ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Հայ Դատի Հետապնդման Մարտավարական Նոր Քայլերու Ճշդում` Հայութեան Համար Բաւական Անորոշ Աշխարհաքաղաքական Պայմաններու Մէջ

10 Հունվար 2022

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Նոյեմբեր 29-էն 3 դեկտեմբեր 2021-ին, հինգ օր շարունակ, Երեւանը, Գորիսը եւ Ստեփանակերտը եղան հանդիպման վայրերը աշխարհատարած ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներուն: Հայ դատի յանձնախումբերու սոյն խորհրդաժողովին մասնակցած շուրջ 20 կառոյցներէ 50 ներկայացուցիչներ այդ 5 օրուան ընթացքին լսեցին զեկուցումներ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն շուրջ ստեղծուած նոր իրադրութիւններուն, Արցախի դէմ թուրք-ազրպէյճանական 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքներուն եւ համաթուրանական ներկայ սպառնալիքներուն մասին: Խորհրդաժողովը նաեւ առիթ դարձաւ, նոր մարտահրաւէրներու եւ իրադրութիւններու լոյսին տակ, մարտավարական ճշգրտումներ կատարելու Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաշխարհային ցանցի յառաջիկայ գործունէութեան մէջ:

Ինչո՞ւ այս անհրաժեշտութիւնը` ճշգրտումները կատարելու. որովհետեւ դժբախտաբար Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը 44-օրեայ պատերազմին արձանագրուած պարտութենէն ետք ինքզինք կը գտնէ բաւական խոցելի դիրքերու մէջ, կացութիւնը ներկայիս այն չէ, ինչ որ էր 2020-ի սկիզբը, երբ տեղի ունեցաւ Հայ դատի յանձնախումբերու նախորդ խորհրդաժողովը: Այն ժամանակ մանաւանդ Ամերիկաներու, Եւրոպայի եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն մօտ աշխատանքային հեւք մը կար գէթ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ նահանգային թէ քաղաքային մակարդակներով ընդարձակելու Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման ծիրը, աւելցնելու Արցախի Հանրապետութեան բարեկամներու շրջանակներուն անդամներուն թիւը եւ թափ տալու օտարերկրացի քաղաքական գործիչներու Արցախ կատարած ճանաչողական բնոյթի այցելութիւններուն: Ներկայիս թէեւ այս ուղղութիւններով կայ տակաւին որոշակի գործունէութիւն, սակայն պատերազմին պատճառով հայկական կողմին կրած կորուստները կը պարտադրեն նոր առաջնահերթութիւններու վրայ շեշտը դնել:

Մեկնելով խորհրդաժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան տրամադրութիւններէն` այդ առաջնահերթութիւնները կարելի է ներկայացնել հետեւեալ ձեւով.

Նախ` 44-օրեայ պատերազմին թէեւ հայկական կողմը պարտութիւն կրեց եւ Ազրպէյճան անկէ ետք բազմիցս յայտարարեց, որ ինք իր ձեւով արդէն լուծած է արցախեան հակամարտութիւնը, սակայն հակառակ թշնամիի բոլոր յոխորտանքներուն` տակաւին տագնապը կը մնայ անլոյծ: Ինչպէս վերջին պատերազմէն առաջ, նոյնպէս ալ պատերազմէն ետք թուրք-ազրպէյճանական դաշինքը ջանք չի խնայեր չեղեալ նկատելու տագնապի լուծման միջազգայնօրէն ընդունուած միակ ձեւաչափ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը եւ այդ ձեւաչափը փոխարինելու այլ հարթակներով, օրինակ` ՄԱԿ, Եւրոպական Միութիւն կամ պատերազմէն ետք Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի կողմէ յառաջ քշուող 3+3(2) հարթակ: Մինսքի խմբակի եռանախագահութիւնը ցայժմ իր առաքելութենէն չէ հրաժարած, այս եռանախագահութեան ներկայացուցիչները ոչ առաջուան յաճախականութեամբ, բայց պարբերաբար կապ կը հաստատեն հակամարտող կողմերուն հետ: Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափին վերաշխուժացումը անհրաժեշտութիւն է այն իմաստով, որ անոր ընդմէջէն հայկական կողմը կրնայ յառաջ մղել Արցախի հետագայ կարգավիճակին հարցը, ուր բացառուած ըլլայ անոր որեւէ ձեւով մաս նկատուիլը Ազրպէյճանին: Ասիկա հիմնական գործօններէն մէկը կրնայ ըլլալ, որ անգամ մը եւս ամրագրուի արցախահայութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքը, Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հարցը թափ ստանայ, եւ ամէնէն կարեւորը` աշխատանք տարուի վերջին պատերազմին բռնագրաւուած արցախեան շրջանները եւ ի մասնաւորի Շուշին ու Հադրութը վերադարձնելու: Եւ զարմանալի չէ, որ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչները իրենց խորհրդաժողովին այս հարցերը դրած են իբրեւ քննարկումի նիւթեր` զանոնք նկատելով կարեւոր գործօն արցախեան տագնապի համապարփակ եւ արդարացի լուծման:

Երկրորդ` 44-օրեայ պատերազմը ստեղծած է մարդասիրական բնոյթի հարցեր, որոնք դժբախտաբար տակաւին չեն լուծուած, հակառակ անոր որ 9 նոյեմբեր 2020-ի յանձնուողական եւ պարտուողական եռակողմ յայտարարութիւնը յատուկ կէտ կ՛ընդգրկէր անոնց գծով: Այդ մարդասիրական հարցերուն առաջինը եւ ցայժմ ամէնէն զգայունը Ազրպէյճանի մէջ հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու գոյութեան հարցն է, որուն առանձին յօդուածով մը անդրադարձած ենք ասկէ առաջ: Երկրորդ հարցը պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճրագործութիւններու հարցն է, որովհետեւ փաստեր կան, որ Ազրպէյճան այս պատերազմի ընթացքին օգտագործած է միջազգայնօրէն արգիլուած զէնքեր, օգտագործած է նաեւ մեծ թիւերով օտարերկրացի վարձկաններ, նաեւ քաղաքային բնակչութեան թէ գերիներու նկատմամբ կիրարկած է այնպիսի բռնութիւններ, որոնք բացի անոնց մահուան ելքով աւարտելէն` նաեւ դատապարտելի կը մնան միջազգային օրէնքին կողմէ: Իսկ երրորդ հարցը այս «մարդասիրական» ենթախորագիրին տակ հայկական պատմաճարտարապետական կոթողներու ճակատագիրին հարցն է: Մասնաւորաբար այն շրջաններուն մէջ, որոնք անցան ազրպէյճանական բռնագրաւման տակ, կան նմանօրինակ բազմաթիւ կոթողներ` եկեղեցիներ, վանքեր, վանական համալիրներ եւ այլն, որոնք ենթակայ կը մնան կա՛մ աւերման, կա՛մ ալ ինքնութեան խեղաթիւրման, զանոնք իբրեւ ուտիական-աղուանական ներկայացնելուն: Մարդասիրական հարցերու այս լայն շրջանակին հետապնդման գծով եւս Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներն ու պատասխանատուները իրենց յանձնառութիւնը արտայայտեցին:

Երրորդ` այո՛, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, դատապարտումը, հատուցման թղթածրարի պատրաստութիւնը Հայ դատի աշխատանքներու աւանդական օրակարգին վրայ կը մնան, բայց ասոր կողքին, 44-օրեայ պատերազմին հետ կապուած նոր իրադրութիւններով պայմանաւորուած, կան նաեւ նոր երեւոյթներ, որոնք իրենք զիրենք կը պարտադրեն: Այս երեւոյթներէն մէկը Թուրքիոյ ներկայիս որդեգրած բաւական յարձակողապաշտ շրջանային քաղաքականութիւնն է, որ հետեւանք է այս երկրի ցեղապաշտ եւ կրօնամոլ վարչակարգի համաօսմանեան եւ համաթուրանական նկրտումներուն: Մեկնելով այս իրականութենէն` զարմանալի պիտի չթուէր երբեք, որ Թուրքիոյ ներկայիս որդեգրած վարքագիծին գծով Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներուն եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը հետեւեալ շեշտադրումները կատարէր. «Թուրքիոյ ներկայ պահուածքը եւ յարձակողապաշտ քաղաքական վարքը պէտք է ուշադրութեան արժանանան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ` իբրեւ համաշխարհային սպառնալիք: Թուրքիան իր համաթրքական անթաքոյց նկրտումներով վերածուած է միջազգային յարաբերութիւնները կազմաքանդող եւ իրեն յարակից գրեթէ բոլոր տարածաշրջանները ապակայունացնող գործօնի: Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հրահրումով, ապա անոր մէջ ուղղակի ներգրաւումով Թուրքիան, ըստ էութեան, ինքզինք դուրս դրած է միջազգային յարաբերութիւններու իրաւակարգաւորման տիրոյթէն»:

