ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

ՀՅ Դաշնակցութեան Ակումբները Եւ Ժողովրդային Տուները

28 Օգոստոս 2021

Լիբանանի մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ակումբներու եւ ժողովրդային տուներու գործունէութիւնը պատմութեան ընթացքին ունեցած է յատուկ նշանակութիւն, եւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ անոնց ներկայութիւնը` ժամանակի հոլովոյթին հետ իր ծաւալած աշխատանքով ու ստեղծած մթնոլորտով, դարձած է կենսական ու նշանակալից: Սովորական ընկերային հաւաքավայրեր եւ ժողովավայրեր չեն եղած ու չեն տակաւին մեր ակումբներն ու ժողովրդային տուները: Անոնք ընդհանրապէս նաեւ չեն օժտուած արդիական լայն կարելիութիւններով եւ յարմարութիւներով, բայց դարձած են պատանիին, երիտասարդին ու հասուն տարիքի մարդոց հարազատ ու անփոխարինելի միջավայր մը:

Անտարակոյս կրնանք հաստատել, որ իւրաքանչիւր ակումբ կերտած է իր հարուստ պատմութիւնը, եւ, այդ պատմութիւններու համախմբումով, կարելի է նաեւ կարեւոր չափով վերծանել լիբանանահայ գաղութի պատմութիւնը: Լիբանանի ու լիբանանահայութեան ապրած բոլոր ճակատագրորոշ փուլերուն մեր ակումբները կանգնած են պատնէշի վրայ` դառնալով աշխատանքի մեղուափեթակներ եւ մնալով դաստիարակութեան ու սերունդներու պատրաստութեան անփոխարինելի հնոցներ:

Այս կեդրոններուն մէջ դասաւանդուած է հայոց լեզու, գրականութիւն եւ պատմութիւն: Անհրաժեշտութեան պարագային այս կեդրոնները վերածուած են բժշկական նախնական ծառայութիւններ մատուցող դարմանատուներու եւ դեղարաններու: Հոն մատուցած են ընկերային ծառայութիւններ եւ առողջապահական սպասարկութիւններ, եւ վերջապէս հայ անհատի ու հայկական շրջաններու պաշտպանութեան գործին մէջ անոնք վերածուած են զինուորական կեդրոններու ու դարձած անխորտակ պարիսպ` ամէն տեսակի յարձակումներու եւ վտանգներու դիմաց:

Այս կեդրոնները նաեւ ժողովական տարբեր տեսակի հանդիպումներու վայրեր են: Այնտեղ բոլորը կը հաւաքուին գաղութային ու համահայկական մեր առաջադրանքներն ու տեսլականները, ինչպէս նաեւ տագնապները քննարկելու ու անոնց լուծման համար ուղիներ որոնելու համար: Այս կեդրոններուն մէջ Հայաստանը, Արցախը, Ջաւախքը եւ Հայ դատը առօրեայ ներկայութիւն են, ու անոնց համար ի գործ դրուած աշխատանքի ծրագրաւորման ու համադրման հիմնական օղակ:

Դաշնակցական ակումբներ եւ կեդրոններ ըլլալով հանդերձ, անոնք ժամադրավայր են ժողովուրդին բոլոր շերտերուն համար, եւ ամէն անհատ այդ կեդրոններուն մէջ կ՛ապրի իր ընտանեկան յարկի նման հարազատութիւն ու ջերմութիւն, այդ մէկը հոն կը ստեղծէ հայկական անզուգական մթնոլորտ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին այս կեդրոնները մեր ժողովուրդին համար դարձան ապահովութեան եւ գոյութեան պահպանման ամուր երաշխիք: Այս կեդրոններու պատմութիւնը հարստացած է անձնուրաց տղոց նահատակութեամբ, որոնք հայութեան արժանապատուութիւնն ու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը մի՛շտ ալ գերադասած են իրենց սեփական կեանքէն: Անոնց անունները հպարտօրէն արձանագրուած են այդ կեդրոններու պատերուն վրայ` դառնալով իրերայաջորդ սերունդներու յեղափոխական ու գաղափարական դաստիարակութեան անսպառ ներշնչարան:

Այդ կեդրոններու մէջ թաղեցիները` հայը եւ արաբը, տեսած են իրենց հարցերու լուծման վաւերական միջավայր մը: Փութացած են հոն, որովհետեւ հաւատացած են, որ հոն տրուող բոլոր որոշումները հիմնուած են արդարամտութեան եւ անաչառ մօտեցումի վրայ: Այլ խօսքով` այդ կեդրոնները շատ մը պարագաներու, պետութեան կառոյցներու բացակայութեան պատճառով փոխարինած են անոնց գործունէութիւնը եւ պարտականութիւնը, անշուշտ մի՛շտ կառչած մնալով օրէնքի ու իրաւունքի անշեղ սկզբունքներու պաշտպանութեան:

Փոխուած են ժամանակներն ու սերունդները, սակայն մեր ակումբներու անհրաժեշտութիւնը մնացած է նոյնը: Մնայուն ճիգը առկայ է այդ ակումբները օժտելու կեանքի ներկայ պայմաններու համահունչ կարելիութիւններով եւ նոր սերունդին ներգրաւման միջոցներով: Անշուշտ արհեստագիտութեան արագընթաց զարգացումին հետ դժուար է բաւարարել յատկապէս ժամանակակից սերունդը, բայց անոնք կը ձգտին միշտ ալ նորարարութեամբ եւ տարբեր հետաքրքրութիւններ գոհացնող միջոցներով այդ սերունդին նաեւ ապահովել ակմբային հարազատ միջավայր:

