Ինչպիսի՞ Պետութեան Տեսլականով Դիմենք Ընտրատեղամաս
15 Հունիս 2021
Յունիսի 20-ին արտահերթ ու արտակարգ ընտրութիւններ նշանակուած են Հայաստան։ Արդէն նախընտրական պայքարին օրերը հաշուըուած են ու շուտով լռութեան ժամը պիտի հնչէ։ Նախընտրական եւ ընդհանրապէս յետպատերազմեան, աւելի ճիշդ՝ մեր երկրի վերջին երկամեակին շատ մելան հոսեցաւ գործող ապիկար եւ անձնատուական իշխանութիւններու կաֆերուն եւ կասկածելի վարքագծին շուրջ։
Առիթէ առիթ՝ «Յուսաբեր» անդրադարձաւ անոնց, առաւել՝ մեր հնարաւորութիւններու ծիրին մէջ՝ օրուան լուրերու կողքին արձագանգեցինք հայաստանեան թէ աշխարհասփիւռ մեր մամուլի անդրադարձներուն։ Մենք պիտի չուզենք կրկնել ըսուածը։ Ժամանակնիս սուղ է, նման շռայլութեան տեղ չկայ։
Մտահոգիչ է, որ ժողովուրդը, ընտրազանգուածը երկիրի ապրած անօրինակ թոհուբոհին մէջ ընդգծուած կրաւորականութիւն պահպանեց․ զանգուածաբար դուրս չեկաւ փողոց, անբաւարար արձագանգեց հայրենիքը պահպանելու, ծախուածի դէմ ծառանալու ընդդիմութեան կոչերուն, աւելին՝ հարցախոյզերու հրապարակուած արդիւնքները ցոյց կու տան քաղաքացիներու զգալի տոկոս մը, որ պատրաստ է սպասուող ընտրութիւններուն իր ձայնը տալ գործող իշխանութեան, որ երկիրը ճգնաժամի մատնեց եւ թեթեւամտօրէն հրապարակ ինկած է իր վերարտադրութիւնն ապահովելու համար։
Իհարկ է գործող իշխանութիւններու այս վարքը՝ թեթեւամտութիւնը, երկրէն ներս իրենց հրահրած պառակտումը խորացնելու հռետորաբանութիւնը, ամբոխավարական անպատասխանատուութիւնը, իրենց ծափահարողները եւ հետերնին նկարուելու՝ սելֆիներու հրճուանքը կամ այլապէս, խոր մտահոգութեան պատճառ են նաեւ ապագայի՛ն հաշւոյն։
Իսկ մեր թիրախը՝ ապագան է։
Անցեալի հիմնական աւերածութիւնը, պետութեան հասցուած վնասը, կը յուսանք, նոր ընտրուած իշխանութիւնները առաւել կամ նուազ չափով պիտի դարմանեն։ Այս դարմանումի ճիգի առանցքին տարբեր ուժեր տարբեր առաջնահերթութիւններ դրած են, հիմնականին մէջ՝ երկրի ներքին թէ արտաքին պաշտպանութեան օղակներու վերակառուցումը, որակաւորումը, նոր հիմեր նետելը։
Երկրի մէջքը շտկելու եւ ամրացնելու գործընթացի մը սկիզբին ականատես պիտի դառնանք, պայմանաւ որ այս անընդունակ եւ կասկածելի վարքով իշխող խումբը իր առաջին դէմքով հանդերձ շօշափելի տեղ չունենայ նոր խորհրդարանին մէջ, աւելի՛ լաւ՝ եթէ ընդհանրապէս դուրս մնայ Ազգային Ժողովէն։
Լաւատե՞ս ենք։ Կրնայ ըլլալ։
Բայց մեր ճիգի, ջանքի, խօսքի եւ գործի նպատակը պիտի ըլլայ, եթէ ոչ այս անգամ, անպայման հետագային, նուաճել այն մակարդակը, որ բացառուի հիւանդ եւ ապառողջ ուժերու իշխանութեան, աւելի՛ն՝ ընդհանրապէս խօսափողերու մերձեցումը։ Ո՛չ բռնութեամբ։ Բռնութիւնը միշտ հակազդեցութիւն կը ծնի։ Փաշինեան վարչապետ կ’արտադրէ։ Այս ալ պէտք է բացառուի։
Մեր համոզումով պետութեան վերակառուցման առանցքը Քաղաքացին պիտի ըլլայ, աւելի լայն ծիրի մէջ՝ Հայ մարդը, ո՛ւր որ ալ գտնուի ան։ Անկախ պետականութեան զարգացումը հիմնուած պիտի ըլլայ գիտակից եւ իրազեկ քաղաքացիին վրայ։ Կրթական թէ տեղեկատուական բոլոր ծրագիրներու հիմքին դրուած պիտի ըլլայ նախկին ոչխարի հօտին փոխարէն ՄՏԱԾՈՂ եւ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՂ քաղաքացիի կազմաւորումը։ Այդ տեսակն է որ պիտի երաշխաւորէ պետութեան հետագայ սլացքը դէպի անջրպետային բարձրութիւններ։ Հարիւրամեակներու յոռի ժառանգութիւնը պիտի ԱՆԴԱՐՁ ԹԱՂԵԼ։ Նորը՝ անկախ երկրի քաղաքացիի տեսակը պիտի ստեղծել․ պատասխանատո՛ւ տեսակը։