Եւ վերջապէս, ուշագրաւ կը մնայ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն ուղղուած այն խիստ յորդորն ու զգուշացումը, որ Հայաստան-Թուրքիա որեւէ ձեւի երկխօսութիւն, այսպէս կոչուած, յարաբերութիւնները կարգաւորելու որեւէ բանակցութիւն կասկածի տակ պէտք չէ առնէ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը, հայ ժողովուրդին անժամանցելի իրաւունքները եւ արժանապատուութիւնը: Այս զգուշացում-յորդորին կարեւորութիւնը աւելի եւս կը շեշտուի ներկայիս` խորհրդաժողովի կայացումէն շուրջ մէկ ամիս ետք, երբ կարծես այլեւս կը թուի, թէ այսպէս կոչուած հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման կամ կարգաւորման հոլովոյթը անկասելի է: Դեկտեմբեր 25-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձ Նիկոլ Փաշինեանը առցանց մամլոյ ասուլիսի ընթացքին բաւական խնդրայարոյց եւ անընդունելի ձեւակերպումներով անդրադարձաւ ե՛ւ արցախեան տագնապի լուծման, ե՛ւ այսպէս կոչուած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին: Գրեթէ, եթէ չսխալինք այս բնորոշումին մէջ, թուրք-ազրպէյճանական օրակարգին սպասարկողի դիրքերէ անդրադարձաւ այս զոյգ կնճռոտ թղթածրարներուն: Մէկ ամիս առաջ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներու խորհրդաժողովը Հայ դատի գործունէութեան նոր ուղենիշներու ճշդման ընթացքին իր զգուշացումը ուղղեց, բայց անհրաժեշտ է լրջութիւն, անհրաժեշտ է ականջ` լսելու համար: Ըստ երեւոյթին, սակայն, այդ լրջութիւնը կը պակսի մեր իշխանաւորներուն մօտ: Այս անլրջութեան ընթացքն է, որ պէտք է կասեցնել Հայ դատի աշխատանքներուն հետագայ սահուն ընթացքը ապահովելու համար:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ հունվարի 22-ին ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Գեղամ Մանուկյանը հ

22 Հունվար 2026
Փաշինյանի ռեժիմը շարունակում է արդարաց

Հայաստանում գործող ռեժիմը Բաքվի դրածոներն են, ամբողջությամբ սպասարկում է Թուրք

22 Հունվար 2026
Այս պահին Իրանի իշխանությունները կենտր

Իրանում շրջանառվում են տեղեկություններ, որ առաջիկա շաբաթվա ընթացքում հնարավոր

22 Հունվար 2026
Կրինլենտ՝ Անտերսենեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբ

Վստահաբար Թորվալտսոնի համար այդ օրերուն յստակ չէր, թէ որքան պարարտ էր այդ վիթխ

22 Հունվար 2026
Խմբագրական. Ատրպէյճանի «խաղաղութեան օր

Դեկտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացո

22 Հունվար 2026
Ակնարկ. Քրտական Եւ Տիւրզիական Զուգահեռ

Սուրիական իշխանութիւններուն սանձազերծած տարածքներու, ռազմական առումով քրտազերծ

22 Հունվար 2026
Սուրիահայութիւնը իրաւա-սահմանադրական խ

Այստեղ լուրջ մտահոգութիւններ գոյութիւն ունին։ Ժամանակաւոր համակարգը զգալի իշխա

21 Հունվար 2026
Միջազգային Իրաւունքի Մահը

Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին յաղթական դաշնակիցները ստեղծեցին Միացեալ ազգ

21 Հունվար 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հզպալլայի Ն

Երեքշաբթի, 20 յունուար 2026-ին, Հըզպալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցել

21 Հունվար 2026
Հայոց եկեղեցին պետք է անհապաղ կարգալու

Հայ Առաքելական Եկեղեցու ԱՄՆ Արևմտյան թեմի առաջնորդ արքեպիսկոպոս Հովնան Տերտերյ

20 Հունվար 2026
44-օրյայի զեկույցում առկա են փաստեր,

Այս և այլ հարցերի շուրջ 168.am-ը զրուցել է ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, «Հայաստան»

20 Հունվար 2026
ՔՊ-ականների նախագիծը չի համապատասխանու

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

20 Հունվար 2026
Իշխանությունը խաղաղություն ասված հնարք

«Այսօր Հայաստանը որպես պետություն չկա, կա Նիկոլ Փաշինյանի կալվածք, որն ինքը տն

20 Հունվար 2026
Ակնարկ. Պատմութեան Անցնելու Համար

Կրինլանտի խնդիրի սրացումը տարբեր շարժառիթներ ունի: Նշենք սակայն, որ անոր ռազմա

20 Հունվար 2026
Հայակերտումը եւ ազգային ինքնութեան կեր

21-րդ դարու երկրորդ քառորդի շեմին կանգնած սփիւռքահայութեան դիմաց պարզուող մարտ

19 Հունվար 2026
«Մենք կանք». չնայած դժվարություններին`

«Արցախի մշակույթի և զբոսաշրջության զարգացման գործակալություն» ՀԿ նախագահ Սերգե

19 Հունվար 2026
«Հայաստան» խմբակցությունը հանդիպումներ

«Հայաստան» խմբակցությունը քաղաքացիների հետ հանդիպումների շարք է սկսել,- այս մա

17 Հունվար 2026
Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ

Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետը այսօր՝ 17 յունուարի առաւօտուն ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի

17 Հունվար 2026
Ակնարկ. Հեռու` Տեղեկատուական Աղմուկէ

Արցախի պատերազմի 4 ռազմագերիներու վերադարձը քաղաքական որոշ դիտարկումներու կ՛առ

17 Հունվար 2026
Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման հրամայական

Վերջին տարիներու ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական յատուկ հռչակագրով լ

16 Հունվար 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company