ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Համատարած խտրականութիւնը

30 Հունիս 2021

Մարդկային իրաւանց տիեզերական ուխտագիրը, իր երկրորդ յօդուածով, յստակ կը դնէ հարցը.– «Իւրաքանչիւրը կրնայ վայելել ներկայ Ուխտագրով հռչակուած բոլոր իրաւունքներն ու բոլոր ազատութիւնները՝ առանց որեւէ խտրութեան, յատկապէս՝ ցեղի, գոյնի, սեռի, լեզուի, կրօնի, քաղաքական թէ որեւէ այլ կարծիքի, ազգային կամ ընկերային ծագման, հարստութեան, ծնունդի կամ որեւէ այլ վիճակի։ Այլեւ պիտի չդրուի որեւէ խտրութիւն, որ հիմնուած է անձի մը պատկանած երկրի մը կամ տարածքի մը քաղաքական, իրաւական կամ միջազգային իրավիճակին վրայ՝ այդ երկիրը կամ տարածքը ըլլայ անկախ, ուրիշի մը խնամակալութեան ներքեւ, ոչ-ինքնավար թէ գերիշխանութեան որեւէ սահմանափակման ենթակայ»։

Ի զուր չէ, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը Փարիզի մէջ կայացած իր համագումարին, 1948 դեկտեմբեր 10-ին՝ Շայոյի պալատին մէջ, այդքան համապարփակ, այդքան մանրամասն բանաձեւած է այս յօդուածը։ Ի զուր չէ, որովհետեւ մարդկութեան ամբողջ տարեգրութիւնը պատմութիւնն է այստեղ արտայայտուած այդ բոլոր խտրութեանց, մարդկային իրաւանց եւ ազատութիւններու բռնաբարման։

Անհրաժեշտ պիտի ըլլար, տակաւին, որ աւելի քան կէս դար ետք՝ 2005 հոկտեմբեր 21-ին, դարձեալ Փարիզի մէջ, ՄԱԿ-ի Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան (UNESCO) ընդհանուր համագումարը, իր 33-րդ նիստին, որդեգրէր Մշակութային արտայայտութեանց այլազանութեան պաշտպանութեան ու ջատագովման համաձայնագիրը, որուն նախադրեալներու չորրորդ ու հինգերորդ կէտերը կը շեշտէին.

– «Յիշեցնելով, որ մշակութային այլազանութիւնը, որ կը ծաղկի ժողովրդավարութեան, հանդուրժումի, ընկերային արդարութեան եւ ժողովուրդներու ու մշակոյթներու փոխադարձ յարգանքին վրայ, անհրաժեշտ է ապահովելու համար խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն՝ տեղական, ազգային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ,
– «Նշելով մշակութային այլազանութեան կարեւորութիւնը՝ ամբողջական իրականացման ի խնդիր մարդկային իրաւանց ու ազատութիւններու, որոնք հռչակուած են Մարդկային իրաւանց տիեզերական ուխտագրով եւ այլ համաճանաչ վաւերաթուղթերով», …

Ինչո՞ւ կը վերյիշեցնենք այս բոլորը։

Հակառակ բոլոր վեհ խօսքերուն, հակառակ երեւութապէս այնքան ազնիւ տրամադրութիւններուն՝ աշխարհը կը շարունակէ դառնալ իր ծուռ առանցքին շուրջ, եւ կ՚անդրադառնանք, թէ տակաւին երկար է ճանապարհը մեր առջեւ՝ հասնելու համար ցանկալի այդ համակեցութեան։

Վերջին շրջանին միջազգային յառաջադէմ մամուլը տեւական քննարկման ու վերլուծութեան նիւթ է դարձուցած խտրականութեան հարցը, հիմա այլեւս ոչ թէ պարզապէս կամ բացառապէս բռնապետական կարգերու տակ կրկնուող խախտումները, այլ իրենց սեփական երկիրներուն՝ ժողովրդավարութեան հնոց նկատուող Արեւմուտքի՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Միացեալ թագաւորութեան եւ այլ պետութիւններու մէջ իսկ, որոնք մարդկային իրաւանց դասեր կու տային, կու տան տակաւին աշխարհի մնացեալ երկիրներուն։

ԱՄՆ-ի Միննեզոթա նահանգի Միննէափոլիս քաղաքի ոստիկանութեան կողմէ 2020-ի մայիս 25-ին սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութիւնը բաժակը յորդեցնող կաթիլը հանդիսացաւ, ու անկէ ի վեր, այս օրերուն տիրող համաճարակի ամենակալ ու անընդհատ տեղեկատւութեան կողքին, մարդկային կեանքի սրբութեան, սեւամորթներու նկատմամբ ցուցաբերուած խտրականութեան, գերեվաճարութեան ու յարակից հարցերը մնայուն ուշադրութեան առարկան են գրաւոր թէ բանաւոր մամուլին։

