ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Կազաբոցում

08 Հունվար 2022

Երեւանէն մինչեւ Լոս Անճելըս, Արցախէն մինչեւ Պրիւքսել, Պէյրութէն մինչեւ Կապան բոլորս գազաբոցուած ենք. թերեւս ոչ շատերը գիտեն կեզլայթինկ բառը եւ անոր իմաստը:

Այս բառը կու գայ ֆիլմաշխարհէն. Gaslight-ը 1944 թուականի ամերիկեան հոգեբանական թրիլլեր է (բեմադրիչ` Ճորճ Քիւքոր, գլխաւոր դերեր ունին Չարլզ Պուայէն եւ Ինկրիտ Պերգմանը), ֆիլմը հիմնուած է Փաթրիք Հեմիլթընի թատրերագրութեան վրայ:

Նիւթը կը վերաբերի ամուսինի մը, որ կը փորձէ իր կինն ու այլ մարդիկ համոզել, որ կինը խելագար է: Բնօրինակին վերնագիրը կու գայ տան կազի լոյսերու դիտումնաւոր նուաղեցնելու, լոյսը մթագնելու կրկնուող շահարկումէն: Կինը ճշգրիտ կը նկատէ մթնող լոյսերը եւ կը նշէ երեւոյթը, սակայն շահագործման առարկան կը դառնայ ամուսնոյն, որ կը պնդէ, թէ լոյսերու նուաղումը միայն իր երեւակայութեան մէջ է, եւ թէ ան կը սխալի կամ սխալ կը յիշէ:

Gaslighting-ի համար ես կ՛առաջարկեմ կազաբոցել բառը:

Կազաբոցումը արդէն 60-ական թուականներէն օգտագործուող հոգեբանական քաղաքական հասկացողութիւն է. կազաբոցելը կ՛ենթադրէ երկար ժամանակի վրայ մարդը ենթարկել հոգեբանական ձեռնածութեան, որուն իբրեւ հետեւանք` զոհը կասկածի տակ կը դնէ սեփական միտքերու, իրականութեան ընկալման կամ յիշողութիւններու վաւերականութիւնը, շահագործումը անվարան կ՛առաջնորդէ շփոթութեան, վստահութեան եւ ինքնագնահատականի կորուստի, կողմնորոշման կարողութեան կորուստի, կը տանի ինքնաքանդիչ յուզականութեան եւ ամբողջական կաթուածահարութեան: Մարդը` զոհը, չունենալով հոգեկան կայունութիւն, կազաբոցուելով յաւերժ կը մնայ կախուած յանցագործէն:

Կազաբոցումը կրնայ շատ արդիւնաւէտ գործիք ըլլալ բռնարարի մը համար` անհատներուն վերահսկելու համար: Անիկա կը կատարուի դանդաղ, որպէսզի զոհը չհասնի յատուկ իրադարձութիւն մը ընկալելու իբրեւ ոչ սովորական կամ տարօրինակ, եւ չհասկնայ, որ իրեն կը վերահսկեն եւ կը չարաշահեն:

Կազաբոցումը կրնայ տեղի ունենալ որեւէ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ, ներառեալ` ընկերներու եւ ընտանիքի անդամներու միջեւ:

Ասիկա այրելու դասական թեքնիք է. զոհերուն ըսել, որ ուրիշներ խենթ են, կը ստեն, եւ որ կազաբոցողը հաւաստի, ճշմարիտ տեղեկատուութեան միակ աղբիւրն է: Այս ձեւով կազաբոցողը զոհերուն կը ստիպէ կասկածի տակ դնելու իրենց իսկ իրականութիւնը…

Հիմա եկէք ու նայինք մեր շուրջը եւ տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս մեզ կը կազաբոցեն` Երեւանէն մինչեւ Լոս Անճելըս, Արցախէն մինչեւ Պրիւքսել:

Հիմա արդէն մեզի հաւատացուցած են, որ մենք ենք խենթերը` Հայ դատի գործով զբաղողներէն մինչեւ հիմնադրամին նուիրատուութիւններ ընող հայ մարդը:

Խենթ ենք, որ կը հաւատանք մեր արդար իրաւունքներուն:

Խենթ ենք, որ կ՛երազենք վերաազատագրել Արցախը:

Խենթ ենք, որ Ցեղասպանութեան համար հատուցում կը պահանջենք թշնամիէն:

Խենթ ենք, որ կը յանդգնինք նոյնիսկ մտածել:

Որպէսզի դոյզ իսկ կասկած չմնայ մեր խելագարութեան մասին, Երեւան նստած եւ իր ժողովուրդը կազաբոցող իշխանութիւնը իր քաղաքականութիւնը յառաջ կը մղէ` անվարան տեղեկատուութիւն զլանալով, զայն շեղելով, ընտրողաբար հրապարակելով չարաշահող իշխանութեան օգտին կեղծ տեղեկատուութիւն` մեր բոլորը այսպիսով պահելով մութի մէջ:

Բանակի ղեկավարութիւնը 44-օրեայ պատերազմի մասնակից մեր մարտիկները հասցուցած է հոն, ուր արդէն բոլորս կասկածի տակ կ՛առնենք մեր սեփական յիշողութիւնը` խեղաթիւրելով մեր ընկալումը եւ սպաննելով մեր ողջախոհութիւնը:

Մեզի կը պարտադրեն հարցականի տակ առնել` մեր զինուորներու հաւատարմութիւնը, հայրենասիրութիւնը, կռուելու ունակութիւնը, նոյնիսկ գերիները սկսած ենք տեսնել իբրեւ յանցագործներ, օրինակները շատ են… իսկ հիմա արդէն մեզ կը կազաբոցեն` ըսելով, որ բռնարարի պարտութիւնը պարտութիւն չէ, որ` թշնամի Թուրքիան մեր բարեկամն է, մենք ենք, որ միայն խելագար ենք ու չենք կրնար զանազանել իրականութիւնը մեր երեւակայութենէն, որ` ազերիները խաղաղութիւն կ՛ուզեն, իսկ մորթուած, գլխատուած զինուորները միայն մեր երեւակայութեան մէջ են, որ` բռնապետին կողմէ տեղի ունեցած բռնութեան դէպքերը բռնութիւն չեն, որ` արդարութիւնը արդարութիւն չէ, որ` ոստիկանը ոստիկան չէ, որ` բժիշկը բժիշկ չէ: Ասոր զուգահեռ, միշտ կը հրամցուի բռնարարին կողմէ տարօրինակ իրադարձութիւններու բեմադրութիւն` զոհը ապակողմնորոշելու մտադրութեամբ:

Որ` մենք ծոյլ ենք, որ` սփիւռքը դաւաճան է, որ` չի հասկնար, թէ պարտութիւնը յաղթանակ է…

Ահա հասանք վերջնակայան. հիմա արդէն ունինք ապակողմնորոշուած սփիւռք եւ հայրենիք. ունինք բռնարարէն կախուածութեան մէջ ապրող հայ մարդ` ե՛ւ ներսը ե՛ւ դուրսը:

Հիմա կաթուածահար ենք:

Թիրախ էինք ես եւ դուն, երեւանաբնակ իմ քոյրս եւ անոր երեխաները, պոսթոնաբնակ իմ ընկերս եւ անոր շրջապատը, Վարդենիսի Հայկոն, Աբովեանի Անահիտը եւ մանաւանդ` Կասկատի անհոգ եւ քաղքենի բնակչութիւնը:

Թիրախ էինք, եւ նետը հիմա նստած է մեր սիրտերուն մէջ. զէնքը, որ, կը շարունակուի կիրարկուիլ մեզի դէմ, անճանաչելի է. մահացու խոցը կ՛արիւնի դանդաղ-դանդաղ. վերահսկողութեան այս նենգ մեթոտի մահացու հարուածէն ետք հնարաւո՞ր է ուշքի գալ:

Ինչպէ՞ս վերջ տալ մեր թուացեալ խելագարութեան. ի՞նչ բանի հաւատալ, որո՞ւ հաւատալ, երբ մենք հաւաքաբար կորսնցուցեր ենք մեր իսկ դատողութեան վստահելու ունակութիւնը:

Նախ ո՞վ է կազաբոցելու պատրաստ հրէշ-մարդը, ի՞նչ են անոր մեկնակէտները:

Մեր իշխանութիւնները կը գործեն երեք սկզբունքներով:

Առաջին հերթին ջնջել եւ վերանուաճել այլ մարդու մը իրականութիւնը. մարդիկը զսպել, հակակշռել, կառավարել եւ յետոյ տիրապետել. մարտահրաւէրները անհանդուրժելի են, ուրեմն պէտք է չէզոքացնել բոլոր ընդդիմութեան սաղմերը:

Կազաբոցելով` կը ջնջես յիշողութիւնը, կը վերացնես կամքը, կը վերացնես դատողութիւնը. կը սրսկես վախի բարձր չափաբաժին.

