Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի
05 Հուլիս 2021
Շաբաթավերջին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի 24-րդ Գերագոյն Ժողովը, որ բնականաբար լիարժէք քննարկումը եւ արժեւորումը կատարեց անցնող երկամեակի գործունէութեան, որ ծաւալեցաւ Հայրենիքի դիմագրաւած դժնդակ պայմաններուն մէջ, պատուով կատարելով հայրենանուէր իր պարտականութիւններն ու ծառայութիւնները: Ժողովը մշակեց նաեւ յառաջիկայ երկամեակի ռազմավարութիւնը, ի խնդիր մեր ազգային, գաղափարական եւ քաղաքական սկզբունքներու իրագործման:
Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի ամբողջ կառոյցին անունով ( Ֆրանսա, Հոլանտա, Պելճիքա) յաջողութիւն կը մաղթենք նորընտիր Գերագոյն Մարմինի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ մեր անվերապահ զօրակցութիւնը կը վերահաստատենք հայրենի մեր ամբողջ կառոյցին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
5 Յուլիս 2021
Փարիզ