ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Կուկունյանի արշաւանքը, աքսորը, տառապալից կեանքը մեծագոյն քարոզչութիւնը կազմեցին յեղափոխութեան ժողովրդականացումին համար

26 Նոյեմբեր 2013

Դաշնակցութեան հիմնադրութեան նախօրեակին արդէն կազմուած էին հայրենասիրական խմբակներ: Թրքահայաստանի փրկութեան երազը վարակած էր երիտասարդութիւնը: Կովկասի մէջ այս տրամադրութեան առաջին ցուցական արտայատութիւնը կազմեց Կուկունեանի արշաւանքը:

Սարգիս Կուկունեան ծնած է 1866-ին Նուխի գաւառի՝ Նիժ գիւղը, չքաւոր ուտիացի ընտանիքէ (Նիժ եւ Վարտաշէն գիւղերը Աղուանից Աշխարհի մնացորդներն են, գիւղացիները կը խօսին առանձին լեզու մը, զոր կը կոչեն ուտիերէն): Գիւղի նախակրթարանին մէջ ուսումնատենչ աշակերտ մըն էր Սարգիսը: Հօրեղաբայրը զինք ընդունիլ կու տայ ապա Գէորգեան Ճեմարանը:

Բայց կը վտարուի հոնկէ աշակերտական ըմբոստութեան մը հետեւանքով: Մականունը Կուկունեանի փոխելով կը մտնէ Ներսէսեան Վարժարանը, զոր կ՛աւարտէ 1884-ին:

Կուկունեան կ՛անցնի Բագու եւ հոն մասնաւոր դասեր կու տայ. Մարդասիրական Ընկերութեան կողմէ կը ղրկուի Բեթերսպուրկ ուսուցչական ասպարէզ պատրաստուելու համար: Բայց ինք կը մտնէ համալսարանի իրաւաբանական բաժինը, իսկ երկու ամիս վերջ կը փոխադրուի Արեւելեան Լեզուներու բաժինը, զայն աւելի օգտակար նկատելով իր ապագայ գործունէութեան համար: Միւս կողմէ Մարդասիրական Ընկերութիւնը կը դադրեցնէ իր աջակցութիւնը ու Կուկունեան կը ստիպուի անձնական աշխատանքով պահել իր գոյութիւնը:

Բեթերսպուրկի մէջ կ՛ապրէր ազատամարտ երիտասարդութեան մը շրջանակին մէջ, ու յափշտակուած էր յեղափոխական շարժումներով: Կը մտերմանայ լեհ եւ պուլկար երիտասարդներու հետ ու կը ծանօթանայ անոնց ազգային պայքարներուն:

Նոյն ատենը Թի‎ֆլիս եւ Բագու հայ երիտասարդութիւնը մասնաւորապէս տարուած էր Թրքահայաստանին ազատագրութեան հարցով: Կուկունեան Բեթերսպուրկի մէջ կը պատրաստուի ապագայ գործունէութեան ծրագիրներով: Ան կեդրոնական դէմք դարձած էր հայ ուսանողութեան մէջ. իր ջանքերով կը վերակազմուի ուսանողական գրադարանը եւ կը հիմնուի ուսանողներու փոխադարձ օգնութեան գրամարկղ մը: Հայերէնի դասեր կը տրուին իրենց մայրենի լեզուն չգիտցող ուսանողներուն: Վարժութիւններու համար թարգմանութիւններ կը կատարեն Պալքանեան ազգերու ազատագրական շարժումներու պատմութիւններէն: Կուկունեան-Կոստանդին Խատիսեան խմբակն է որ կը հրատարակէ Պուլկար աւազակապետ, Դանչօ, Ազրայիլ եւ այլ 15 գրքոյկներ, որոնք մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն մեր երիտարսարդութեան վրայ: Գիրքերը կը ցրուին աժան գիներով, կը ղրկուին նաեւ Թրքահայաստան՝ Տրապիզոնի վրայով:

Կուկունեան կը ծանօթանայ յայտնի հայրենասէր եւ պետական բարձր պաշտօնեայ Կարապետ Եզեանին, որուն կ՛աջակցի Պետրոս Մեծի յարաբերութիւնները Հայոց հետ հատորին պատրաստութեան մէջ: Մտաւոր աշխատանքներէն զատ Կուկունեան կը զբաղի նաեւ զինավարժութեան փորձերով: Եզեան կը թելադրէ իրեն երթալ Պարսկաստան, պետական ծառայութեան մէջ մտնել ու ապա շարժումներ կազմակերպել Թրքահայաստանի մէջ եւ այս նպատակով ալ կու տայ անոր անհրաժեշտ յանձնարարականներ:

Կուկունեան, Թի‎ֆլիս գալով կը տեսնէ երիտասարդութեան մէջ տիրող մեծ խանդավարութիւնը, պատրաստակամութիւնը՝ օգնութեան հասնելու իրենց տաճկահայ երիտասարդներուն: Այլեւս ժամանակը հասած կը նկատէ գործէ անցնելու եւ կազմակերպելու հայդուկային խումբ մը: Դրամական աջակցութիւն կը ստանայ մեծահարուստ Տատուրեանէն՝ 5000, իսկ Մանթաշեանէն՝ 1500 րուպլի: Առաջինը կը խոստանայ իր ամբողջ հարստութիւնը նուիրել ազգին, եթէ արդիւնք տայ Կուկունեանի ձեռնարկը:

Նոյն ամիսներուն, 1890-ի ամառը, Թիֆլիսի Իւժնիյէ Նոմերա պանդոկին մէջ ժողովներ տեղի կ՛ունենային, միացնելու համար արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող յեղափոխական խմբակները զօրաւոր կազմակերպութեան մը մէջ ու ծնունդ կ՛առնէր Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը: Վերջինը կը փութայ օգտուիլ Կուկունեանէն ու կ՛առաջարկէ անոր ընդունիլ Երկրի մէջ գործող իր մարտական խումբերու հրամանատարութիւնը: Կուկունեան սրիով յանձն կ՛առնէ ու ամէն կողմէ դիմումներ կը կատարուին՝ խումբին մէջ մտնելու համար: Զէնքի պակասը զգալի էր. Դաշնակցութիւնը որոշ քանակութեամբ ռազմամթերք ու հրացան կը հայթայթէ, իսկ 20-25 հրացան ալ կը շինեն Դաշնակցութեան երկու վարպետ զինագործները:

Առանձին խումբերով՝ մարտիկները կը մեկնին սահմանագլուխ: Կուկունեան կ՛անցնի Լոռի, Ղազախ, Բորչալու, Ալեքսանդրապոլ եւ Կարս. ամէն տեղ կ՛ընդունի մեծ խանդավարութեամբ:

Պատրաստութիւններ տեսնուած էին, երբ Թիֆլիսի մէջ ռուս կառավարութիւնը կը սկսի սեղմումներ ու հալածանքներ: Նորակազմ Դաշնակցութեան կեդրոննին կողմէ Կոստանդին Խատիսեան, Սիմոն Զաւարեան, Յովսէփ Արղութեան կը ջանան համոզել Կուկունեանը 4-5 ընկերներով Երկիր մտնէ եւ հոն անհրաժեշտ պատրաստութիւններ տեսնուին, նկատելով որ բազմանդամ խումբի մը արշաւանքը աչքի պիտի զարնէր: Կարելի չըլլար ծրագիրը փոխել, այնքան մեծ էր ոգեւորութիւնը մարտիկներու եւ ժողովուրդին մէջ:

Կարսի հայ օրիորդները արշաւախումբին կը նուիրեն մեծ դրօշակ մը, վրան գրուած 61 Պերլինի դաշնագրի յօդուածը եւ Հ.Մ. (Միութիւն Հայաստանի) տառերը:

1890 Սեպտեմբեր 22-ին խումբը, մօտ 100 հոգի, 24-ը ձիաւոր, կ՛անցնին սահմանը. Խաթ գիւղին մօտ բախում մը տեղի կ՛ունենայ քիւրտերու հետ, որոնք ծանր կորուստներու կ՛ենթարկուին, բայց օգնական մեծ ոյժեր կը ստանան շուտով: Արշաւախումբը նոր դիրքեր քաշուելու ատեն, իր վրայ վրայ այս անգամ կը կրակեն ռուս սահմանապահ զօրքերը: Կուկունեան կ՛որոշէ դիմադրութիւն ցոյց չտալ վերջիններուն ու դէպքին պատասխանատուութիւնը իր վրայ կ՛առնէ: Կը հրահանգէ իր զինուորներուն՝ առժամաբար նահանջել դէպի ռուսական հող. 60-70 հոգի կ՛ազատին այս ձեւով, իսկ մնացեալները կը ձերբակալուին ռուս պահակախումէն:

Ձերբակալուածները թիւով 26 հոգի, նախ կը բանտարկուին Կաղզուան: Խումբին սպաննուած անդամներուն թաղման ժամանակ, հայ գիւղացիները համակրական ցոյցեր կը կատարեն: Ամիս մը վերջ, ձերբակալուածները արտակարգ հսկողութեան տակ կը փոխադրուին Կարս: Երկու տարիի չափ կը տեւէ գործին քննութիւնը եւ դատավարութիւնը: Ռուս քննիչներ եւ դատաւորներ ամէն ջանք կը թափեն խեղաթիւրելու արշաւանքին նպատակը: Կ՛ուզեն ցոյց տալ թէ շարժումը ուղղուած էր նաեւ Ռուսաստանի դէմ: Իրականութիւնը այն էր որ Ցարերու կառավարութիւնը դէմ էր հայ ազգային շարժման:

Կուկունեան դատապարտուեցաւ 20 տարի տաժանակիր աշխատանքի, եօթ տարին շղթայակապ, եւ ապա մշտական աքսորի, իսկ խումբի միւս անդամները՝ 8-15 տարի տաժանակիր աշխատանքի: Շրջանային դատարանի վճիռին դէմ բողոքեցին դատապարտեալները եւ Թիֆլիսի մէջ վերաքննուեցաւ գործը, բայց դատարանը հաստատեց Կարսի վճիռը:

Ռազմական տեսակէտով արշաւանքը թէեւ ձախողութիւն մը եղաւ, բայց դէպքը ու դատավարութիւնը մեծ յուզում ստեղծեցին մեր ժողովուրդին մէջ:

Կուկունեան անունը սերտօրէլ կապուեցաւ հայ յեղափոխական շարժման սկզբնաւորութեան: Ժողովրդական բոլոր խաւերը ազդանշան մը համարեցին այդ արշաւանքը՝ իրենց սեփական պայքարով ու իրենց արիւնով տէր դառնալու համար ազգային իրաւունքներուն: Կուկունեանի ճանապարհով հայդուկներու անվերջ խումբեր սկսան կռուիլ Համիտի եւ Ցարի բռնակալութիւններուն դէմ:

15 տարուան աքսորէն ետք, Կուկունեան յաջողեցաւ հայրենիք վերադառնալ 1906-ին, օգտուելով յեղափոխութեան հետեւանքով տրուած ներումէն: Ֆիզիքապէս բոլորովին քայքայուած էր: Սախալինի մէջ ամուսնացած էր աքսորական կնոջ մը հետ ու վերադարձին երկու զաւակներ ունէր: Հալածանքները երբ վերսկսան 1912-ին, կրկին ձերբակալուեցաւ ու նետուեցաւ Օրէօլ քաղաքի զնտանը, ուր չդիմացաւ անոր տառապանքներու եւ մեռաւ երկու տարի վերջ (1913թ, Նոյեմբեր 26):

Կուկունեան իր անձի օրինակով ցնցեց սահմանի երկու կողմի հայ երիտասարդութիւնը: Անոր արշաւանքը, աքսորը, տառապալից կեանքը մեծագոյն քարոզչութիւնը կազմեցին յեղափոխութեան ժողովրդականացումին համար: Կուկունեանի դատավարութեան ամիսներուն էր որ նորակազմ Հայ Յեղափոխանանների Դաշնակցութիւնը մէկ դրօշի ներքեւ հաւաքեց հայութեան մարտական ոյժերը: Կուկունեանի անունը ազդանշան մը եղաւ յեղափոխութեան սկզբնաւորութեան համար:

Կարծիքներ Կուկունեանի Մասին
«Կուկունեան արշաւանքի միտքը յղացաւ Կարնոյ դէպքից ամիջապէս յետոյ եւ կազմակերպում էր յեղափոխական խմբերի բանակցութիւնների հետ միաժամանակ:

Աւելացնենք միայն, որ խմբի անդամները որոշ կերպով չէին ներկայացնում իրենց, թէ ի՞նչ պէտք է անեն Տաճկահայաստանում, ի՞նչպէս պէտք է անեն, ի՞նչ է սպասում իրենց: Սահմանագլխում ժողովուած այդ հարիւրաւոր երիտասարդները (բացի 78 հոգուց, որոնք մասնակեցեցին արշաւանքին, կային դեռ շատ շատեր, որոնք սպասում էին իրենց հերթին) գործնական միջոցների մասին չէին մտածում, չէին խորհում, կարծես կամովին կուրացած՝ դիմում էին դէպի անդունդ: Մի բան նրանց համար շատ պարզ էր. հարկաւոր էր արիւն թափել, հարկաւոր էր վրէժխնդիր լինել բազմաթիւ անմեղ զոհերի անբիծ արեան համար: Սա մի տարերային հոսանք էր, ազնիւ, վեհ, ոգեւորիչ հոսանք, որի առաջքն առնել անկարելի էր ոչ մի յորդորանքով, ոչ մի խելացի պատճառաբանութիւններով, ոչ մի սարսափելի ապագայի նկարագրութիւններով»:
Ռոստոմ

