Յայտարարութիւն․ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին ընդառաջ ո՛չ ուրացման հանդուրժողականութեան, այո՛ համահայկական հռչակագրին
22 Ապրիլ 2021
Դէմ յանդիման կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին:
Արժանթինի, Ուրուկուայի և Պրազիլի մէջ գործող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցին համար կենդանի է յիշողութեան, ճշմարտութեան և արդարահատոյցի քաղաքական յանձնառութիւնը, որուն հետևումով տարածաշրջանին մէջ անձնաւորութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ, պետութիւններ օրէնսդիր, գործադիր և արդարդատական իշխանութիւններու մակարդակով ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Համոզուած կը մնանք, որ պահանջատիրական պայքարն է միակ ուղին, որ ի վերջոյ ցեղասպան պետութեան համար գործած ոճիրին ճանաչումն ու նիւթական թէ բարոյական վնասուց հատուցման ընդունումը անխուսափելի պիտի դարձնէ:
2020 թուականը ճակատագրականօրէն ողբերգական եղաւ Հայաստանի և հայ ժողովուրդին համար: Համավարակի հանդէպ Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած սկզբնական անպատասխանատու կեցուածքը՝ լուրջի չառնելու քորոնաժահրի սպառնալիքը փոքր և ամէն իմաստով խոցելի երկրի մը ու տնտեսութեան մը համար, պատճառ դարձաւ որ ուշանան անոր դիմագրաւման անհրաժեշտ պետական ամէն միջոցառումները և հասարակութեան գիտակցումը ծայրայեղ զգուշաւորութեան անհրաժեշտութեան: Միջին Արևելքի մէջ սուրիահայութեան յամեցող դժուարութիւնները, և, մանաւանդ, լիբանահայութեան դիմագրաւած ընկերա-տնտեսական սուր ճգնաժամը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի աղէտէն յետոյ, համավարակի մարտահրաւէրը դիմագրաւող սփիւռքեան համայնքներու օրակարգին վրայ անխուսափելի դարձուցին այդ տարածաշրջանէն եկած օժանդակութիւններու դիմումներու ներառումը: Քառասունչորսօրեայ պատերազմը, որպէս տարուայ մեծագոյն պատուհաս, և ազրպէյճանաթրքական համատարած յարձակումը Արցախի ճակատներու երկայնքին, որ աւարտեցաւ Հայստանի իշխանութիւններուն կողմէ Նոյեմբեր 9-ի նուաստացուցիչ համաձայնագիրը ստորագրելու և Արցախի ազատագրուած տարածքներուն 70 տոկոսը յանձնելու իրողութեամբ, երկիրը դրին անկախութենէն ի վեր ամենէն տկար և խոցելի իրավիճակին մէջ:
Պատերազմի ամբողջ տևողութեան և անկէ յետոյ, Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ և իսլամիստ վարձկաններու կողմէ միջազգային ամէն նորմերու խախտումը բացայայտ դարձուց անպատժելիութեան հետևանքները: Պատերազմի հետեւանքով զոհուեցան գրեթէ հինգ հազար հայորդիներ, վիրաւորուեցան և հաշմանդամ մնացին տասը հազար հոգի, տակաւին չկայ անհետ կորածներու իսկական թիւը, մինչ Ազրպէյճան կը մերժէ ազատ արձակել գրեթէ 200 պատերազմական գերի, որոնց կը մերժէ ճանչնալ որպէս այդպիսին, հակառակ նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն:
Հայ ժողովուրդի նուաստացումը, Հայաստանի գոյութեան իրաւունքի ժխտումը, գրաւուած տարածաշրջաններուն մէջ հայկական դարաւոր ներկայութեան փաստերու ոչնչացումը, Սիւնիքի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ հողատարածքներու իւրացումը Ազրպէյճանի յետ-պատերազմեան հայատեաց քաղաքականութեան ամենօրեայ արտայայտութիւններն են: Անգարայի և Պաքուի կողմէ գործադրուած ճնշումները՝ Զանգեզուրի վրայով Նախիջևանի և Ազրպէյճանի միջև ցամաքային կապի ստեղծման համար նպատակ ունին իրականութիւն դարձնելու անցեալ դարասկիզբի փանթրքական աշխարհաքաղաքական ծրագիրը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան և Արևմտահայաստանի հայաթափման գլխաւոր պատճառն էր:
Ազրպէյճաթրքական հայատեացութիւնը չի սահմանափակուիր Կովկասով: Եւրոպայի թէ Միջին Արևելքի հայահոծ համայնքներ ունեցող երկիրներու մէջ արդէն ակտիւացած են փանթրքական Գորշ գայլերու խորհրդանիշի բացայայտ ցուցադրումով հակահայկական բարաբրոսութեան արարքները: Զուգահեռաբար, Ազրպէյճանի պետական քարոզչութիւնը շնականութեան նոր մակարդակի հասցուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը՝ զոհը դահիճի վերածելու ճիգին ընդմէջէն:
Այս բոլորը պատճառ են աւելի քան երբեք կենդանի պահելու Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման և արդարահատոյցի յանձնառութեան վերահաստատումով: ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն, յանուն իր ընկերուհիներուն և ընկերներուն, կը յայտարարէ որ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաջորդած այս ճակագատրական ժամանակներուն անհրաժեշտ է զգաստ ըլլալ Ցեղասպանութեան ուրացման թուրք-ազրպէյճանական վերաշխուժացման ամէն դոյզն արտայայտութեան և հակազդել անոր:
Միաժամանակ, անընդունելի կը գտնենք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու կողմէ թրքական ուրացման հանդուրժողութեան մթնոլորտ ստեղծելու, Ցեղասպանութեան արդարահատոյցի պահանջատիրութեան գինով հայ-թրքական հաշտեցումը արդարացնելու, տնտեսական մանկամիտ հիմնաւորումներով փանթրքական ծրագրի իրականացման կոչուած Զանգեզուրի վրայով Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի միջև հաղորդակցութեան կապի արդարացման կոչուած ամէն փորձ: «Հայ-թրքական հաշտեցման յանձնախումբ»ի թէ Փրոթոքոլներու դէմ Սփիւռքէն արձակուած «Ոչ, հազար անգամ ոչ»ի օրինակով, թրքական ժխտողականութեան առջև ամէն թոյլտւութիւն պիտի դիմադրե՛նք, քաղաքական ի՛նչ ուժ ալ ըլլայ օրուայ իշխանութիւնը:
Կը հասկնանք պետական քաղաքականութեան տրամաբանութիւնն ու հրամայականները: Բայց համոզուած ենք, որ կան կարմիր գիծեր զորս Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարը դրած է ցեղասպանութեան յիսուներորդ տարելիցէն ի վեր որ կարելի չէ հատել, ոչ ի խնդիր Թուրքիոյ նկատմամբ «չթշնամանք»ի, ոչ ալ հայ-թուրք յարաբերութիւնները «շտկել»ու համար: Այդ կարմիր գիծերուն քաջ գիտակից ենք ի մասնաւորի Հարաւային Ամերիկայի մէջ, ուր Ուրուկուայ եղաւ աշխարհի մէջ առաջին պետութիւնը, որ օրէնքի ուժով ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը, և մինչև օրս Արժանթինն է միակ երկիրը ուր Ցեղասպանութիւնը ընդունուած է օրէնսդիր, գործադիր և արդարադատական իշխանութիւններու մակարդակով:
Ընդհակառա՛կը, Հայաստանի քաղաքական բոլո՛ր հատուածները պիտի որ ընկալեն Հայ Դատի պահանջատիրութեան կարմիր գիծերու կենսական անհրաժեշտութիւնը՝ Հայաստանի ապագային համար այնքան անհրաժեշտ համահայկական համախոհութեան և հայրենիք-Սփիւռք փոխ-կապակացութեան և համագործակցութեան ռազմավարական հայեցակարգի ստեղծման համար:
Առ այդ, կոչ կ’ուղղենք հայրենաբնակ քաղաքացիական հասարակութեան, քաղաքական շրջանակներուն և երկրի արտաքին յարաբերութիւններու տնօրինման պատկան մարմիններուն վերակենդանացնելու Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի Համահայկական հռչակագիրը և անո՛ր հիման վրայ դիմագրաւելու պատերազմի հետևանքներու վերացման, գերիներու ազատ արձակման, կորսուած իրաւունքներու վերատիրացման, Արցախի անկախութեան ճանաչման և հայ ժողովուրդի դէմ գործուած ոճիրի արդարահատոյցի իրականացման մարտահրաւէրները:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