Այդ տեսակն է որ պիտի տրամաբանէ եւ որոշէ, թէ տուեալ պահուն ի՛նչ պիտի ըլլայ երկրի ուղղութիւնը՝ արեւելումէն աւելի կը նախընտրենք օգտագործել գործակցութիւնները այս կամ այն բեւեռին, ուժին հետ։
Մեր ազգային մնայուն եւ անփոփոխ արեւելումը պէտք է ըլլայ միակը՝ Հայկակա՛ն արեւելումը։
Այն որ դէմ է Հայկական արեւելումին, ինք թշնամի է ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլեւ թըշ- նամի է պետականութեան հետագայ զարգացման։ Պետական համագործակցութիւնները արտաքին ու- ժերու ենթակայութենէն եւ հարկադրանքէն հեռու կարելի է պահել մտածող, աշխատող եւ արդիւնաբերող՝ արժէքներ ստեղծող համակարգով, որուն առանցքը սեփական քաղաքացին է։
Երկրորդ անհրաժեշտ տուեալը զոր կ’ակնկալենք որ նորերը խարսխեն՝ պետական վարքագիծի ընդոստ, անակնկալ, տարերային եւ կամայական շրջադարձներէ հեռու պահելն է, որ երբեք չի նշանակեր՝ համակերպում հրամցուածին, այլ ամբողջ պետութիւնն իսկակա՛ն յառաջդիմութեան ուղիին վրայ դնելէ ետք յառաջացած հրամայականներուն ընդառաջում։
Եւ այս երկրորդ տուեալը նոյնպէս խորապէս եւ բովանդակութեամբ միացած է առաջինին՝ մտածող եւ տրամաբանող քաղաքացիի կրթութեան ու ձեւաւորմանը։
Կը մնայ լրացուցիչ, ամբողջացնող տուեալը․ ո՞ւր պիտի դիմէ երկիրը՝ իր քաղաքացիներով ու վարչամեքենայով։
Կարելի չէ պատկերացնել կազմակերպ մեքենայ մը, որ օրուան պահանջները բաւարարող արդիւնք չի տար կամ անվերջ կը կրկնէ զայն։ Տեղքայլը՝ յարաբերաբար ժամանակին, յետամնացութիւն է, յետադիմութիւն։ Մեր ազգային օրակարգին վրայ չափազանց շատ են հերթի կանգնած առաջնահերթութիւնները։ Մենք վարժ ենք զանոնք սղել՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան տարազով։ Մեր պետական մեքենան պիտի բանի զա՛յն իրականացնել։ Մեր մտաւորականութիւնը, մամուլը, քաղաքական կուսակցութիւնները կոչուած են այդ նպատակի ճամբան հարթել, բովանդակութիւն տալ անոր, պարբերաբար արժեւորել իրենց թէ պետութեան կատարած աշխատանքը։
Պայքարի դաշտը ա՛յս է։ Պայքար՝ յանուն երկրի եւ ազգի յառաջդիմութեան, զարգացման։ Իսկ այդ մակարդակը նուաճելու համար՝ նախ պէտք է ձերբազատուիլ ժառանգուած շատ բանէ եւ անոնց հետեւանքներէն։ Իսկ անցեալի յոռի վարժութիւնները մոռնալու լաւագոյն միջոցը մոռցուած՝ յուսալի եւ դրական միջանկեալը վերյիշելն է։
Վերջապէս՝ համոզուած ենք, որ ոչ միայն պետական, այլեւ մեր ազգային ո՛ղջ հնարաւորութիւնները ճիշդ համադրելու եւ արդիւնաւորելու պարագային, Միացեալ Հայաստան, Միացեալ Հայութեամբ քաղաքական գործի հանգանակը կրնանք անորոշութենէն հետզհետէ տեսանելի հեռաւորութեան վրայ դնել, շօշափելի դարձնել եւ մկան թակարդէն դուրս գալ միան- գամընդմիշտ։
Աս ալ կրնանք նկատել հետագայ բոլոր վարչակազմերու աշխատանքը գնահատելու չափանիշ։
Յունիսի 20-ը ազգի ու պետութեան վերյառնումի սկիզբը թող ըլլայ։ Ուղեցոյցը՝ մեր առաջադրանքները փափաքէն քաղաքականութեան վերածման։
Ընտրե՛նք ապագան, որ համակարգուած կարողու- թիւններով միայն հասանելի է։
Մենք՝ ընտրողներս պիտի հսկենք, որ հինը անդարձ թաղուի եւ նորը, իսկապէ՛ս նորի դալար շիւղը բերնին աղաւնին աւետէ կործանարար ջրհեղեղի աւարտը։
Ատ նախ եւ առաջ կը նշանակէ համակա՛րգ ընտրել, ծրագի՛ր ընտրել եւ չարիքի արմատ «թագաւոր»ն ընդ-միշտ մոռնալ իբրեւ երազանք։ Շեշտերը եթէ ճի՛շդ դնէ ընտրող հասարակութիւնը, ոչ ոք կը համարձակի հակառակ ուղղութեամբ երթալ։
Արդարեւ՝ քաղաքացիին դերն ընտրութեամբ չ’աւարտիր, կը վերսկսի միայն։
Մենք պիտի ընտրենք «Հայաստան» դաշինքը։
Սակայն այդքանով պիտի չաւարտենք մեր դերը, պահանջատէր կեցուածքը։
ՅՈՒՍԱԲԵՐ-ի խմբագրական, 15 Յունիս 2021