Նպատակս չէ այստեղ մամուլի համապարփակ տեսութիւն մը ներկայացնել։ Պիտի նշեմ ըսուածներէն մի քանի օրինակներ միայն, յատկապէս այն պարբերաթերթերէն, որոնց կը յաջողիմ հետեւիլ։

Անգլիական The Guardian Weekly շաբաթաթերթի 2021 փետրուար 12-ի թիւին մէջ Fara Dabhoiwala իր “Imperial formulae”(«Կայսերական դրոյթներ») յօդուածով կը գրէր նոր լոյս տեսած երկու գրքերու մասին։ Առաջինը՝ Empireland:How Imperialism Has Shaped Modern Britain (Կայսերաստան – ինչպէս կայսերապաշտութիւնը ձեւաւորած է արդի Բրիտանիան), որ կը պատկանի Sathnam Sanghera-ի գրիչին։ Հոն այս վերջինը դիտել կու տայ, որ դիտմամբ թէ անգիտակցաբար, կայսրութիւնը պատմութեան մէջ «ամենէն մեծ ձեռնարկումներէն մէկն էր սպիտակներու գերակայութեան» եւ կը շարունակէ աղճատել բրիտանական ընկերութիւնը։ Երկրորդը Padraic X Scantan-ի գիրքն է՝ Slave Empire: How Slavery Built Modern Britain (Ստրկային կայսրութիւն – Ինչպէս ստրկութիւնը կերտեց արդի Բրիտանիան), ուր այդ հեղինակն ալ կը հաստատէ, թէ Եւրոպացիներու կողմէ ափրիկեցիներու զանգուածային գերեվարութիւնը-շահագործումը երբեք պատահական կամ անջատելի չէր համաշխարհային առեւտուրի եւ կայսրութեան վերելքէն. ան կեդրոնական միջոցներէն մէկն էր, որով այդ բաները իրականացան։

Նոյն շաբաթաթերթի 2021 ապրիլ 30-ի թիւով երկար ուսումնասիրութիւն մը հրատարակած է Robert P. Baird՝ “The Invention of Whiteness”(«Սպիտակութեան յայտնագործութիւնը») վերնագրով։Անկէ ալ երկու մէջբերում միայն բաւարար է, հեղինակին մտահոգութիւնը հասկնալու համար։ Ան կը յիշեցնէ երեք վկայութիւններ։ Մէկը՝ ամերիկացի ընկերաբանW.E.B. Du Bois-էն, որ տակաւին 1920-ին կը գրէր, թէ «Աշխարհի ժողովուրդներուն մէջ անձնական սպիտակութեան յայտնաբերումը շատ արդիական բան մըն է,– տասնիններորդ եւ քսաներորդ դարու հարց մը, իսկապէս»։ Տիւ Պուա երեւոյթը կը կոչէ «սպիտակութեան նոր կրօնը», պնդելով, որ սպիտակութեան նման ցեղային դասակարգում մը աւելի շատ կրօնական հաւատի մը նման է, քան կենսաբանական իրողութեան մը, ու կը նշէ Թրինիտատի ու Թոպակոյի առաջին վարչապետ Eric Williams-ի այն գնահատումը, թէ «գերեվարութիւնը ցեղասպանութենէն չէ՛ ծնած, ցեղասպանութի՛ւնն էր հետեւանքը գերեվարութեան»։ Վերջապէս երրորդ վկայութիւնը կու գայ Benjamin Disraeli-էն, որ Վիկտորեան Բրիտանիոյ վարչապետն էր. ան յայտարարած է. «Ցեղը կ՚ենթադրէ տարբերութիւն, տարբերութիւնը կ՚ենթադրէ գերակայութիւն, գերակայութիւնը կ՚ ենթադրէ գերակշռութիւն»։

Գերակայութեան նոյն այդ տրամադրութիւնները ունեցած է նաեւ, ի շարս այլոց, Բրիտանիոյ միւս ակնառու վարչապետը՝ Winston Churchill, որուն տեսակէտները ցեղի վերաբերեալ նոյնիսկ իր ժամանակակիցները զայրացուցած են։ Իր ատենի գաղթային նախարարը՝ Leo Amery, երբ տեսած է, թէ ինչպէս Չըրչիլ թոյլ տուած է որ Պենկալի ժողովուրդը սովամահ ըլլայ, ըսած է.– Մեծ տարբերութիւն մը չեմ տեսած իր եւ Հիթլերի աշխարհայեացքներուն միջեւ»,–ինչպէս կը գրէ Priyamvada Gopal՝ իր “Why can’t Britain handle the truth about Winston Churchill?”(«Ինչու Բրիտանիա չի կրնար դիմակայել իրականութիւնը Ուինսթըն Չըրչիլի մասին») յօդուածին մէջ, միշտ The Guardian Weekly-ի մէջ՝ 2021 մարտ 26-ի թիւով։