Այսօր այս հպանցիկ ակնարկը վստահաբար բաւարար չէ մեր ակումբներու կատարած մեծ գործին արժանի գնահատականը տալու: Թերեւս պարզապէս իւրաքանչիւրին մօտ յուշ մը արթնցնելու, անցեալը ապրեցնելու եւ այդ ակմբային աշխատանքներուն մէջ իր կատարած գործին վերարժեւորումը կատարելու փոքր յիշեցումն է: Աւելի՛ն, մեր ժողովուրդին մի՛շտ ալ այդ ակումբներուն հանդէպ ունեցած յարգանքի եւ երախտագիտութեան շեշտադրումն է, որ պահած է իր այժմէականութիւնը:

Այո՛, հաւաքական յիշողութիւնը այս պարագային կարեւոր է, եւ մեր ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ, որ այդ ակումբներն ու ժողովրդային տուները, այլ կուսակցութիւններու եւ քաղաքական կողմերու որդեգրած գործունէութեան մշակոյթին համաձայն, պարզապէս ընտրական կեդրոններ չեն, որոնք պարագայական կերպով երեսփոխանական ընտրութենէ ընտրութիւն կը բացուին ու կը փակուին, եւ որոնց գործունէութիւնը կը սահմանափակուի միայն թեկնածուներու քուէ հաւաքելու աշխատանքով: Մեր ակումբները կերտած են պատմութիւն` շնորհիւ վերեւ նշուած հանգամանքներուն եւ նաեւ իրենց ծաւալած գործունէութեան, իսկ իրենց ծառայութիւններուն մէջ ոչ մէկ ատեն դրած են գաղափարական խտրականութիւն ու հատուածական մօտեցում: Մեր ժողովուրդը Դաշնակցութեան մասին խօսելու ընթացքին միշտ ալ ակումբ բառին տուած է իւրօրինակ նշանակութիւն մը: Ակումբ բառի գործածութեամբ ան նկատի ունեցած է Դաշնակցութեան գործը եւ իր ապրած ամէն տեսակի նեղ պայմաններուն մէջ, բնական մղումով մը, առաջին հերթին ակնկալած է, որ ակումբը իրեն օգտակար դառնայ: Որեւէ մեծ թէ փոքր հարցի կամ դէպքի լուծման անհրաժեշտութեան պարագային ժողովուրդը մինչեւ այսօր առաջին հերթին հարց կու տայ. «Ո՞ւր է ակումբը» եւ կամ «ի՞նչ ըրաւ ակումբը»:

Այսօրուան լիբանանահայութեան ապրած խոր ու աննախընթաց ճգնաժամին մէջ ահաւասիկ դարձեալ մեր ակումբներն ու ժողովրդային տուները պատնէշի վրայ են: Անոնք կը գործեն 24- ժամեայ դրութեամբ, կը հսկեն մեր թաղերու ու շրջաններու անդորրութեան ու ապահովութեան, կը փութան մեր ժողովուրդի բոլոր դժուարութիւններու յաղթահարման, կը փորձեն անսալ անոր առողջապահական, ընկերային եւ սննդեղէնի կապուած տարրական կարիքներուն` հասնելով մինչեւ հանապազօրեայ հաց եւ նորածինի կաթ ապահովելու աշխատանքներուն:

Այո՛, մեր ակումբներն ու ժողովրդային տուները այսօր` դարձեալ մեր ժողովուրդի կողքին, կը փորձեն հաւաքական գերլարուած ճիգով շրջանցել լիբանանահայութեան դիմաց ցցուած այս մեծ մարտահրաւէները:

Վերջապէս, որքան ալ ճիգ թափուի պատեհապաշտներու, քաղաքական անյայտ թէ յայտնի, այլ նպատակներ հետապնդող հայ թէ օտար կարգ մը անհատներու կողմէ նսեմացնելու այս կեդրոններու աշխատանքը, պատմութիւնը` իր ներկայով ու անցեալով, մի՛շտ ալ ոչ թէ խօսքով, այլ գործնապէս տուած է եւ պիտի շարունակէ տալ ապացոյցը անոնց ունեցած անփոխարինելի դերակատարութեան: Այս կեդրոնները ստեղծուած են, պահուած են ու կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը` ոչ միայն դաշնակցական ընկերներու ճամբով, այլ նաեւ ժողովուրդի բոլոր խաւերու ամբողջական ու անսակարկ ծառայութեամբ ու ներդրումով:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ այդ կեդրոններու ճամբով իրենց կեանքը իմաստաւորած անձնուրացներուն եւ բոլոր ծառայողներուն, որոնք իբրեւ ղեկավար, համեստ շարքային, համակիր, երիտասարդ եւ պատանի մի՛շտ ալ կը մնացած են ու կը շարունակեն մնալ ակումբին կողքին եւ մասնակից` ազգանուէր այս եզակի գործունէութեան ու առաքելութեան:

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company