ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի Ընդառաջ
29 Հունվար 2022
Յառաջիկայ ամիսներուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի գումարէ իր 34-րդ Ընդհանուր ժողովը: Հայկական լրատուադաշտը արդէն իսկ այս օրակարգը դարձուցած է ուշադրութեան կեդրոն, եւ վերլուծութիւններու, խորհրդածութիւններու եւ ակնկալելիքներու սիւնակներով եւ յղումներով հետաքրքրութիւնը ակներեւ է ամէնուրեք: Ընկերային ցանցերու վրայ նաեւ այս իմաստով առկայ է աշխուժութիւն: Առանց խորանալու փոխանցուած լուրերու եւ տեղեկութիւններու հաւաստիութեան ու մեկնաբանութիւններու վաւերականութեան վրայ, ստեղծուած հետաքրքրութիւնը բնական պէտք է նկատել անտարակոյս, սակայն ժողովի աւարտը եւ անոր որդեգրած որոշումները նաեւ ա՛յս պարագային պիտի գան տալու բոլոր հարցերուն պատասխանը: Այսպէ՛ս եղած է անցեալին, նոյնն է նաեւ այսօ՛ր:
Կարիքը չկայ շեշտադրելու, որ ի հեճուկս շատ մը փութկոտ ու մակերեսային արժեւորումներու եւ նախատեսութիւններու, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան դերն ու նշանակութիւնը նսեմացնել փորձող, սակայն միշտ ալ հնամաշ դարձած ձախողած փորձերու, հայ կեանքին մէջ 132 տարուան իր կենսափորձով հարուստ համահայկական կուսակցութեան գերագոյն ժողովի կայացումը անպայման որ ազգային հիմնահարցերու եւ գերխնդիրներու հետ առնչուած ունի պատմական ու առանձնայատուկ դեր եւ նշանակութիւն, որքան ալ այս իրողութիւնը, անտեղեակութեան եւ անփորձութեան իբրեւ արդիւնք կամ նոյնիսկ միտումնաւոր կերպով, անհասկնալի եւ անընդունելի թուի կարգ մը կողմերու:
Բովանդակ հայութեան ապրած ճգնաժամը աննախընթաց է, հետեւաբար Դաշնակցութիւնը կը գտնուի հայ կեանքին սպառնացող բազում տագնապներու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման եւ այս իրողութիւնը ինքնին բաւարար է, որ դաշնակցական անհատին մօտ ստեղծէ յաւելեալ յանձնառութեան եւ հիմնախնդիրներու լուծման նոր ուղիներ որոնելու եւ մտածողութիւն յառաջացնելու պատասխանատուութեան դաշնակցական ընկալում:
Ահաւասիկ, այս պարունակին մէջ պէտք է դիտարկել ընդհանուր ժողովի կարեւորութիւնը, ռազմավարական առաջադրանքներու ճշդորոշման իմաստով, որ միշտ ալ հիմնուած է հայոց պետականութեան ու հայկական պահանջատիրութեան դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ վտանգները նուազեցնելու ու հայ կեանքին մէջ կուսակցութեան դերակատարութիւնը հզօրացնելու նպատակներուն վրայ: Այսօր նաեւ հարցը նոյն հնչեղութեամբ եւ բովանդակային էութեամբ կը պահէ իր խորքն ու իմաստը, մանաւանդ որ անցնող երկու տարիներու դէպքերու եւ իրադարձութիւններու հոլովոյթը եւ հայութեան կրած հողային ու մարդկային հսկայական կորուստները, ինչպէս նաեւ պարտուողական ու անձնատուկան քաղաքականութեան թաւալգլոր ընթացքը եւ ընդհանրապէս ազգի անորոշ ապագայի ուրուականը` աննախընթացօրէն բարդ, կնճռոտ ու ճակատագրական կացութեան մատնած են հայութեան եւ Հայաստանի գոյերթը: Անշուշտ սփիւռքը իր կարգին եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի համայնքները կը դիմագրաւեն լրջագոյն խնդիրներ: Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու գծով իրականացուող գործընթացները նաեւ սկսած են սպառնալ հայութեան ազգային պահանջատիրութեան երթին եւ տեսլականներուն:
Դաշնակցութեան գաղափարական դպրոցը սորվեցուցած է մեզի` դաշնակցականներուս, որ այս առաջադրանքներու իրականացման բարեյաջող ելքը կը հանդիսանայ կարգապահ, անկեղծ, յանձնառու, անկաշկանդ ու ազատ եւ առանց նախապաշարեալ բարդոյթի, անանձնական մօտեցումով հարցերու քննարկման գործընթացին մասնակցութիւնը: Այս դիտանկիւնէն նաեւ ազնուօրէն կը յուշենք բոլորին, որ հոսկէ-հոնկէ լսուող շինծու խրատականներուն եւ աղմկարար յորդորներուն կարիքը չունին Դաշնակցութիւնը եւ դաշնակցականը: Դաշնակցականը Ընդհանուր ժողովին ընդառաջ կարիքը ունի միայն ականջալուր մնալու իր ժողովուրդի հարազատ ձայնին, հաւատարիմ` իր կուսակցութեան անցած ուղիին ու պատմակերտ վաստակին, եւ վերջապէս` իր ընկերներուն հետ հարցերը անկեղծօրէն քննարկելու ըմբռնողութեան:
Ընդհանուր ժողովի նախօրեակին խիստ օգտաշատ պիտի ըլլայ նաեւ դաշնակցական մտաւորականութեան կողմէ հիմնախնդիրները լուսարձակի տակ բերելու եւ մտածումի նոր հորիզոններ բանալու մտաւոր աշխատանքը` իբրեւ վերաթարմացման ու վերաշխուժացման կարեւոր օղակ: Մեր ապրած այսօրուան թոհուբոհին ու ժխորին մէջ ընդունինք, որ տեղ մը այս աշխատանքը այդքան ալ դիւրին չէ, բայց կը մնայ խիստ կենսական: Մտաւորական խօսքի ու կեցուածքի ներդրումը մի՛շտ ալ հարստացուցած է մեր գաղափարական գանձարանը եւ ստեղծած առաջնորդող մտածողութիւն հայ կեանքին մէջ:
ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովները միշտ ալ ցուցաբերած են համարձակ ու ինքնավստահ մօտեցում ռազմավարութեանց բարեփոխման ու մարտավարական սկզբունքներու ժամանակակից պայմաններուն համահունչ դարձնելու առումով, եւ այս համոզումը կը բխի այն բացարձակ ճշմարտութենէն, որ Դաշնակցութեան նպատակը մնացած է անշեղ ու անփոփոխ:
Արժէ այստեղ մէջբերել դաշնակցական գաղափարական մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի վկայութիւնը, որ անդրադառնալով այս իրողութեան` կը հաստատէ.
«Կուսակցութեան մը – ինչպէս ազգի մը կամ պետութեան մը – նպատակը անփոփոխ է ըստ էութեան, փոփոխական է միայն ըստ ձեւի, այսինքն` բարեփոխութեան, բարեշրջման իմաստով:
Նպատակը անփոփոխ ըլլալով հանդերձ, փոփոխութեան առարկայ կրնայ ըլլալ սակայն կուսակցութեան մը քաղաքականութիւնը, պայքարի ու գործունէութեան ռազմագիտութիւնը, նոյնիսկ գործելակերպը»:
Գաղափարական այս համոզումով դաշնակցական անհատը կը յարի իր Ընդհանուր ժողովին ու ինքզինք կը դնէ այդ ժողովին կամքը արտայայտող եւ անոր որդեգրած որոշումներու գործադրութեան յանձնառութեան տակ:
Ա՛յս է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
aztagdaily.com