Վերջապէս մատնանշեմ յօդուած մը եւս, այս անգամ ամերիկեան TIME (այժմ երկու շաբաթը անգամ մը լոյս տեսնող) պարբերաթերթի 2021 մայիս 24 եւ 31 թիւին մէջ՝ “The enduring problem of race in America” («Ամերիկայի մէջ ցեղի երկարատեւ խնդիրը»), ստորագրուած Janell Ross-ի կողմէ։ Ան ալ բաւական հանգամանալից ակնարկ մը կը նետէ պատմութեան վրայ ու կը նշէ, որ 1937-ին Carnegie Corporation-ի կողմէ շուէտացի տնտեսագէտ, ընկերաբան ու ապագայ նոպելեան մրցանակակիր Gunnar Myrdal-էն կը խնդրուի տեղեկագիր մը պատրաստել ԱՄՆ-ի մէջ ցեղային անհաւասարութեան մասին։ «Նոյն հիմնական տեղեկութիւնն է, որ կը կը գտնենք Միրիատի աշխատանքին մէջ, ամեն ինչ որ իրմէ առաջ եղած էր, ու իրմէ ետք եղած»,– կ՚ ըսէ հեղինակը։ «Երկրի մը մէջ, որ հիմնուած է հաւասարութեան յանձնառութեան վրայ, միայն սպիտակ ամերիկացիներն են, որ վայելած են լրիւ չափով քաղաքացիութիւնը։ Նորաբնակները բնիկ ամերիկացիները դուրս քշեցին իրենց սեփական հողերէն, ապա զանոնք անբաղձալի, վտանգաւոր հիւրերու տեղ դրին։ Գոնկրեսը արգիլեց շատ ուրիշներ, որ նոյնիսկ երկիր մուտք գործեն։ Բայց սեւամորթ ամերիկացիներն էին, որ պետութիւնը գերեվարեց, ապա այնքան ամբողջական լքումի ենթարկեց, որ ընկերային, տնտեսական կամ ֆիզիքական բարօրութեան բոլոր գլխաւոր ոլորտներուն մէջ միլիոնաւորներ իրենց սպիտակամորթ հայրենակիցներէն շատ ետ մնացին ու տակաւին կը մնան»։

Աւելցնեմ նաեւ, որ այդ մեղքերը միայն եւրոպացիները չէ, որ գործած են, քանի որ նոյնիսկ ափրիկեցի ցեղապետեր, սեփական շահեր հետապնդելով, մեղսակից եղած են արաբ, ասիացի եւ ի հարկէ եւրոպացի դրամատէրերու, բայց առաւելաբար այս վերջիններն են, որ անբաւ հարստութիւն դիզած են գերիները անվճար կամ գրեթէ անվճար աշխատցնելով։

Դրական երեւոյթ է, որ այս հարցերուն մասին այլեւս բացէ ի բաց կը գրուի եւ ոչ միայն կը գրուի։ Բացի ցոյցերէն, հեռասփռումներէն, նաեւ արուեստի ու մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու ճամբով հարցերը կ՚արծարծուին, կը վերարծարծուին։

Համոզուած եմ, որ հայ մամուլն ալ անմասն մնալու չէ այս շարժումէն, մանաւանդ որ ոչ միայն անցեալին, այլեւ մինչեւ օրս հայութիւնն ալ ենթակայ է տեսակաւոր ճնշումներու բոլոր անոնց կողմէ, բարեկամ թէ թշնամի, որոնց համար մեր գոյութիւնը այնքան ալ ցանկալի բան մը չի թուիր։

Չմոռնանք, մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը մեր օրակարգին վրայ է եղած Վարդանանցէն ի վեր, Նուարսակի դաշնագրի ստորագրութենէն ի վեր, ու մանաւանդ 1878-էն ի վեր, երբ Պերլինի վեհաժողովէն Խրիմեան Հայրիկ վերադարձաւ Երկաթէ շերեփի իր պատգամով։ Եւ յիշենք, որ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ի խնդիր յառաջ եկան մեր կուսակցութիւնները։ Այդ հարցը սկիզբէ՛ն մաս կազմեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ալ ծրագրին, որուն նորագոյն՝ 1998-ի տարբերակին մէջ հետեւեալ բառերով բանաձեւուած է ան. «Հ. Յ. Դաշնակցութեան ընկերվարական իդէալն է կերտումը հասարակութեան մը, ուր մարդը ազատագրուած ըլլայ ցեղային, կրօնական-դաւանական, ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամեն տեսակ խտրականութենէ, կաշկանդումէ, բռնութենէ եւ շահագործումէ»։

Ուրեմն, միշտ պահենք այս հարցերը օրակարգի վրայ եւ գալիք ակնարկով մը փորձենք անդրադառնալ նաեւ այն խտրականութեան, որ մենք մեզի՛ հանդէպ ցոյց կու տանք՝ անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքին մէջ։

Վրէժ-Արմէն

«Դրօշակ», թիվ 6 (1652), հունիս, 2021 թ.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company