Հայաստանի վարչապետն ու անոր խումբը` չարաշահողները, լաւ կը տիրապետեն կազաբոցելու թեքնիքներուն.

1.- Յաջողելու համար անհրաժեշտ են կարծրատիպեր` զոհերը գրաւելու համար. կազաբոցելը անհնար է առանց ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական անհաւասարութեան, իսկ մեր իրականութեան մէջ անարդարութիւնը ազատ «կը ֆռռար»… կարծրատիպերու պակաս չկար.

2.- Որպէսզի կազաբոցումը արդիւնաւէտ ըլլայ, զոհը պէտք է բարձր յարգանքով վերաբերի կազաբոցողին հետ (գրեթէ վիպապաշտ յարաբերութեան մասին է խօսքը): Նպատակը իշխանութեան այս անհաւասարութենէն օգտուիլն է. օրինակ, մեր քաղաքական գործիչները կը զգան, որ կրնան անպատիժ յարձակիլ ուրիշներու վրայ` իրենց դիրքի հզօրութեան վստահելով: Փաշինեանի դիմաց հայ քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ պետական այլ պաշտօնեաներ, ընդդիմադիրները կը վախնան հակահարուած տալէ: Անհամաձայնութիւնը կրնայ տանիլ` աշխատանքի կորուստի, հրապարակային յարձակման թիրախ դառնալու, ծաղրի առարկայ դառնալու եւ մանաւանդ ֆիզիքական սպառնալիքի եւ հաշուեյարդարի ենթարկուելու. կազաբոցումը կը սնի առճակատումով: Եթէ պատասխանես, կազաբոցողը կը պատասխանէ աւելի խճճուած սարդոստայն հիւսելով շուրջդ, ամէն ինչ անհեթեթութեան տանելով:

3.- Մրճահարել հակառակորդը. երկու առնչուող մարտավարութիւններ են յաւերժական սուտը եւ ժխտումը` բացայայտ կամ ենթադրեալ:

Քաղաքականութեան մէջ յամառութիւնն ու կրկնութիւնը կազաբոցման կարեւոր բաղադրիչներ են: Ստելը, հերքելը եւ իրականութիւնը խեղաթիւրելը խաբելու եւ վերահսկողութիւն ձեռք բերելու համար բանալի են: Նպատակը զոհը մաշելն է` անընդհատ վիճարկելով մեր հասկցած ճիշդն ու ճշմարիտը:

Ճշմարտութեան մասնակի խեղաթիւրումը ծանօթ մարտավարութիւն է քաղաքականութեան մէջ: Քաղաքական գործիչներ երբեմն կ՛ուռճացնեն կամ «կը ծռեն» ճշմարտութիւնը, բայց մենք երբեք չէինք տեսած ստախօսութեան այն աստիճանը, որուն ականատես ենք այսօր: Յիշեցէք, որ կազաբոցումը հոգեբանական ձեռնածութեան ձեւ է, երբ մարդը ոչ բացայայտ կերպով կասկածի սերմեր կը ցանէ թիրախաւորուած անհատի կամ խումբի մէջ` հրամցնելով հետեւողական սուտ, սուտի ժխտում, շփոթի ստեղծում, մթագնացում եւ խաբէութիւն:

Հաւաքական Կազաբոցում

Կազաբոցման մարտավարութեան ծայրագոյն վտանգը ոչ միայն հաւաքականութեան խելագարութիւնն է, այլ` անոր սպասող մահը: Փաշինեանը հմտօրէն իր քաղաքացիները կ՛առաջնորդէ դէպի հաւաքական մահ: Մեր հայրենակիցները պաշտելով իրենց առաջնորդը` կը ստորագրեն իրենց սեփական մահապատիժը: Կազաբոցման զոհերը յաճախ ինքնասպանութիւն կը գործեն թէ՛ բառացի եւ թէ՛ փոխաբերական իմաստով, քանի որ անոնք կը թաղուին թելադրուող խելագարութեան աւելի ու աւելի խոր շերտերուն մէջ: Կեանքը վտանգելու պատրաստակամութիւնը ցոյց տուին հայ մարդիկ 44-օրեայ պատերազմին, յետոյ արտակարգ ընտրութիւններու ընդմէջէն, եւ յետոյ` անհասկնալի հայ կնոջ խօսքերէն, որ կ՛ըսէր, եթէ թուրքը նոյնիսկ գայ ու թոռնիկս մորթէ, ես կ՛ուզեմ, որ Փաշինեանը մնայ վարչապետ:

Երբեմն, եթէ բախտը բերէ, կազաբոցման զոհը կը փրկեն իր հարազատները: Բայց ո՞վ կրնայ զանգուածային ինքնաոչնչացումէն փրկել մարդոց ամբողջ խումբ մը, այն ալ` խորապէս բեւեռացուած մեր ազգին: Ինչպէ՞ս կրնանք արթնցնել հաւաքականութիւն մը, որ կը փափաքի երթալ դէպի մահ (կամ մահ պարտադրել ուրիշներուն` անպատասխանատու արարքներու միջոցով), եւ կը մերժէ դուրս գալ կազաբոցման հմայքէն:

Կազաբոցման զոհին մօտ տեսանելի են հետեւեալ ախտանշանները.

Կազաբոցուած են մարդիկ, երբ`

– Շփոթած են եւ անընդհատ կը կրկնեն գոց սորված տողեր:
– Կը դժուարանան պարզ որոշումներ կայացնելու:
– Կը դառնան ինքնամփոփ, չեն շփուիր ուրիշներու հետ:
– Անընդհատ ներողութիւն կը խնդրեն զիրենք վիրաւորող անձէն:
– Կը պաշտպանեն դաժան անձի վարքագիծը:
– Կը ստեն ընտանիքն ու ընկերները պաշտպանելու համար:
– Անյոյս են, ուրախ չեն, անարժէքութեան զգացումէ կը տառապին ու կը զգան, որ ոչ մէկ բանի ընդունակ չեն:

Բոլորս հիմա արդէն ունինք վերը նշուած ախտանիշները:

Ինչպէ՞ս Պայքարիլ Կախարդական Լուծումներ Չկան

Առաջին` հասկնալ եւ ըմբռնել կազաբոցման մարտավարութեան էութիւնը: Միայն անկէ ետք կարելի է այս արատաւոր շղթան կտրել:

Երկրորդ` ամուր կառչած մնալ ձեր ճշմարտութեան: Կը նշանակէ` հաւատալ դուք ձեզի, ձեր զգացումներուն, ձեր գիտելիքին: Կը նշանակէ` վստահիլ ձեր ընկալումներուն:

Երրորդ` չփորձել «գերազանցել» կազաբոցողը: Անոր դէմ պայքարելու լաւագոյն միջոցը պարտադրուած մարտին չմասնակցիլն է. դուն կրնաս «մէյտան» նետուած հարցի քննարկման ներկայանալ բազմաթիւ ապացոյցներով, տեսանիւթերով, ձայնագրութիւններով, փաստերով եւ աւելի՛ն, սակայն Փաշինեանը կը գտնէ նիւթէն շեղելու, նսեմացնելու կամ հերքելու միջոց:

Աւելի լաւ է հեռանալ` ձեր ընկալումները անփոփոխ պահելով:

Չորրորդ` խօսակցութիւնը պարզ պահել: Նախապէս իմանալ ձեր նպատակը: Ի՞նչ կ՛ուզէք իրականացնել: Լուծե՞լ:

Մարդը, որ կազաբոցման կռիւ կը մղէ, բացայայտօրէն կը ստէ, կը փոխէ, կ՛աղաւաղէ պատմութիւնը եւ նուազագոյնի կը հասցնէ ձեր զգացողութիւնները: Իմանալով ձեր նպատակը, խօսակցութեան ընթացքին կը մնաք ձեր ընտրած ուղիին վրայ` հակառակ ձեզ շեղեցնելու դիմացինին ջանքերուն:

Հինգերորդ` պատրաստ ըլլալ լքելու խօսակցութիւնը: Կարեւոր է հասկնալ, որ երբ խօսակցութիւնը շրջանաձեւ եւ անարդար է, ժամանակն է լքելու եւ հեռանալու:

Ամէնէն կարեւորը` կիսեցէք ձեր ճշմարտութիւնները վստահելի եւ ապահովութիւն ներշնչող մարդոց հետ:

Մէկ խօսքով` միանալ, կազմակերպուիլ, ստեղծել աջակցութեան եւ հակազդեցութեան դիմադրութեան համակարգ: Ճշմարտութեան ամուր կառչելով եւ աջակցութեան համակարգ ստեղծելով` մենք կրնանք վերադառնալ իրականութեան: Վերանուաճել ճշմարտութիւնը:

Ամբողջատիրութեան իր վերլուծութեան մէջ քաղաքական տեսաբան Հաննա Արենդտը կը նախազգուշացնէ, որ կազաբոցման միջոցով ստեղծուած անհասկնալի աշխարհին մէջ մարդիկ «միաժամանակ կը հաւատան ամէն ինչի եւ ոչինչի, կը կարծեն, թէ ամէն ինչ հնարաւոր է, եւ սակայն ճշմարտութիւն չկայ»:

Ճշմարտութիւնը մեր գոյութեան եւ արդարութեան հիմքն է:

Ոչ մէկ կազաբոցում կրնայ շեղել մեզ:

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
ՀՅԴ ներկայացուցիչներն այցելել են Երևան

Մայիսի 16-ին ՀՅԴ անդամ, Հայաստանի Հանրապետության Ազգային Ժողովի պատգամավոր Արթ

16 Մայիս 2025
Արցախի հիմնահարցը քաղաքական օրակարգի վ

«Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ

16 Մայիս 2025
Առայժմ չկա գործիքը, որն իմպիչմենտը կհա

Իմպիչմենտ սկսենք, կկանգնենք կոտրած տաշտակի առաջ, չսկսելու պատճառը ծիծաղի առարկ

16 Մայիս 2025
Աղքատ… Մեծահարուստը, Կամ Վիթխարի ՄԵԾը՝

«Իմ սեփական պարտէզիս մէջ, այլեւս ատելութեան սերմերը չեմ ցաներ: Կեանքը դաժան դա

16 Մայիս 2025
Երկխոսության բացակայությունը իշխանությ

Մայիսի 15-ին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հ

16 Մայիս 2025
Ակնարկ. Աբրահամեան Համաձայնագիրին Երկր

Սէուտական Արաբիայէն եւ այնտեղ կայացած հանդիպումներուն առիթով այս օրերուն բազմա

16 Մայիս 2025
Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախա

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի արտաքին գործոց

16 Մայիս 2025
Որքան էլ ունենանք տարաձայնություններ,

Արտաքին և ներքին մարտահրավերները կառավարելն այս իշխանության ուժերից վեր են, ին

15 Մայիս 2025
Պարտությունը պարտության հետևից բերում

Քաղաքական մեծամասնությունն ունի գիծ, որից բխում են նրա բոլոր որոշումները: Մեզ

15 Մայիս 2025
Ակնարկ. Ի՞նչ ազդանշաններ սպասել Ստամբ

Ստամբուլում, այսօր՝ մայիսի 15-ին Ռուսաստանի եւ Ուկրաինայի պատւիրակութիւնների մ

15 Մայիս 2025
Իշխանությունները չեն հասկանում իրենց պ

Ամեն ինչ տեսել եմ, բայց այս աստիճանի այլանդակություն, ուրիշ բառ չեմ կարողանում

15 Մայիս 2025
Իրանի բեկումնային պատգամը

Մայիսի 12-ի իմ յօդուածի հարցադրութեանց շրջագծին մէջ, ԱՄՆ-Իրան բանակցային գործը

15 Մայիս 2025
Ատրպատականի հայութեան ինքնապաշտպանական

Դիլմանի եւ Ուրմիայի վճռորոշ հերոսամարտերը 1914 թ. օգոստոսին, Առաջին համա

15 Մայիս 2025
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնակա

Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու ծիրին մէջ կիրակի, 18 մայիս

14 Մայիս 2025
Յիշելով Օլիվըր Նորթը եւ «խունթա»ները

Երեւանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը հնարամի՜տ է. բազմաթիւ հնարքներ ունի ուսապարկին մէ

14 Մայիս 2025
Փանթուրքիզմը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն(ն

1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ, հակառակ Թու

14 Մայիս 2025
«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Սրտցաւ ընկերներէս մէկը հարց կու տար, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: Խորհրդ

14 Մայիս 2025
Հայերի կարծիքով՝ միայն իրենք են անմիաբ

Հայերը հաճախ գանգատվում են, որ իրենք պառակտված ազգ են՝ սխալմամբ կարծելով, որ մ

13 Մայիս 2025
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քնն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի հերթական առցանց

13 Մայիս 2025
Ո՞վ է տիրական ուժը ԱՄՆ -Իրան բանակցութ

Թրամփեան վերջնագրի պայմանաժամը կ՚աւարտի այսօր, Մարտի 12-ին։ Յիշեցնենք, որ

13 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company