ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Սարէն-ձորէն կէտերու միացում

29 Հունվար 2022

Մանուկներու յատուկ հրատարակութիւններ (նաեւ թերթերու մանկական էջերը) երբեմն իրենց դերատի ընթերցողին կը տրամադրեն «կէտեր միացնելու խաղ»եր, որոնք լուծելով՝ մանուկը կը գտնէ պահուըտած նկար մը, ընդհանրապէս՝ կենդանի մը, հերոս մը եւ այլն: Լուծողը ընդհանրապէս կը հրճուի իր գիւտով:

Կարելի՞ է նման խաղ մը տրամադրել ոչ-մանուկներու, այսինքն՝ քաղաքական աշխարհին հետեւող չափահաս ընթերցողիս: Փորձենք: Հետեւեալ տողերուն մէջ պիտի ներկայացնենք սարէն-ձորէն «բռնուած» կէտեր (մեծ մասամբ՝ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին յաջորդող օրերէն), զանոնք միացնելու «ժամանցը» պարգեւելով ընթերցողին: Չենք խոստանար, որ կէտերու միացումով ի յայտ գալիք պատկերը անպայման հրճուանք պիտի պարգեւէ:
***
Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն բռնուած է սաստկաշունչ փոթորիկի մը մէջ, կը պահանջուի անոր հրաժարականը: Ընդդիմադիրները, մամուլը, մինչեւ իսկ իր՝ Պահպանողական կուսակցութեան շրջանակները զայրացած են անկէ: (Փոթորիկը պայթած էր նախագահ Սարգսեանի հրաժարականի որոշումէն շատ առաջ, հետեւաբար, իմաստ չունի այս հարցը կապել Սարգսեանի Լոնտոն հասնելուն): Ընդվզումին պատճառը այն չէ, որ անոր մազերը կը յիշեցնեն խենթանոցէ փախուստ տուած մէկը, ո՛չ ալ «Պրեկզիթ»ին կարգ մը հետեւանքները: Ճոնսընի ուղղուած քննադատութիւններուն մէջ չկայ հայրենիքէն հող եւ գերիշխանութիւն զիջելու մեղադրանք: Ան ամբաստանուած է կրկնակի յանցանքներով. անցեալ տարի, երբ Պսակաւոր ժահրի համաճարակըբռնած էր նաեւ Անգլիոյ կոկորդը, աշխարհով մէկ միջոցառումներ կ’որդեգրուէին համաճարակին տարածման դէմ, Ճոնսըն անտեսած է իր կառավարութեան իսկ ճշդած՝ հաւաքներ չկազմակերպելու արգելքները եւ իր բնակարանին մէջ քանի մը բազմամարդ հաւաքոյթներ կազմակերպած է: Անոնցմէ մէկն ալ տեղի ունեցած է Էլիզապէթ թագուհիին ամուսնոյն մահուան օրերուն (պահպանողական Անգլիոյ մէջ պահպանողական վարչապետ մըն է այս բոլորը ընողը): Երբ վարչապետին յանցանքներուն լուրերը «սպրդած» են, ան նախ ըսած է թէ նման բան չէ ըրած, յետոյ, մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ խոստովանեցաւ յանցանքը եւ ներողութիւն հայցեց… կրակին վրայ իւղ թափելով:
Փոթորիկը տակաւին վերջ չէ գտած եւ կրնայ արժել անոր քաղաքական կեանքը, Ճոնսըն դարձած է ծաղր ու ծանակ:

Ասդին, Հայաստանի մէջ, նախարար Սուրէն Պապիկեան ամուսնացած եւ ընտանիք կազմած է անցեալ շաբաթ:
Ամուսնանալը մեղք չէ, ընդհակառակն, երիտասարդ նախարարը շնորհաւորանքի արժանի է: Հարցը հոն է, որ (կէտերու շարք մը կը սկսի այս տեղէն) հարսանիքը եղած է շռնդալի կերպով փառայեղ, հարցականներ ստեղծած է, թէ իշխանութեան միանալու օրերուն՝ համեստ եկամուտով այս երիտասարդը ինչպէ՞ս հասցուցած է այսքան հարստանալ (որեւէ մէկը չըսաւ, թէ ծախսը… կառավարութիւնը կամ որեւէ բարերար հոգացած է, այլ պարզապէս տեղի ունեցած է Գագիկ Ծառուկեանի պատկանող պերճաշուք սրահի մը մէջ): Բնականաբար ներկայ եղած են վարչապետը, կառավարութեան եւ ՔՊ-ի անդամներ, բարձրաստիճան բանակայիններ: Եւ յանկարծ… լուր տարածուեցաւ, որ հարսնեւորներէն շատեր Պսակաւոր ճահրով վարակուած են: Յայտնապէս Պորիս Ճոնսընի գործած յանցանքը՝ ապահովութեան միջոցներու անտեսումը պատահած է նաեւ այդ հարսանիքին:

(Շարունակենք կէտերը): Առաջին լուրերուն հետ, ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, որ վարչապետն ու անոր խմբակիցները «անհիմն զրպարտութեան» թիրախ են (չէ՞ որ ընդդիմադիրներուն մեղադրանքները եւ քննադատութիւնները միշտ այսպէս կը դիմաւորուին, իշխանաւորներուն՝ Արցախի մեծ մասը Ազրպէյճանին նուիրելն իսկ զրպարտութիւն կը սեպուի…): Եկաւ շաբաթավերջը եւ հարցը… աւելի՛ լրջացաւ: Ուրբաթ օր, բանակի հիմնադրութեան 30-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսութիւնը յետաձգուած յայտարարուեցաւ, որովհետեւ վարչապետը, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ հրամանատարներ վարակակիր են: Ի դէպ, տարեդարձը պիտի չնշուէր զինուորական տողանցքով (ասիկա մի՛ վերագրէք բանակի վերականգնումին ուշացման), այլ՝ պանդոկի մը մէջ հաւաքոյթով մը: Ու հրապարակը ողողուեցաւ (մեծ մասամբ՝ արդարօրէն) այլազան մեկնաբանութիւններով: Այս որոշումին մէջ տեսնուեցան թրքական եւ ազերիական բաղձանքներու ընդառաջ երթալու (եւ հաճոյանալու) «քաղաքականութիւն», բանակի նսեմացման ճամբուն վրայ նոր քայլեր…:

Բանակին 30-րդ տարեդարձը յիշատակուեցաւ մասնավճարով: Քանի մը նախարար եւ իշխանական մարդ Եռաբլուր գացին մամուլի ներկայացուցիչներուն ոսպնեակներուն դիմաց, անոնց մեկնումնէն ետք, Կաթողիկոս ու հոգեւորականաց դաս հոգեհանգիստ կատարեցին Եռաբլուրի մէջ, ընդդիմադիրներ խորհրդանշական այցելութիւններ տուին Սարդարապատ, այլ յուշակոթողներ եւ սահմանային դիրքեր: Հարազատներ կորսնցնողները կը շարունակեն կրել անդարմանելիին վիշտը:

Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ խորհրդանշական հաւաք մը կազմակերպեցին զինուրականներ եւ կամաւորներ, ափսոսալով, որ բանակին տարեդարձը անցած է անշուք, մինչդեռ, ամանորին բաւական տպաւորիչ երգահանդէս եւ հրավառութիւն տեղի ունեցած էր հոն…:

Վստահաբար չէ մոռցուած, որ այս իշխանութեան օրով, Ապրիլ 24-ը, Մայիս 28-ը եւ նման պատմական, ազգային արժէք ներկայացնող տօներ որքա՜ն նսեմացուած են, լուսանցքային դարձած: Եւ ահա, Բանակի Օրն ալ նոր «նուաճում» մը՝ «քալողներուն» բացած ճամբուն…:

Ու… զարմանալի՞ է, որ ճիշդ նոյն պահուն, հրապարակ կը նետուի տեղեկութիւն, թէ իշխանաւորին կուսակցութիւնը կը քննարկէ նոր նախագահցուի մը հարցը (տակաւին պաշտօնական չէ) ու ամէնէն հաւանական թեկնածուն կը նկատուի Արայիկ Յարութիւնեանը (չէ, Արցախի Արայիկը չէ), ա՛յն Արայիկը, որ տխուր հռչակ կերտեց մօտաւորապէս 3 տարի առաջ, երբ կրթութեան (եւ կառավարական քանի մը այլ պաշտօններու տէր) նախարար էր եւ առաւօտ մը ափ ի բերան ձգեց Հայաստանն ու հայկական աշխարհը, մասնաւորաբար ազգային արժէքներու պաշտպանները, երբ որոշեց, թէ բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններ ընդունուելու համար, ուսանողները պարտաւոր պիտի չըլլան հայերէն լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան յատուկ քննութիւններ անցընելու, յետոյ ի յայտ եկաւ, որ վարչապետն ալ համամիտ էր (իսկ գիտնալու համար, թէ ո՞վ տուած էր որոշումը եւ ո՞վ որու համամիտ եղած էր՝ սուրճի գաւաթ կարդացողի պէտք չունինք):

Այս խորապատկերին զուգահեռ, մարմին կ’առնէ Սահմանադրութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու պարտականութիւնը ունեցող յանձնաժողով մը, որուն անդամները քաղուած են իշխանութեան մօտիկ ծառերէ եւ տալիք պտուղին մասին այժմէն իսկ նախատեսութիւն կարելի է ընել: Ընդդիմադիր ճակատը դարձեալ ահազանգ կը հնչեցնէ, յուսալով, որ խուլերը դարմանուին:
***
(Կէտերու այլ շարք): Վարչապետը շաբաթասկիզբին մամլոյ (շինծու) ասուլիս մը տուաւ եւ, ի միջի այլոց, յայտարարեց, որ Հայաստան այսուհետեւ յարձակողական վարքագիծ պիտի չունենայ (ուրեմն ան կ’երեւակայ՞, որ Ազրպէյճանը մի՛շտ ալ «նախայարձակ Հայաստան»ի դէմ արդար ինքնապաշտպանութիւն ըրած է, ուրեմն, 44-օրեայ պատերազմն ալ, արդար վաստակ մըն էր Ալիեւի դիտանկիւնէն), յետոյ աւելցուց, որ Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններուն համար Հայ Դատը քաղաքական հետապնդումի հարց չէ եղած եւ չէ, ատիկա Սփիւռքին վերապահուած աշխատանք է (հակադարձութիւնները չուշացան եւ մտաւորականներ ու պատմագէտներ, քաղաքական մարդիկ ցոյց տուին վարչապետին՝ փինոքիոյական երկարող քիթը): Պարզ խօսքով, Արցախի մեծ մասը Ազրպէյճանի յանձնելէ եւ մնացեալին հսկողութիւնն ալ ռուս խաղաղապահներու վաստահելէ ետք, բանիմա՜ց վարչապետը ահա պաշտօնապէս ձեռքերը կը լուայ նաեւ Հայ Դատէն: Վաղն ալ «լուացում»ի արարողութիւններ կրնան կրկնուիլ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի, Տաւուշի մէջ եւ այլուր, ինչո՞ւ չէ, նաեւ… տնտեսութեան ոլորտին մէջ:

Հոս ալ վարչապետը (քանի՞երորդ անգամ ըլլալով) պաշտօնական դիրքէ հրապարակ եկաւ ազերիական ու թրքական «վարկածներու» պաշտպանի, զանոնք լիովին որդեգրողի պատմուճանով:

…Միջազգային լրատու աղբիւրներ հաղորդեցին, որ հրեաներու ողջակիզման օրը կը նշուի Գերմանիոյ եւ եւրոպական ու այլ երկիրներու մէջ: Գերմանիա տասնամեակներ առաջ ընդունած էր Բ. Աշխարհամարտի օրերուն գործուած Հիթլէրի ոճիրները, ներողութիւն խնդրած էր, հրեաներուն հատուցումներ կատարած էր եւ կը շարունակէ հատուցել, զոհը Գերմանիոյ եւ աշխարհի օձիքը բաց չէ ձգած, իսկ Հայաստանի վարչապետը, 44-օրեայ պատերազմէն 15 ամիս ետք, բանիւ եւ գործով պատգամ կ’ուղղէ հայութեան, թուրք-ազրպէյճանական զինակցութեան ու քաղաքակիրթ մարդկութեան, որ Հայաստանի իշխանութիւնը ձեռքերը կը լուայ Հայ Դատէն (հաւանաբար վարչապետին ուղեղը չի կրնար պարփակել այս հասկացութեան տարածքն ու տարողութիւնը):

Անդին, Թուրքիա կը յայտարարէ, թէ Կարսն ու Վանը (հաւանաբար հայութեան հատուցելի այլ պատմական շրջաններ եւս) պիտի բանայ հայ զբօսաշրջիկներու առջեւ: Թուրքերը լսած ըլլալու են Խաչատուր Սուքիասեանի եւ այլ իշխանաւորներու յոխորտանքները, թէ բարեկամութեան էջին եւ ճամբաներու բացումով ու գործակցութեան դաշտերու ստեղծումով, հայերը կը յուսան թուրքերէն դրամ շահիլ՝ զանոնք Հայաստանի հիւանդանոցներուն մէջ դարմանելով, ու կը մտածեն. «Եթէ հայերը մեզմէ դրամ պիտի շահին, մենք ալ իրենցմէ՛ շահինք…» (Իսկ թէ «բարեկամութեան էջին բացում»ը ո՞ւր կրնայ հասցնել Հայաստանի տնտեսութիւնը, գիւղացին…: Թող Սփի՛ւռքը ուրախ զգայ. Հայ Դատ հետապնդողներուն թիւը կրնայ բարձրանալ):
***
Հայաստանէն՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուբէն Ռուբինեան կը պատրաստուին մասնակցելու Թուրքիոյ կազմակերպած եւ Անթալիայի մէջ նախատեսուած՝ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ժողովին:

Ազրպէյճան կազմակերպուած կերպով ազերիներ Արցախ կը բերէ, առայժմ՝ իբրեւ զբօսաշրջիկ, վաղը նաեւ մնայուն կայք հաստատելու համար: Ճամբաներ կը բացուին, Շուշիի Ամենափրկչ (Ղազանճեցոց) եկեղեցին մզկիթի պիտի վերածուի (Պոլսոյ Այա Սոֆիային «արձագանգը»): Սխա՞լ էր Նիկոլ Փաշինեան, երբ դժբախտ ու տժգոյն կը տեսնէր Շուշին: Հին Կտակարանին մէջ մարգարէութեան նոր գլուխ մը պէտք է աւելցնել« «Մարգարէութիւն Նիկոլի…»:
***
Ընթերցողս, վստահ եմ, դժուարութիւն չունեցաւ կէտերը իրարու միացնելու եւ պատկերը յստակօրէն տեսնելու: Իրաւունք ունի այլ կէտեր ալ աւելցնելու:

Աստուածորդին օր մը յայտարարեց. «Երանի անոնց, որոնք առանց տեսնելու կը հաւատան»:
Իսկ Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհին մէջ կան պնդագլուխ կոյրեր, ինչպէս նաեւ այս բոլոր պարզ աչքերով տեսնողներ, սակայն կը շարունակեն չհաւատալ, կամ… հաւատալ իշխանութեան պարագլուխին եւ անոր խմբակիցներուն:

Հայրենիքն ու հայութիւնը ինչպիսի՛ նորանոր կորուստներ պէտք է ունենան, որպէսզի ձեռքերը միացնեն կործանարար խմբակի հեռացման ԳՈՐԾին մէջ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
28 Յունուար 2022

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Որքան էլ ունենանք տարաձայնություններ,

Արտաքին և ներքին մարտահրավերները կառավարելն այս իշխանության ուժերից վեր են, ին

15 Մայիս 2025
Պարտությունը պարտության հետևից բերում

Քաղաքական մեծամասնությունն ունի գիծ, որից բխում են նրա բոլոր որոշումները: Մեզ

15 Մայիս 2025
Ակնարկ. Ի՞նչ ազդանշաններ սպասել Ստամբ

Ստամբուլում, այսօր՝ մայիսի 15-ին Ռուսաստանի եւ Ուկրաինայի պատւիրակութիւնների մ

15 Մայիս 2025
Իշխանությունները չեն հասկանում իրենց պ

Ամեն ինչ տեսել եմ, բայց այս աստիճանի այլանդակություն, ուրիշ բառ չեմ կարողանում

15 Մայիս 2025
Իրանի բեկումնային պատգամը

Մայիսի 12-ի իմ յօդուածի հարցադրութեանց շրջագծին մէջ, ԱՄՆ-Իրան բանակցային գործը

15 Մայիս 2025
Ատրպատականի հայութեան ինքնապաշտպանական

Դիլմանի եւ Ուրմիայի վճռորոշ հերոսամարտերը 1914 թ. օգոստոսին, Առաջին համա

15 Մայիս 2025
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնակա

Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու ծիրին մէջ կիրակի, 18 մայիս

14 Մայիս 2025
Յիշելով Օլիվըր Նորթը եւ «խունթա»ները

Երեւանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը հնարամի՜տ է. բազմաթիւ հնարքներ ունի ուսապարկին մէ

14 Մայիս 2025
Փանթուրքիզմը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն(ն

1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ, հակառակ Թու

14 Մայիս 2025
«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Սրտցաւ ընկերներէս մէկը հարց կու տար, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: Խորհրդ

14 Մայիս 2025
Հայերի կարծիքով՝ միայն իրենք են անմիաբ

Հայերը հաճախ գանգատվում են, որ իրենք պառակտված ազգ են՝ սխալմամբ կարծելով, որ մ

13 Մայիս 2025
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քնն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի հերթական առցանց

13 Մայիս 2025
Ո՞վ է տիրական ուժը ԱՄՆ -Իրան բանակցութ

Թրամփեան վերջնագրի պայմանաժամը կ՚աւարտի այսօր, Մարտի 12-ին։ Յիշեցնենք, որ

13 Մայիս 2025
Իսրայէ՞լ… Մարդկային օրենքնե՞ր

Իսրայէլի նախագահը՝ Իցհակ Հերցոկ, Երկուշաբթի, 12 Մայիսին Պերլին այցելեց, նշելու

13 Մայիս 2025
ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհնարի

2025 թ․ Մարտ 13-ին, ըստ էութեան մերժելով պաշտօնական Երեւանի՝ համատեղ յայտարարո

12 Մայիս 2025
ԱՄՆ Կոնգրեսի տասնյակ անդամներ ոգեկոչել

ԱՄՆ Սենատի և Ներկայացուցիչների պալատի երկու կուսակցություններ ներկայացնող տասն

12 Մայիս 2025
Մայիսի 9-ի խորհուրդը և նշանակությունը

«Մեր ժողվուրդը տեսավ 2020 թվականի 44-օրյա ճակատարամարտի հետևանքները, Արցախի

09 Մայիս 2025
Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան

09 Մայիս 2025
Շուշին ազգային վերազարթոնքի խորհրդանիշ

Արցախում Եռատոն է, հպարտության եւ հաղթանակի տոն։ 1992-ին Շուշիի հաղթական ազատա

09 Մայիս 2025
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company