«Երբ Կարսի երկնամերձ Միջնաբերդի բարձրունքներէն քեզ վեր կը բերէին դատարան կամ բաղնիք տանելու, քու ոտքերուդ ծանր շղթաները կը շառաչէին տխուր ղօղանջով, ինչպէս հայ գեղջուկի լացի ու շիւանի երգեր: Ճամբադ սպասելով մենք քեզի համբոյրներ կը ղրկէին, իսկ դու խրոխտաբար ժպտալով՝ կ՛երթային արհամարհելով զքեզ շրջապատող պահակները, քո սեփական տանջանքներդ: Դու այն ատեն նման էիր հին հայ իշխաններու, հին խոստովանող նահատակներու: Ինծի յաճախ կը թուէր որ լուսապսակը կը տեսնէի գլխուդ շուրջը ճաճանչաւորուած:
Ծանր էր խաչդ, դու պիտի մեզի ճամբայ բանայիր Անյայտին մէջ, առաջին արահետը:
Կեանքը անողորմ եղաւ դէպի քեզ, ինչպէս քո սիրած Ազգիդ: Դու եղար անոր մանրանկարը, ո՜վ Մեծ Տառապեալ»:
Արծիւեան
(Գ.Խաժակ)

«Տեսայ նրան (Կուկունեանին) Կարսի մէջ, երբ բանտից տանում էին բաղնիք: Ամբողջ ժողովուրդը սիրով եւ հիացումով կը նայէր այդ բարձրահասակ, վայելչակազմ երիտասարդին, որ՝ հագած չերքեսկա եւ փափախ՝ դիւրաշարժ եւ ժպտադէմ կը քալէր քօզակներով շրջապատուած: Հետագային, 16 տարի վերջը, ես նորից տեսայ Կուկունեանը, երբ նա ազատուելով ռուսական տաժանակիր բանտից եւ Սախալին կղզիի աքսորից՝ եկաւ Կովկաս, սպիտակ մազերով ու մօրուքով, բաւական գերցած ու դանդաղաշարժ,- խոհուն ծերունի մը որ հեռաւոր իսկ նմանութիւն չունէր այն երիտասարդի հետ, որ տեսած էր առաջին անգամ եւ մասնաւոր սիրով պահած յիշողութեանս մէջ: Միայն աչքերն էին, որ խոր հայեացքով կը թափանցէին մարդու հոգիին մէջ»:
Համօ Օհանջանեան

Երգ Սարգիս Կուկունեանի
Երբ ալեկոծ ծովու վրայ
Իմ մակոյկը խորտակուի,
Ես փրփրադէզ ալեաց մէջը
Դեռ իմ յոյսըս չեմ կտրի:
Բոլոր ուժովս եւ համարձակ
Բազուկներըս կը շարժեմ,
Ալիքները պատառելով
Դէպի ափունք կը թռչեմ:
Ահաւասիկ այս կռուի մէջ
Թէ ուժերըս ինձ թողնեն,
Ալիքները յորձանք տալով
դէպի անդունդ ինձ տանեն,
Այն ժամանակ գէթ սփոփանք
Ես գտնում եմ նրա մէջ,
Որ մեռնում եմ քաջի նման,
Կռիւ տալով մինչեւ վերջ:
Ես Կուկունեան Սարգիս անուն՝
Աքսորման մէջ ինկած եմ,
Ազատութեան սիրոյն համար
Կեանքս ու հոգիս զոհած եմ:
Ձեռքերս շղթայ, ոտքերս շղթայ,
Մութ բանտին մէջ ինկած եմ,
Հայրենիքիս սիրոյն համար
Կեանքս ու հոգիս զոհած եմ:
Գերեզմանիս քարին վրայ
Սէրըդ սիրով դու երգիր,
Եւ փոխանակ իմ երեսին՝
Շիրմիս քարին համբուրիր:
Մընա՜ք բարեաւ, սուր, հրացան,
Մընա՜ք բարեաւ, ընկերներ,
Անցան օրերս ազատութեան,
Եկան բանտի շղթաներ:
Գերեզմանիս չորս բոլորը,
Վարդ, մանիշակ թող բուսնին
Իմ հայրենեաց խե՜ղճ զաւակունք
Այդ վարդերով զբօսնուն:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Պայքարը շարունակելուց բացի այլընտրանք

ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենյակի պատասխանատու Կիրո Մանոյանի խոսքը Եռաբլուրում. 1990

08 Օգոստոս 2026
Հայ Դատը Դատապարտեց Պաքուի Դէմ Պատժամի

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դատապարտեց Թրամփի վարչակազմին կող

08 Օգոստոս 2026
Ստեղծել եք ավտորիտար համակարգ, որը ծառ

Գումարումը սկսեցինք մի ուղերձով, որի առանցքում դահլիճի բարեվարքությունն էր. Առ

07 Օգոստոս 2026
Այդ ճգնաժամը դուք եք ստեղծել

«ՌԴ-ն ՀՀ պետականության համար սպառնալիք չէ։ Ես գիտեմ, որ ապրանքների մուտքի արգե

07 Օգոստոս 2026
Վեհափառի դեմ հարուցված շինծու դատը, եկ

Հայ դատի Կենտրոնական Խորհրդի նախագահ Հակոբ Տեր Խաչատուրյանն անդրադարձել է Գարե

07 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ Բյուրոյի հայտարարությունը

Սիրելի հայրենակիցներ, Առերեսվում ենք հայ ժողովրդի պատմության ամենաանպատվաբե

07 Օգոստոս 2026
Արտածման ճգնաժամը

«Աշխարհագրութիւնը մեզ դրացիներ դարձուց։ Պատմութիւնը՝ բարեկամներ։ Տնտեսութիւնը՝

07 Օգոստոս 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը յայտարարէ «ԱՄԱՐԱՍ» ծրագրի կայացումը

06 Օգոստոս 2026
Դատող կողմի համար այս դատավարությունը

Բաքվի վերաքննիչ դատարանում ավարտվել է Արցախի ռազմական և քաղաքական ղեկավարությա

06 Օգոստոս 2026
Ակնարկ. Երբ իշխանութիւնն այլեւս ընդդիմ

Այս յօդւածը փորձում է հասկանալ, թէ ինչ է տեղի ունենում, երբ իշխանութիւնը արտաք

06 Օգոստոս 2026
Շարունակե՞լ Գոյութիւն Ունեցածը, Թէ՞ Ան

Խորհրդարանական ընտրութիւնները կը կատարուին իշխանութեան փոփոխութիւնը կարելի դար

06 Օգոստոս 2026
Էներգետիկ ինքնիշխանության պատրանքը․ Հա

Ռուսաստանը կարող է վերանայել կամ դադարեցնել Հայաստանի նկատմամբ բնական գազի, նա

06 Օգոստոս 2026
Քարտեզից այն կողմ. Տիգրանաշենը և Հայաս

Հայաստանի և Ադրբեջանի միջև ընթացող սահմանազատման և սահմանագծման գործընթացը վաղ

06 Օգոստոս 2026
Աշխարհաքաղաքական պատրանքներ և իրականու

2026 թվականի հունիսի 7-ի խորհրդարանական ընտրությունները Հայաստանում դարձան հեր

06 Օգոստոս 2026
Թուրքիայի պանթյուրքական քաղաքականությա

XXI դարում Թուրքիան զգալիորեն ակտիվացրել է իր քաղաքականությունը թյուրքախոս պետ

06 Օգոստոս 2026
Մի՞թե հայ ժողովուրդը կշարունակի մնալ թ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը հատում է բոլոր կարմիր գծերը՝ անցնելով իր լիազորությու

04 Օգոստոս 2026
Արցախի հարցը չի փակվել․ ՀՀ իշխանությու

Կորսիկայի խորհրդարանի ընդունած որոշումը, որով վերահաստատվում են արցախահայությա

04 Օգոստոս 2026
Պետք է լինել միասնական պարտադրվող օրակ

«Աշնանը Հայաստանի համար սպասվում են ծանր զարգացումներ»,- լրագրողների հետ զրույ

04 Օգոստոս 2026
Պաշտօնական Յայտարարութիւն Երուսաղէմի

Յայտարարութիւն Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբը խստագոյնս կը դատապարտէ Երու

04 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Գնահատեց

Նիւ Եորքի համալսարանի լիաժամ ու Պէյրութի ամերիկեան համալսարան այցելու դասախօս,

04 Օգոստոս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company