրքորոշումը մինչեւ այս պահս հրապարակած չէ, սակայն կարելի է նախատեսել, որ ատիկա մնայ անփոփոխ եւ Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի` բանակցութիւնները ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ վերսկսելու անհրաժեշտութեան մասին 19 նոյեմբերի յայտարարութեան համահունչ։

Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան վերաշխուժացման իբրեւ արդիւնք`Արցախի հարցին մէջ անոր դերակատարութեան վերականգնման ազդեցութիւնը որոշ առումներով պիտի ըլլայ դրական, ուստի եւ ողջունելի, սակայն նաեւ պիտի ամրապնդէ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով գետնի վրայ ստեղծուած պատկերը։

«Դրօշակ», թիվ 2 (1648), փետրվար, 2021 թ.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Տիգրանաշէնը՝ անունից այն կ

Ի՞նչ է Տիգրանաշէնը։ Արդեօ՞ք դա միայն սովորական տեղանուն է։ Կան անուններ, որ

19 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող

Մուսա լերան հերոսամարտի հերթական նշումը կը զուգակցուի Սուրբ Խաչի տօնին հետ: Հե

18 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company